Jump to content

Բիւզանդիոն

Քաղաք
Բիւզանդիոն
Βυζάντιο
Բիւզանդիոն
Երկիր Թուրքիա
Հիմնադիր՝ Վիզաս Մեղարացի թագաւոր
Հիմնադրուած է՝ Ք․Ա․ 7-րդ դար
Կը գտնուի ափին Վոսպոր
Անուանուած է Վիզաս
Հիմնադիր Մեղարացիներ

Բիւզանդիոն (յուն․՝ Βυζάντιο, Βυζαντίς), հին յունական գաղթօճախ հիմնուած Ք․ա 7-րդ դարուն Մեղարայի յոյն բնակիչներէն։ Հետագային կը դառնայ Բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաքը Կոստանդնուպոլիս անունով։

Մեղարայի Նիսոս թագաւորին զաւակը Վիզաս Մեղարացիներու գաղթօճախներ հիմնելու ծրագրին ղեկավար կը նշանակուի։ Ք․ա 657-ին, մեղարացի գաղթականներ Վիզասի առաջնորդութեամբ կը հաստատուին Պոսֆորի Ոսկեղջիւր ծոցի ափերուն եւ կը հիմնեն յունական գաղթօճախ մը, որուն կու տան իրենց Վիզաս առաջնորդին՝ թագաւորին, անունը Բիւզանդիոն (յուն.` Βυζας - Βυζάντιο)։

Բիւզանդիոն

Ըստ յունական դիցաբանութեան, մեղարացիները կը հետեւին Տելֆի Պատգամախօսի ցուցմունքներուն․ գաղթօճախը հիմնել «կոյրերու» քաղաքին դիմացը։ Իբրեւ կոյրեր կ'ակնարկուին Հալքիտոնայի (Նիքոմիտիա) քաղաքին բնակիչները, որոնք քաղաքը հիմնած էին աւելի կանուխ, Պոսֆորի դիմացի ասիական ափին, առանց նկատի առնելու եւրոպական ափին առաւելութիւնները։

Բիւզանդիոնի դիրքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բիւզանդիոնի դրամ․ վրան յունարէնով գրուած է Բիւզանդիոն
Բիւզանդիոնի դրամ, Ք․Ա․ 400-350

Համեմատելով երկու քաղաքներուն վայրերը, Բիւզանդիոնի դիրքը յարմար է պաշարումի պարագային։ Քաղաքին Աքրոփոլիսը Ոսկեղջիւր ծոցին եւ Պոսֆորի միացման կէտին գտնուելով ծովու ջուրերէն պաշտպանուած է եւ միայն արեւմտեան մասին կառուցուած են բարձր պարիսպներ։ Առաւել, Բիւզանդիոնի դիրքը կը հսկէ ծովու ճամբաները եւ հնարաւորութիւն կու տայ Պոսֆորի երկայնքին նոր գաղթօճախներու հիմնադրութեան։ Նաեւ, կլիմայական պայմանները նպաստաւոր են․ Ոսփորին ցուրտ հոսանքները անձրեւ կը բերեն բերրի դարձնելով մշակման հողերը եւ անմշակ տարածքները անտառներով հարստացնել։

Պատմական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բիւզանդիոնի ջրամբարը, այսօրուան Թոփգափուի պալատ

Բիւզանդիոնը արագօրէն կը զարգանայ։ Կ'ամրացուի եւ ասիական ափերուն նոր տարածքներ կը գրաւէ։ Ըստ Փաֆսանիասի հնադարի ամէնէն լաւ ամրացուած քաղաքներէն եղած է։

Դասական եւ հելլենիստական ժամանակաշրջաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բիւզանդիոն Տիլոսի Դաշինքին մաս կազմած է։ Պելոպոնեզի Պատերազմին (Ք․ա 431 - 405) սկիզբին Աթէնքի կողմ կը դիրքորոշուի, իսկ Ք․ա 411-ին Աթենեան Դաշինքէն դուրս կ'ելլէ եւ յաջորդ տարին Սփարթիին Քլէարհոս զօրավարը Բիւզանդիոնը կը գրաւէ․ որպէսզի արգելք հանդիսանայ Սեւ Ծովէն Աթէնք ցորենի արագման։

Ք․ա 409-ին Աթենացիներուն Ալքիվիատիս զօրավարը Բիւզանդիոնը կը գրաւէ։ Քլէարհոս կը մեկնի։ Յաջորդող տասնամեակին, քաղաքը մերթ Սփարթիին եւ մերթ Աթէնքին ձեռքը կ'իյնայ։

Բիւզանդիոն Մակեդոնիոյ Ֆիլիպոս Բ․ի թագաւորին հետ խաղաղութեան դաշինք կը կնքէ, սակայն վերջինը քաղաքը կը պաշարէ (Ք․ա 341-ին) երբ Բիւզանդիոն կը մերժէ Աթէնքին դէմ ելլել։ Մեծն Աղեքսանտրի տարիներուն քաղաքը կիսանկախ է։ Յաջորդող տարիներուն Բիւզանդիոն կը ձգտի տարածուիլ, որպէսզի առեւտրական ճամբաները հսկէ։

Վիզասի դիմանկարով դրամ

Հռոմէական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէական գրաւման սկզբնական շրջանին, Բիւզանդիոն կիսանկախ եւ ազատ քաղաքի իրաւունքներ կ'ունենայ։ Սակայն այս դրութիւնը կը վերջանայ Վեսբասիանոս կայսրի ժամանակ եւ կը դառնայ հռոմէական հասարակ նահանգ մը։ Անտոնիոս կայսրի ժամանակ, ենթակառոյցներ կը շինուին․ Տիոս սրբավայրի լոգարանները, թատրոն, ձիարշաւարան եւ ուրիշ։ Նոյն ժամանակ, քաղաքը կ'անուանուի Աուկուսթա Անտոնինա Augusta Antonina։ Գոթերու արշաւանքներուն, Բիւզանդիոն կը դիմանայ։ 324-ին Կոստանtին Ա․ կայսր, Բիւզանդիոնի դիրքին առաւելութիւնները նկատի առնելով, կ'որոշէ կայսրութեան մայրաքաղաքը հոն տեղափոխել եւ քաղաքը կ'անուանուի Կոստանդնուպոլիս։

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]