Jump to content

Յովհաննէս Ալխազեան

Յովհաննէս Ալխազեան
Ծնած է 2 Փետրուար 1881(1881-02-02)[1][2]
Ծննդավայր Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 1958[1][2]
Մահուան վայր Փարիզ[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն[3]
Դաւանանք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ
Յովհաննէս Ալխազեան Ուիքիդարանում

Յովհաննէս Ալխազեան (2 Փետրուար 1881(1881-02-02)[1][2], Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 1958[1][2], Փարիզ[1][2]), հայ նկարիչ։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ամերիկեան վարժարանը, որուն տնօրէնն էր ծանօթ հայասէր միսիոնար Տր. Րէյնըլտ: Յետոյ անցած է Կովկաս եւ 1898-1904 յաճախած է Թիֆլիսի նկարչական վարժարանը: 1904-ին մեկնած է Փարիզ եւ աշակերտած է տեղւոյն գեղարուեստական վարժարանին, փրոֆ. Քորմոնի արուեստանոցին մէջ:

Ալխազեան, որ երկար ատենէ ի վեր առաջնակարգ նկարիչ մը կը ճանչցուէր, վերջին տարներուն ինքզինք նուիրած է յաւէտ դաշտանկարչութեան եւ այդ պատճառաւ ալ այցելած է Եւրոպայի ծայրագոյն հիւսիսէն մինչեւ հարաւային բոլոր մասերը:

Ալխազեան 1911 թուականէն սկսեալ ամէն տարի կը ցուցադրէ իր նկարները Societé Nationale des Beaux Artsի մէջ։ Ալխազեան անդամ էր նաեւ Փարիզեան նկարչական եւ քանդակագործական ընկերութեան եւ կը մասնակցի անոր ամէն տարուան ցուցահանդէսներուն:

Ալխազեան իր նկարներուն ցուցադրութիւնը ըրած է ո՛չ միայն Ֆրանսայի զանազան քաղաքներու մէջ, այլեւ Լոնտոն, Պրիւքսէլ Անվերս եւայլն: Ֆինլանտական տեսարանները գեղեցկօրէն ներկայացնող իր կարեւոր նկարներէն մին 1917-ին գնուեցաւ Փարիզի Լիւքսեմպուրկի թանգարանէն, ուր կը գտնուէր այդ ժամանակ: «Վաղահաս Ձիւն» նկարը որ 1926 թուականին ցուցադրուած է, քննադատներու մասնաւոր ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելով եւ ներբողային տողերու արժանացած է:

Ալիս Պինէ, որ նկարչուհի մըն է գեղարուեստական քննադատական յօդուածներ յաճախ գրած է, հետեւեալ կերպով կ'արտայայտուի Ալխազեանի մասին.-

Ալխազեան ո՛չ իրապաշտ մըն է եւ ո՛չ ալ գաղափարապաշտ մը: Շատ դժուար պիտի ըլլայ զինքը պիտակով մը դասաւորել: Ան նկարիչ մըն է աւելի կեանքի վերացումներու ու իրական զգայնութիւններու տարուած, քան մեկնաբանութիւնով կամ ոճարականութիւնով: Ան բանաստեզծ մըն է, որ կը նկարէ պարզօրէն եւ ուղղակի: Իր դաշտանկարները կը ներկայացնեն ինչ որ անոր աչքը ու պայծառ հոգին տեսած են: Արեւի սպիտակ ողողումներ, պայծառափայլ կէսօրուան գոյներ կամ հիւսիւսային երկիրներու ձիւները, որոնց մէջ կայ արեւը ու ապրելու հաճոյքը: Ան չի բացատրեր, չի փոխանցեր: Այդ յուզումը հարուստ է ու կը վերացնէ առանց վարանումի. քանզի նկարիչը չի ճանչնար կասկածը եւ իր գործը հաստատականութիւն մըն է՝ բաղկացած լոյսէ, ուրախութենէ եւ ստուգութենէ: Բայց այս ուժգնութեան կը միանայ ամէնանուրբ երփներանգութիւն մը: Ո՛չ փիլիսոփայականը, ո՛չ վերացականը, այլ թանձրացեալ իրականութիւնն է իր կալուածը: Ատոր մէջ իսկ Ալխազեան կը գլէ կ'անցնի մեր տեսականութեան սովորական ըմբռնումները:

Ալխազեանի գործերէն են՝

  • «Սպիտակ գիշեր Ֆինլանտայի մէջ»
  • «Ձմրան արեւը»
  • «Գիւղը ձիւնի տակ»
  • «Ջրաղացը Աւենի վրայ»
  • «Վենետիկի մօտ»
  • «Լուարա գետի ափերը»
  • «Վաղ գարուն»
  • «Տեսարան Փրովանսէն»
  • «Կամուրջ Թոլիտոյի մէջ»
  • «Նաւակներ»
  • «Այծեր»

Ցուցահանդէսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրանսայի մէջ անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է (1918, 1920, 1922

  1. 1 2 3 4 5 6 7 8 9 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2000.
  2. 1 2 3 4 5 6 7 8 9 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 1.
  3. Արևմտահայերեն Վիքիպեդիա — 2019.