Գեղունի
«Գեղունի», Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակած պատմաբանասիրական եւ գրական-գեղարուեստական պատկերազարդ հանդէս, որ լոյս կը տեսէ Վենետիկի մէջ, 1901-1906, 1909, 1927, 1947 եւ 1950 թուականներուն։
Հանդեսի նպատակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նպատակ ունեցած է ընթերցողներուն ծանօթացնելու հայ ու համաշխարհային արուեստի (նկարչութիւն, գրականութիւն, երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն) դասականներու գործերուն (Ջոակինօ Ռոսսինի, Գաիտանոյ Դոնիցետտի, Վինչենցօ Բելլինի, Ջուզեպպէ Վերդի, Էդգար Շահին, Յովհաննէս Այվազովսկի, Կոմիտաս, Տորկուատօ Տասսօ, Մարտիրոս Սարեան, Գառզու, Յովհաննէս Ալխազեան, Վարդան Մախոխեան, Գրիգոր Շիլդեան եւ այլն), բարձրացնելու անոնց գեղարուեստական ճաշակը, հետաքրքրութիւն առաջացնելու հայ արուեստագէտներու նկատմամբ։
Հարուստ են հանդէսի պատմաբանասիրական, գրականագիտական եւ արուեստագիտական բաժինները, ուր ուսումնասիրութիւններ ունին Լէօն, Սուրէն Երեմեանը, Սուքիաս Էփրիկեանը, Թորոս Թորամանեանը, Զ․ Խանզադեանը, Մաղաքիա Ճեւահիրճեանը, Հ․ Քիւրտեանը, Մ․ Պարսամեանը։
Թարգմանութիւններով եւ սեփական ստեղծագործութիւններով հանդէս եկած են Եղիշէ Դուրեանը, Վրթանէս Փափազեանը, Դանիէլ Վարուժանը, Ա․ Ղազարեանը, Սուրէն Պարթեւեանը, Ալեքսանտր Շիրուանզադէն, Ռուբէն Սեւակը, Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեանը, Ուիլիըմ Սարոյեանը, Կոստան Զարեանը։
«Գեղունին» վերջին տարիներուն լայն տեղտրամադրած է Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի, գիտութեան վերելքին։
Խմբագիրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ս․ Երեմեան
- Մ․ Պոտուրեան