Արեւմտահայերէն

Արեւմտահայերէն (արեւելահայերէն՝ Արեւմտահայերեն) ժամանակակից հայերէնի երկու ճիւղերէն մէկը։ Արեւմտահայերէն կը խօսի սփիւռքահայութեան մեծ մասը (գլխաւորաբար Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի հայութիւնը՝ ի բացառեալ պարսկահայերէն)։ Ձեւաւորուած է ԺԹ․ դարասկիզբին՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան (պոլսահայութեան) բարբառի հիման վրայ։

Արեւմտահայերէնի պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնչիւնաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտահայերէնի հնչիւնական համակարգը զգալիօրէն տարբեր է արեւելահայերէնէն։ Գրութեան մէջ պահելով աւանդական համակարգը՝ արեւմտահայերէնը տարբերութիւն չունի արեւելահայերէնէն եւ կը պահպանէ բոլոր գրանիշերը։ Սակայն արտասանութեան մէջ կան շարք մը տարբերութիւններ։

Բառագիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերէնի բառապաշարի մեծ մասը թէ՛ ձեւով, թէ՛ բովանդակութեամբ ընդհանուր է երկու տարբերակներուն համար։ Նոյն ատեն առանձին են ձեւի իմաստային տարբերութիւններ, որոնք արդիւնք են լեզուական եւ արտալեզուական բազմաթիւ գործօններու՝ սկսած տարբերակներու ակունքներէն (գրաբար, միջին հայերէն), բարբառային հիմքերէն (Արարատեան, Պոլսոյ ու յարակից շրջաններու) եւ վերջապէս ազդուելով քաղաքական, տնտեսական կամ աշխարհագրական հանգամանքներէ։

Արեւմտահայերէնի բառապաշար ըսելով սովորաբար նկատի կ'առնուին այն բառերը, բառաձեւերը եւ դարձուածքները, որոնք արեւելահայերէնի մէջ գործածուող ձեւերու համեմատ ունին առնուազն մէկ ձեւային կամ իմաստային տարբերութիւն։ Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի բառապաշարային տարբերութիւններու գիտական բնութագրին առաջին անգամ անդրադարձած է Հրաչեայ Աճառեանը՝ ներկայացնելով զանոնք որոշակի խումբերով, որոնք hետագայ ճշգրտումներէ եւ լրացումներէ յետոյ կը ներկայացնեն հետեւեալ ձեւիմաստային խումբերը.

Ձեւաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոյական անուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոյականին հոլովները վեցն են՝ ուղղական, սեռական, տրական, հայցական, բացառական, գործիական՝

  դաշտ կով գարուն օր քոյր
եզակի յոգնակի եզակի յոգնակի եզակի յոգնակի եզակի յոգնակի եզակի յոգնակի
Ուղղական-Հայցական դաշտ դաշտեր կով կովեր գարուն գարուններ օր օրեր քոյր քոյրեր
Սեռական-Տրական դաշտի դաշտերու կովու կովերու գարնան գարուններու օրուան օրերու քրոջ քոյրերու
Բացառական դաշտէ դաշտերէ կովէ կովերէ գարունէ գարուններէ օրուընէ օրերէ քրոջմէ քոյրերէ
Գործիական դաշտով դաշտերով կովով կովերով գարունով գարուններով օրով օրերով քրոջմով քոյրերով
  հայր Աստուած գիտութիւն
եզակի յոգնակի եզակի յոգնակի եզակի յոգնակի
Ուղղական-Հայցական հայր հայրեր Աստուած աստուածներ գիտութիւն գիտութիւններ
Սեռական-Տրական հօր հայրերու Աստուծոյ աստուածներու գիտութեան գիտութիւններու
Բացառական հօրմէ հայրերէ Աստուծմէ աստուածներէ գիտութենէ գիտութիւններէ
Գործիական հօրմով հայրերով Աստուծմով աստուածներով գիտութեամբ /
գիտութիւնով
գիտութիւններով

Ածական անուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուական անուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դերանուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անձնական դերանուններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուղղական Հայցական Սեռական Տրական Բացառական Գործիական
ես զիս իմ ինծի ինձմէ / ինծմէ ինձմով / ինծմով
դուն քեզ քու քեզի քեզմէ քեզմով
ինք զինք իր իրեն իրմէ իրմով
ան զայն անոր անոր անկէ անով
մենք մեզ մեր մեզի մեզմէ մեզմով
դուք ձեզ ձեր ձեզի ձեզմէ ձեզմով
իրենք զիրենք իրենց իրենց իրենցմէ իրենցմով
անոնք զանոնք անոնց անոնց անոնցմէ անոնցմով
Ցուցական դերանուններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1ին դէմք 2րդ դէմք 3րդ դէմք
Եզակի Յոգնակի Եզակի Յոգնակի Եզակի Յոգնակի
Ուղղական ասիկա ասոնք ատիկա ատոնք անիկա անոնք
Հայցական ասիկա ասոնք ատիկա ատոնք անիկա անոնք
Սեռական ասոր ասոնց ատոր ատոնց անոր անոնց
Տրական ասոր ասոնց ատոր ատոնց անոր անոնց
Բացառական ասկէ ասոնցմէ ատկէ ատոնցմէ անկէ անոնցմէ
Գործիական ասով ասոնցմով ատով ատոնցմով անով անոնցմով

Բայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրաւորական բայեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բային կրաւորականը կը կազմուի «-ուիլ» վերջաւորութեամբ` Ա պարզ լծորդութիւն՝ գրել-գրուիլ, խօսիլ-խօսուիլ, կարդալ-կարդացուիլ, գտնել-գտնուիլ, տեսնել-տեսնուիլ։

Ե/Ի լծորդութիւն՝ հագնիլ-հագուիլ, խածնել-խածուիլ, դնել-դրուիլ, տանիլ-տարուիլ։

Ա ածանցաւոր լծորդութիւն՝ գողնալ-գողցուիլ, մոռնալ-մոռցուիլ։ Զարտուղի բայերէն. բանալ-բացուիլ, տալ-տրուիլ։

Երթալ-երթըցուիլ (միայն անդէմ կիրառութիւն՝ «Ասանկ ո՞ւր կ'երթըցուի»)։ Ուտել-ուտուիլ (սակայն անցեալ կատարեալ ժամանակը՝ կերուեցայ, անցեալ դերբայը՝ կերուած)։ Պատճառական բայերէն ալ ոմանք կրնան կրաւորական ձեւ առնել` ներկայացնել-ներկայացուիլ։

Բայի Հրամայականը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրամայականը ունի միայն երկրորդ դէմք (դուՆ եւ դուք)
1.Բուն հրամայական՝
Եզակի թիւ՝ Ա. Պարզ (անածանց) լծորդութիւններու հրամայականի եզակին կը կազմուի հիմքին ց տառը ձգելով. գրել-գրէ՛, խօսել-խօսէ՛, կարդալ-կարդա՛։ Նկատելի է ուղղագրութեան փոփոխութիւնը (ե-է), քանզի բառավերջին միայն է կրնայ գրուիլ։ Սա է վերջաւորութիւնը ծագում առած է գրաբարեան եա վերջաւորութենէն. գրեա՛։ Ուշագրաւ է նաեւ որ կարդա՛ ձեւին վրայ յ տառ չկայ։
Բ. Ածանցաւոր բայերուն հրամայականը կ'առնէ -ի՛ր վերջաւորութիւնը, որը նոյնպէս անցեալ կատարեալի հիմքին վրայ կը դրուի. հասկ-ց-ի՛ր, մօտ-եց-ի՛ր, մտ-ի՛ր, թռ-ի՛ր եւ այլն։
Գ. Քանի մը բայեր հրամայականին համար որեւէ վերջաւորութիւն չեն առներ։ Ասոնք մեր ամենահին ու ամենագործածելի բայերէն են։ Ահա բոլորը. տե՛ս, ե՛լ (ելի՛ր), բա՛ց, լա՛ց, ա՛ռ, պա՛գ (պագի՛ր), թո՛ւք (թքի՛ր), խա՛ծ (խածի՛ր), բե՛ր, դի՛ր, զա՛րկ, տա՛ր, տո՛ւր, կե՛ր։ Փակագիծերու մէջ աւելի խօսակցական ձեւերն են։
Դ. Ըսել, ընել կանոնաւոր են՝ ըսէ՛, ըրէ՛։ Երթալ՝ գնա՛։ Գալ՝ եկո՛ւր։ Նստիլ եւ սկսիլ երկու ձեւ ունին. նստի՛ր կամ նստէ՛, սկսի՛ր կամ սկսէ՛։ Երկրորդ ձեւերը կարծես կանոնաւորութեան կը ձգտին։
Ե. Պատճառական բայեր. ներկայա-ցո՛ւր։

2.Արգելական հրամայական

Պատճառական Բայեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատճառական բայերը կը կազմուեն «-ցնել» վերջաւորութիւնով՝ լռել-լռեցնել, խօսիլ-խօսեցնել, մօտենալ-մօտեցնել, հասնիլ-հասցնել, փախչիլ-փախցնել, եւ այլն։ Երկու «ց»-երու պարագային՝ մէկը կը ջնջուի։ Շատ բայերու անցեալ կատարեալի հիմքին ձայնաւորը արեւմտահայերէնի մէջ կ'իյնայ` խմել-խմցնել, խաղալ-խաղցնել, սպասել-սպասցնել։

«Ուտել» բային պատճառականն է «կերցնել», «կորսուիլ» բայինը՝ «կորսնցնել», «դառնալ» բայինը՝ «դարձնել», «անցնիլ» բայինը՝ «անցնել» (արտասանութիւնը՝ անցընել)։ Ընդհանրապէս, արեւմտահայերէն՝ «ցնել» վերջաւորութեան մէջ «ը» հնչիւնը աւելի կը լսուի։

Պատճառական բայերու անցեալ կատարեալի հիմքը «ցուց» վերջաւորութեամբ է։ Հետեւաբար՝ «ներկայացնել» կ'ընէ «ներկայացուցի, ներկայացուցիր, ներկայացուց, ներկայացուցինք, ներկայացուցիք, ներկայացուցին», անցեալ դերբայ՝ «ներկայացուցած», հրամայական՝ «ներկայացո՛ւր, ներկայացուցէ՛ք»։

Դերբայներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտահայերէնի մէջ տարբեր են հետեւեալ հինգ դերբայները՝ անորոշ, ապառնի, վաղակատար, հարակատար, ենթակայական։ Այսպէսով, արեւելահայերէնի հետ բաղդատած համեմատութեամբ կը բացակային անկատար առաջին (գրում, կարդում) եւ անկատար երկրորդ կամ համակատար (գրելիս, կարդալիս) դերբայները։ Ժխտական կամ ժխտման դերբայը (գրի, կարդա), թէեւ առկայ է արեւմտահայերէնի մէջ, սակայն քերականներու կողմէն քիչ նկարագրուած ու բնութագրուած է։

Մակբայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի կապերու տարբերութիւնը բառային է եւ ոչ խօսքիմաստային։ Պարզապէս արեւմտահայերէնն ունի կապեր, որոնք բացակայ են արեւելահայերէնի մէջ, ինչպէս օրինակ՝ ասդին, անդին, ետք, քով, վասն, ի գին, ի սէր եւ այլն։ Մի քանի կապեր տարբեր են արեւելահայերէնի համարժէքներու գրաբարեան ձեւերուն տրուող նախապատւութեամբ կամ արեւմտահայերէնին բնորոշ հոլովման առանձնահատութիւններով, ինչպէս օրինակ՝ ձեռամբ, պատճառաւ, կողմէ (կողմանէ), պահուն, սկսեալ, սիրոյն, բաղդատմամբ եւայլն։

Մէջ ետադրութիւնը արեւմտահայերէնի մէջ, տարբերութեամբ արեւելահայերէնէն, հոլովուած ժամանակ չի ենթարկուիր է-ի ընդհանրական հնչիւնափոխութեան. մէջ-մէջի-մէջէ(ն)-մէջով, փոխանակ արեւելահայերէնի մեջ-միջի-միջից-միջով հարացոյցային ձեւերու։

Հոլովառութեամբ եւս կապերը նոյնն են. միակ տարբերութիւնը ի յայտ կու գայ դէպի, մինչեւ ուղղութեան կապերու՝ անձնական դերանուններու առաջին եւ երկրորդ դէմքերու հետ գործածութեան ատեն, քանի որ արեւմտահայերէնի մէջ անձնական դերանունները տրականի համար ունին զատ ձեւեր, կը յառաջանայ արեւելահայերէնի համեմատ տարբերակուած գործածութիւն գոյականներու ու դերանունների հետ, ուր յիշեալ դերանուններու տրականի ու հայցականի ձեւերը չունին ձեւային տարբերութիւն։

Շաղկապ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շաղկապներու տարբերութիւնը արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի բառային է, երբեմն ալ՝ ոճական։ Տարբերութիւններն կը յառաջանան արեւմտահայերէնի գրաբարեան ձեւերուն նախապատուութիւն տալէն (զի, քանզի, վասնզի, պայմանաւ որ), երբեմն ալ արդիւնք են կամ արեւմտահայ բառաձեւի առկայութեան (հակառակ անոր որ) կամ արեւմտահայերէնին բնորոշ հնչիւնափոխութեան։ Այսպէս արեւելահայերէնի մէջ կայ այ - է, իսկ արեւմտահայերէնի մէջ՝ այ - ա հնչիւնափոխութիւնը։ իբրեւեւ այդ հնչիւնափոխութեան հետեւանք՝ արեւելահայերէնն ունի էլ, իսկ արեւմտահայերէնը՝ ալ շաղկապը։

Արեւելահայերէնի ոչ թէ շաղկապի փոխարէն խօսակցական արեւմտահայերէնի մէջ կը հանդիպինք նաեւ չէ թէ շաղկապին։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Կանոն Ձեռնադրութիւն եւ Օծման Եպիսկոպոսի, (Աշխարհաբարի թարգմանութիւն՝ Ազնաւուրեան Զարեհ եպս.), Անթիլիաս, 1997: 2)
  • Միջնադարյան Աղանդների Ծագման եւ Զարգացման Պատմութիւնից, Ե. Գ. Տեր-Մինասյան, Երեւան, 1968
  • Եղծ Աղանդոց, Եզնիկ Կողբացի, Երեւան, 1994
  • Williston Walker, Norris Richard A, David W. lotz, Handy Robert T., A History of the Christian Church, fourth edition, New York, 1985. (Թարգմանիչ՝ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Անթիլիաս, 2012):

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]