Jump to content

Սարդարապատի յուշահամալիրը

Սարդարապատի յուշահամալիրը
'
Սարդարապատի յուշահամալիրըը գտնվում է Հայաստանում
Սարդարապատի յուշահամալիրը

Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր

Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր, հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի[1] պատմութեան ազգային թանգարանը կ'օգնէ ճանչնալու եւ գնահատելու անցեալը, աւանդական արժէքային կողմնորոշումները, որպէս ներկայի ու ապագայի հիմունք։

Թանգարանի առաքելութիւնն է փրկել, պահպանել ու հարստացնել, ուսումնասիրել, ցուցադրել ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցել հայոց ազգային մշակոյթին վերաբերող թանգարանային հաւաքածոներ եւ առարկաներ։

1968 թուականի կառուցուած յուշահամալիրը կը խորհրդանշէ Սարդարապատի հերոսամարտի պատմական նշանակութիւնը հայրենիքի փրկութեան եւ հայոց հնագոյն մշակոյթի պահպանութեան համար։ Թանգարանը ստեղծուած է Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի 16 Փետրուար 1978-ի թիւ 82 որոշումով եւ այցելուներուն առջեւ իր դռները բացած է 13 Սեպտեմբեր 1978-ին։ Թանգարանին մէջ կը պահպանուին, կը ցուցադրուին եւ կ'ուսումնասիրուին հայ մշակութային ժառանգութեան վերաբերող պատմամշակութային արժէքներ՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուշահամալիրի ճարտարապետն է Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը, քանդակագործը՝ Արա Յարութիւնեանը։ Յուշահամալիրը կառուցուած է ճակատամարտի վայրին տեղը։ Ան բացառիկ է։ Անկրկնելի են թեւաւոր ցուլերը եւ վեհասքանչ յաղթական զանգերը։ «Զանգակատունը» 35 մ բարձրութեամբ կ'իշխէ ամբողջ յօրինուածքին։ Ան կատարուած է նուրբ արուեստով։ Ստեղծագործաբար իմաստաւորուած է ամէն մէկ գծիկը, ամէն մէկ մանրամասնութիւնը։ Ուղղահայեաց «Զանգակատունը» դրուած է աստիճանաձեւ հիմնաքարի վրայ, որով աւելի կը շեշտուի շարժումը, ձգտումը դէպի վեր։ Ողջ բնութիւնը ընդգրկուած է ճարտարապետական տարածութեան մէջ։ «Զանգակատան» կուռ ուրուանկարը գծուած է կապոյտ երկնքին մէջ։ Անոր յօրինուածքը կազմուած է չորս վերասլաց մոյթերէ, որոնց առանքէն կ'երեւի երկինքի լազուրը՝ ողողելով «Զանգակատունը» բոլոր կողմերէն։ Երեք շարքով կախուած են զանգերը։ Անոնք կարծես պատրաստ են զանգահարելու եւ ոտքի հանելու ժողովուրդը վտանգի պահուն։ Այդպէս եղած է նաեւ այն դաժան պայքարի օրերուն, երբ զանգերը վեց օր շարունակ կը ղօղանջէին, ժողովուրդին հանելով ազատագրական պատերազմի։ Ղօղանջը կը տարածուէր ամբողջ Արարատեան դաշտավայրով։

«Սարդարապատի ճակատամարտ»ի յուշահամալիրը կը հաստատէ հայրենասիրութեան գաղափարը, հայ ժողովուրդի ազգային մշակոյթի անմահութիւնը, անոր ստեղծարար ոգիի ուժը։ Յուշահամալիրի քանդակները սերտօրէն կ'առնչուին ճարտարապետական մտայղացման հետ։ Պլաստիկայի հնչեղութիւնը ողջ ուժով կ'արտացոլայ յատկապէս յաղթանակի պատին։ Հարթաքանդակները կը ներկայացնեն յաղթութեան հանդիսաւոր երգը, կեանքի ու Հայաստանի վերածնունդի հաստատումը։ Հարթաքանդակներուն պլաստիկական լուծումներու պարագային միտումնաւոր կերպով օգտագործուած է բազմազանութեան սկզբունքը։

Նախագիծին նախնական տարբերակը նախատեսուած էր սթելա`երկսայր սուրի տեսքով, բայց հետագային կ'որոշուի կառուցել վեր խոյացող, նրբաճաշակ եռապատիկ եռաստիճան զանգակատուն մը։

«Զանգակատունը» դրուած է աստիճանաձեւ, շուրջ 35 մեթր բարձրութիւն ունեցող «stilobat»ի վրայ, որմով ա՛լ աւելի կը շեշտէ շարժումը, ձգտումը դէպի վեր։ Սկիզբը ամէն մէկ կամարին տակ մէկական մեծ զանգ կախուած էր(ընդամէնը 9)։ Բայց հետագային առաջին յարկի զանգերը կը վերցուին, երկրորդին երկու կամարներուն տակ կը կախուին 3-ական զանգեր եւ երրորդ յարկին ամէն մէկ կամարին տակ 3-ական` աւելի փոքր չափի զանգեր (9 զանգ), ընդամէնը 12 զանգ (տեսակէտ մը կայ, որ Հայաստանի պատմական մայրաքաղաքներու թիւին կը համապատասխանեն անոնք)։

Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի որմնաքանդակները եւ քարէ արծիւներէն մէկը

Ողջ բնութիւնը ընդգրկուած է ճարտարապետական տարածութեան մէջ։ «Զանգակատան» յօրինուածքին կուռ ուրուանկարը գծուած է կապոյտ երկինքին մէջ։ Չորս վերասլաց մոյթերու վրայ, որոնց մէջէն կ'երեւի երկինքը, կամարներով կազմաւորուած զանգաշտարակ է՝ «Զանգակատունը»։ Զանգակատան ճարտարապետական ​​եւ քանդակագործական նախատիպ ծառայած են հայկական յուշարձան-տապանաքարերու պատմական հարուստ ժառանգութիւնը:

Զանգակատան կառուցման ընթացքին էական դերակատարութիւն ունեցած են ճակատամարտին նախօրեակին տեղի ունեցած իրական դէպքերը։ Երբ Նորին Սրբութիւն Գէորգ Ե.-էն կը խնդրեն հեռանալ Էջմիածինի Մայր Տաճարէն եւ տեղափոխուիլ Սեւանայ լիճի կղզիին վանքը, ան դուրս գալով տաճարին բակը կանգնած ժողովրդին կ'ըսէ, որ չի ձգեր հայկական բոլոր եկեղեցիներու մայր եկեղեցին, որ մեր նախնիներէն ժառանգ մնացած է մեզի։ «Եթէ հայկական բանակը եւ հայ ժողովուրդը չկարենայ թշնամին կանգնեցնել, չկարենայ փրկել մեր սրբութիւնները, ապա ես պատրաստ եմ մեռնելու ճիշդ այս պահուն, այստեղ, մեր տաճարին շեմին, որպէս ձեր հոգեւոր հայրը։ Եւ եթէ վերջը հասած է, ապա ինչու չմեռնիլ պատիւով եւ արիաբար, առանց սողալու թշնամիին առջեւ»։ Անոր կոչը յայտնի է բոլոր նախարարներուն եւ եկեղեցիներուն, պահանջելով ամբողջ ժողովուրդը բարձրացնել սուրբ մարտին:Կաթողիկոսը բոլոր եկեղեցիներն ու հոգեւորականները կը յորդորէ ժողովուրդը մարտի հանել։ Եւ 21-29 Մայիս Արագածոտնէն մինչեւ Սեւան կը հնչեն եկեղեցիներու զանգերը, բոլորին կոչ ուղղելով ռազմաճակատ գալ։ Այսօր երեք շարքով կախուած են յուշահամալիրին զանգերը։

Այսօր նոյնպէս, հանդիսաւոր արարողութիւններու ատեն կը հնչեն Սարդարապատի համալիրին զանգերը։

Հրապարակին աջ կողմը կը հանգչին Արցախեան գոյամարտին մասնակիցները, տեղադրուած են գերեզմանաքարեր եւ յուշակոթողներ:

Հայաստանի ազգագրութեան թանգարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ մեծանուն ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը նախագծած եւ Սարդարապատի յուշահամալիրին ձախ, փոքր բարձունքի վրայ կառուցած է Հայաստանի ազգագրութեան թանգարանի շէնքը, որ իր ծաւալով ու գաղափարով լրացուցած եւ ամբողջացուցած է համալիրը։ Թանգարանի շէնքը առանց լուսամուտներու ամրոցի տպաւորութիւն կը ձգէ։ Հարաւային (ետեւի) ճակատի երկու ութանիստ աշտարակներուն հեղինակը մէկը՝ Արագածին, միւսը՝ Արարատին ուղղուած երկու բացուածք-լուսամուտ նախատեսած է։ Ներքին յարդարումը յստակ է, պատերը սրբատաշ են՝ տուֆով կերտուած, կամարները՝ երիզուած խորհրդանշական բարձրաքանդակներով։

Աւելի քան 30-ամեայ գործունէութեան ընթացքին թանգարանը դարձած է պատմամշակութային յիշողութեան եւ տեղեկատուութեան շտեմարան։ Թանգարանին մէջ կը ցուցադուի հայոց աւանդական մշակոյթի համակարգը՝ կենսապահովման, սոցիալական, հոգեւոր մշակոյթներու տարրերով հանդերձ։ Ցուցադրութեան մէջ մշակութային երեւոյթները, տարրերը կը ներկայացուին ըստ պատմազգագրական մարզերու՝ համահայկական ընդհանրութիւններուն զուգահեռ կը ցուցադրուին նաեւ մշակութային տեղական առանձնայատկութիւններ։

Թանգարանը ունի աւելի քան 70000 թանգարանային առարկաներէ բաղկացած հաւաքածոյ։ Թանգարանի 6500 մ2 ցուցադրական մակերեսին վրայ ներկայացուած են Հայոց ազգային մշակոյթին եւ Մայիսեան հերոսամարտերու պատմութեան նուիրուած հիմնական ցուցադրութիւնները։ Թանգարանի հաւաքածոները բաղկացած են հետեւեալ բաժիններէ.

  1. Հնագիտական (հնագոյն, միջնադարեան արուեստ, արհեստներ, կրօնա-պաշտամունքային առարկաներ)։
  2. Ազգագրական-աշխատանքային գործիքներ, արհեստներ, ազգային խոհանոց, օժանդակ տնտեսաձեւեր, գորգ եւ կարպետ, կահոյք, ժանեակ եւ ասեղնագործութիւն, ազգային տարազ եւ զարդեր, ընտանիքին եւ ազգային տօնացոյցին վերաբերող առարկաներ։
  3. Լուսանկարներու, նկարներու, փաստաթուղթերու, արխիւային նիւթերու հաւաքածոներ։
  4. Տեկորատիւ կիրառական արուեստ։
  5. Այլ էթնիկ ընդհանրութիւններու մշակոյթին վերաբերող թանգարանային առարկաներ։

Ուշագրաւ է աւելի քան 7000 առարկաներէ կազմուած հնագիտական հաւաքածոն։ Ցուցադրուած առարկաներէն յիշարժան են ուշ պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարաշրջանի պրոնզէ արձանիկները, Ք.ա. 3-րդ հազարամեակի Հայկական լեռնաշխարհի բնակիչ ցեղապետի կիսանդրին, կաւէ կրակարանը, զէնքի տեսակները եւ այլն։

Պրոնզեդարեան շերեփը կը կազմէ թանգարանի հնագիտական հաւաքածոյի զարդը։ Յայտնաբերուած է 1977 թ. Լոռի Բերդ գիւղի թիւ 21 ուշ պրոնզեդարեան դամբարանէն (հնագէտ Ս. Դեւեջեան) օգտագործուած ծիսական արարողութիւններու ժամանակ նոյն դամբարանին մէջ թաղուած քուրմի կողմէն։

Եղջերուներու արձանախումբը արձանադրօշ է՝ յայտնաբերուած 1975 թ. Լոռի Բերդի դամբարանադաշտին մէջ։ Ան ձուլածոյ է, թեմատիկ եւ ոճական առանձնայատկութիւններով կը համապատասխանէ Հայաստանի ուշ պրոնզէ դարեան արուեստին, պատրաստուած է տեղական վարպետ-արուեստագէտի ձեռքով։ Արձանի դրօշակը ունի պաշտամունքային նշանակութիւն, օգտագործուած է ծիսական արարողութիւններու ժամանակ։

Թանգարանի ազգագրական հաւաքածոյի կազմը կ'ընդգրկէ հայ էթնիկ հանրոյթի արեւմտահայ եւ արեւելահայ համալիրներու, տարբեր պատմական ժամանակաշրջաններուն վերաբերող մշակութային արժէքներ։

Գործուածքի հաւաքածոն ամենախոշորն է թանգարանի միւս հաւաքածոներու համեմատութեամբ. գորգին, ասեղնագործութեանը եւ ժանեակին, տարազին վերաբերող թանգարանային առարկաներու ընդհանուր քանակը կը գերազանցէ 8000-ը։ Անոնցմէ յատկապէս յիշարժան է գորգերու հաւաքածոն, որու հնագոյն նմոյշը 17-րդ դարէն է։ Տարազի հաւաքածոն՝ աւելի քան 1600 կտորէ կազմուած, կը ներառէ XIX դարու վերջ – XX դարու սկիզբ Հայոց գիւղական եւ քաղաքային բնակչութեան առօրեայ ու տօնական տարազի համալիրները։

Ժանեակներու եւ ասեղնագործ սրբիչներու, սփռոցներու հաւաքածոն, աւելի քան 2500 միաւոր/ նոյնպէս կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի գեղարուեստական գործուածքի ինքնատպութիւնը։ Ի թիւս այլ գործուածքի նմոյշներու, ուրոյն տեղ ունի նաեւ գոբելեններու հաւաքածոն, թիւով 150։

Հարուստ է արծաթէ գօտիներու հաւաքածոն պատրաստուած Հայաստանի եւ Կովկասի յայտնի վարպետներու ձեռքով։ Նոյն հաւաքածոյի մաս կը կազմէ ոսկիով ու արծաթով պատուած, փորագրուած դաշոյններու հաւաքածոն, որ մեծ մասամբ հայ վարպետներու ձեռքի գործն է։

Աւելի քան հազար առարկայ ընդգրկող ապակիի հաւաքածոյի մէջ կարեւոր են սեղանի սպասքի նմոյշները, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական ոճաւորումով առանձնացող կենցաղային առարկաները։

Հայոց ազգագրութեան թանգարանը ունի Կուտինայի խեցեգործութեան հարուստ հաւաքածոյ, որ նուէր է յունահայ Յակոբ Ջելալեանէն։ Թանգարանի հիմնական ցուցադրութեան մէջ ուրոյն տեղ ունի ուտեստի ցուցադրանքը։ Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են հայոց աւանդական ուտեստի համակարգին մէջ մշակուած եւ պահպանուած էթնիկ աւանդոյթներն ու առանձնայատկութիւնները։

Թանգարանին մէջ կը պահպանուին հայ ժողովուրդի տնտեսական հիմնական եւ օժանդակ գործերու, տնայնագործութեան ու արհեստներու դարաւոր աւանդոյթները արտացոլող աւելի քան 4500 գործիք եւ այլ առարկաներ։ Այս հաւաքածոն թոյլ կու տայ դիտողին պատկերացում կազմել Հայոց տնտեսական կեանքի եւ նիւթական մշակոյթի մասին։

Թանգարանին մէջ կը պահպանուի 306 նուագարան, որոնցմէ 290-ը հայկական ժողովրդական նուագարաններն են։ 100 լարային, 159 փողային, 31 հարկանային, իսկ 16-ը՝ աշխարհի ժողովուրդներու։ Հաւաքածոյի ամենահին նուագարանները 1689 եւ 1696 թուականներով թուագրուող պղինձէ ծնծղաներն են, որոնց վրայ հայատառ արձանագրութիւններ կան։ Հաւաքածոյի զարդն է ճանչցուած երաժիշտներու՝ Լեւոն Մադոյեանի, Գուրգէն Միրզոյեանի, Լեւոն Կարախանի, Սողոմոն Սեյրանեանի, Վաչէ Յովսէփեանի, Արամ Մերանգուլեանի, Սաշա Օգանեզաշվիլու նուագարանները։

Կիրառական արուեստի հաւաքածոյի, աւելի քան 2000 ստեղծագործութիւններու մեծ մասը կը ներկայացնէ հայոց աւանդական մշակոյթի, ինչպէս նաեւ հայրենի երկրի ու բնութեան ոգին։

Աշխարհի ժողովուրդներու ազգագրութեան հաւաքածոյի հիմնական մասը կը կազմեն Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներու (Կանա, Կամբիա, Գուինիա, Լիպերիա, Նիժերիա, Սենեկալ, Թանզանիա) փայտէ արձանիկները, դիմակները եւ այլ առարկաներ։ Հաւաքածոյին մէջ փոքրաքանակ առարկաներով ներկայացուած են նաեւ Ովկիանոսի, Հնդկաստանի, Հարաւ-արեւելան Ասիոյ (Չինաստան, Ճաբոն, Վիեթնամ) ժողովուրդներու մշակոյթի տարրեր[2][3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]