Խաչատուր Կարճիկեան
Խաչատուր Կարճիկեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1882 |
Ծննդավայր | Վաղարշապատ, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1918 |
Մահուան վայր | Երեւան, Երևանի գավառ |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Ուսումնավայր |
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան Սան Փեթերսպուրկի Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Խաչատուր Կարճիկեան (1882, Վաղարշապատ, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 1918, Երեւան, Երևանի գավառ), պետական, քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ելեւմտականի (ֆինանսների) առաջին նախարարը։ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խաչատուր Կարճիկեան ծնած էր 1882-ին Վաղարշապատ (Էջմիածինի շրջան), համեստ աշխատաւոր ընտանիքի մէջ։ Գիւղի ազգային վարժարանին մէջ տարրական ուսումը ստանալէ ետք, ընդունուեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, որուն դասարանական բաժինը աւարտելէ ետք՝ անցաւ Երեւանի Պետական Գիմնազիոնը եւ աւարտեց փայլուն նիշերով։ Կրթանպաստի արժանացաւ եւ մեկնեցաւ Ս. Փեթերսպուրկ, որուն համալսարանի իրաւաբանութեան բաժնին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ։ Ապրուստի դժուարութիւնները եւ նիւթական սեղմումները պատճառ դարձան, որ Խաչատուր ընդհատէ համալսարանական իր ուսումը, վերադառնայ Հայաստան եւ ուսուցչական պաշտօններ ստանձնէ նախ Ախալցխայի եւ, ապա, Ալեքսանդրապոլի հայկական վարժարաններուն մէջ։
Քսաներորդ դարասկիզբի այդ տարիներուն Անդրկովկասը հայկական եւ համառուսական առումներով եռեւեփումի մէջ կը գտնուէր։ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ուսանողական շարժումներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած եւ արդէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միացած Խաչատուր Կարճիկեան դարձաւ, Ախալցխայի եւ յատկապէս Ալեքսանդրապոլի դպրոցներէն ներս սկսաւ իր յեղափոխական գաղափարները տարածել եւ ստացաւ «Խաչիկ վարժապետ»-ի անունը։
Ազգային Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ-թաթարական ընդհարումներու աւարտէն ետք, Կարճիկեան որոշեց վերադառնալ Ս. Փեթերսպուրկ, ամբողջացնելու համար իր իրաւաբանական մասնագիտութիւնը։ Ուսման շրջանին ան դարձաւ Փեթերսպուրկի հայ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան մղիչ ուժերէն մէկը։ Թէեւ իր հետ Փեթերսպուրկ գացած կնոջ ու զաւակներուն ապրուստի հոգը ծանր կը ճնշէր Կարճիկեանի վրայ եւ, մասնաւոր դասեր տալով, կենցաղային կարիքներու ապահովման ճիգերը շատ ժամանակ կը խլէին իրմէ, այսուհանդերձ՝ Կարճիկեան ի վիճակի եղաւ ոչ միայն իրաւաբանական բարձրագոյն ուսման իր դասերուն հասնելու, այլեւ՝ հանրային-կուսակցական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելու։ Նոյն այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Կարճիկեան սերտ կապեր հաստատեց համառուսական առաջին յեղափոխութեան կրակը արծարծած ռուս, վրացի եւ թաթար ժողովրդավարական գործիչներու հետ՝ համառուսական «դեմոկրատական» շարժման հետագայ զարգացման մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունենալով։
1910-ին, արդէն իրաւաբան վկայուած, Խաչատուր Կարճիկեան վերադարձաւ Անդրկովկաս, հաստատուեցաւ Թիֆլիս եւ իբրեւ օգնական աշխատեցաւ ծանօթ հաւատարմատար Եակուլեանի մօտ։ Այս շրջանին կը բարելաւէ իր նիւթական վիճակը, եւ կը փաստէ բոլորին թէ ան կարող փաստաբան է։ 1912-ին սկսած «Դաշնակցութեան Դատ»ին պաշտպանութիւնը ռուս ականաւոր փաստաբաններու կողքին, իբրեւ հայերէն փաստաթուղթերու հաւաքման, մշակման եւ պաշտպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն։ Պետական գործիչի եւ յեղափոխականի դաշնակցական համադրումին առաջին կարեւոր փորձաքարը հանդիսացաւ այդ դատավարութիւնը, որուն աւարտէն ետք, Օգոստոս 1913-ին Կարնոյ մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին, Կարճիկեան ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի անդամ։
Հայ Կամաւորական Շարժման ծրագրումին ու կազմակերպումին մէջ շատ մեծ դեր ստանցնեց եւ իր պնդումներով՝ հայ կամաւորական գունդերը ռուսական զօրքերու յառաջապահ դիրքերը գրաւեցին ռազմաճակատին վրայ, որպէսզի առաջինը իրենք հասնին նահանջող թրքական զօրքերու կողմէ կոտորածի մատնուած հայութեան պաշտպանութեան։ 1916-1917 տարիներուն Եղեռնէն փրկուած հայ որբերու եւ տեղահան գաղթականութեան խնամատարական գործի պատասխանատուութիւնը ստանձնեց։
Երզնկայի եւ Կարնոյ անկումէն ետք, Կարսի մէջ, ուր հայկական զօրքը ծանրագոյն գին վճարեց համառուսական «դեմոկրատիա»յի անունով ծայր տուած դասալքութեան հայ ժողովուրդը Խաչատուր Կարճիկեանին վրայ մատներ ուղղեցին իբր պատասխանատու։
1917-ի Փետրուարին, Խաչատուր Կարճիկեան առաջիններէն էր, որ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց նորահաստատ իշխանութեանց անդրկովկասեան մարմիններուն մէջ։ Տարի մը ետք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մէջ (Քաջազնունիի օրով) կը դառնայ ելեւմտական նախարար։ Սակայն նորաստեղծ հանրապետութիւնը շատ դժուար պայմաններուն մէջ էր եւ այդ մթնոլորտին մէջ, Հայկական Բանակի սպայ եւ Կարճիկեանի տարիներու մտերիմ Եգոր Տէր-Մինասեան կը սպաննէ իրեն, Կարսի անկումին համար բոլոր պատասխանատուները ահաբեկելու ինքնագլուխ որոշումով։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ARF Official Website Archived 2018-08-29 at the Wayback Machine.