Սահակ Բ. Խապայեան

Սահակ Բ. Խապայեան
Ծննդեան անուն Գաբրիել Խապայեան
Ծնած է 25 Մարտ 1849(1849-03-25)[1]
Ծննդավայր Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 8 Հոկտեմբեր 1939(1939-10-08) (90 տարեկանին)
Մահուան վայր Անթիլիաս, Լիբանան[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Մեծ Լիբանան
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան[1]
Մասնագիտութիւն կղերական
Աշխատավայր Սիոն[1]
Վարած պաշտօններ Կիլիկիոյ կաթողիկոս

Սահակ Բ. Խապայեան, Գաբրիէլ Կարապետ Խապայեան, (25 Մարտ, 1849, Եղէգի գիւղ Խարբերդ-1939, Անթիլիաս), Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոս 1902-1939։

Կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսումը ստացած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ վանքին ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ (1867-1868):

1869-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է:

Ուսումը կատարելագործելու նպատակով ղրկուած է Պոլիս եւ երկու տարի ետք (1869-1871) վերադառնալով Երուսաղէմ Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ուսուցիչ նշանակուած է:

3 Յուլիս 1877-ին Եսայի պատրիարքին ձեռամբ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ:

1874-1881 եղած է «Սիոն» ամսագիրին խմբագիրը եւ տպարանի տեսուչը: Որոշ շրջան մըն ալ եղած է Տնօրէն ժողովի անդամ եւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի ատենապետ:

1881-1886 նուիրակի պաշտօնով գործած է Կովկասի մէջ։

10 Յունուար 1885-ին ընտրուած է լուսարարապետ, իսկ 24 Նոյեմբերին Մակար Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ Ս. Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։

Սահակ Բ. կաթողիկոսը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքական պայմաններու հետեւանքով կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ զանազան շրջաններուն մէջ հաստատուելէ ետք 1295-ին իր կայքը հաստատած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ:

Մկրտիչ Ա. կաթողիկոս Քէֆսիզեանի վախճանումէն ետք (1894 նոյեմբեր), Կիլիկիոյ Աթոռը թափուր կը մնար, մինչեւ որ 12 Հոկտեմբեր 1902-ին Կիլիկեան տասնհինգ թեմերու 62 պատգամաւորներու միաձայնութեամբ կաթողիկոս կ'ընտրեն Սահակ եպիսկոպոսը: Կաթողիկոսական օծումը տեղի կ'ունենայ 23 Ապրիլ, 1903-ին, Սիսի մայրավանքին մէջ[2]:

Սահակ կաթողիկոս եռանդուն աշխատանք կը տանի անշքացած վիճակի մատնուած մայրավանքը բարելաւելու ուղղութեամբ եւ 1906-ին կը վերաբանայ դպրեվանքը:

1909-ին տեղի կ'ունենայ Ատանայի կոտորածը:

1915-ին կ'աքսորուի Հալէպ եւ հոնկէ` Երուսաղէմ, իբրեւ նորահնար կաթողիկոս պատրիարք:

1917-ին կ'աքսորուի Դամասկոս եւ պատերազմի աւարտէն ետք, Եղեռնէն վերապրած աքսորական ժողովուրդին հետ 1919-ին կը վերադառնայ Կիլիկիա:

1920 Փետրուարին կը պատահի Մարաշի աղէտը, Սիս կը պարպուի Յունիսին, իսկ Հոկտեմբերին, ութամսեայ դիւցազնամարտէ մը ետք կ'իյնայ Հաճընը: Սահակ կաթողիկոս Փարիզ կ'երթայ Կիլիկիոյ դատը պաշտպանելու համար, բայց ապարդիւն:

1921-ին Օսմանեան թուրք կառավարութիւնը երկու օրուան պայմանաժամ կու տայ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին վերջնականապէս հեռանալու կաթողիկոսարանէն: Սահակ կաթողիկոս ինչ որ կրնար իբրեւ կրօնական ու մշակութային թանկագին գանձեր (ձեռագիր, հնատիպ, ծիսական սպասներ, ներառեալ` միւռոնի կաթսան) իրեն հետ առնելով, իր փոքրաթիւ միաբանութեամբ կը բռնէ գաղթի ճամբան: Վեհափառը յաջորդաբար կը հաստատուի Երուսաղէմ, Հալէպ, Դամասկոս, Կիպրոս եւ 1930-ին` Անթիլիաս[3]: Իբրեւ հոգեւոր պետ՝ ան միշտ սատարած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ապաստանած հայութեան։

1930-ին կը հաստատուի Անթիլիաս- Լիբանան։

Ազգասէր, համակրելի ու ժողովրդական դէմք, Սահակ կաթողիկոս միշտ ժողովուրդին կողքին կը մնայ եւ անոր հետ կը ճաշակէ գաղթականի բոլոր դառնութիւններն ու տառապանքները: Իր անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը կը վերընձիւղի եւ Անթիլիասի որբանոցը կը դառնայ հայ հոգիի, միտքի ու մշակոյթի դարբնոց: 1930-ին է, որ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս Անթիլիասի մէջ կը հիմնէ դպրեվանքը, որ տարագիր ու ցեղասպանեալ ժողովուրդին համար կը հանդիսանայ հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան փարոս:

Ան կը հիմնէ նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարան, ուր իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն կը թրծուին հայ մանուկին միտքն ու հոգին առաքելական սուրբ ճաճանչներով:

Կիլիկիոյ տարագիր հայութիւնը 18 Յունիս 1933-ին Անթիլիասի մէջ մեծ շուքով կը տօնէ Սահակ Բ. կաթողիկոսին գահակալութեան 30-ամեակը. այս առիթով լիբանանեան պետութիւնը եւ ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնը կը պատուեն հայոց հայրապետը:

Նկատի ունենալով իր յառաջացած տարիքը, Սահակ Բ. կը խրախուսէ աթոռակից կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը: Բաբգէն Ա.Կիւլէսէրեան կը դառնայ Սահակ կաթողիկոսին աթոռակիցը 1931-էն մինչեւ վերջինիս մահը՝ 1936:

Տ. Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս եւ Տ. Բաբգէն Աթոռակից կաթողիկոս 1931-ին կը հաստատեն կաթողիկոսարանի ուխտի օրը` Սրբատառ Հայրապետական կոնդակով մը[4]:

Սահակ կաթողիկոսին անունով կոչուած է Պէյրութի Սահակեան վարժարանը (ներկայիս փակուած)։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։