Jump to content

Գառզու

Ժան Գառզու, Գառնիկ Զուլումեան
ֆրանսերէն՝ Jean Carzou
Ծննդեան անուն Գառնիկ Զուլումեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Jean Carzou եւ Carzou
Ծնած է 1 Յունուար, 1907
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մահացած է 12 Օգոստոս, 2000
Մահուան վայր Փերիկէօ[1]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա[2]
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Գալուստեան Ազգային Վարճարան[3]
Գահիրէի ֆրանսական Լիսէ[3]
Փարիզի ճարտարապետության հատուկ դպրոց?[3]
Աքատեմի տը լա Կրանտ Շոմիէր
Մասնագիտութիւն ֆրանսայի հայ համայնքի նշանաւոր նկարիչ, բեմանկարիչ, պատկերաւոր (Figurative) արուեստի վարպետ։ Վիմագրող:
Անդամութիւն Գեղեցիկ Արուեստներու Ակադեմիա եւ Գեղարուեստի Կաճառ
Երեխաներ Jean-Marie Carzou?

Գառզու (ֆրանսերէն՝ Jean Carzou, Ժան Գառզու՝ նոյն ինքը Գառնիկ Յարութիւն Զուլումեան 1 Յունուար 1907(1907-01-01)[4][5][6][…], Հալէպ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[3] - 12 Օգոստոս 2000(2000-08-12)[4][5][6][…], Փերիկէօ[1]), ծնած է 1 Յունուար 1907-ին, Հալէպ (Սուրիա): Ան մահացած է՝ Փարիզ, 12 Օգոստոս 2000-ին։ Ֆրանսայի հայ համայնքի նշանաւոր նկարիչ, բեմանկարիչ, պատկերաւոր (Figurative) արուեստի վարպետ։ Վիմագրող:

Ֆրանսայի Գեղարուեստի ակադեմիայի անդամ, միջազգային մեծարժէք մրցանակներու դափնեկիր Գառնիկ Զուլումեանը, որ իր աւազանի անուան սղումով ընտրեց Գառզու ստորագրութիւնը եւ դարձաւ ֆրանսական արդի գեղանկարչութեան խոշորագոյն դէմքերէն մէկը:

Տիգրանակերտէն գաղթած Յարութիւն Զուլումեանի եւ Հայկանոյշ Թաշճեանի ընտանիքին մէջ կը ծնի 1 Յունուար 1907-ին, Հալէպ (Սուրիա) Գառնիկ Զուլումեանը` նոյն ինքը Գառզուն: Մահացած է՝ Փերիկիօ (Périgueux) Ֆրանսա, 12 Օգոստոսի 2000-ին։

Մեծ Եղեռնէն վերապրած ու աշխարհով մէկ ցրուած՝ հայօրէ՛ն ապրելու եւ արարելու տարագիր հայու անժամանցելի իրաւունքին ՎԿԱՆ դարձաւ Գառզու եւ պատգամեց մեր սերունդներուն։[7]


1919-ին մօր ու կրտսեր քրոջ` Տիգրանուհիի հետ հայրը կորսնցնելէ յետոյ հարկադրուած՝ ընտանիքին հետ տեղափոխուած են Գահիրէ` ակնկալելով հարազատներու աջակցութիւնը:

Կրթութիւն ստացած է Գահիրէի Գալուստեան վարժարանին մէջ, ապա 1924-ին Եղեան բարեգործական ֆոնտի կրթաթոշակի շնորհիւ ուսումը շարունակած է Փարիզ։

1929-ին աւարտած է Փարիզի ճարտարապետական դպրոցը, միաժամանակ յաճախած է Մոնփառնասի (Montparnasse) Կրան Շոմիէր ակադեմիան։

Ժան Գառզուն հայրենահան եղած ու տարագրութեան մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու դատապարտուած հայկական տաղանդին ամէնէն լուսաշող աստղերէն մէկն էր:

12 Օգոստոս 2000-ին 93 տարեկանին իր մահկանացուն կը կնքէ մեծանուն վարպետը` թողելով հարուստ ժառանգութիւն:

Գառզուի ցուցահանդէսներն ու մրցանակները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1929-ին ֆրանսացի նկարիչներու ցուցահանդէսին անոր «Ալքազարի հին պարտէզները» նկարը արժանացած է մրցանակի։

1929-ին մասնակցեր է Փարիզի հայ արուէստագէտներու «Անի» միութեան ցուցահանդէսներուն։

1938-ին ստացեր է Սուրբ Ֆրանսուա Ասիզեցու անուան մրցանակ։ Նոյն թուականին բացած է իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը։

1930-1940-ական թուականներուն Գառզուի գործերը ցուցադրուած են «Գերանկախներու», «Անկախներու» եւ «Աշնանային» սալոններու մէջ։

1939-ին Փարիզին մէջ կը կազմակերպուի Գառզուի առաջին ցուցահանդէսը։ Նկարիչը 3 անգամ արժանացած է Հոլմարքի մրցանակին (1943, 1951, 1953 թուականններուն)։

1975-ին Փարիզի խոշորագոյն ցուցահանդէսի սրահներէն մէկուն մէջ բացուած է Գառզուի վիմագրութիւններու եւ օֆորթներու «Նոր հայեացք» ծաւալուն ցուցահանդէսը։

1966 թուականը Գառզուի կեանքին մէջ կը դառնայ կարեւոր եւ անմոռանալի տարի։ Գառզուն 25 Յունիսին պաշտօնական հրաւէր ստացաւ այցելելու Խորհրդային Հայաստան եւ իր արուեստը ներկայացնելու հայրենի հայութեան: Ան իր տիկնոջ հետ առաջին անգամ կ՛այցելէ Հայաստան եւ հայրենիքին մէջ կը կազմակերպուի «Ափոքալիփսիս», «Երկրային դրախտ», «Փրովանս», «Ամառային լոյս» վիմագրական շարքերէն կազմուած անհատական ցուցահանդէսը։

Գառզուն Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ Ժամանակակից արուեստի թանգարանին նուիրած է 400 գործ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գառզուն Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ Ժամանակակից արուեստի թանգարանին նուիրած է 400 գործ, իսկ ի նպաստ Սպիտակի երկրաշարժէն տուժած արուէստագէտներու՝ 50 կրաֆիկական գործեր։

Գառզուն Պատուոյ լեգէոնի շքանշանի ասպետ էր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գառզուն Պատուոյ լեգէոնի շքանշանի ասպետ էր. 1979-ին դարձած է Ֆրանսայի Գեղարուեստի ակադեմիայի անդամ։

Գառզուն եւ իր նկարչական ոճը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թէպէտեւ Գառզուի արուեստին մէջ գերիշխողը ուրուագիծն է՝ գոյնը իրեն համար կարեւոր արտայայտամիջոց է։

Գառզուն ստեղծած է ինքնատիպ ոճի բնանկարներ, դիմանկարներ, նաթիւրմորթեր։ Այս շրջանի գործերուն մէջ բնորոշ են կարմիր, կանաչ, կապոյտ հիւթեղ մակերեսներն ու մութ ֆոները։

Իր յօրինած արուեստի գործերուն մեծ մասը հիմնուած է գունային հարթութիւններու (կ՛արտացոլեն երկինքը, հողը, ծովը) եւ ցանցահիւս նախշերու հակադրութեան վրայ։

Լիթոկրաֆիական շարքերուն մէջ գունային փոփոխութիւններ մտցնելով՝ նկարիչը կը հասնի միեւնոյն յօրինած գործի մօթիւով կամ բնախորհուրդով. տարբեր կերպարային վերարտադրման եւ հնչեղութեան։

1950-ական թուականներուն սկսած, Գառզուն մեծ համբաւի արժանացած է, երբ ի յայտ եկած են նկարիչի մարդասիրական աշխարհայեացքը, հակապատերազմական տրամադրութիւնները խորհրդանշող պատկերները՝ լքուած ու աւերուած պալատներ, նաւահանգիստներ, երկաթուղային կայարաններ, ուր արտացոլուած է ամայութեան եւ տագնապի զգացողութիւնը։

«Էութեամբ, աշխարհազգացողութեամբ ես հայ նկարիչ եմ. ես իմ տառապած ժողովուրդին մէկ բեկորն եմ. անոր տաղանդին մէկ փոքր փայլատակումը: Հպարտ պէտք է զգամ ես ինձ, եթէ սիրեն ու գնահատեն իմ արուեստը... Մեր լեռները, մեր կիրճերը, մեր քարերը արարողներ են: Անոնք շատ ամուր են, ինչպէս պողպատը, եւ ինծի կը թուայ, որ ես արդէն նկարած եմ զանոնք, որ ես այս հողը տեսած եմ ուրիշ՝ մէկ այլ կեանքի մէջ»։[7]
- Գառզու


«Երիտասարդները թող չմոռնան այն կապերը, որոնք մեզ կը կապեն հիներու արուեստին. այդ կապերը որքան սերտ ըլլան, այնքան շատ պիտի կարելի ըլլայ ստեղծել հայկական մեծ արուեստ մը, որ մեր հին նշանաւոր ճարտարապետութեան եւ մանրանկարչութեան արժէքով արուեստ մը դառնալով՝ փոքր Հայաստանը պիտի մեծցնեն այնքա՜ն, որ ան չափուի աշխարհի խոշորագոյն արժէքներուն հետ: Արուեստը համաշխարհային կը դառնայ միայն ազգային տարրերով: Ազգայինը նկարիչի ոտքի տակի հողն է: Բայց, քայլել եւ չշնչել՝ անկարելի է: Շնչելու օդը աշխարհինն է»:[7]
- Գառզու


Ինչպէս քննադատները կը վկայեն, Գառզուի գործերուն մէջ իրականութիւնը կարծես կերպարանափոխուած է, վերածուած է եռանդագին ու նրբագեղ գիծերու հիւսուածքի՝ տեսիլք-աշխարհներ։

Գառզուի գծանկարի կարեւոր խնդիրներէն է՝ արարել ինչ-որ տիեզերական տագնապի եւ դրախտային զգացման խորհրդաւոր մթնոլորտ։ Գիծը դարձած է գառզուական գեղանկարչութեան գլխաւոր արտայայտամիջոց։

Գառզուի հանրայայտ խորհրդանշական պատկերները ու գործերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Երազներու ծովախորշը» (1951)
  • «Վենետիկ» (1953)
  • «Պուժիվալի լքուած պալատը» (1954)
  • «Ափոքալիփսիս» (1957)
  • «Երկաթուղի» (1958),
  • «Երկրային դրախտ» (1959) նկարաշարեր
  • «Լքուած նաւահանգիստը» (1966) վիմագրութիւն
  • «Քաղաքը» (1972)

Գառզուն յայտնի է նաեւ որպէս բեմանկարիչ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գառզուն յայտնի է նաեւ որպէս բեմանկարիչ։ Ներկայացումներ ձեւաւորած է Փարիզի ազգային թատրոնի մէջ, Քոմետի Ֆրանսէզի մէջ, Կրանտ օփերային մէջ, Միլանի Լա Սկալա, որոնցմէ ուշագրաւ են Ժան Ֆիլիփ Ռամոյի «Բարեկիրթ հնդիկներ», Շառլ Ատանի «Ժիզել», Ժան Ռասինի «Կոթողիա», Ժակ Օֆէնպախի «Փերիքոլա» եւ այլ բեմադրութիւններ։

Գառզուն կատարեց պատկերազարդումները գրական հռչակաւոր գիրքերու եւ վիմագիր նկարազարդումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան կատարեց նաեւ պատկերազարդումները գրական հռչակաւոր գործերու, ինչպէս Անտրէ Մորուայի «Ֆրանսա»ն, Օֆորթներով նկարազարդուած են Անտրէ Վերտէի «Գրաւուած սիրտ, դառը սէր»ը (1965) եւ Արթիւր Ռեմպոյի «Լուսախաղ» ժողովածուները։

Վիմագիր նկարազարդումներ ունին Էռնեսթ Հեմինկուէյի «Հրաժեշտ զէնքին» (1964), Ալպէռ Քամիւի «Յուշատետր» (1965), Կոնքուր եղբայրներու անունը կրող ակադեմիայի «Փարիզեան ակնարկներ» (1965), Էտկար Փոյի «Կրկնակի սպանութիւն Մորկ փողոցին մէջ» (1969), Ժիւլ Վեռնի «Երկրէն դէպի լուսին» (1970), Էժէն Իոնեսքոյի «Փշրտուած թերթ», նաեւ Գառզուի «Ուղեւորութիւն Հայաստան» (1974), «Շրջուած քաղաքը», «Անդրանիկը եւ սուրբ լեռը», «Մահը լճափին», «Կանաչ ձեռքը», Ժուլիէն Քրակի «Արքոլի պալատ» եւ այլ գիրքեր:

Գառզուն որպէս ճարտարապետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թէպէտեւ Գառզուն երբեք չէ աշխատած որպէս ճարտարապետ՝ այնուհանդերձ, ճարտարապետութիւնն իր անխախտ դրոշմը կը թողու իր ստեղծագործութիւններուն մէջ. ճարտարապետութիւնը եւ ակադեմական կրթութիւնը, անշուշտ վճռական դեր կը խաղան, որ Գառզուն հետագային իր նկարաշարքին մէջ ներկայացնէ կոթական, Վերածնունդի, դասական, պարոքքո, նէօքլասիցիզմի («Վերսալ») ճարտարապետութեան բազմապիսի մօթիւներ՝ գծային, հեռանկարչական անթերի մեկնաբանութիւններով։

Գառզուն յետպատերազմեան տասնամեակներու ընթացքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յետպատերազմեան տասնամեակներու ընթացքին նկարիչը մէկը միւսին ետեւէն կը ստեղծէ լիթոկրաֆիաներ, ջրաներկեր, օֆորթներ՝ Միջերկրածովի, Իլ-տէ-Ֆրանսի, Բրետանիի, Վենետիկի, Փարիզի, Վերսալի, Թիւուիլրի, զանազան նաւահանգստային քաղաքներու բնապատկերներով։

Այս աշխատանքներուն մէջ ճշգրտօրէն տրուած է բնանկարային մօթիւը, սակայն Գառզուի ճշգրտութիւնը կրկնութիւնէն հեռու է։

Նկարիչը դէմ է բնութեան ուղղակի վերարտադրութեանը, քանի որ կարելի չէ մրցիլ բնութեան հետ, բայց ան դէմ է նաեւ բնութեան ի սպառ անտեսումին, քանզի վերջինս նկարիչին յոյզեր տուող աղբիւր է։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]