Վարդան Մախոխեան
Վարդան Մախոխեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 31 Մայիս 1869 |
Ծննդավայր | Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 10 Փետրուար 1937 (67 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Նիս |
Կրթութիւն |
Պերլինի Գեղարուեստական Ակադեմիա Պրուսիայի արվեստի ակադեմիա? Սանասարեան Վարժարան |
Մասնագիտութնիւն | գեղանկարիչ |
Ժանր | ծովանկար |
Ուշագրաւ գործեր | Ծովի տեսարան? եւ Օվկիանոս? |
Ուսուցիչ | Օյկըն Պրախտ եւ Հանս Կիւտէ |
Պարգեւներ | Պատուոյ Լեգէոն Շքանշան |
Vardan Makhokhyan Ուիքիպահեստում |
Վարդան Մախոխեան (31 Մայիս 1869, Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 10 Փետրուար 1937, Նիս), աշխարհահռչակ հայ գեղանկարիչ եւ երաժիշտ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծովանկարիչ Մախոխեան ծնած է Տրապիզոն քաղաքը՝ Սեւ ծովու հարաւային ափը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Տրապիզոնի մէջ, ուր կրթուած է հայկական եւ եւրոպական ոգիով, որ առկայ էր Տրապիզոն հնագոյն նահանգին մէջ: Մախոխեանները քաղաքին մէջ կրթութեան եւ արուեստի հանդէպ անյագ սիրով յայտնի ընտանիք մը եղած են: Հայրը՝ Արիստակէս Մախոխեանը, իր երկու դուստրերը եւ չորս որդիները կրթութեան տուած է եւ իր ունեցած գործին՝ առեւտուրի ճամբով հոգացած է անոնց ուսման ծախսերը:
Մանուկ տարիքէն Վարդան սէր ունեցած է նկարչութեան հանդէպ, որ դրսեւորուած է դպրոցական տարիներուն: 1882 թուականին Արիստակէս Մախոխեան իր երկու որդիները՝ Վարդանը եւ անկէ մեծ Քրիստոֆըրը ղրկած է Կարին՝ ուսանելու նորաբաց Սանասարեան վարժարանին մէջ (Վարդան Մախոխեան այն ժամանակ տասներեք տարեկան էր): Սանասարեան վարժարանին մէջ սկսած է նկարել եւ ծանօթանալ գեղարուեստի գաղտնիքներուն: Այս վարժարանին մէջ, իբրեւ արուեստատենչ աշակերտ, Մախոխեան սորված է նաեւ ջութակ նուագել եւ ծանօթացած է երաժշտական տեսութեան հիմունքներուն:
Նկարչութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը զինք տարած է դասական արուեստի ճամբաներով: Այդ տարիներուն դպրոցական միջավայրէն ներս արդէն յստակ էր, որ Մախոխեան նկարիչ պիտի դառնայ: Անոր գծած ծովային պատկերները մեծ հիացմունքի արժանացած են ուսուցիչներուն կողմէ եւ զարմացուցած են վարժարանի միւս աշակերտները:
Ստեղծագործական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մախոխեան իր առաջին այդ նկարները գծած է հնդկական թանաքով եւ փայլքով: Զինք շատ քաջալերած է մանաւանդ մօրեղբայրը, որպէսզի տղան քալէ արուեստի ճամբով:
1887-ին Սանասարեանի մէջ հինգ տարի ուսանելէ ետք ան վերադարձած է Տրապիզոն, ուր քանի մը տարի անցուցած է․ զբաղած է թէ՛ նկարչութեամբ, թէ՛ երաժշտութեամբ` պատրաստուելով արտասահման մեկնիլ` բարձրագոյն կրթութւն ստանալու համար:
1891 թուականին, քսաներկու տարեկանին, փոխադրուած է Գերմանիա, ուր 1891-1894 թուականներուն ուսանած է Պերլինի Գեղարուեստական ակադեմիոյ մէջ՝ աշակերտելով ժամանակի անուանի նկարիչներէն Օյկըն Պրախտին եւ նորվեկիացի ծովանկարիչ Հանս Կիւտէին։
Աւարտելով Գեղարուեստական ակադեմիան, Փրոֆ. Օյկըն Պրախտն իր աշակերտին իբրեւ յուշանուէր նուիրած է իր ուսումնասիրութիւններէն մէկը:
Այդ ատեն արդէն ճանչցուած է Պերլինի մէջ եւ մեծ հնարաւորութիւններ ունեցած է ակադեմական շրջանակներուն մէջ ինքզինք անմիջապէս հաստատելու։ Մախոխեան, որ արդէն լսած էր իր հռչակաւոր հայրենակիցին՝ Յովհաննէս Այվազովսկիին մասին, ուղեւորուած է Խրիմ, ուր Այվազովսկիի արուեստանոցին մէջ ծանօթացած է մեծ նկարիչին ծովը պատկերելու ինքնատիպ ձեռագիրին՝ այդպէսով իրականութիւն դարձնելով իր վաղեմի երազանքը, որ էր՝ հանդիպիլ հայ անուանի ծովանկարիչին:
Յետագային, նկատելի է, որ Մախոխեանի ծովանկարները կը կրեն Այվազովսկիի արուեստին թեթեւակի ազդեցութիւնը: Կարելի չէր առընչուիլ Այվազովսկիի մեծ ուժին եւ չկրել անոր ազդեցութիւնը: Աւելի ուշ, եւրոպական եւ այլ շրջագայութիւններու ընթացքին Մախոխեան կրցած է ձերբազատիլ այվազովսկիական արուեստի ազդեցութենէն եւ իր տաղանդին ողջ ուժով ստեղծած է սեփական ոճն ու ձեռագիրը եւ դարձած է նոյնքան հռչակաւոր, ինչպէս՝ Այվազովսկին:
1900 թուականին կրկին մեկնած է Պերլին, ուր 1904 թուականին դարձած է Պերլինի Արուեստագէտներու միութեան անդամ եւ հոս ունեցած է իր առաջին ցուցահանդէսներէն մէկը, ուր ցուցադրած է իր շրջագայութիւններուն հետեւանքով ստեղծած գործերէն մի քանին, մասնաւորապէս «Տրապիզոնի վանքը», «Բրոնհոլմ կղզին», «Արեւամուտը Սեւ ծովի վրայ», «Ձմեռը Կովկասի մէջ» եւ այլն[1]:
1908-1914 թուականներուն ան կրկին ստեղծագործած է ծննդավայր Տրապիզոնին մէջ, ուր նաեւ ականատես եղած է իր ժողովուրդին համար ծանր օրերու: Ականատես ըլլալով իր հարազատներու կորուստին, իր հայրենակիցներու ծանր ճակատագրին, Վարդան Մախոխեան 1915-1917 թուականներուն կը գրէ երաժշտական լայնածաւալ ստեղծագործութիւն մը՝ «Հայաստանի հեծեծանքը» խորագրով, որ սիմֆոնիք պատկեր մըն է: Այդ սիմֆոնիք ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ հնչած է 13 Յունուար 1918 թուականին, Մոնթէ Քարլոյի մէջ, որմէ ետք Մախոխեանի այդ տպաւորիչ ստեղծագործութիւնը հնչած է եւրոպական քանի մը քաղաքներու բեմերէն:
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին աշխարհամարտէն ետք Մախոխեան վերջնականապէս հաստատուած է Նիս: Իր վերջնական հանգրուանէն առաջ հայ ծովանկարիչը ճամբորդած է բազմաթիւ երկիրներ: Եգիպտոս այցելելով՝ ան Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ գծած է մօտաւորապէս հարիւր յիսուն նկար: Ապա կանգ առած է Դանիոյ մէջ, այցելած է Իտալիա, ուր Քափրի կղզիին մէջ գծած է ուրիշ նշանաւոր կտաւներ: Եղած է նաեւ Ֆրանսա, Պելճիքա, Անգլիա, Կովկաս եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու, քաղաքներու մէջ, ուր գտած է իր արուեստին համար հարուստ նիւթ:
Զանազան վայրերու մէջ մասնակցած է ցուցահանդէսներու: Իր նկարները, իր իսկ կենդանութեան ժամանակ, գնած են շատ թանգարաններ, ցուցասրահներ: Անոր գործերուն մասին տպագրուած են եւրոպական, մասնաւորապէս գերմանական, մամուլին մէջ[2]: Պերլինի, Միւնիխի, Համպուրկի, յետագային՝ Փարիզի եւ այլ քաղաքներու տարեկան ցուցահանդէսներուն ընթացքին միշտ գրաւած է պատուաւոր տեղեր, արժանացած մրցանակներու։
1925 թուականին Լատինական Ամերիկայի երկիրներու միջազգային ցուցահանդէսին մէջ Վարդան Մախոխեան ստացած է ոսկէ մետայլ։
Փարիզի ցուցահանդէսըները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1925 թուականի ընթացքին, Փարիզի մէջ, կազմակերպած է ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրուած են Մախոխեանի այն նկարները, որոնք զանազան թանգարաններու սեփականութիւնը կը հանդիսանային: Փարիզեան թերթերը նոյնպէս հիացմունքով գրած են այդ ցուցահանդէսին մասին։ Ցուցահանդէսը բացուած է Փարիզի «Ալլար» նկարչական պատկերասրահին մէջ, ուր ցուցադրուած է իննսունմէկ աշխատանք, որոնք ոչ միայն ծովանկարներ եղած են, այլ նաեւ՝ ցամաքային, մանաւանդ՝ ձմեռնային բնանկարներ:
Այդ ցուցահանդէսով Մախոխեան նուաճած է փարիզցիներուն համակրանքը: Ցուցահանդէսէն ետք, ի նշան անոր արուեստի բարձր գնահատման եւ ֆրանսական մշակոյթին բերած նպաստին, Ֆրանսայի կառավարութիւնը Մախոխեանը արժանացուցած է բարձր գնահատականի՝ «Պատուոյ լէգէոն» շքանշանին:
Սակայն ատիկա փարիզեան առաջին ցուցադրութիւնը չէր: Մախոխեանի ստեղծագործական կեանքին մէջ երեւութային նշանակութիւն ունեցած է մասնակցութիւնը Փարիզի 1921 թուականի «Սալոն»ին՝ երկու աշխատանքներով՝ «Ալեկոծութիւն Քատեկատայի մէջ» եւ «Ռուսական տափաստաններ»: Այդ ժամանակ հայ նկարիչը նկար մը նուիրած է՝ Ֆրանսայի հարաւ-արեւմտեան նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղէն տուժածներուն: Աճուրդի հանուած այդ նկարը վաճառուած է 7 հազար ֆրանքի եւ գումարը ուղղուած է տուժածներու օգնութեան ֆոնտին:
1922 թուականին Վարդան Մախոխեան երկրորդ անգամ մասնակցած է Փարիզի «Սալոն»ին՝ ներկայացնելով միայն մէկ աշխատանք՝ «Ալիքը»:
1923 թուականին նոյն «Սալոն»ին կը ներկայացնէ իր «Մոնաքօ» աշխատանքը:
Վարդան Մախոխեան վերջին անգամ փարիզեան «Սալոն»ին մասնակցած է 1927 թուականին՝ ներկայացնելով «Ալիք» նկարին ուրիշ մէկ տարբերակը:
Ֆրանսան թերեւս այն երկիրը դարձած էր, ուր, Տրապիզոնի մէջ ծնած հայ նկարիչը ամենէն շատ ցուցադրուած էր եւ անունը դրուած էր հայ արուեստագէտներու այնպիսի անուններուն քով, ինչպիսիք էին՝ Տիգրան Փոլատ, Յակոբ Կիւրճեան, Երուանդ Քոչար, Էտկար Շահին, որոնք հայ ըլլալով, մեծագոյն նպաստ բերած են 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի ֆրանսական կերպարուեստին մէջ:
Նոյն Փարիզի մէջ, 1927-1930 թուականներուն, Մախոխեան մասնակցած է նաեւ հայկական համայնքային կեանքին եւ իր աշխատանքները ցուցադրած է «Անի» գեղարուեստական միութեան կազմակերպած ցուցահանդէսներուն:
Նիսի ցուցահանդէսները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նիսի մէջ, ուր հաստատուած էր, 1929 թուականին արուեստագէտը նոյնպէս աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է ցուցահանդէսներու: Խմբային ցուցահանդէսներէ զատ, 1931 թուականին Նիսի «Փալէ տը լա Մետիթերանէ» քաղաքային սրահին մէջ կազմակերպուիած է հայ ծովանկարիչին անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած է վաթսունհինգ աշխատանք՝ ծովանկարներու տպաւորիչ հաւաքածոյ մը եւ բնապատկերներ, որոնք լիովին պատկերացում կու տային անոր տաղանդին մասին:
Կեանքի վերջին կարեւոր իրադարձութիւնը դարձած է 1936 թուականի սկիզբներուն Նիսի մէջ բացուած ցուցահանդէսը՝ քառասունութ աշխատանքով, որմէ տարի մը ետք՝ 1937 թուականին, Նիսի մէջ, իր մահկանացուն կնքած է տաղանդաւոր հայ ծովանկարիչը:
Ծովանկարիչին աշխատանքները այսօր կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ[3], Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանքին Վեհարանը, Նիսի գեղարուեստի, Քաունասի Մ. Չէոռլէոնիսի անուան, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան թանգարաններուն մէջ[4] եւ շատ են նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ պահուող անոր գեղանկարները, որոնց մեծ մասը ձեռք բերուած է նկարիչին կենդանութեան ժամանակ:
Վարդան Մախոխեան սփիւռքի մէջ ապրող այն արուեստագէտներէն էր, որ 1927 թուականին առաջին անգամ արձագանգած է Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան կոչին՝ օգնել նորաստեղծ պետական թանգարանին: Ան հայրենիքին նուիրած է իր յայտնի կտաւներէն հաւաքածոյ մը:
Ստեղծագործութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նկարչական ստեղծագործութիւններէն են․
- «Տրապիզոնի վանքը»,
- «Փոթորիկ Սեւաստոփոլի առաջ»,
- «Յուզուած ծովը վերջալոյսին»,
- «Բրետանի ափերը»,
- «Ալիք»,
- «Ռուսական տափաստանները»,
- «Լուսնի ցոլքը ծովուն վրայ»,
- «Մատուռ ծովափին»,
- «Սորենտոյի ափերը»,
- «Մայրամուտը Սեւ ծովուն վրայ»,
- «Ձմեռը Կովկասի մէջ»,
- «Սարակինոսներու աշտարակը»,
- «Դանիական ափերը»,
- «Նաւաբեկութեան մնացորդները»,
- «Ոսկեզօծ ծովը»,
- «Ամպրոպը»,
- «Ձկնորսները լուսնակ գիշերով»,
- «Լեռնային եղեւիններ» եւ այլ գործեև։
Ինչպէս նաեւ «Հայաստանի հեծեծանքը» երաժշտական գործը[5]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Շտեմարան - Հաւաքածու - Հայաստանի ազգային պատկերասրահ»։ www.gallery.am։ արտագրուած է՝ 2021 թ․ մարտի 4
- ↑ Գառնիկ Ստեփանեան (1981)։ Կենսագրական բառարան, Բ․ հատոր։ Երեւան: «Սովետական գրող»։ էջ 271
- ↑ Վարդան Մախոխիանի աշխատանքները Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ
- ↑ Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր երկրորդ, Երեւան, 2007
- ↑ «ՄԱԽՈԽԵԱՆ ԾՈՎԱՆԿԱՐԻՉԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-07