Jump to content

Քարէն Եփփէ

Քարէն Եփփէ
Ծննդեան անուն դան․՝ Karen Vel Jeppe
Ծնած է 1 Յուլիս 1876(1876-07-01)[1]
Ծննդավայր Կայլինկ, Օտտըրի քաղաքապետարան, Տենմարքի կեդրոնական նահանգ, Դանիա, Դանիա
Մահացած է 7 Յուլիս 1935(1935-07-07)[1] (59 տարեկանին)
Մահուան վայր Հալէպ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն  Դանիա
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն ընկերային ծառայող, միսիոներուհի

Քարէն Եփփէ (դան․՝ Karen Jeppe, 1 Յուլիս 1876(1876-07-01)[1], Կայլինկ, Օտտըրի քաղաքապետարան, Տենմարքի կեդրոնական նահանգ, Դանիա, Դանիա - 7 Յուլիս 1935(1935-07-07)[1], Հալէպ, Սուրիա), դանիացի միսիոնար եւ ընկերային ծառայող:

Մինչեւ մահը նուիրուած է Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ գաղթականներու օգնութեան գործին: Փրկուած հայերէն շատերը պահած է իր տան նկուղին մէջ: Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք մեկնած է Հալէպ`իրեն հետ տանելով թրքական կոտորածներէն խոյս տուած բազմաթիւ հայեր[2]:

Կեանքը եւ գործունէութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարէն Եփփէ եզակի անուն մըն է 1895-ի Համիտեան ջարդերուն ընթացքին, այնուհետեւ գաղութներու մէջ հայ ժողովուրդին վերականգնման ճիգին իրենց նպաստը բերած օտար մարդասէրներու եւ նուիրեալներու հոյլին մաս կազմողներէն մին։

Ծնած է 1876-ին, Դանիոյ Կայլինկ քաղաքը, պետական ուսուցիչի մը ընտանիքին մէջ։ Երեք քոյրերուն անդրանիկն է։ Անոր հայրը եղած է լաւ պատրաստուած եւ ազատամիտ ուսուցիչ մը ու պաշտպանը` կիներուն ուսում ստանալու իրաւունքին: Քարէն փոքր տարիքէն հետեւած է հօրը ուսումնական դաստիարակութեան եւ 6 տարեկանին սկսած է կարդալ պատմական գիրքեր[3]: Ծննդավայրին դպրոցը աւարտելէ ետք, 13 տարեկանին հայրը զինք կը ղրկէ Գերմանիա` գերմաներէն լեզուին տիրապետելու համար: Ան մէկ տարիէն կը սորվի գերմաներէն լեզուն:

Գերմանիայէն վերադառնալէ ետք, ծնողքը զինք կ'ուղարկեն Քոփենհակընի գիշերօթիկ դպրոցներէն մէկը: Հայրը կ'առաջարկէ, որ բժշկութիւն ուսանի[4], սակայն Քարէն կը նախընտրէ ուսողութեան ճիւղը: Գիշեր մը, դպրոցին տնօրէնը բարձրաձայն կը կարդայ թերթերէն մէկուն մէջ Գերմանական արեւելեան առաքելութեան դանիացի միսիոնար Օժէ Մեյըր Պենետիքթսընի գրած յօդուածը, որ ականատեսի աչքերով կը պատմէր 1896-ի հայերու դէմ համիտեան ջարդերուն մասին: Այդ օրերուն լուրեր կը հաղորդուին հայկական ջարդերու մասին ամէն կողմ, եւ հայ որբեր պատսպարող եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարները մամուլի միջոցով իրենց քաղաքացիներուն խիղճը կ'արթնցնեն:

1903-ին, ուսումէն հրաժարելով կ'ուզէ մասնակից դառնալ եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարներու սրբազան գործին։ Ան նամակագրական կապեր կը հաստատէ Ուրֆայի մէջ որբահաւաքի գործ կատարող գերմանացի Եոհաննէս Լեփսիւսի եւ ամերիկացի Գորիննա Շաթուքի (Corinna Shattuck, 1848-1910) հետ։

Ան կ'որոշէ երթալ Ուրֆա ու միանալ հոն հաստատուած Գերմանական դպրոց-որբանոցին անձնակազմին: Քարէն ինք պիտի վճարէր իր ճամբորդութեան ծախսը, սակայն ան անկարող էր: «Հայերու դանիացի ընկերներ» կազմակերպութիւնը բարեսիրտ բարեկամ մը կը գտնէ, որ յանձն կ'առնէ Քարէնին ճամբորդութեան ծախսը: Ուստի, հակառակ հօր կամքին, Քարէն Եփփէ կը մեկնի Ուրֆա: Եփփէ իր ծննդավայրէն շոգեկառքով կը մեկնի Իտալիա` անցնելով Պերլինէն[5]: Ան նաւով կը հասնի Պոլիս եւ հոնկէ կ'ուղղուի դէպի Մերսին: Ճամբան իրեն կ'ընկերակցի զուիցերիացի քարոզիչ Եաքոպ Քիւնցլեր: Երկուքը միասին Մերսինէն ճամբայ կ'ելլեն շոգեկառքով եւ կը հասնին Ատանա: Անոնք կը շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը, հասնելու համար Ուրֆա` մաս մը ձիակառքով եւ մաս մը էշերով: Ուրֆայի մուտքին հայ ժողովուրդը կը դիմաւորէ Քարէն Եփփէն հացով ու աղով եւ անոր կը տրամադրէ ձի մը, որպէսզի ձիով հասնէր Ուրֆայի կեդրոնական շուկան: Սակայն Քարէն կը մերժէ հայերուն առաջարկը եւ իր «բարեկամ» էշով կը հասնի Ուրֆայի կեդրոնը,[6] 4 հոկտեմբեր 1903-ին:

Ուրֆա չմեկնած` ան կը ստանձնէ Ուրֆայի մէջ երկու հայ որբերու` Լուիզա Նաթանեանի եւ Միսաք Մելքոնեանի խնամքին ծախսերը: Հետագային ան կ'որդեգրէ այս երկու որբերը եւ կ'ամուսնացնէ զանոնք իրարու հետ: Միսաք կը դառնայ Քարէն Եփփէին լաւագոյն օգնականներէն մէկը՝ մինչեւ իր կեանքին վերջը:

Քարէն Եփփէ Ուրֆայի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

27 տարեկանին իրեն կը վստահուի 300 հայ որբերու խնամքն ու դաստիարակութիւնը։ Ան իր թղթակցութիւններով կ'օժանդակէ որբանոցին եւ որբերը տնտեսապէս անկախ դարձնելու համար, արհեստանոց մը կը բանայ։

«Միսս» (անգլերէնով օրիորդ) Եփփէ շուտով հայերէն կը սորվի։ Ուրֆայի բարբառին ու գրական արեւմտահայերէնի խառնուրդ մըն էր իրը, որ այնքան հաճելի կը հնչէր դանիացի օրիորդին շրթներէն։ Ան ժողովուրդին կողմէ կը ճանչցուի «Միս Եփփէ Մայրիկ» անունով:

Քարէն Եփփէ կը փորձէ յուսալքութեան, ընկճուածութեան եւ անզօրութեան զգացումներէն ձերբազատել հայ որբերը: Կ'ամրապնդէ անոնց մէջ կարգապահութեան եւ պատասխանատուութեան ոգին: Ան կարեւորութիւն կու տայ երեխաներուն անհատականութեան եւ նախաձեռնութիւններուն անկաշկանդ զարգացման:

Երեխաներուն կրթական ծրագիրը կը հարստացնէ`հայոց պատմութեան հերոսապատումներով, հայերէնի, հայ արժէքներու եւ լեզուի ու գրականութեան դասաւանդումով, աշակերտական դասախօսութիւններով, բարձրաձայն ընթերցումներով, գրադարանի գործածութեամբ, հոգեւոր ու կրօնական դաստիարակութեամբ եւ ընդհանուր քրիստոնէական ու յատուկ Հայ եկեղեցւոյ դաստիարակութեամբ ու համամարդկային արժէքներու եւ բարոյական հասկացողութեան փոխանցումով: Այս բոլորը կ'իրականանան շնորհիւ վաստակաւոր ուսուցիչներու եւ քարոզիչներու:

Քարէն Եփփէ կը հաւատայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ուրոյն դիմագիծին: Ան արգելք կը հանդիսանայ առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող որբերուն կորզումը դէպի բողոքական եկեղեցի:

Իւրաքանչիւր որբուկի համար Եւրոպայի մէջ կը գտնէ հոգեծնողներ եւ կը ջանայ, որ որբերուն եւ անոնց հոգեծնողներուն միջեւ կապերը ամրապնդուին նամակագրութեամբ: Հոգեծնողները նուէրներ կը ղրկեն` ըստ որբերուն նախասիրութեան:

Բազմաթիւ որբեր դաստիարակուելէ եւ զարգանալէ ետք, պատանի կամ երիտասարդ, կը հեռանան որբանոցէն եւ կը մտնեն կեանքի ասպարէզ` պատրաստ աշխատելու եւ արտադրելու: Քարէն Եփփէ ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի հեռացող տղաքն ու աղջիկները այցելեն որբանոց եւ մնայուն կապի մէջ ըլլան որբանոցին հետ: Ան հեռացողներուն տեղ շուտով նորեր կ'ընդունի:

Տարիներու ընթացքին որբանոցին հասուն աղջիկներէն եւ տղոցմէ շատեր կ'ամուսնանան եւ ընտանիքներ կը կազմեն Եփփէին ջանքերով եւ միջնորդութեամբ:

Քարէն Եփփէ եւ Ուրֆայի հերոսամարտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարէն Եփփէ 1915-ին Ուրֆայի մէջ ոչինչ կը խնայէ Ուրֆայէն անցնող հայ տարագիրներուն, ապա Ուրֆայի հայոց հերոսամարտի հայ դիւցազուններուն օգտակար ըլլալու համար։ Ան իր կարելին կ'ընէ`հայերուն սնունդ եւ դեղորայք հասցնելով, խնամելով ու մատակարարելով հազարաւոր գաղթականներ եւ որբեր: Ուրֆայի դիւցազնամարտին անդրադարձող բոլոր հեղինակները յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշատակեն դանիացի օրիորդին քաջասրտութիւնն ու մարդասիրութիւնը։

Ուրֆայի հերոսամարտի ոչ բաղձալի աւարտէն ետք կը սկսին հայերու աքսորը եւ գաղթականութեան արհաւիրքը: Տեղի կ'ունենան տուներու խուզարկումները: Խուզարկութիւններու ընթացքին թուրքերը կը գրաւեն եւ իրենց հետ կը տանին տասնեակ մը հայ երիտասարդներ, աղջիկներ եւ երեխաներ: Կը խուզարկուի Եփփէին տունը, ուր ապաստանած կ'ըլլայ քահանայ Գարեգին Ոսկերիչեանը: Եփփէ ճարպիկութեամբ կը փախցնէ քահանան շրջակայ այգիները, սակայն թուրքերը կրկին ու կրկին կը խուզարկեն իր տունը: Ի վերջոյ տէր Գարեգին իր կնոջ հետ անձնասպան կ'ըլլայ, որպէսզի չյանձնուի թուրքերուն: Խուզարկութիւններու ընթացքին կը ձերբակալուի նաեւ Եփփէին որդեգիր աղջիկը` Լուիզան, որ քանի մը օր ետք կաշառքով կ'ազատագրուի: Եփփէի որոշումով իր որդեգրած տղան` Միսաք, Եփփէի տան ճաշասենեակին մէջտեղ փոսխոռոչ մը կը փորէ եւ կը ծածկէ տախտակներով եւ գորգով մը ու կը տեղաւորէ սեղան մը գորգին վրայ: Այս խոռոչին մէջ կը պատսպարուին վեց փախստական հայեր: Իսկ Եփփէ իր տան նկուղին մէջ երկու տարի շարունակ կը պատսպարէ բազմաթիւ փախստական երիտասարդ հայեր:

Այդ դժնդակ օրերուն Եփփէ ուժասպառ կ'ըլլայ ծանր աշխատանքէ եւ 30 օր կը կորսնցնէ իր գիտակցութիւնը: Այդ շրջանին իրեն օգնութեան կը հասնին իր քով ծառայողները, եւ զինք կը բուժէ Եաքոպ Քիւնցլեր: Կամաց-կամաց ան կը գտնէ իր գիտակցութիւնը եւ առողջութիւնը:

1917-ի աշնան իր երկու որդեգիր զաւակները կը յանձնէ քիւրտ ընտանիքի մը` որպէս ապահով անձեր եւ ինք կը մեկնի Դանիա հիւանդ վիճակով: Դանիա վերադարձած ու ծանրօրէն հիւանդ Քարէն Եփփէ, ապաքինելէ ետք, դասախօսութիւններով ու յօդուածներով հանդէս կու գայ հայ ժողովուրդին ապրած ահաւոր եղեռնին շուրջ եւ կ'աշխատի միջոցներ հաւաքելով Հալէպ հասնիլ հայ խլեակներուն օգտակար ըլլալու համար։ Ան կ'իմանայ, որ իր որդեգիրները՝ տէր եւ տիկին Միսաք եւ Լուսիա Մելքոնեանները ողջ են ու Հալէպ կը գտնուին եւ շատերու պէս կ'ուզեն Պոլիս, Եւրոպա կամ Ամերիկա անցնիլ։ 29 Օգոստոս1920 թուակիր, իր ձեռքով գրուած հայերէն նամակին մէջ կը գրէ անոնց.

Ես ալ կ'ըսեմ, թէ Ուրֆա ի՜նչ կորսնցուցած ենք։ Երբ որ Հալէպ գործ մը կրնաք գտնել՝ հոն մնացէք, ես ալ հոն կու գամ, անկէ Հայասթան երթանք, Բոլիս անպիտու տեղ մըն է, վաս անցէք:


Եփփէի գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարէն Եփփէ Ուրֆա իր վերադարձը անհնար գտնելով`1921-ին Հալէպ կու գայ ու բոլորովին անհատական ճիգերով կը լծուի տարագիր իր սիրելի ժողովուրդին վերապրող խլեակներուն օգտակար ըլլալու գործին։ Իրեն զօրավիգ կը կանգնի «Հայերու Դանիացի Բարեկամներ ընկերակցութիւնը», որ կը կազմուի իր անմիջական շփումներուն ու թղթակցութիւններուն շնորհիւ։

Ան իր ծառայութիւնները կը սկսի Սիւլէյմանիէի հիւղաւանին մէջ իբրեւ պաշտպան այրի կիներու եւ որբերու։ Հայ այրի կանանց եկամուտի աղբիւր հայթայթելու մտահոգութեամբ Թիլէլի մէջ կը հաստատէ ասեղնագործութեան աշխատանոց մը, ուր մեծ թիւով կիներ կ'աշխատին աւելի քան քառորդ դար ու անկէ իրենց ապրուստը կ'ապահովեն։ Այս գործին մէջ իրեն զօրավիգ ու գործակից կը դառնայ ծագումով լեհ ու իր կողմէ որդեգրուած Լիոփոլտ Կաշշիկը (Leopold Gassczyk), որ գիտակ էր քանի մը լեզուներու եւ իր թղթակցութիւններով Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Նորվեկիոյ, Տենիմարքի, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ շուկայ կը պատրաստէր հայ կանանց ձեռային աշխատանքներուն։

1922-ին Քարէն Եփփէ կը նշանակուի Ազգերու Լիկայի լիազօր ներկայացուցիչ, զբաղելու համար գաղթական հայերու տեղաւորման հարցերով։ Այս գործին համար պիւտճէ մը կը տրամադրուի անոր։

Քարէն Եփփէին ամէնէն սուրբ գործը կ'ըլլայ որբեր ու այրի կիներ հաւաքելու արշաւը, որ կը կատարէ շատ յանդուգն քայլեր առնելով. ան հազարաւոր քիլոմեթրեր կը շրջագայի միջագետքեան անապատին մէջ`գերութեան մէջ պահուող հայ կիներն ու երեխաները ազատագրելու համար: Այս աշխատանքին մէջ անփոխարինելի գործ կը կատարէ իր «Աննա ֆորտ» մակնիշով մեքենան, որ բազմաթիւ անգամներ վտանգի կ'ենթարկուի եւ կը վնասուի այս առաքելութեան ընթացքին: Ան կը շրջի Սուրիոյ անապատ`Տէր Զօր, Հասիչէ, Ճարապլուս, Թէլ Ապիատ, Ռաս Ալ Այն եւ Խրպէթ Ռըզ գիւղերը: Այդ գործին մէջ իրեն աջակից կը դառնան իր խիզախ որդեգիրը՝ Միսաք Մելքոնեանը եւ արաբ ցեղապետեր։ Հազարաւոր այրիներ, որբեր եւ չափահաս մարդիկ կ'անցնին սահմանը։ Իւրաքանչիւր բերուած հայուն համար 10 օսմանեան ոսկի կը վճարէ Քարէն Եփփէ։ Եփփէ կը հանդիպի արաբ գիւղապետի մը` շէյխ Հաճիմ փաշա, եւ երկար ու դժուար բանակցութիւնէ ետք անկէ վարձու կ'առնէ 30 ընտանիք կերակրելու համար բաւարար մեծութեամբ գիւղատնտեսական հող մը` Եփրատի շրջանի արեւելեան հողատարածքին մէջ: Այդ օրերուն իրեն կը միանան դանիացի երկու օգնականներ` Ճենի Ճենսըն եւ Քարէն Պժեր, որոնք մեծապէս օգտակար կը հանդիսանան իր որբախնամ գործին:

Սուրիական անապատին մէջ իր ջանքերով եւ Լեփսիուսի միջոցով կը հիմնուին Թել Սիմեն, Թել Արմէնի, ապա Շարփ Պետրոս գիւղերը: Կը ստեղծուին գիւղատնտեսական կառոյցներ, ուր կը գործեն հայ գաղթականներ: Անապատին մէջ հաւաքուած որբերուն համար փլատակ աւաններու մէջ կը հիմնէ դասարաններ, ուր որբերը կը սորվին հայերէն եւ հայոց պատմութիւն: Իր հիմնած ու հայերով բնակեցուցած Թինա գիւղը ամբողջութեամբ կը դնէ «Հայերու Դանիացի Բարեկամներու ընկերակցութեան» հոգատարութեան տակ եւ անոր վերակացու կը նշանակէ Միսաք Մելքոնեանը։ Հետագային զանոնք կը փոխադրէ Հալէպ, ուր փրկուած հայերը կը տեղաւորէ իր հիմնած գիւղերուն մէջ, փոքրերն ու այրի կիները կ'առնէ իր անմիջական խնամքին տակ, իսկ ուրիշներու համար կայք կը գտնէ Ազգային Առաջնորդարանին հետ գործակցաբար։ Եփփէ կը յաջողի մահմետականներու հարեմներէն ազատել շուրջ երկու հազար հայ կիներ: Ռասիւլ Ուլ Այնի մէջ կը հիմնէ փախստականներու վեցերորդ կեդրոնը, ուր կը տեղաւորուին հարիւրաւոր հայ փախստականներ:

Ազգերու Դաշնակցութեան տրամադրած պիւտճէով Քարէն Եփփէ կը պաշտօնականացնէ Հալէպի մէջ հայ որբեւայրիներու եւ անոնց որբերը խնամելու գործը եւ իր հաստատութիւնը կը կոչէ «Œuvre de protection des femmes et des enfants» (Կանանց եւ Մանուկներու Պաշտպանութեան Գործ), որ նախ կը գործէ Թիլէլի մէջ։ 1924-ին իր անունով կը գնէ տասը հազար քառ. մեթր տարածութիւն մը քաղաքէն դուրս, Մէյտան կոչուող տեղը, ուր 1926-ին եւ 1929-ին կը կառուցէ ինը միայարկ տաղաւարներ 80 սենեակներով եւ հոն կը պատսպարէ իր որբեւայրիները իրենց 200 որբերով[7]։

Քարէն Եփփէ սերտ գործակցութեան մէջ էր հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային իշխանութիւններուն հետ։ Ան յաճախ խորհրդակցական հանդիպումներ կ'ունենար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Խապայեանին ու Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի հետ։ Իր գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը եղած էր հայութեան վերադարձնել իր հաւաքած որբերը՝ անոնց ապահովելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ու ազգային վարժարանին դաստիարակութիւնը։

Մեծ կ'ըլլան անոր նիւթական եւ բարոյական նպաստները իր կալուածին հարաւային կողմը գտնուող Ազգային Սահակեան Վարժարանին (1927), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ (1930) շինութեանց եւ առհասարակ Մէյտանի մէջ հայ գաղթականներուն համար մնայուն բնակութիւն հաստատելու աշխատանքներուն մէջ։ Նորաբնակները շրջանը կը կոչեն Նոր Գիւղ։

Սահակ Կաթողիկոս 21 Մարտ 1926-ի թուակիր իր կոնդակով բարձրօրէն կը գնահատէ Քարէն Եփփէի մարդասիրական մեծ ծառայութիւնները։ Դանիոյ պետութիւնն ալ զինք կը պատուէ Պատուոյ Լէգէոնի Ասպետի Առաջին Կարգի Շքանշանով։

1928-ին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան, Քարէն Եփփէի հայանպաստ գործունէութեան 25 ամեակին առթիւ, յոբելինական հաւաք մը կը կազմակերպէ Ազգային Հայկազեան Մանկապարտէզի սրահին մէջ։

Մինչեւ 1929 ընդհանուր փրկուած հայ աղջիկներուն եւ տղոց թիւը կ'անցնի 1900-ը: Ասոնց մեծ մասը կը գտնէ իր հարազատները Հալէպի մէջ:

1930-ականներն ու մահը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օրդ. Քարէն Եփփէ կը մահանայ 7 Յուլիս 1935-ին։ Ծնունդով դանիացի բողոքական այս օրիորդը իր կեանքին երկրորդ կէսէն աւելին կ'ապրի ու կը մեռնի իբրեւ հայ առաքելական։ Իր կտակին համաձայն, յուղարկաւորութիւնն ու թաղման ծէսը կը կատարէ հայ եկեղեցին՝ Առաջնորդ Արտաւազդ Արք.-ին, եկեղեցական դասին եւ բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ։ Առաջնորդը կը փափաքի, որ Քարէն Եփփէ թաղուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ բակին մէջ, որուն «կնքամայր»երէն մէկն էր հանգուցեալը։ Ֆրանսական իշխանութիւնները արգելք կը հանդիսանան։

Քարէն Եփփէին շիրիմը կը գտնուի Հալէպի Հայոց Ազգային Գերեզմանատան մէջ։

Հալէպի մէջ զետեղուած է յուշաքար մը` յաւերժացնելու համար հայասէր միսիոնարուհիին յիշատակը: Յուշաքարին վրայ արձանագրուած է «Հայերուն մայրը»:

Եփփէին գերեզմանէն վերցուած սափոր մը հող փոխադրուած է Հայաստան եւ զետեղուած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի Յիշատակի պատին մէջ:

Հայ ժողովուրդը զինք կոչած է`«Հայ որբերուն պահապան հրեշտակը»:

«Քարէն Եփփէ» Ազգային ճեմարանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Քարէն Եփփէ» Ազգային ճեմարան, 1973

Իր մահէն 12 տարի ետք, 1947-ին Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին եւ առաջնորդին` Զարեհ եպս. Փայասլեանին ջանքերով, Քարէն Եփփէի հիւղաւաններու կալուածին վրայ կը հիմնուի Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը:[8]

1947-էն մինչեւ այսօր «Քարէն Եփփէ» Ազգային ճեմարանը իրարայաջորդ սերունդներ հայ լեզուին ու մշակոյթին, հայ պատմութեան եւ գրականութեան պաշտամունքով սնուցած է իր խնամքին յանձնուած հայորդիները, քաղցրացնելով անոնց կեանքերը։

Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի պատերազմի տարիներուն ընթացքին (2012-2016) «Քարէն Եփփէ» Ազգային ճեմարանը կը փակուի պատերազմական վտանգաւոր գօտիէ ներս գտնուելուն պատճառով, նոյնիսկ թիրախ կը դառնայ ռմբակոծումներու կրելով մեծ վնասներ, եւ կը գործէ միացեալ Ազգային «Կիւլպէնկեան» դպրոցին երդիքէն ներս:

2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը կրկին իր դուռները կը բանայ ու իր երդիքին տակ կը հաւաքէ իր ուսանողները։

  • Քարէն Եփփէին մասին գրուած են քանի մը գիրքեր`դանիացի գրողներու կողմէ:
  • Քարէն Եփփէ իր կեանքին ընթացքին գրած է գիրք մը`«Միսաք», որ 2015-ին անգլերէնի թարգմանուած է J. Kauffeldt-ի կողմէ «Misak, An Armenian life» անունով: Գիրքը հիմնականօրէն կը խօսի իր որդեգրած զաւկին`Միսաքին մասին:
  • Դանիացի ժողովուրդը յաւերժացուցած է Եփփէին ծառայական գործունէութիւնը`փորագրելով անոր անունը յիշատակի մեծ ժայռի մը վրայ եւ զետեղելով այդ ժայռը Քարէն Եփփէին ծննդավայրին մէջ[9]: Իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը նախաձեռնութիւնը կ'առնէ եւ խաչքար մը կը զետեղէ այս յիշատակի ժայռին մօտ:
  • Քարէն Եփփէին կիսանդրին նաեւ զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանին մուտքին:
  • Եփփէին որդեգիրը`Միսաք, որ Քարէն Եփփէին կարեւոր աշխատակիցը եղած էր երկար տարիներ, կը շարունակէ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան տարածքին հայերը փրկելու սրբազան աշխատանքը նոյնիսկ անոր մահէն ետք: Միսաք կը ստանձնէ «Հայաստանի դանիացի բարեկամներ»ու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործունէութեան վերահսկողութիւնը: Սակայն կազմակերպութիւնը չկարողանալով Դանիոյ մէջ հարկ եղած դրամահաւաք կատարել`կազմակերպութեան եւ Միսաքի գործունէութիւնները կը դադրին: Կազմակերպութիւնը Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաջորդող տարիներուն կը լուծուի, եւ Միսաք իր ընտանիքին հետ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ ու կը հաստատուի Քալիֆորնիա, ուր կը մահանայ 1978-ին:

Նուիրուած գրական աշխատանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Քարէն Եփփէն եւ հայ ժողովուրդը. կեանք մը, կանչ մը», հեղինակ՝ Քէյթ Ղոյստա (դանիացի գրող), տպագրուած՝ 2013-ի Մայիսին դանիերէն լեզուով[10][11]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]