Jump to content

Հայկական Վերածնունդ

Գրիգոր Նարեկացի
Յովհաննէս Որոտնեցի եւ Գրիգոր Տադեւացի, Միջնադարեան Մանրանկար

Հայկական Վերածնունդ, Ժը. դարու սկիզբը հայ ազգը եւ ամբողջ Արեւելքը կը գտնուին տակաւին տեսակ մը ՄԻՋՆԱԴԱՐի մէջ:

ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն է միայն եւ մանաւանդ ժԹ. դարու ընթացքին, որ Եւրոպայի հետ շփուելով, բարենորոգման եւ ազատագրութեան շարժում մը ծայր տուաւ աշխարհի այս մասին մէջ եւ փոխեց հոն ապրող ժողովուրդներու ոգին եւ կառոյցը:

Հայ ժողովուրդը առաջիններէն մէկը եղաւ, որ իւրացուց եւ իր շուրջը տարածեց այս նոր ըմբռնումները: Շարժումը հայութեան համար բերաւ տեսակ մը վերածնունդ եւ ժամանակակից պատմութեան սկիզբը հանդիսացաւ: Այս ժամանակամիջոցին էր արդարեւ, որ հիմքը դրուեցաւ արդի Հայաստանին:

Այս շրջանին մտաւորական եւ բարոյական այս վերանորոգումը կարելի դարձաւ անոր համար, որ հայ ժողովուրդը, օտար տիրապետութեան բազմաթիւ դարերու ընթացքին, հաւատարմօրէն համախմբուած մնաց իր եկեղեցիին շուրջ եւ անխախտօրէն կապուած՝ իր հաւատքին։ Պարզ դարձաւ նաեւ, թէ հայկական գիտակցութեան այս զարթօնքը ի՛նչ կը պարտի ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄին, հայ գրողներուն, ինչպէս նաեւ արեւմտեան գիտնականներուն։ Արդարեւ, իրենց լեզուին, գրականութեան եւ իրենց հին պատմութեան ուսումնասիրութեամբ է որ հայերը, ինչպէս պալքաններու քրիստոնեայ ժողովուրդները կամ կեդր. Եւրոպայի վերածնած ազգերը, վերստին ազգային գիտակցութիւն ձեռք բերին։ Հայ ժողովուրդի վերածնունդին մէջ դեր կատարեցին բոլոր ուժերը եւ եթէ անոնք արտայայտութիւն գտան ու գործեցին, պատճառը այն է, որ գաղափարներու եւ դէպքերու արտաքին յեղաշրջումը նպաստաւոր գետին մը ստեղծած էր անոնց զարգացումին համար։