Jump to content

Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան

Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան
Ծնած է 19-րդ դար
Մահացած է 1965
Մահուան վայր Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն,  Ռուսական Կայսրութիւն և  Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, Հիւանդապահ և բժիշկ
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ամուսին Արամ Մանուկեան

Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան (19-րդ դար - 1965, Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն), հայ բժշկուհի, պետական գործիչ։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան իրական հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի կինը: Անոնք ամուսնացած են 1917ին, երբ Արամը Երեւանի “դիկտատորն” էր: Անոնց ամուսնական կեանքը տեւեց երկու տարէին ալ քիչ, քանի որ 1919ի Յունուար 29ին Արամը մահացաւ բծաւոր տիֆէն: Կատարինէն եղած է բժշկուհի` նուիրուած որբերու ու գաղթականներու օգնութեան գործին:

Կատարինէն խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուեցաւ, երբ Արամ Մանուկեանը մահացած էր երկու ամիս առաջ: Դուստրը` Սեդա Մանուկեանը, քանի մը ամսական էր: Երբ Հայաստանը խորհրդայնացաւ, Կատարինէն մանկահասակ դստեր հետ ապաստանեցաւ քրոջ մօտ, ապա մեկնեցաւ Կրասնոտար` Արամի ազգականներուն մօտ: 1927ին վերադարձաւ Երեւան եւ կրկին նուիրուեցաւ բժշկութեան:

«Մայրս կրթուած, ազնիւ, իր գործին, իր մասնագիտութեան նուիրուած անձնաւորութիւն էր: Առաւօտեան աշխատանքի կ՛երթար, ճաշին կու գար, զիս կը կերակրէր, նորէն դուռը վրաս փակելով կ՛երթար ուրիշ աշխատանքի: Ատիկա էր անոր ամբողջ կեանքը»,- պատմած է Սեդա Մանուկեան:
- Դուստրը՝ Սեդա Մանուկեան

[1]

Կատարինէն մահացած է 1965ին:[2]

Արամի եւ Կատարինէի դուստրը` Սեդա Մանուկեանը, մինչեւ 1976 թուականը կ՛ապրէր Երեւան, ապա տեղափոխուած է Մոսկուա, ուր մահացած է 2005ին` 86 տարեկանին: 1998ին ան այցելած է Երեւան` Սարդարապատի թանգարանին նուիրած հօր իրերը եւ լուսանկարներ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Առաջին Խորհրդարանի (1919-1920) Երեք Կին Պատգամաւորները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-01-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-01
  2. «Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կին պատգամաւորները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-01-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-01

20-րդ դարի ականավոր հայ կանայք ցուցահանդէս-ֆլէշ մոպը Երեւանի մէջ