Աֆղանիստան
Աֆղանիստան պետութիւն է Ասիոյ ցամաքամասին վրայ՝ Միջին Արեւելքի մէջ։ Սահմանակից է Իւզբեքիստանին, Թուրքմենիստանին, Չինաստանին, Հնդկաստանին, Փաքիստանին ու Իրանին։ Տարածութիւնը 652,864 քմ² է, բնակչութիւնը՝ 32,564,342[7] (2015)։ Մայրաքաղաքը՝ Քապուլ։ Վարչականօրեն կը բաժնուի 28 վիլայէթի։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հնագոյն Ժամանակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք. ա. Ա. հազարամեակի առաջին կէսէն Աֆղանիստանի տարածքին ձեւաւորուած են վաղ դասակարգային յարաբերութիւնները եւ կազմաւորուած են առաջին պետութիւնները, որոնցմէ հնագոյնը Պաքտրիան էր։ Ըստ որոշ կարծիքներու, զրադաշտականութիւնը ծագած է ներկայիս Աֆղանիստանի տարածքին վրայ Ք.ա. 1800-ի եւ 800-ի միջեւ, երբ անոր հիմնադիր Զրադաշտը ապրած եւ մահացած էր Պալխին մէջ։
Ք. ա. 6-րդ դարու 30-ական թուականներուն Աֆղանիստանի տարածք մտած է Աքեմենեաններու պետութեան մէջ։ Աքեմենեաններու Դարէհ Ա արքայի տապանաքարի արձանագրութան մեջ Քապուլի հովիտը (Քապուլիստան) նշուած է որպէս անոր գրաւած 29 երկիրներէն մին[8]
Ք. ա. 330—329-ին Աֆղանիստանը գրաւած է Ալեքսանտր Մակեդոնացին, ապա անցած է Սելեւկեաններուն, որոնց տիրապետութիւնը տեւեցաւ մինչեւ Ք. ա. 305-ը։ Մեծ Քուշաններու տիրապետութեան շրջանին, որոնց պետութեան կեդրոնը կը գտնուէր Աֆղանիստանի հիւսիային մասը, երկրին մէջ տարածուեցաւ պուտտայականութիւնը[9]։ Քուշաններու հզօրութեան մեծ հարուած հասցուցին Սասանեանները՝ իրենց ենթարկելով Աֆղանիստանի մէկ մասը։ 6-րդ դարու 60-ական թուականներուն Աֆղանիստանի տարածքը բաժանուեցաւ մանր տիրոյթներու, որոնց մէկ մասը դարձաւ թրքական կահանատի, իսկ միւսը՝ Սասանեաններու վասալ։ 6—8-րդ դարերուն Աֆղանիստանի մէջ ձեւաւորուեցան աւարտական յարաբերութիւնները։
Իսլամական Ժամանակաշրջանը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]7—8-րդ դարերուն արաբները գրաւեցին Աֆղանիստանի մեծ մասը, իսկ 900-էն ենթարկուեցաւ Պուխարայի Սամանեան ամիրաներուն։ 7—10-րդ դարերուն Աֆղանիստանի մէջ տարածուեցաւ իսլամութիւնը։ Աֆղան ժողովուրդը (փուշթուներ) ձեւաւաւորուած է Սուլէյմանի լեռներու մէջ, Ղազնի-Ղանտահ արեան եւ Քուետա-Փիշինեան բարձրավանդակներուն վրայ։ Այս երկրամասերու հնագույն բնակիչներն ալլ, որոնք կը խօսէին արեւելա-իրանական լեզուախումբին պատկանող լեզուներով, կազմեցին աֆղան ժողովուրդի հիմնական տարրերը։ Աֆղան ժողովուրդի մասին առաջին յիշատակութիւնները կը հանդիպին 6-րդ դարուն։ 13-րդ դարու մոնկոլական արշաւանքները կասեցուցին Աֆղանիստաննի տնտեսական զարգացումը։ 14-րդ դարուն Աֆղանիստանի տարածքը գրաւեցին Մեծ մողոլները եւ Սեֆեանները։ Անոնց տիրապետութեան դէմ մղուած երկարատեւ պայքարը հանգեցուց աֆղաններու միաւորման եւ աֆղանական պետութեան ստեղծման (1747), որուն գլուխ կանգնեցաւ Ահմատ խանը։ 1818 թուականին Տուրանիներու պետութիւնը մասնատուեցաւ առանձին իշխանութիւններու։ Անգլո-աֆղանական առաջին պատերազմը (1838—1842) ընդհատեց երկրի վերամիաւորման գործը, որ իր ձեռքն վերցուցած էր Տոստ Մոհամետը։ Անիկա շարունակուեցաւ միայն Աֆղանիստանէն անգլիական զօրքերու վտարումէն ետք։ Անգլո-աֆղանական երկրորդ պատերազմի (1878—1880) հետեւանքով Աֆղանիստանը ճանչցաւ Անգլիոյ վերահսկողութիւնը երկրի արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ։ 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբը Աֆղանիստանը դարձաւ համեմատաբար կեերոնացուած աւարտական պետութիւն։ Անոր նպաստեցին ամիրա Աբտուռահմանի (1880—1901) բարենորոգումները․ ամրապնդուեցաւ բանակը, կարգաւորուեցան վարչական ապարատը եւ հարկերու հաւաքումը, սահմանափակուեցաւ արտասահմանեան առեւտրական մթերքի գործունէութոիւնը։ Երեւեցան ազգային առեւտրական քաղքենիքը։ Ամիրա Հապիպուլայի ժամանակ (1901—1919) փորձեր եղան եւրոպականացնել պետական ապարատը։ Այս շրջանին սկիզբ առաւ երիտաֆղաններու շարժումը։ 1914—1918 թուականներու առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Աֆղանիստանը չեզոքութիւն պահպանեց։ 28 Փետրուար 1919-ին Ամանուլլահ-խանը հռչակեց Աֆղանիստանի անկախութիւնը։ Մերժելով անգլո-աֆղանական իրաւահաւասար յարաբերություններ հաստատելու Աֆղանիստանի առաջարկը՝ Անգլիան սանձազերծեց երրորդ անգլո-աֆղանական պատերազմը (1919 թուականի մայիս-հունիս)։ 1919—1923 թուականներուն Աֆղանիստանի մէջ եղած բարեփոխումները նպաստեցին երկրի աւարտական յետամնացութեան յաղթահարման եւ կապիտալիստական յարաբերություններու զարգացման։ 1923 թուականին հռչակուեցաւ Աֆղանիստանի առաջին սահմանադրութիւնը։ Քաղքենիքական վերափոխումները հանդիպեցան խաներու եւ հոգեւորականութեան դիմադրութեան, որոնք կը վայելէին անգլիական կայսերականութեան աջակցութիւնը։ 1928 թուականի վերջին երկրին ծայր առաւ հակակառավարական ապստամբութիւն Պաչայի Սակաոյի գլխաւորութեամբ։ Ամանուլլահ-խանը հրաժարեցաւ գահէն։ Պաչայի Սակաոյի դէմ հանդէս եկաւ Ամանուլլահ-խանի նախկին ռազմական նախարար Մուհամմետ Նատիրը, որ 1929 թուականի հոկտեմբերին, ազգային ուժերու աջակցութեամբ գրաւելով Քապուլը, հռչակուեցաւ թագաւոր եւ դարձաւ կառավարող նոր հարստութեան հիմնադիրը։ 1933 թուականին Աֆղանիստանի թագաւոր դարձաւ Նատիրի որդի
Մուհամմետ Զահիր-Շահը։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Աֆղանիստանը չեզոքութիւն պահպանեց։ 1950-ական թուականներուն Աֆղանիստանի տնտեսութեան մէջ սկսաւ թափանցել արեւմտագերմանական գլուխը։ Մուհամմետ Տաուտի կառավարութեան օրերուն (1953—1963), արտաքին առեւտուրի ասպարեզին մէջ ստեղծուեցան պետական կազմակերպութիւններ եւ բաժնետիրական խառն ընկերութիւն։ Պետական վերահսկողութիւն սահմանուեցաւ արդիւնաբեր ձեռնարկութիւններու եւ դրամատուներու գործունէութեան նկատմամբ․ Զարկ տրուեցաւ ոռոգման ցանցի ընդլայնման եւ ճանապարհաշինարարութեան։ 1963—1965 թուականներուն Մուհամմետ Եուսուֆի խորհրդասենեակի կողմէ եղամ սահմանադրական բարեփոխումներ, որոնց նպատակն էր պետական հաստատութիւնները յարմարեցնել երկրի դրամատիրական զարգացման։ 1964 թուականի սահմանադրութիւնը նպաստեց երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքի աշխուժացման։ Սակայն միապետական վարչակարգը կը խոչընդոտէր երկրի բնականոն զարգացման։ Պետական ապարատի աղաւաղումը, հակադեմոկրատական ներքին քաղաքականութիւնը առաջ կը բերէին բնակչութեան լայն խաւերու դժգոհութիւնը։ 17 Յուլիս 1973-ին աֆղանական բանակը պետական յեղաշրջում կատարեց եւ Աֆղանիստանը հռչակեց հանրապետութիւն։ Երկրի ղեկավարութիւնը անցաւ հանրապետութիւն Կեդրոնական կոմիտէին Մուհամմետ Տաուտի գլխաւորութեամբ․ վերջինս դարձաւ պետութեան գլուխ եւ վարչապետ։ Հանրապետական կառավարութիւնը նախանշած է սոցիալ-տնտեսական լայն բարեփոխութիւններ Աֆղանիստանի մէջ․ ներդաշնակօրէն զարգացած ծրագրային ազգային անկախ տնտեսութեան ստեղծում, հողային բարեկարգութիւն՝ յօգուտ բնակչութեան մեծամասնութեան, ընդհանուր անվճար տարրական ուսուցում, կանանց իրաւահաւասարութիւն՝ տնտեսութեան, քաղաքականութեան եւ այլ բնագաւառներում։ Արտաքին քաղաքականութեան ասպարեզին մէչ, ինչպէս ըսուած է հանրապետութեան ծրագրային յայտարարության մեջ, Աֆղանիստանը վարեց դրական եւ գործող չեզոքութեան, ռազմական խմբաւորումներուն չմիանալու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը յարգելու, աշխարհի բոլոր խաղաղասէր երկիրներու հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման քաղաքականութիւն։
Պետական Կարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուլիս 17 1973-էն Նախագահական հանրապետութիւն է, մինչ ատիկա եղած է սահմանադրական միապետութիւն։[10]
Աշխարհագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարածքի մօտ 3/4-ը լեռնային է, դժուարամատչելի եւ քիչ ուսումնասիրուած։ Աֆղանիստանի հիւսիս-արեւելքը կը ձգուին Հինտուկուշի հովհարաձեւ տարածուող լեռնաշղթաները, առաւել բարձրը՝ Տիրկարանն է՝ 6729 մ, ծածկուած սառցադաշտերով։ Հինդուկուշէն հարաւ կը ձգուին կեդրոնական Աֆղանիստանի միջին բարձրութեան խիստ պենեպլենացուած եւ արեւմուտքի մասնատուած լեռները, որոնք կ'առաջացնէին Հազարաջատ բարձրաւանդակը։ Երկրին հարաւը եւ հարաւ-արեւմուտքը կան շարք մը բարձրադիր հարթավայրեր ու անապատային գոգավորութիւններ։ Իրանի եւ Փաքիստանի սահմանամերձ մասին մէջ տարածուած են աղուտներ եւ լիճեր։ Արեւելեան սահմանի երկայնքով կը ձգուի Սուլէյմանի լեռնաբազուկներու նեղ շերտը։ Աֆղանիստանը կը գտնուի ալպեան ծալքավորութեան գուռին մէջ։
Օգտակար հանածոներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օգտակար հանածոներէն են՝ կազը, քարիւղը, քարածուխը, կապարը, ցինկը, ոսկին, երկաթը:
Կլիմայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կլիման չոր է, մերձարեւադարձային ցամաքային է, ջերմաստիճանի խիստ տատանումներով։ Յուլիսի միջին ջերմաստիճանը 24-էն 32 °C է, Յունուարինը՝ 0-էն 8 °C, երբեմն կ'իջնէ մինչեւ —20-էն —30 °C։ Հարաւային հարթավայրերուն մէջ տարեկան տեղումները 40—50 մմ են, առաւելագոյն տեղումները հարթավայրերուն մէջ՝ 370 մմ, լեռներուն մէջ՝ 800 մմ։
Գետային ցանց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գետային ցանցը խիտ է արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ։ Գետերուն մեծ մասը՝ Մուրղապ, Հերի ռուտ, Ֆարահ ռուտ, Հիլմետ, Ամուտարիա (վերին հոսանքին մէջ Փիանճ)՝ Կոկչա, Սուրխաբ եւ այլ վտակներով, բացառութեամբ Ինտոսի վտակ Քապուլի, կը պատկանին ներքին հոսքի մարզին։ Գետերը ունին ձնասառցադաշտային սինին մէջ։ Հարթավայրերու գետերը կը վարարեն գարնան, իսկ ամրանը իրենցմէ շատերը կը կորչին աւազուտներուն մէջ կամ կ'օգտագործուին ոռոգման նպատակով։ Գիւղատնտեսութեան, ինչպէս նաեպ բնակավայրերոպ կարիքներու համար կ'օգտագործուին ստորերկրեայ ջուրերը։
Հողեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաւել տարածուած են լեռնաանապատային գորշ մոխրահոտերը եւ լեռնային մոխրագոյն հողերը։ Մեծ տարածություն կը գրաւեն կիսաամրացած աւազները։
Բուսական Աշխարհ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բուսականութիւնը գլխաւորապէս չոր տափաստանային եւ անապատային է։ Փաքիստանին սահմանամերձ լեռնային Նուրիստանի շրջաններուն մէջ որոշ չափով տարածուած է անտառներու արեւմտահիմալայեան տիպը (մինչեւ 3300—3400 մ), աւելի բարձր՝ մերձալպեան ու ալպեան մարգագետինները։
Կենդանական աշխարհ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենդանական աշխարհը կը պատկանի հոլարկտիկական մարզին։ Կճղակաւորներէն տարածուած են վայրի ոչխարը, այծը, ճեյրանը, վարազը, գիշատիչներէն՝ գայլը, բորենին, ընձառիւծը, շնագայլը, սողուններէն՝ կրիաները, օձերը։ Ունի հարուստ թռչնաշխարհ, շատ են միջատները։
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աֆղանիստանի Բնակչութիւնը Յունուար 1 2015-ի տուեալներով կազմած է 32,564,342 մարդ[11]: Աֆղանիստանի մէջ կ'ապրին տարբեր լեզուախումբերու պատկանող աւելի քան 20 ժողովուրդներ։ Բնակչութեան կէսէն աւելին աֆղաններ են՝ կ'ապրին նաեւ Փուշթուներ, տաճիկներ, իւզպեքներ, խազարներ եւ այլք[12]։ Բնակչութեան աճը 2015-ին կազմած է 2.32%[13]: Աֆղանիստանն ունի երկու պետական լեզու՝ փուշթու (աֆղաներեն) եւ դարի (ֆարսի-քապուլի)։ Պետական կրօնը իսլամութիւնն է։ Աֆղանիստանի մէջ ընդունուած են արեգակնային հիժրա, լուսնային հիժրա եւ գրիգորեան տոմարները։ Գիւղական բնակչութիւնը 73% է, քաղաքայինը՝ 27%[14]։ Խոշոր քաղաքներն են՝ Քապուլը, Ղանտահարը, Հերաթը, Մազարի-Շարիֆը, Ղունտուզը[15]։
Տնտեսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աֆղանիստանը ագրարային երկիր է։ Ֆեոդալական եւ կիսաֆեոդալական մնացուկներու կողքին կը զարգանան դրամատիրական արտադրայարաբերութիւնները։ Տնտեսութեան հիմքը կը կազմեն ոռոգովի հողագործությունն ու արոտային անասնապահութիւնը։ Գիւղատնտեսութիւնը կու տայ Համախառն Ներքին արդիւնքի 23,9%, արդիւնաբերութիւնը՝ 21%[16]։ Այժմ Աֆղանիստանի տնտեսական աճի շարժումը համեմատաբար նուազած են[17]:
Գիւղատնտեսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աֆղանիստանի բնակչութեան մեծ մասի համար բնորոշ է նստակեաց երկրագործական եւ քոչուորական ու կիսաքոչուորական անասնապահական տիպի տնտեսութիւններու զուգորդումը։ Գյուղատնտեսութեան արտադրողականութիւնը ցած է, կը հենուի սակավահող ու բնավարձակալ գիւղացիներու ձեռքի աշխատանքի վրայ։ Կը գերակշռէ խոշոր կալուածատիրութիւնը։ Պետութեան կը պատկանին հիմնականին ամայի հողերը, արօտավայրերը, ինչպէս նաեւ անտառներն ու այն հողակտորները, ուր օգտակար հանածոներ կը յայտնաբերուին։ Աֆղանստանի մշակուող հողերու ընդհանուր տարածութիւնը մօտ 7,8 մլն. հա է (5,3 մլն․ հա ոռոգելի), որմէ գիւղատնտեսական հողերու յատկացուած է 2,6 մլն․ հա ոռոգելի եւ 1,3 մլն․ հա անջրդի հող։ Վարելահողերու 70% կը գտնուի
երկրի հիւսիսային նախալեռնային շրջանին մէջ։ Ոռոգուող հողերու հիմնական շրջաններն են Քապուլ, Հերի ռուտ, Հիլմենտ, Սուրխապ եւ Պալխ գետերու աւազանները։ Բուսաբուծութեան արտադրանքի մօտ 55% կը կազմէ ցորենը, որ կը մշակեն երկրի շատ շրջաններու մէջ, ոռոգուող ու անջրդի հողերուն վրայ, բրինձ՝ Լոկարի, Սուրխապի, Ալիշանկայի հովիտներուն վրայ, եգիպտացորեն՝ հարաւ-արեւելքը, գարի՝ անջրդի հողերուն վրայ։ Լեռնային շրջաններուն մէջ կը ցանեն նաեւ հատիկներ եւ ընդեղէններ։ Գրեթէ ամէնուրեք տարածուած է խաղողագործութիւնը, պտղաբուծութիւնը։ Հերաթի, Ղանտահարի, Քապուլի եւ այլ ովասիսներուն մէջ կը մշակեն բանջարաբոստանային զանազան տեսակներ։ Արհեստական ցանքերը կեդրոնացած են Աֆղանիստանի հիւսիսը։ Որոշ վայրերու մէջ հողագործութիւնը իր տեղը կի զիջի անասնապահութեան, որուն կարեւորագոյն եւ բարձր ապրանքային ճիւղը ոչխարաբուծութիւնն է։ Կը բուծեն խոշոր եղջերաւոր անասուններ, ուղտեր, ձիեր։ Հերաթի, Պաղլանի, Զալալաբատի եւ Մազարի-Շարիֆի շրջաններուն մէջ կը զբաղին շերամապահութեամբ, հարաւային եւ հիւսիսային շրջաններուն մէջ՝ բնափայտի մթերումով։
Արդիւնաբերութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գործարանային արդիւնաբերութիւնը ստեղծուած է 20-րդ դարու 30-ական թուականներու վերջերուն։ ելեկտրական ուժի, արդիւնահանող եւ մշակող արդիւնաբերութեան կարեւորագույն ձեռնարկութիւնները կը պատկանին պետական կամ խառը պետական-մասնաւոր հաւաքական դրամագլուխներու ընկերութիւններուն։ Կարկար, Իշփուշթա, Տարա-Ցուսուֆ հանքավայրերուն մէջ կ'արդիւնահանուի քարածուխ, Թալիքան քաղաքին մօտ՝ քարաղ։ Պատախշանի մէջ կան լազուրիտի հանքեր։ Շիպարղան քաղաքի շրջակայքին մէջ կ'արդիւնահանուին բնական կազ, որուն մէկ մասը կազամուղով կը փոխադրուի Սէուտական Արաբիա։ Մեծ ՀԷԿ-եր կառուցուած են Քապուլ գետի վրայ։ 2012-ին արտադրուած է 884 մլն․ կվտ/ժ ելեկտրական ուժ[18]: Արդիւնահանուած է 140 հազար տ ածուխ, 28 մլրդ․խ/մ բնական կազ, 40 հզ․տ աղ։ Արդիւնաբերութեան մէջ կ'աշխատի բնակչութեան 5,7%[19]։ Աֆղանական գորգերը ունին համաշխարհային համբաւ։ Առաւել զարգացած է կարի, սնունդի, շինանիւթերու արդիւնաբերութիւնը։
Փոխադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աֆղանիստանի միակ երկաթուղին Կուշկա—Տորատուն—Տայն է, որ ունի 7 քմ երկարութիւն։ Փոխադրումները հիմնականին կը կատարուին ինքնաշարժով։ 2014-ին ինքնաշարժներու ճանապարհներուն երկարութիւնը կը կազմէր 42,150 քմ, որմէ 12,350 կմ՝ ասֆալտապատ[20]։ Կարեւոր նշանակութիւն ունի Քապուլ—Ղանտահար—Հերաթ—Մազարի-Շարիֆ-Քապուլ օղակաձեւ ուղին։ Փոքր տարածութիւններու վրայ բեռներ տեղափոխելու համար հիմնականին կ'օգտագործուին բեռնատար կենդանիներ։ Նաւարկելի միակ գետը Ամուտարիան է։ Օդային տեղափոխութիւնը կը սպասարկէ արտաքին եւ ներքին հաղորդակցութիւնը։ Միջազգային նշանակութիւն ունին Քապուլ եւ Ղանտահար օդակայանները։
Առեւտրաշրջանառութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտահանումը 2013-ին կազմած է շուրջ 2.7 միլիառ ԱՄՆ տոլար[21]: Կ'արտահանուին Ափիոն, միրգեր, բանջարեղէն, գորգեր, բուրդ, բամբակ եւ այլն[21]: Ներմուծումը 2013-ին կազմած է 12.2 միլիառ ԱՄՆ տոլար[21]: Կը ներմուծուին մեքենաներ, սնունդ, գործուածք, քարիւղի մթերքներ եւ այլն[21]: Արտաքին առեւտուրով Աֆղանիստանը հիմնականին կապուած է Հնդկաստանի, Փաքիստանի, Սէուտական Արաբիոյ, ԱՄՆ-ի, Չինաստանի հետ[21]։ Դրամական միաւորը աֆղանին է։
Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչեւ 19-րդ դարու վերջը Աֆղանիստանը ունէր միայն իսլամական դպրոցներ։ Աշխարհիկ առաջին դպրոցը՝ Խապիպիայի լիսէն, հիմնադրուած է 1903 թուականին։ Լուսաւորութեան ժամանակակից համակարգը ձեւաւորուած է անկախութիււն ձեռք բերելէ ետք (1919)։ 1931 թուականէն մտցուց անվճար պարտադիր տարրական ուսուցում 7—8-էն մինչեւ 13—14 տարեկան երեխաներու համար։ Դասաւանդումը տեղի կ'ունենայ փուշթու կամ տարի պետական լեզուներէն մէկով։ Երկրորդ լեզուն ուսուցման պարտադիր առարկայ է տարրական դպրոցի 4-րդ դասարանէն։
Գիտութիւն եւ Գիտական Հիմնարկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աֆղանիստանի մէջ գիտական առաջին հիմնարկութիւնները ստեղծուած են երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն առաջ։ Բնական եւ արհեստական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ ազգային պատկեր կը պատրաստեն հիմնականին Քապուլի համալսարանին մէջ։ Աֆղան առաջին գիտնականներէն են՝ Մուհամմետ Անասը, Ապտուլակիմ Զիյաին, Ապտուլզաֆար Կակարը, Մուհամմետ Ֆաքարը, Մուհամմետ Սիտտիկը։ 1960 թուականին Քապուլի մէջ ստեղծուած է քիմիագիտական կեդրոն՝ բնական գիտութիւններու ակադեմիայի նախահիմքը։ Կ'ընդլայնուին գիտահետազօտական աշխատանքները ջրաբանութեան, գիւղատնտեսութեան, երկրաբանութեան, բժշկութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ։ Շարք մը գիտական տարրալուծարաններ ստեղծած են ՄԱԿ-ի մասնագիտացուած հիմնարկութիւնները։ Բնական հարստութիւններու ուսումնասիրման ուղղութեամբ զգալի աշխատանքներ կատարած են արտասահմանեան արշաւախումբերն ու գիտնականները։ Մինչեւ Տուրանիական իշխանութեան կազմաւորումը (1747) աֆղանական պատմագրութիւնը կը ներկայացուէր գլխաւորապէս աֆղանական առանձին ցեղերու կամ ցեղախումբերու պատմութեան նուիրուած երկերով։ 18-րդ դարու երկրորդ կէսէն մեծ տեղ կը գրաւեն աֆղան ժողովուրդի պատմութեան իրադարձութիւնները։ Ժամանակակից պատմագրութիւնը սկսած է ձեւավորուիլ անկախութիւն ստանալէ ետք (1919)։ Զգալի ուշադրութիւն կը դարձուի Աֆղանիստանի միջնադարեան եւ նոր ժամանակներու պատմութեան։ 1950—1960-ական թուականներուն սկսած առաւել ուշադրութիւն կը նուիրուի Աֆղանիստանի նորագոյն պատմութեան ուսումնասիրութեան։ Աֆղան պատմաբաններ Ահմատ Ալի Կոխկատը, Ապտուլհայ Հապիպին, Մուհամմետ Օսման Սիտղին, Ալի Ահմատ Նաիմին, Ապտուռաուֆ Պենաւան, Միր Կուլիամ Մուհամմետ Կուպարը, Շահ Վալին, Մուհամմետ Ալին եւ ուրիշներ մեծ ներդրում ունին Աֆղանիստանի պատմութեան ուսումնասիրութեան գործին մէջ։
Մշակոյթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պահպանուած է ժողովրդական բանահիւսութեան հարուստ ժառանգութիւն։ Փուշթու լեզուով գրաւոր հնագոյն յուշարձանը «Արբերի վարքը» (13-րդ դար) ձեռագիրի մէկ մասն է։ Գրական հին յուշարձաններէն է նաեւ ռոշանի աղանդաւորական շարժման հիմնադիր Պայազիտ Անսարիի (1525—1585) սունիզմի դէմ գրած «Ամենաբարի լուր» գիրքը։ Ռոշանի շարժման դէմ ուղղուած է Տարուեզի (1533—1638) «Իսլամի գանձարան» գիրքը։ 17-րդ դարու յայտնի բանաստեղծներէն է Ռահմանը (Ապտուռահման, 1632—1708), որուն դիւանը կը բովանդակէ քնարական բանաստեղծութիւններ եւ կրօնախրատական բնոյթի գործեր։ Նոյն շրջանի աշխարհիկ քնարերգութեան ներկայացուցիչներէն են Իյուշխալ խանը, Ապտուլ Քատիր խան Հաթթաքը եւ Քիազիմ խան Շայտան։ 18-րդ դարու գրականութեան մէջ իր վաստակով կ'առանձնանայ Փիր Մուհամմետ Քակարը։ Փուշթու լեզուով ժամանակակից գեղարուեստական արձակի հիմնադիրն է «Ատամխան եւ Տուրխանի» վիպակի հեղինակ Ահմատ Մաուլաւին։ 1916-ին Քապուլի մէջ լոյս տեսած է Աալիհ Մուհամմետ խանի՝ փուշթու լեզուով գրած առաջին դասագիրքը։
Ճարտարապետութիւն եւ Կերպարուեստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աֆղանիստանի տարածքին պահպանուած 4—3-րդ հազարամեակներու յուշարձաններէն են Մունտիզակ բնակավայրի մնացորդները, ժայռապատկերները։ Հունա-Պակ արիական թագաւորութեան շրջանի արուեստը ձեւաւորւեցաւ հելլենիստական արուեստի ազդեցութեամբ։ Պահպանուած են պուտտայական տաճարներու բազմաթիւ
աւերակներ։ Նշանաւոր է Պամիանի հովիտին մէջ 1—8-րդ դարերուն կերտուած վիթխարի ժայռափոր մենաստանը՝ Պուտտայի հսկայ արձաններով։ Այդ շրջանի կառոյցներուն մէջ մեծ տեղ յատկացուած է քանդակներուն եւ գեղանկարչական գործերուն։ Պահպանուած են տեղական պաշտամունքային սրբավայրեր։ Միջին դարերուն կառուցուած են ամրացուած քաղաքներ, թրծած աղիւսէն նախշաւոր շարուածքով թաղակապ եւ գմբէթաւոր ծածկով պալատներ, մզկիթներ, դամբարաններ։ Նշանաւոր են Լաշկարկախ պալատը Պուստի մէջ (11-րդ դար), Ղազնիի աստղաձեւ յատակագիծով աշտարակները (12-րդ դար), Ճամ գիւղին մօտիկ մինարեն (1153—1202), Հերաթի տաճարային մզկիթը (13-րդ դարու սկիզբ—14-րդ դար) եւ Մուսալլա համոյթը (1417—1438)՝Գաուհարշատ դամբարանով, Խոճա Ապու Նասր Ֆարսի մզկիթ-դամբարանը Պալխի մէջ (15-րդ դար)։
Երաժշտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աֆղանիստանի երաժշտութիւնը տարբեր ժողովուրդներու երաժշտական մշակոյթի բարդ միահիւսումն է՝ Հնդկաստանի եւ Իրանի ժողովրդական երաժշտութեան եռանդուն ներգործութեամբ։ Երաժշտական մշակոյթի զարգացման բնորոշ է ժողովրդա-երգային ստեղծագործութիւնը։ Աֆղանական ժողովրդական երաժշտութիւնը միաձայն է․ յատկանշական են յարաձայն եւ մեծցաց սեքունտայ պարունակող լատեր, կուարտայ եւ կուինտայ ձայնածաւալով մեղեդիներ։ Առաւել տարածուած ժանրը լանտի կոչուող երկտող երգն է՝ կազմուած տարբեր չափերով ընթացող երկու մեղեդիական կառուցուածքներէն։ Հարսանեկան երգերը եղանակաւոր-արաասանական ոճ ունին։ Պարերգերը աչքի կ'իյնան կշռոյթի յստակութեամբ։ Բարդ կառուցուածք ունին կազել, մուխամմազ, չարբայթ ժանրերը։ Նուագարաններն են՝ թամպուր, ռուպապ, ղիլռուպապ, սարինկայ, կիճակ, սանթուրչանգ, սուռնայ, պինրաճա, շպիլի, տուլա, նաքքարա, տամամա, տարիալ, տուպրա, տոլկայ։ Երաժշտական մեծ գործիչ է Քասիմ Աֆղանը։ Կաղապար:Հարեւան երկրներ
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնակչութեան 1960-2023 թուականների վիճակագրություն | ||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|
|
|
|
|
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան
- ԱՄՆ Կենտրոնական Հետախուզական Վարչություն Archived 2017-09-20 at the Wayback Machine.
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 16 // http://mjp.univ-perp.fr/constit/af2004.htm
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/af.html
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 https://www.diplomatie.gouv.fr/IMG/pdf/The_Constitution_of_the_Islamic_Republic_of_Afghanistan.pdf
- ↑ 4,0 4,1 https://data.who.int/countries/004
- ↑ https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
- ↑ Human Development Report — Միավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
- ↑ «Աֆղանստանի բնակչությունը 2015 թվականին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ «Chronological History of Afghanistan – the cradle of Gandharan civilisation»։ Gandhara.com.au։ 15 February 1989։ արտագրուած է՝ 19 May 2012[յղումը չկայ]
- ↑ «Afghan and Afghanistan»։ Abdul Hai Habibi։ alamahabibi.com։ 1969։ արտագրուած է՝ November 17, 2015
- ↑ «Աֆղանիստանի Կառավարման համակարգ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ [Աֆղանստանի բնակչությունը 2015 թվականի հունվարի 1-ին]
- ↑ «Աֆղաստանի բնակչոթյան ազգային կազմը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ «Աֆղանստանի բնակչության աճ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ «Աֆղանստանի ուրբանիզացման մակարդակը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ [Աֆղանստանի խոշորագույն քաղաքներ https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/af.html Archived 2017-09-20 at the Wayback Machine.]
- ↑ «Աֆղանստանի Տնտեսության ճյուղային կառուցվածք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ «Աֆղանստանի ՀՆԱ-ի աճը 2012, 2013, 2014 թվականներին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ «Աֆղանստանի Էնեգետիկան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ «Աֆղանիստանի բնակչութեան աշխատանքային կազմը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ «Աֆղանստանի տրանսպորտային համակարգ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ 21,0 21,1 21,2 21,3 21,4 «Աֆղանստանի առեւտրաշրջանառություն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03
- ↑ 22,00 22,01 22,02 22,03 22,04 22,05 22,06 22,07 22,08 22,09 22,10 22,11 22,12 22,13 22,14 22,15 22,16 22,17 22,18 22,19 22,20 22,21 22,22 22,23 22,24 22,25 22,26 22,27 22,28 22,29 22,30 22,31 22,32 22,33 22,34 22,35 22,36 22,37 22,38 22,39 22,40 22,41 22,42 22,43 22,44 22,45 22,46 22,47 22,48 22,49 22,50 22,51 22,52 22,53 Համաշխարհային բանկի տվյալների բազա — Համաշխարհային Դրամատուն.
- ↑ Central Intelligence Agency The World Factbook — Washington, D.C.: Central Intelligence Agency, U.S. Government Printing Office, 1981. — ISSN 0277-1527; 1553-8133
- ↑ Central Intelligence Agency Country Comparison :: Population — Washington, D.C.: Central Intelligence Agency, U.S. Government Printing Office, 1981. — ISSN 0277-1527; 1553-8133
- ↑ Central Intelligence Agency Afghanistan: People and Society — Washington, D.C.: Central Intelligence Agency, U.S. Government Printing Office, 1981. — ISSN 0277-1527; 1553-8133
|
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ |