Jump to content

Նապաթիէի Մարզ

Նապաթիէ շրջանը Լիբանանի քարտեսին վրայ

Նապաթիէ կամ Էն-Նապաթիէ, (արաբերէն՝ محافظة النبطية‎) Լիբանանի 5 մարզերէն մէկը։ Մարզի վարչական կեդրոնը կը համարուի Նապաթիէ քաղաքը։ 2007 թուականի տուեալներով վարչական բաժինի բնակչութիւնը կը կազմէ 345 500 մարդ։ Այդ ցուցանիշով ան Լիբանանի վարչական մարզերու մէջ կը գրաւէ 5-րդ տեղը։

Նապաթիէ մարզի բնակչութեան միջին խտութիւնը կը կազմէ 326,56 մարդ/քմ²։ Այս ցուցանիշով եւս ան կը գրաւէ 5-րդ տեղը Լիբանանի մարզերուն մեջ։ Տարածքով կը համարուի Լիբանանի 4-րդ ամէնամեծ մարզը եւ ան կը գրաւէ 1 058 քմ² տարածք։

Խայտաբղէտ է Նապաթիէ մարզի կրօնական կազմը։ Վարչական մասի բնակչութեան ճնշող մեջամասնութիւնը կը դաւանի Իսլամութեան Շիա ուղղութիւնը։ Շիա իսլամութեան հետեւորդները կը կազմեն մարզի բնակչութեան 80%-ը։ Մարզի բնակչութեան 9.7%-ը քրիստոնեայ է, իսկ 7.1%-ը՝ Սուննի իսլամ է։ Վարչական միաւորին մէջ լայն տարածում ունին նաեւ աղանդաւորական շարժումները, որոնցմէ ամէնէն տարածուածը Տիւրզիներու աղանդաւորական շարժումն է։

Վարչական միաւորին մէջ զարգացած է նաեւ զբօսաշրջութիւնը[1], իսկ մարզի տարբեր շրջաններուն մէջ կայ նաեւ օդակայան[2]։

Նապաթիէ քաղաքը

Վարչական բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարզը իր մէջ ունի առանձին 4 շրջաններ.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]