Սուրէն Պարթեւեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Սուրէն Պարթեւեան | |
---|---|
Ծննդեան անուն | Սիսակ Պարտիզպանեան |
Ծնած է | 1876 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1921 կամ 1922 |
Մահուան վայր | Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Ուսումնավայր |
Պէրպէրեան Վարժարան Փարիզի Համալսարան Ազգային Կեդրոնական Վարժարան |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, հրապարակախօս |
Սուրէն Պարթեւեան (1876-1921), բուն անունով Սիսակ Պարտիզպանեան, ծնած է Գատըգիւղի մէջ (Պոլիս)։ Թաղին նախակրթարանը յաճախելէ ետք, անցած է Պէրպէրեան վարժարան: 1895-ի ջարդերուն արիւնոտ ու խռովալի օրերուն մեկնած է արտասահման։ Փարիզի մէջ, իբրեւ ունկնդիր ուսանող, հետեւած է Սորպոնի գրական դասընթացքներուն։ 1908-ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, վերադարձած է Պոլիս, ուր հայ մտաւորական կեանքին բերած է գրական եւ հրապարակագրական գործունէութեան իր բաժինը։ Խմբագրած է «Վաղուան ձայնը» պարբերականը (Մանչեսթըր, Անգլիա), ինչպէս նաեւ «Հոսանք», «Ձայն հայրենեաց», «Ազգ» թերթերը։ Իզմիրի մէջ, Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն ետք, նաեւ խմբագրած է «Հորիզոն» թերթը։ Քեմալական ուժերու Իզմիր մուտքի եւ ընդհանուր շփոթութեան օրերուն, ապաստանած է Եգիպտոս, ուր մեռած է։
Սուրէն Պարթեւեանի գրական գլխաւոր գործն է «Կիլիկեան արհաւիրքը» (1909)։ Լեւոն Բաշալեանի «Նոր կեանք» հանդէսին մէջ հրատարակուած իր պատմուածքներն ալ, որոնք հետագային համադրաբար լոյս տեսան «Քայքայում» ընդհանուր խորագիրին տակ (1910), ներշնչուած են մեր ազգային ողբերգութենէն, կոտորածէն, ու անոր թելադրած հոգեկան խռովքներէն։ Պարթեւեան սեւեռած է հայութեան բոլոր արիւնոտ եւ հոգեցունց ապրումներուն, ցնցելու, հոգեշարժ ըլլալու ըմբոստացուցիչ դրուագներ պատկերացնելու փոյթով մը։ 1895-ի եւ 1915-ի մեր եղեռնապատումէն թելադրուած վիպաշունչ եւ թատերական կարգ մը գործեր ունի. «Հայուհին» եւ «Արիւնի զոհեր» խորագրուած պատմուածքներու եւ պատկերներու հաւաքածոները, «Անմահ բոցը» խորագրուած թատերախաղը եւ «Ձայն մը հնչեց» անունով վիպաշունչ գրքոյկը։
- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 95. — ISBN 978-2-905686-93-0