Դասական Ուղղութիւն
Կաղապար:Գրականութիւն Դասական Ուղղութիւն, Դասական Classicus բառը լատիներէնէ կը թարգմանուի դասական, օրինակելի։ Արուեստի այս ուղղութիւնը կոչուեցաւ քլասիկ, որովհետեւ կը ջանային վերակենդանացնել անթիք շրջանի յունալատինական արուեստի աւանդները, որոնք կ՛ըն*դունէին որպէս կատարեալ, օրինակելի, դասական։
Դասականութիւնը ծագում առաւ ԺԷ. դարուն, Ֆրանսա, որպէս բացարձակ միապետական կարգերը ջատագովող գաղափարախօսութիւն։ Սկզբնապէս միայն ազնուական դասակարգի գաղափարախօսութիւնն էր, սակայն ԺԸ. դարուն հզօրացնող պուրժուա դասակարգը իւրացուց եւ յարմարեցուց իրեն։
Դասական ուղղութեան փիլիսոփայական հիմքը ֆրանսացի փիլիսոփայ Ռընէ Տէքարթի բանականութեան տեսութիւնն էր, այսինքն՝ աշխարհի, կեանքի ճանաչողութեան միակ միջոցը կը նկատուէր տրամաբանութիւնը եւ կը մերժուէր որեւէ զգացականութիւն։
Քանի որ իրականութեան ճանաչողութիւնը պիտի յենէր միայն տրամաբանութեան վրայ, ուրեմն՝ զայն պատկերելու միջոցները եւս պէտք է ունենային տրամաբանութեան պէս խիստ կանոններ։ Դասականները ստեղծեցին ստեղծագործական ճշգրիտ օրէնքներ, մշակեցին սեռերը։ Ձեւի յատկանիշները խիստ օրէնքներու ենթարկելով հանդերձ՝ առաջնութիւնը տուին գաղափարին։
Դասական ոճի գեղարուեստական հիմնական դրոյթները՝
- Բացարձակ պաշտամունք անթիք յունահռոմէական արուեստի հանդէպ, որ կը նկատուէր գեղեցկութեան չափանիշ։ Իրենց ստեղծագործութեան նիւթը կ՛առնէին այդ շրջանէն, կամ կը մշակէին յոյն, լատին հին հեղինակներու երկերը։ Յունական անթիք արուեստի նման՝ կը ջանային պահպանել ստեղծագործութեան կառուցուածքի համաչափ միասնութիւնն ու նրբագեղութիւնը։
- Իրենց կարգախօսն էր՝ «բանականութիւն, բնականութիւն, գեղեցկութիւն, ոճի ճշգրտութիւն, մտքի յստակութիւն»։
- Ինչպէս հին յոյներուն քով՝ կը զարգանան ընդհանրապէս վեհ, ծանրանիստ ոճ պահանջող սեռերը՝ դիւցազներգութիւն, վիպերգ, ներբող եւ իբրեւ թատերական սեռ՝ ողբերգութիւնը։
- Ողբերգութեան մէջ հիմնական օրէնք էր «եռամիասնութեան օրէնքը»։ Ողբերգութեան սեռը հնարաւորութիւն կու տար պահպանել հանդիսաւոր, վեհ ընթացք եւ եռամիասնութիւնը, այսինքն՝ գործողութեան, վայրի եւ ժամանակի միասնութիւնը, որ կ՛արտայայտուէր հետեւեալ ձեւով՝ ողբերգութիւնը կ՛ունենար մէկ հիմնական գործողութիւն, որ կը կատարուէր բեմին վրայ։ Յարակից գործողութիւններու մասին կը յայտարարուէր դերասաններու բերնով, իբրեւ որեւէ տեղ կատարուած։ Ժամանակը եւս կը դրուէր սահմաններու մէջ։ Ամբողջ գործողութեան ընթացքը կ՛ամփոփուէր 24 ժամուայ մէջ։
- Գործողութիւնը կը կատարուէր ընդհանրապէս պերճաշուք բնանկարի մը առջեւ, խօսքը կ՛ըլլար սահուն, հանդիսաւոր, շարժումները՝ զուսպ, վեհ։
- Կերպարը կը դիտուէր միակողմանի, որպէս որեւէ առաքինութեան կամ պակասութեան կրող, եւ գործողութիւնը կ՛ընթանար այդ փաստելու համար։
- Հերոսները կ՛ընտրուէին բարձր դասակարգէ, որ չխախտուի «գեղեցիկ իրականութեան» սկզբունքը։
- Թէ՛ քերթողութեան, թէ՛ թատերգութեան մէջ իշխող կայուն բարոյախօսութիւն մը կար՝ մարդու անհատականութիւնը պէտք է ենթարկուի ազգային, ընկերային պարտքին։ Հերոսը միշտ եւ անվարան իր անձնական զգացումները ու շահերը կը զոհէր յանուն վեհ գործի, գաղափարի, պետական շահի։
Դասականութեան նշանաւոր տեսաբանը Ֆրանսացի Պուլառն էր իր «Քերթողական արուեստ» գիրքով։ Ակնառու գրագէտներէն են՝ Քորնէյլ, Ռասին, Մոլիէր, Լաֆոնթէն։
Դասականութիւնը հայ մշակոյթի մէջ երեւան կու գայ ԺԸ. դարուն սկիզբը։ Եւրոպական իմաստով դասականութիւնը չծաւալեցաւ ամբողջ հայ գրականութեան վրայ՝ որովհետեւ դասական ուղղութիւնը խիստ միապետական բնոյթ ունէր, մինչ Հայաստան պետականութեան չունէր։ Սակայն ունեցանք դասականութիւն՝ ազգային իւրայատուկ դրօշմով։
Առաջին հայ քլասիկ տեսաբանգրագէտը Մխիթարեան միաբան Խաչատուր Էրզրումցին էր «Համառօտ իմաստութիւն» գիրքով (1711), որ կը յորդորէր բանականութեան հետեւիլ, մարդկային ընտիր ու վսեմ արարքները նկարագրել, ձեւի եւ բովանդակութեան պարզութիւնը պահպանել եւ գրականութիւնը ծառայեցնել ընկերութեան բարոյական կրթութեան։
Նշանաւոր գրագէտներ ունինք յատկապէս Մխիթարեան միաբանութենէն, որոնք լոյս աշխարհ հանեցին հայ դասական գրականութիւնը, գրեթէ վերականգնեցին Ե.դարու դասական գրաբարը, հիմը դնելով հայ դասական ուղղութեան։
Հայ դասական ուղղութեան առաջին Մխիթարեան գրագէտներէն են՝ Էդուարդ Հիւրմիւզեան, Ղուկաս Ինճիճեան, Գաբրիէլ Աւետիքեան, Մանուէլ Ճախճախեան, Եղիա Թովմաճեան եւ մեծագոյն բանաստեղծը՝ Արսէն Բագրատունի, դասական գրաբարով գրուած իր «Հայկ Դիւցազուն» վիպերգով(1834)։
ԺԸ. դարու լուսաւորական դասականութիւնը առաւել մարդասիրական բնոյթ ունէր։ Ամէն ինչ կը ստորադասուէր ճշմարտութեան, արդարութեան, ազատութեան գաղափարին։ Նման գաղափարախօսութիւն մը չէր կրնար հունտ չնետել հայ յառաջադէմ մտաւորականութեան մէջ, որ կը ձգտէր իր տառապեալ հայրենիքը ազատել օտար լուծի ճնշումէն ու խաւարէն։
Հայ դասականները չէին կրնար եւրոպացի գրագէտներու պէս միապետութեան գովքը հիւսել, հայկական պետականութեան չգոյութեան պատճառով։ Անոնք կ՛արտացոլէին հայ քաղաքական կեանքը։ Անոնք իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն դէպի հայոց փառաւոր անցեալը, որ կ՛իտէալականացնեն, կ՛ոգեկոչեն հայոց պատմական մեծ հերոսները։ Եթէ եւրոպացիները կը մշակէին յոյն եւ լատին հին հեղինակներու գործեր, հայ դասականները կը վերակենդանացնէին հայ պատմագիրներու գործերը։
Հայ դասական ուղղութեան կատարած կարեւոր ներդրումը հայ գրականութեան՝ եղաւ գրական անկազմակերպ, տարերային շարժումը վերածել կանոնաւոր հոսանքի՝ որոշակի տեսական սկզբունքներով, գիտական օրինաչափութիւններով եւ գրական սեռերու դասակարգումով։
Բայց հայ դասականները չստեղծեցին գրականութիւն ժողովուրդի համար, որովհետեւ նիւթերը կը ներկայացնէին գրաբար լեզուով եւ վերամբարձ, խրթին ոճով։ Այդ գործը կ՛ատարեցին անոնց անմիջական յաջորդները՝ հայ նոր մտաւորականութեան շարքերէն եղած երիտասարդ գրիչներ, որոնք գրելով աշխարհաբար լեզուով եւ ժողովուրդի ազգային զգացումները խթանող գործեր՝ գրական նոր ուղի բացողներ եղան։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, 5-րդ հատոր
- Մանուկ Աբեղեան, Երկեր, 4-րդ հատոր, Երեւան, 1970:
- Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, Երեւան, 1962: