Jump to content

Պիպլոս-Ժըպէյլ

(Վերայղուած է Ճըպէյլ-էն)
Քաղաք
Պիպլոս-Ժըպէյլ
جبيل
Երկիր  Լիբանան
Նահանգ Լեռնային Լիբանանի նահանգ
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ 8 հազարամեակ[1]
Տարածութիւն 5 քմ²
ԲԾՄ 10 մեթր
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Պաշտօնական կայքէջ jbail-byblos.gov.lb(արաբ.)(անգլերէն)

Պիպլոս կամ Ժըպէյլ (յուն․՝ βύβλος, Բիբլոս), քաղաք՝ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութէն՝ 35 քմ. դէպի հիւսիւս: Քաղաքը հիմնադրուած է փիւնիկեցիներու օրով։Ներկայիս Պիպլոս մուտք գործած է համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։

Պիպլոս կամ Ժըպէյլը կը համարուի աշխարհի հնագոյն բնակուած քաղաքներէն մէկը։ Պիպլոսի մասին առաջին տեղեկութիւնները արձանագրուած են Ք.ա. 4-րդ հազարամեակին։ Այս շրջանին թուագրուած է Պիպլոսի ամենայայտնի ճարտարապետական շինութիւններէն մէկը՝ Պաալի տաճարը։

Ճըպէյլի նաւահանգիստը

Ք.ա. երրորդ հազարամեակէն սկսեալ, Պիպլոս սերտ կապեր կը հաստատէ Եգիպտոսի հետ, որ Պիպլոսէն կը ներմուծէր բնափայտ, յատկապէս՝ մայրի, գինի եւ ձիթապտուղի իւղ: Եգիպտոսէն մեծ քանակութեամբ պապիրուս կը բերուէր Պիպլոս, ուրկէ կը վաճառուէին յոյներուն։ Յունարէն Պիպլոս՝ պապիրուս, գիրք, եւ պիպլիա՝ գիրքեր, բառերու ծագումը եկած է Պիպլոսի անունէն։ Աքքատացիները քաղաքը կ'անուանէին Կուպլ, Աստուածաշունչին մէջ անիկա յիշատակուած է Կեպալ անունով։ Եգիպտոս մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Պիպլոսի վրայ, փաստօրէն՝ Պիպլոսի տիրակալները եգիպտերէնը կը գործածէին իբրեւ պաշտօնական լեզու:


Պիպլոս-Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյնը»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.ա. երրորդ հազարամեակի վերջաւորութեան Պիպլոս կ'ապրի իր անկման շրջան։ Հրդեհի հետեւանքով կը կործանի Պիպլոսի տիրուհիին յայտնի տաճարը: «Թռչնոց Բոյն»ը (Birds-Nest) հիմնուած է շուրջ 80 տարիներ առաջ Միջերկրականի ափին, Պիպլոս պատմական քաղաքին աւերակներուն մօտ, որ այսօր ծանօթ է Ժըպէյլ անունով: Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, թուրքերուն կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան իբր արդինք, Հայ ժողովուրդը կու տայ աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհ: Երկուք ու կէս միլիոն հայորդիներ իրենց հայրենիքէն կ'արտաքսուին եւ բռնութեամբ կ'առաջնորդուին դէպի Սուրիոյ եւ Իրաքի անապատները: Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներուն մէջ կային հազարաւոր որբեր: 1907-ին, 25-ամեայ դանիացի Օրդ. Մարիա Ճէյքըպսըն, հայկական հիւանդանոցին մէջ ծառայելու նպատակով, կը հաստատուի Խարբերդ, Կիլիկիա: Երբ հայկական շրջաններուն մէջ հաստատուած միսիոնարներ կը հեռանան հայկական քաղաքներէն եւ գիւղերէն, Օրդ. Ճէյքըպսըն կը պատսպարէ հայ որբերը, անոնց առօրեայ սնունդ մատակարարելով եւ բժշկական խնամք ապահովելով: Մարիա Ճէյքըպսըն, Դանիական Կիներու Միսիոնարական Գործիչներու (Danish KMA) մարդասիրական ընկերակցութեան օժանդակութեամբ, կը գնէ Ժըպէյլի Հայկական Որբանոցը: Ան իր ողջ կեանքը կը նուիրէ հայ որբերու խնամատարութեան, մինչեւ իր մահը 1960: Դանիական Կիներու Միսիոնարական Գործիչներու Ընկերակցութիւնը, Ճէյքըպսընի մահէն 10 տարիներ ետք կը շարունակէ «Թռչնոց Բոյն»ի իր առաքելութիւնը եւ 1970-ին հաստատութիւնը կը փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան [2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]