Jump to content

Շերամ (գուսան)

Շերամ
Ծննդեան անուն հայ.՝ Գրիգոր Կարապետի Թալյան
Ծնած է 20 Մարտ 1857(1857-03-20)
Ծննդավայր Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 7 Մարտ 1938(1938-03-07) (80 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Մասնագիտութիւն աշուղ, բանաստեղծ

Շերամ (գուսան, Գրիգոր Տալեան[1], 20 Մարտ 1857(1857-03-20), Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 7 Մարտ 1938(1938-03-07), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ գուսան–երգահան, ժամանակակից գուսանական երգարուեստի սկզբնաւորող։ ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1936 թուականէն: Սիրելով Գրիգորն ու անոր երգերը՝ ժողովուրդը զինք կը կոչէ «ուստա Գոքոր, իսկ «մետաքսանման» իր երգերու համար բանաստեղծ Յ. Յովհաննիսեանը զինք կ'անուանէ «աշուղ Շերամ»։

Շերամ ծնած է 1857-ին, Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի), երաժշտասէրներու գերդաստանին մէջ: Շերամի պապը եղած է ժամանակի նշանաւոր աշուղներէն մէկը, Քեամիլի մականունով: Ճանչցուած դէմք էր նաեւ իր հօրեղբօրորդին` Ջամալին (Մկրտիչ Տալեան): Այդ գերդաստանին հետ բարեկամական կապ հաստատած է երիտասարդ աշուղ Ջիւանը` ամուսնանալով Ջամալիի քրոջ հետ[1]:

Իր ինքնակենսագրութեան մեջ Շերամը կը պատմէ, որ կը պատրաստէին փայտեայ սնտուկներ, որոնց վրայ պէտք է աշակերտները փորագրէին զարդանախշեր: Վարպետը խստօրէն կը հետեւէր, որ անոնք ճշգրտօրէն վերարտադրէին օրինակով տրուած նախշերը՝ առանց աննշան շեղման: Իսկ Գրիգորը կը մտածէ, թէ ինչու պէտք է կրկնէ միայն այդ նախշերը՝ առանց ստեղծագործելու եւ աւելցնելու նոր նախշեր: Բայց, ինչպէս կը յիշէ ան, վարպետը երբեք չէր ընդուներ այդ նորամուծութիւնները եւ միշտ հակասութիւններու մէջ էին իրար հետ: Սա բնաւորութեան մէկ կարեւոր գիծ մըն էր, որ յետագային դրսեւորուեցաւ նաեւ Շերամի երաժշտական գործունէութեան ընթացքին: Այս շրջանին է, որ ի յայտ կու գայ անոր երգաստեղծութեան տաղանդը, որ անմիջապէս կը գտնէ իր համակիրներուն. «Ճահել-ճահել ընկերներ հաւաքւում էին տիւքեանս, - կը յիշէ ան իր ինքնակենսագրութեան մէջ, - էլ դուրգեարութիւն չէի անում խո կարգին, այնպէս սիրահարուեցի մուզիկայի վրայ, որ գիշեր-ցերեկ թառը ձեռքիցս վար չէի դնում: Ցերեկը բաւական չէր, գիշերը մինչև ժամը 1-ը, 2-ը մայրս բարկանում էր ինձ վերա բոլորովին, ասում էր, - «ա՛յ տղայ, բաւական է, վեր կաց, քնի», իսկի չէի լսում նրան, շորերս հանում էի, մտնում տեղաշորիս մէջ, թառը կրծքիս էի առնում պառկում, եւ անգամ կամաց-կամաց մատներով նուագում»:

Անոր աշուղական տաղանդի զարգացման վրայ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէր Ալեքսանդրապոլի աշուղական ճոխ մթնոլորտը, քանի որ ան կը թրծուէր մշտապէս ներկայ ըլլալով հօր եւ հորեղբօր հիմնած աշուղական սրճարանին մէջ կայացող համերգներուն ու մրցումներուն, կը զգար եւ կը հասկնար, թէ այդ արուեստին ինչը կ'արժեւորուի ու կը խրախուսուի: Իսկ երաժշտական ուսուցումը, եթէ կարելի է այդպէս ըսել, այս ընթացքին հիմնականօրէն կը սահմանափակուի անով, որ հիւսնութիւն սորվելուն եւ աշխատելուն զուգահեռ, աւելի ու աւելի հետաքրքրութեամբ կը լսէ Շիրակի այնչափ հարուստ ժողովրդական երաժշտութիւնը, պարերգերն ու մանիները։ Գրիգորը երկար չմնաց աշուղական արուեստի այդ մասնագիտական մթնոլորտին մէջ։ Ան դեռ տասը տարեկան ալ չկար, երբ հայրը մահացաւ, որուն պատճառով սրճարանը փակուեցաւ։ Բայց այդ քանի մը տարին ալ բաւական եղաւ, որ փոքրիկ տղայի հոգիին մէջ սէր ու համակրանք ձեւաւորուէր աշուղական արուեստի նկատմամբ։

Ալեքսանդրապոլի աշուղական դպրոցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տեսարան հին Ալեքսանդրապոլից (19-րդ դար)

Ալեքսանդրապոլի մէջ աշուղական դպրոցը հիմնադրուեր, ձեւաւորուեր ու զարգացուեր էր Կարսէն, Էրզրումէն, Բայազետէն ու Վանէն գաղթած աշուղներուն կողմէ: Անոնցմ էին կարսեցի աշուղ Քեամալիի (Պաղդասար Տալեան) որդիները՝ Յովհաննէսն ու Կարապետը՝ Տալեաններու գերդաստանէն: Տալեան ազգանունը ծագեր է Յովհաննէսի եւ Կարապետի Թալիտա անունով տատի անունէն, որ եղեր է գերդաստանի յարգուած ու սիրուած մեծերէն: Յովհաննէսն ու Կարապետը թէեւ իրենց հօր նման աշուղ չէին, սակայն ժառանգեր էին անոր երաժշտական շնորհները եւ 1860-ական թուականներուն Ալեքսանդրապոլի մէջ հիմներ էին աշուղական սրճարան: Շուտով անիկա հռչակուեցաւ աշուղական բազմազան մրցոյթներով, ուր ելոյթ կ'ունենային Շիրինը, Մահուպի Գէորգը, Ջիւանին եւ այլ աշուղներ: Այս այն բեկումնային ժամանակաշրջանն Էր, երբ քաղաքին մէջ արդէն ձեւաւորուեր Էր հայեցի մթնոլորտ մը՝ շաղախուած տեղաբնակներու, կարսեցիներու, կարինցիներու, մշեցիներու, վանեցիներու երաժշտական աւանդոյթներով: Ալեքսանդրապոլի առանձնայատկութիւնը այն էր, որ թէեւ այստեղ կային ազգային փոքրամասնութիւններ՝ յոյներ, թուրքեր, հրեաներ, եզիտիներ, ռուսեր եւ այլն, բայց բնակչութեան հիմնական մասը՝ շուրջ 95 տոկոսը հայեր էին, հետեւաբար քաղաքի մշակոյթը նոյնպէս կ'առանձնանար զուտ հայկական երանգով: Մինչդեռ այդ միատարրութիւնը չկար Կարսի, Էրզրումի եւ միւս քաղաքներուն մէջ, ուրկէ այստեղ հաստատուեր էին բազմաթիւ հայեր՝ իրենց հետ բերելով տեղի մշակոյթը: Ալեքսանդրապոլի երաժշտական կեանքի որոշ ինքնատիպ ոլորտը ժողովրդական երգարուեստն էր։ Արտայայտչական անսահմանափակ հնարաւորութիւններ ունեցող, սակայն ժանրային որոշակի համակարգի մը մէջ զարգացող այս արուեստը ձեւաւորեր էր բարենպաստ ասպարէզ, երաժշտականութեամբ օժտուած երիտասարդներու համար: Քաղաքին մէջ հիմնուած էր աշուղական համքարութիւն, որ կը կարգաւորէր աշուղներու գործունէութիւնը, հետեւելով եւ վերահսկելով նոր աշուղներու քննութիւնն ու ձեռնադրութիւնը:

Համբաւի տարածումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հօրմէն զրկուելէն յետոյ Գրիգորը աշակերտեց մե՛րթ ատաղձագործ, մե՛րթ հիւսն արհեստաւորներու, մերթ ալ մանրավաճառի: Աշակերտելու տարիներուն կը պատրաստէ իր առաջին սազը, թառը՝ ինքնուրոյն նուագել սորվելով։ Իր ինքնակենսագրութեան մէջ Շերամը կը գրէ, որ 13 տարեկանին կը սկսի հայերէնով ու թրքերէնով երգեր յօրինել։ Սկիզբը ան որեւէ աշուղի մօտ չէր աշակերտեր, ուստի ծանօթ չէր ու չէր տիրապետեր աշուղական տաղաչափութեան դասական օրէնքներուն ու պատրաստի եղանակներու համակարգին։ Այս հանգամանքը ունեցաւ իր դրական կողմը, քանի որ սկիզբէն եւեթ ազատ ըլլալով աշուղական դասական օրէնքներէն ու պատրաստի եղանակներէն, հնարաւորութիւն ունեցաւ ու մասամբ ալ ստիպուած եղաւ իւրաքանչիւր երգի համար նոր եղանակ ստեղծել, ակամայ ենթարկուելով ժողովրդական երաժշտության ու բանահիւսութեան ուժեղ ազդեցութեան։ Ի վերջոյ ան ինքնուրոյն որոշում կը կայացնէ դառնալ թառահարի աշակերտ եւ կը լրացնէ աշուղական կրթութիւնը: 22 տարեկանին նորապսակ Գրիգորը, որ արդէն ձգած էր հիւսնութիւնը, ընտանիքի նիւթական կարիքները հոգալու համար կ'ընկերանայ Արցախէն եկած յայտնի պարսիկ երգիչ Ճումշուտի հետ եւ սազանդարական խումբին։ Այսպիսով, ան կը կարողանայ ե՛ւ զբաղուիլ իր այնքան սիրած արուեստով, ե՛ւ ընտանիքի կարիքները հոգալ, ե՛ւ կատարելագործուիլ այն ժամանակ բաւական գնահատուած արեւելեան սազանդարական ոճով նուագելու եւ երգելու մէջ։ Որոշ ժամանակ անց, ան կը միանայ Ալեքսանդրապոլի անուանի սազանդարական խումբերէն մէկուն՝ քամանչահար Չոնկուր Յակոյի (Յակոբ Մանուկեանի) խումբին, որուն համբաւը ատկէ ետք բաւական մեծցաւ։ Յաճախ այդ խումբը կը հրաւիրուէր նաեւ այլ քաղաքներ՝ Կարս, էջմիածին, Երեւան, Շուշի, նոյնիսկ Հայաստանէն դուրս գտնուող հայաշատ քաղաքներ, ինչպիսիք են Թիֆլիսը, Պաքուն եւ Աստրախանը։ Իսկ Գրիգոր Տալեանը շուտով Ալեքսանդրապոլի մէջ հռչակուեցաւ որպէս թառահար Տալոյենց Գոքոր: Չոնկուր Յակոն մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր քաղաքին մէջ եւ սպասուած հիւրն էր տարբեր հաւաքոյթներու եւ անոր խումբին մէջ հանդէս գալով Գրիգորը կը թրծուի ու կը զարգացնէ իր տաղանդը: Այս տարիներուն ան արդէն լաւատեղեակ էր այն նուագացանկին, որ Ալեքսանդրապոլի հասարակութեան բոլոր խաւերու համար ընդունելի էր։ Այդ ժամանակաշրջանին կ'ուժեղանայ սազանդարական երաժշտութեան ազդեցութիւնը Գրիգորի վրայ։ Սակայն այդ չի նշանակեր, որ ան լրիւ կը տարուի սազանդարական արուեստով ու սոսկ սազանդար կը դառնայ։ Որպէս օրէնք սազանդարները միայն կատարողներ էին, անոնցմէ թէկուզ եւ ամէնատաղանդաւորները կամ ամէնահռչակուածները, երգեր յօրինելով երբեք չեն զբաղուիր։ Ըստ որում կ'երգէր տափ խփողը եւ ոչ թէ սազանդարական խումբի թառ նուագողը, մինչդեռ Գրիգորը, յօրինելով հարիւրաւոր երգեր ու եղանակներ, հանդէս գալով որպէս բեղմնաւոր, ստեղծագործող ու հիանալի երգիչ, խումբի միւս անդամներէն շատ բարձր կը դասուէր:

Լայն ժողովրդականութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

XIX դարավերջը Շերամի երգերն արդէն կը հնչէին քաղաքի յայտնի երաժիշտներու ու խումբերու կատարմամբ, անոր արուեստը կը հետաքրքրէր մասնագէտ երաժիշտները: Աշուղին սիրով հրաւիրած են նաեւ հարսանիքներու, ուր ալ ծիսականացուեր՝ անոր երգերը: Բանահաւաք Ալեքսանդր Մխիթարեանցի բնորոշմամբ, Շերամի գործունէութեան շնորհիւ Ալեքսանդրապոլի հարսանիքներուն աւանդական կը դառնան լարային համոյթներու ելոյթները: «Ղայդեքը փոխուել են, - կը գրէ ան, - հիմի դավուլ-գուռնեն վո՞վ լայեղ կէնէ, թառ ու քյամանչա գուզեն բիրադի, Տալոյենց Գոքորն օր չչալէ ու երգէ, էլ հարսը դռնեն գելնի՞»: Շերամի երգերը կատարեր եւ երգեցիկ տարբեր խումբերու համար փոխադրեր է Ալեքսանդրապոլի յայտնի մասնագէտ երաժիշտ Եփրեմ Գեադուկեանը, որ ունեցեր է երաժշտական կրթութիւն եւ սերտօրէն համագործակցեր է աշուղին հետ: Շերամը երբեմն նոյնիսկ սրտնեղեր է, որ ոչ բոլորին յայտնի է, որ այդ երգերու հեղինակն ինքն է եւ ոչ թէ Եփրեմը: Որպէս ալեքպոլեան երաժշտական կենսական աղբիւր' Շերամի երգերը հետաքրքրեր են ժամանակի շատ մեծանուն բանաստեղծներն ու երաժիշտները: Անոր երգերը գրառեր են Կոմիտասը («Ալ ու ալվան ես հագել»), Ալեքսանդր Մխիթարեանցը, Արշակ Բրուտեանը, Վ. Տալեանը, Դ. Ղազարեանը, Ա. Քոչարեանը, բարձր գնահատեր են Արմէն Տիգրանեանը, Ալեքսանդր Սպենդիարեանը եւ այլ երգահաններ: Իսկ երգահան Էդուարդ Միրզոյեանի խօսքերով՝ Շերամը ոչ թէ աշուղ էր, այլ երգահան, քանի որ կը յօրինէր նոր եւ գեղեցիկ մեղեդիներ: Թառից յորդած ծորուն նուագակցութեամբ ան կ'երգէր իր երգերը, բոլորովին նոր մեղեդիներով:

Շերամի գրած երգերու ժողովածուները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1902 թուականին «Քնար» խորագրի տակ կը hրատարակուի Գրիգոր Տալեանի երգերու առաջին ժողովածուն։ Մինչ այդ, անոր ծաւալած մօտ 25-ամեայ ստեղծագործական գործունէութեան մէջ տիրապետող սիրոյ թեման իր արտայայտութիւնը գտաւ այդ ժողովածուի թէ՛ խորագիրի, եւ թէ բովանդակութեան մէջ։ 1905 թուականին «Գանգատի շանթեր» խորագիրով հրատարակուեցաւ անոր երկրորդ գրքոյկը, որուն մէջ յեղափոխական եւ հայրենասիրական երգերը առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն։ Այդ գիրքը հրատարակուած է «Պետրոգրադ» կեղծանուան տակ։ Երկու տարի անց, 1907 թուականին «Սէր եւ կռիւ» խորագիրով լոյս կը տեսնէ Գրիգոր Տալեանի երրորդ գրքոյկը։ 1913 թուականին լոյս կը տեսնէ աշուղի չորրորդ գրքոյկը՝ «Անջուր պարտէզ» խորագիրով։ Այս ժողովածուն նոյնպես սիրոյ, հայրենասիրական ու յեղափոխական երգերու ժողովածու է։ 1915 թուականին լոյս կը տեսնէ անոր հինգերորդ գրքոյկը «Անզուսպ արշաւ» խորագիրով, ուր մեծամասնութիւնը կը կազմեն հայրենասիրական երգերը։ Այս ժողովածուներու հրապարակ գալը մեծցուցին Գրիգոր Տալեանի համբաւն ու ժողովրդականութիւնը։ Անոր ստեղծագործութիւնները, որոնք մինչ այդ հիմնականօրէն կը տարածուէին իր իսկ կատարողական գործունէութեան միջոցով, մատչելի դարձան աւելի լայն շրջանակներու համար, ընդգրկելով նաեւ այն հեռաւոր հայաբնակ քաղաքները, ուր Գրիգորը դեռ չէր եղած։ Յետագային Շերամի աւագ որդին՝ երգահան Վարդգէս Տալեանը, որ տարիներ առաջ ձայնագրեր էր անոր բազմաթիւ երգերը, կը հաւաքէ այդ բոլորը ու ժողովածու կը կազմէ, որ Հայպետհրատը կը հրատարակէ 1948 թուականին։ Ժողովածուի առաջին էջերուն տպուած են Աւետիք Իսահակեանի, Գարեգին Լեւոնեանի եւ ժողովածուի խմբագիր երաժշտագէտ՝ Մուշեղ Աղայեանի յօդուածները։ Այս ժողովածուի լրացուած տարբերակը կը վերահրատարակուի 1959 թուականին[2]:

Թիֆլիսեան եւ երեւանեան տարիները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1915 թուականին Շերամը կը տեղափոխուի Թիֆլիս[3], ուր նոյնպէս ան լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ, սակայն, ըստ էութեան, այս ընթացքին ան այլեւս նոր նշանաւոր երգեր չի գրեր, այլ ամբողջ արժէքաւոր ժառանգութիւնը կը ստեղծուի Ալեքսանդրապոլ ապրած տարիներուն: 1922 թուականի Ապրիլ 2-ին Թիֆլիսի մէջ կը կազմակերպուի երեկոյ մը, նուիրուած՝ Շերամի գործունէութեան 35-ամեակին, որու ընթացքին զեկոյցով ելոյթ կ'ունենայ Գարեգին Լեւոնեանը։

1935 թուականին Շերամը կը տեղափոխուի Երեւան, ուր եւս, հակառակ պատկառելի տարիքին, ան կը շարունակէ իր բեղմնաւոր գործունէութիւնը։ Երեւանի մէջ Շերամին կը շրջապատեն սիրով ու յարգանքով, զինք կ'ընդունին Սովետական Գրողներու Միութեան մէջ, անոր երգերը յաճախ կը հնչեն ռատիոյով։ Միայն անբուժելի հիւանդությունր կ'ընկճէ 81-ամեայ Շերամի եռանդը։ Ան մահացաւ քաղցկեղէն 1938 թուականի Յուլիս 3-ին։

Շերամի ժառանգութեան բնորոշ գիծերն ու ժանրերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շերամի երգերու, անոր արուեստի ոճական իւրայատուկ ու բնորոշ գիծերը, հանդէս կու գան թէ՛ երգերու լեզուական ոճական առանձնայատկութիւններուն եւ թէ երգերու ներկայացուած կերպարներու պատկերներու ու տրամադրութիւններու իւրայատկութիւններու միջոցաւ։ Լեզուական տեսակէտէն, Շերամի երգերու թեքսթերը պարզ ու մատչելի են, հիմնականօրէն գրուած են հայ գրական լեզուով, որ համեմուած է Շիրակի ժողովրդական բառ ու բանով եւ իւրայատուկ դարձուածքներով։ Ոճական տեսակէտէն, Շերամի երգերը նոյնպէս շատ մօտ են ժողովրդական երգերուն, յաճախ ուղղակի ժողովրդական մանիներու նման 7-8 վանկանոց քառեակներով, երբեմն ալ քիչ աւելացնելով վանկերու ու տողերու քանակը, ան միշտ կը մնայ պարզութեան սահմաններուն մէջ։ Շերամը չի սիրեր բարդութիւնները, անոր երգերուն մէջ չկան 15-16 վանկանոց բարդ կառուցուածքներ, քիչ էր նաեւ քառեակներու քանակը, չհաշուած կրկնակները, որոնց լայն օգտագործումը Շերամի ոճական իւրայատկութիւններէն մէկն է: Անոր երգերը հիմնականօրէն կազմուած են 3-4 քառեակներէ։ Այս տեսակէտէն սխալ չ'ըլլար Շերամին համարել աշուղական ասպարէզի «մանրանկարիչ»ը։ Բնորոշ ու իւրայատուկ են Շերամի երգերուն մէջ հանդէս եկող կերպարները, որոնք միշտ ներկայացուած են վառ գոյներով, իւրաքանչիւրը օժտուած է մարդկային իւրօրինակ ներաշխարհով։ Սիրոյ երգիչ՝ Շերամի երգերուն մէջ, որպէս կեդրոնական ու հիմնական կերպար հանդէս կու գայ սիրուհու կերպարը։ Իր երգերուն մէջ, սէրէն վառուած ու սիրուհիի գեղեցկութեամբ տարուած Շերամը, շռայլութեամբ կ'օգտագործէ մինչ այդ ալ աշուղական արուեստին մէջ ընդունուած չափազանցուած պատկերաւոր արտայայտութիւնները։ Պոյը չինարի, աչքերն աստղերի, ունքերը շանթի, այտերը կարմիր վարդի, մազերը ոսկիի նմանեցնելով, ան կը նկարագրէ իր՝ արեւի պէս փայլուն փերին։ Տրամաբանօրէն Շերամի երգերու կեդրոնական կերպարի, այդպիսի գերմարդկային գեղեցկութեամբ օժտուած սիրուհիի ներքին աշխարհը շատ զուսպ է: Ան հանդէս կու գայ «հազար ու մի նազերով», «չեմ ու չումերով», որուն համար Շերամը նրան «անգութ հոգեհան» կ'անուանէ, յաճախ կը պատահի նաեւ «ճիկեարս խորով արիր» աւանդական դարձուածքը։

Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Շերամի առաջին՝ «Պարտէզում վարդեր բացուած» երգը լոյս տեսեր է 1900 թուականին, Ա. Մխիթարեանցի կազմած եւ խմբագրած «Տաղեր ու խաղեր» ժողովածուին մէջ։
  • 1902 թուականին տպագրուեր է «Երգիչ Գրիգոր Թալեանի քնարը»։
  • 1905 թուականին հրատարակուած «Գանգատի շանթեր» գրքոյկը՝ կ'ամփոփէ անոր հայրենասիրական եւ ազգային երգերը։
  • 1915 թուականին լոյս տեսեր է անոր «Անզուսպ արշաւ» ժողովածուն, ուր տպագրուած են «Անէծք Վիլհելմին», «Անդրանիկի կոչը», «Լինենք եղբայրներ»։
  • 1915-1935 թուականներու լաւագոյն գործերէն են՝ «Սարեր կ'աղաչեմ», «Նա մի նազ ունի», «Քեզանից մաս չունիմ», «Էլի երկինս ամպել է», «Սիրուններ», «Շորորա», «Դու իմ մուսան ես», «Աննման փերի», «Թառը դոշիս» երգերը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 «50 Տարի Առաջ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-06-28։ արտագրուած է՝ 2021-12-02 
  2. «AV Production - Գուսան Շերամ»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-11-14-ին։ արտագրուած է՝ 2021-12-02 
  3. «Այսօր գուսան Շերամի ծննդեան օրն է»։ www.operativ.am։ արտագրուած է՝ 2021-12-02