Jump to content

Մշակութային Վերազարթօնք

Մշակութային վերազարթօնքը Մխիթարեաններու գործունէութեան զուգընթաց, արտերկրի քիչ թէ շատ հայաբնակ կեդրոններու մէջ անհատական կամ խմբային ճիգեր կային հայոց նախնեաց փառքերը վերազարթեցնելու՝ հայ գիրն ու գրականութիւնը վերածաղկեցնելու միջոցով։ Այդ ճիգերը կը տարածուին մշակութային տարբեր մարզերու վրայ.-

Տպագրութեան գիւտէն շուրջ կէս դար ետք, Եւրոպայի մէջ սկզբ կ'առնէ հայ տպագրութիւնը, երբ 1512-ին Վենետիկի մէջ Յակոբ Մեղապար

տ շինել կու տայ հայերէն տպագրական գիրեր ու կը հիմնէ տպարան։ Անոր տպարանէն ելած վեց գիրքերէն մեզի հասած են հինգը՝ «Ուրաբաթագիրք», «Պատարագատետր», «Ախտարք (Աղթարք)», «Պարզատումար» եւ «Տաղարան»։

Տպագրական գործը այնուհետեւ կը ծաւալի տպարաններու լայն ցանցի մը շնորհիւ, որոնք կը բացուին առաւելաբար գաղթօճախներու, ապա նաեւ երկրին մէջ։ Ուշադրութեան արժանի է 1685-ին Ամսթերտամ հիմնուած Վանանդեցիներու տպարանը, որ հիմնած էր Գողթն գաւառի Վանանդ գիւղէն Թովմաս Վանանդեցի, իր եղբօրորդիներու՝ Մատթէոսի եւ Ղուկասի հետ։ Տպարանէն կ՛ելլեն թէ՛ կրօնական, եւ թէ՛ աշխարհիկ բովանդակութեամբ գիրքեր։ Հոն տպուած է Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւնը»։

Վանանդեցիները պատրաստած եւ տպած են հայերէն առաջին տպագիր քարտէզը՝ «Համատարած աշխարհացոյց», որ լայն ընդունելութիւն գտած է Եւրոպայի մէջ եւ գործածուած է նաեւ օտարներու կողմէ։

Վանանդեցիները նպատակ ունէին գործը ընդարձակել, տպարանը հարըստացնել, դասագիրքեր տպել, մանաւանդ կ՛երազէին հաւաքել բաւարար պիտոյք եւ Էջմիածին տպարան ու դպրոց հիմնել, բայց անոնց ազգաշահ ծրագիրը նիւթական պատճառներով կը ձախողի։ 1717-ին տպարանը պարտքերու դիմաց կը բռնագրաւուի, իսկ տառատեսակները կը գնէ Մ.Սեբաստացիին ներկայացուցիչը ու կը տանի Վենետիկ։

Եթէ Ժէ. դարուն տպագրուած էր 128 անուն գիրք, ապա ԺԸ. դարուն այդ թիւը բարձրացած էր 523 անուն գիրքի։ Փոխուած էր նաեւ հրատարակուող գրականութեան բնոյթը։ Եթէ նախորդ դարուն կը հրատարակուէին առաւելաբար կրօնաբարոյախօսական բովանդակութեամբ գիրքեր, ապա ԺԸ. դարուն կ'աճի հետաքրքրութիւնը դէպի վաղ եւ միջնադարեան մատենագիրներն ու պատմիչները, որոնց գործերը կը տպագրուին, կ'ուսումնասիրուին ու կը ծառայեցուին նոր սերունդին հայեցի ոգի ջամբելու նպատակով։ Այս իմաստով մեծ դեր կատարած է Մխիթարեան միաբան Միքայէլ Չամչեանի «Հայոց Պատմութիւն» եռահատոր աշխատութիւնը, որ առաջին փորձն էր հայ պատմիչներու եւ յունահռոմէական աղբիւրներու համեմատական ուսումնասիրութեան վրայ յենելով՝ ստեղծել պատմութեան քննական ձեռնարկ մը՝ հնագոյն շրջաններէն մինչեւ իր օրերը։

Լայն ծաւալ կը ստանայ հայերէն լեզուի բառամթերքի հաւաքումի, հրատարակութեան եւ հայերէնի քերականութեան ուսումնասիրութեան գործը։

1836-37ին Վենետիկ կը հրատարակուի Մխիթարեան միաբաններ Գաբրիէլ Աւետիքեանի, Խաչատուր Սիւրմէլեանի եւ Մկրտիչ Աւգերեանի կազմած երկհատոր «Նոր Բառգիրք Հայկազեան լեզուի» բառարանը(«Հայկազեան բառարան»), 1846-ին՝ Մկրտիչ Աւգերեանի «Առձեռն բառարանը»։ Հինգերորդ դարէն մինչեւ իրենց ապրած օրերու հայերէն լեզուի գրեթէ ամբողջ բառապաշարը ընդգրկող այս բառարանները մեծ դեր ունեցան հայ բառարանագիտութեան եւ հայ լեզուի ուսումնասիրութեան հետագայ ընթացքի մէջ։

1841-ին Պոլիս կը տպուի Գր. Փէշտմալճեանի «Բառգիրք Հայկազեան լեզուի» աշխատութիւնը։

Գրաբարի քերականութեան ուսումնասիրութեամբ յայտնի էին Միք. Չամչեան, Գաբրիէլ Աւետիքեան, Գր. Փէշտմալճեան եւ Արսէն Բագրատունի։

Հայերէն բացատրական բառարաններէն զատ, կը հրատարակուին նաեւ օտար լեզուներէ հայերէնի եւ հակառակը բազմալեզուեան բառարաններ եւ օտար լեզուներու քերականութեան ձեռնարկներ։

Հայոց մտաւոր զարգացումին հիմնական ազդակներէն եղած են դպրոցները, ժամանակաշրջանի յառաջադէմ գաղափարներու դարբնոցները, յաճախ իրենց կից ունենալով տպարան, գրադարան, թատերախումբ։ Նշանաւոր դպրոցներէն՝

  • 1775-ին հիմնադրուած է Զմիւռնիոյ Մեսրոպեան Վարժարանը, որ առաւել բեղմնաւոր գործունէութիւն ունեցած է ԺԹ. դարու 30-40-ական թուականներուն, երբ դպրոցին կից կը գործէր տպարան, ուր դասագիրքերէ զատ կը տպուէին նաեւ գեղարուեստական-թարգմանական գործեր։ Դպրոցը ունեցած է նաեւ հազար հատորէ աւելի ընդգրկող գրադարան, աշակերտական թատրոն։
  • 1798-էն Փարիզի Կենդանի Լեզուներու դպրոցին մէջ կը սկսի հայերէնի դասաւանդութիւն, որ կը վարէ Յակոբ Շահան-Ջրպետեան։
  • 1815-ին Մոսկուա կը հիմնադրուի Լազարեան ճեմարանը, որ կը յարատեւէ շուրջ մէկ դար, հայութեան տալով քաղաքական միտքի եւ հայագիտութեան մէջ հմուտ բազմաթիւ դէմքեր։ 1829-էն ճեմարանը կ՛ունենայ տպարան, ուր կը տպուին «Մուզայք Արարատեան», աւելի ուշ՝ «Հիւսիսափայլ» թերթերը։ Լազարեան ճեմարանը եղած է նաեւ արեւելահայ աշխարհաբարը կերտող օճախներէն։
  • 1824-ին կը բացուի եւ գրեթէ դար մը կը յարատեւէ կովկասահայ մշակոյթի եւ յառաջադէմ մտքի դարբնոցը՝ Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ հիմնուած եւ իր անունը կրող Ներսիսեան վարժարանը։
  • 1821-ին Կալկաթա (Հնդկաստան) կը բացուի Մարդասիրական ճեմարանը, որ կը պատրաստէր աշխարհիկ կրթութեամբ, կեանքի զանազան ասպարէզներու մէջ գործելու ատակ հայորդիներ։ Նշելի պարագայ է, որ Մարդասիրացը հայ առաջին երկսեռ դպրոցն է եւ չքաւոր աշակերտներէ կրթաթոշակ չէր առնուեր։ Այս դպրոցին մէջ գործած է նաեւ առաջին հայ ուսուցչուհին՝ «վարժապետուհի եւ տանտիկին» Մարիա Էլիազ Աւտալեանը, դպրոցի հիմնադիրներէն Յովհ. Աւտալեանի կինը (Ներկայիս գործող դպրոց է)։

Յուզիչ է յիշեալ տնօրէն Աւտալեանի արտասանած մէկ ճառը 1850-ին, ուր մռայլ գոյներով կը ներկայացնէ հայոց այլասիրութեան հետեւանքով ծագող ձուլումի վտանգը, նշելով թէ անգլիախօսութիւնը եւ անգլիասիրութիւնը կը մթագնեն հայկականը, քանզի՝ «Անգլիականն է միայն զհաց եւ զապրուստ հայթայթեալ»։ Եւ գրեթէ թափուր ճեմարանին ի տես՝ ան կ'աղաղակէ.- «Զարթի՛ր քերթողահայրդ Մովսէս, զարթիր ու ողբա՛»։

1834-ին Պոլիս կը բացուի Սկիւտարի ճեմարանը, որ 40-ական թուականներուն կը դառնայ ազգային-ընկերային հարցերու բախումներու կեդրոն, ուրկէ կը սաղմնաւորուի սահմանադրական շարժումը։

Արեւելահայաստանի եւ ընդհանրապէս բուն երկրին մէջ դպրոցները աւելի քիչ են, յիշելի են 1837-ին բացուած Երեւանի, նաեւ Շուշիի եւ Ալեքսանդրապոլի թեմական դպրոցները։

Իբրեւ զարգացումի եւ յառաջընթացի հիմնական ազդակ՝ ԺԹ. դարուն լայն ծաւալ կ'առնէ նաեւ թարգմանական գործը, որ կ'արտացոլէր ժամանակի հայ ոգին, ընկերային-գաղափարական տարբեր հոսանքներու հայեացքները։

Այսպէս՝ Մխիթարեանները իրենց ընտրութեան մէջ ընդհանրապէս նախապատուութիւնը տուած են հոգին ու միտքը կրթող, բարոյախօսական նկարագիր ունեցող գործերու։ Անոնք հայացուցին յոյն եւ լատին դասական հեղինակներու ընտիր երկերը՝ Հոմերոսի «Եղիականը» (Իլիական) եւ «Ոդիսականը», Վերկիլիոսի «Էնէականը», առակներու, ճառերու, բանաստեղծական արուեստի եւ այլ գիրքեր։

Հնդկահայ գաղութներու մէջ կը թարգմանուին ֆրանսացի լուսաւորիչ Վոլթերի «Մահ Հուլիոս Կեսարի» ողբերգութիւնը, զոր բռնակալութեան դէմ ազատութեան պայքարը կը ջատագովէ։ Հոն կը թարգմանուին նաեւ Շէյքսպիրի գլուխ գործոցները, Սերվանտէսի, Պայրընի, Պյորնսի, Պալզաքի եւ այլոց ստեղծագործութիւններ, որոնց գաղափարական ուղղուածութիւնը կը համապատասխանէր հայոց ազատասիրական մղումներուն։

Ուշագրաւ փաստ է որ, 1837-ին, Շուշի, կը թարգմանուի ազատութեան ռոմանթիք շունչով տոգորուն գործ մը՝ Պայրընի «Շիլիոնի Կալանաւորը»։

Թարգմանութիւններու ընդմէջէն ի յայտ կու գայ կազմաւորուող հայ նոր գրականութեան բռնելիք ճամբան՝ յառաջադէմ ռոմանթիզմ եւ իրապաշտութիւն։

ԺԸ. դարու վերջին քառորդը եւ յաջորդ դարասկիզբը նաեւ հայ թատրոնի պատմութեան նոր փուլի սկիզբն է։

Ինչպէս մշակոյթի այլ ասպարէզներու (տպագրութիւն, մամուլ, թարգմանութիւն), նոյնպէս ալ թատրոնի առաջին քայլերը կապուած են դպրոցներուն։

1770-ական

ներէն սկսեալ, Մխիթարեան վարժարաններու մէջ (Վենետիկ, Պոլիս), աշակերտական ուժերով, կը բեմականացուին Մխիթարեաններու հեղինակած կամ թարգմանական գործեր, ողբերգութիւնները՝ գրաբար, իսկ կատակերգութիւնները՝ աշխարհաբար լեզուով (պոլսական բարբառով)։

Մխիթարեաններու օրինակը կ'ընդհանրանայ։ 1846-ին Պոլիս կը գործէր Արամեան ընկերութեան կրկէս-թատրոնը, Յովհ. Գասպարեանի ղեկավարութեամբ։

Դպրոցական կամ ազատ թատրոններ կը գործեն Կալկաթա, Մատրաս, Նոր Նախիջեւան, Թի‎ֆլիս, Ղրիմ։

Տարերային այս շարժումը կը շարունակուի եւ կը յանգեցնէ արեւմտահայ մշտական թատրոնի կազմաւորումին՝ Պոլիս, 1850-ական թուականներու վերջը։

Գեղանկարչութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծաղկում կ'ապրի նաեւ հայ գեղանկարչութիւնը, յենելով հնագոյն ազգային աւանդոյթներու վրայ, նաեւ օգտուելով եւրոպական նոր հոսանքներու գեղագիտական սկզբունքներէն ու ոճերէն։

Ունինք գեղանկարիչներու փայլուն փաղանգ մը, որոնցմէ՝ Յովնաթանեան գերդաստանի ներկայացուցիչներ Յովնաթան, Մկրտում, Յակոբ։ Վերջինը հայ նոր գեղանկարչութեան շրջափուլի սկզբնաւորողը կը նկատուի։ Նշանաւոր են նաեւ Աղաթօն Յովնաթանեան (վիմագրութիւն), Ստեփան Ներսիսեանը (Խ. Աբովեանի բարեկամը)։ Վերջապէս՝ Յովհ. Այվազովսկին, որ էական դեր կատարած է թէ՛ ռուսական, եւ թէ՛ հայկական ծովանկարչութեան hետագայ զարգացումի մէջ։

Արեւմտահայ Ումէտ Պէհզատ, Աբրահամ Սագայեան, Պետրոս Սրապեան դիմանկարի եւ եկեղեցական պատկերագրութեան վարպետներ են։

Միջնադարեան հայ նկարչութեան աւանդոյթներու շարունակող եղած է Սահակ Ծաղկատար Երեւանցին, մանրանկարչութեան վարպետ, որ տեղեակ էր միջնադարեան վարպետներու ներկ պատրաստելու գաղտնիքներուն, ինչպէս՝ հայկական որդան կարմիր, լաջվարդ եւ այլն։

ԺԹ. դարու հայ երաժշտութիւնը գերազանցապէս եկեղեցական բնոյթ ունի։ Հայկական խազային ձայնագրութիւնը մոռցուած է, եւրոպական նոթագրութիւնը դեռ չէ իւրացուած։

Այս ասպարէզի մէջ մեծ է պոլսահայ Համբարձում Լիմոնճեանի (Պապա Համբարձում) դերը։ Ան 30-ական թուականներուն կը ստեղծէ հայկական ձայնագրութեան նոր համակարգ՝ «Լիմոնճեան համակարգ», որ հնարաւորութիւն կ'ընձեռէ գրի առնել ու պահպանել հայկական հին մեղեդիները, դպրոցներու մէջ գիտական մակարդակի վրայ դնել հայ երաժշտութեան ուսուցումը։ Լիմոնճեան համակարգի շնորհիւ բաւականաչափ միջնադարեան մեղեդիներ պահպանուեցան։ Ան պայմաններ ստեղծեց հայ երաժշտութեան hետագայ զարգացումի եւ միջոց եղաւ հայկականէն եւրոպականին անցնելու։ Իր արժանի յաջորդները եղան Գաբրիէլ Երանեան, Տիգրան Չուխաճեան, որոնց մասնակցութեամբ ալ 50-ականներէն Պոլիս ծայր առաւ հայ երաժշտութիւնը փրկելու երաժշտական կազմակերպուած շարժում, նշանաւոր գործիչներու մասնակցութեամբ եւ քաջալերանքով։

Ընդունուած է հայ մամուլի սկզբնաւորութիւնը նկատել «Ազդարարը», որ կը տպուէր Մատրաս, 1794-96, խմբագրութեամբ Յարութիւն Շմաւոնեան Շիրազեցի քահանայի։ «Ազդարարի» յօդուածներու եւ քերթուածներու մեծամասնութիւնը ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարի շուրջ կը դառնար։

1800-1802 Մխիթարեան միաբանութիւնը կը հրատարակէ «Տարեգրութիւն», ապա 1803-ին՝ «Եղանակ Բուզանդեան», ուր արեւմտահայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ աշխարհաբար խօսքը կը ներկայացուէր պաշտօնական ձեւով, գրաւոր, որով կը նպաստէր անոր հետագայ զարգացումին։

Մամուլը աշխոյժ վիճակ ունէր արդէն 40-ականներուն, երբ հայաբնակ գրեթէ բոլոր քաղաքներու մէջ կը հրատարակուէին թերթեր եւ ամսագրեր։ Այսպէս՝ Պոլիս 1832-ին կը հրատարակուին զուտ լրատու, թրքախառն բարբառով «Լրոյ գիրը», ապա՝ «Սուրհանդակ Բիւզանդեան»ը։

1846-52՝ «Հայաստան», 1851-52՝ «Բանասէր» գրական, բանասիրական, քաղաքական բովանդակութեամբ, 1852-էն՝ «Մասիս», որ մինչեւ 1908 լուսաւորութեան տարածիչ էր աշխարհաբար լեզուով, աւելի ուշ կը նահանջէ յառաջդիմական դիրքերէն։

Զմիւռնիա այդ շրջանին կը հրատարակուին «Շտեմարան պիտանի գիտելեաց», «Արշալոյս Արարատեան», «Հայրենասէր»։

1843-ին Վենետիկ կը սկսի հրատարակուիլ «Բազմավէպ»

պատմաբանասիրական, հնագիտական հանդէսը, որ մինչեւ օրս յարատեւելու բացառիկ հանգամանքով՝ հայ ամենաերկարակեաց պարբերականն է։

«Բազմավէպը» մեծ դեր կատարած է հայագիտութեան զարգացումին մէջ, առաւել՝ իր հնարաւորւթիւններու չափով անդրադարձած է հայ ազգային-քաղաքական հարցերուն, ծառայած է հայոց ազգային ոգին արծարածելու գործին։ Անոր էջերուն տպուած են Նահապետի (Ղ.Ալիշան) հայրենասիրական սքանչելի քերթուածները՝ «Նահապետի երգերը», գրաբարախառն աշխարհաբարով, մեծապէս նպաստելով Վենետիկի Մխիթարեաններու հանդէպ հայ հայրենակարօտ զանգուածներու մշտական հետաքրքրութեանը եւ յարգանքին։

Հնդկահայ գաղութին մէջ Մ. Թաղիադեանի խմբագրութեամբ կը հրատարակուին «Ազգասէր»[1], «Ազգասէր Արարատեան»[2], «Բանասէր» հանդէսները, որոնք մինչեւ «Հիւսիսափայլի» (Մոսկուա) հանդէս գալը հայ կեանքի ամենայեղափոխաշունչ պարբերականներն էին։

Կովկաս մամուլը աւելի ուշ եւ դանդաղ կը զարգանայ։ Քանի մը ձախող փորձերէ ետք, աւելի մնայուն էր «Կովկասը», Միք. Պատկանեանի խմբագրութեամբ։ Անոր դադարումէն ետք (1850-51) Թիֆլիս կը հրատարակուի Գաբր. Պատկանեանի «Արարատը»՝ արեւելահայ առաջին աշխարհաբար պարբերականը, ուր առաջին անգամ տպագրուած են Ռափ. Պատկանեան եւ Միք. Նալպանտեան։

ԺԹ. դարու սկիզբէն արդէն, ազգային գիտակցութեան վերելքին հետ, կը բարձրանայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հասկնալի լեզուի մը անհրաժեշտութեան հարցը։

Ժողովուրդի լայն զանգուածի համար դարերէ ի վեր մեռած ըլլալով հանդերձ՝ գրաբարը կը շարունակէր մնալ պաշտօնական լեզու եւ բնականօրէն արգելակիչ դեր կ'ունենար ընդհանուր յառաջընթացին մէջ։ Աշխարհաբար լեզուի պաշտօնական ընդունումը հրամայական անհրաժեշտութիւն էր, սակայն պահպանողական մտաւորականութիւնն ու հոգեւորականութիւնը համամիտ չէին այդ գաղափարին, որ եւ դարասկիզբէն ի վեր գաղթօճախներու մէջ երկարատեւ բանավէճերու դուռ բացաւ։

Հայերէնի պատմական ընթացքի ուսումնասիրութիւնը փաստած է, որ Ե. դարէն ի վեր գրաբարին զուգընթաց ապրած են նաեւ գաւառաբարբառները։ Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ Կիլիկեան պետութեան օրօք գործածուած է պաշտօնականօրէն եւ կոչուած է «Միջին հայերէն» կամ «Ռամկօրէն»։ Գրաբարի կողքին իր տեղը գրաւելով՝ ան մտած է նաեւ մատենագիրներու, տաղերգուներու, եկեղեցական հայրերու յիշատակարաններու, օրագրութիւններու, պատմական երկերու, վիմագրութիւններու եւ այլ բնոյթի գործերու մէջ։

Մինչեւ ԺԹ. դարուն սկիզբը ժողովրդական լեզուն, որ «Աշխարհաբար» կոչուեցաւ, թէեւ անպաշտօն, բայց արդէն կ՛ընդարձակէր իր դիրքերը։ Պոլսական մամուլի մէջ կը գործածուէր նաեւ հայատառ թրքերէնը կամ թրքախառն հայերէնը՝ միշտ ժողովրդին հասկնալի ըլլալու մտահոգութեամբ։ 1850-ականին, առաջնորդութեամբ Եւրոպա ուսանած մտաւորական նոր սերունդի, հայերէն լեզուի մաքրումի, մշակումի աշխատանք կը տարուի։

Աշխարհաբարի հարստացումի, ճոխացումի մտահոգութիւնը ունէին արեւմտահայ մտաւորականութեան քանի մը սերունդներ, մինչեւ սփիւռքահայ գրողներ, որոնց հոգածութեան շնորհիւ արեւմտահայ աշխարհաբարը հասաւ սքանչելի գեղեցկութեան, ճկունութեան։

Արեւելահայ աշխարհաբարի զարգացումը եւս կ'ընթանայ բուռն վէճերու զուգընթաց։ Բուն երկրին մէջ գրեթէ լռութիւն է։ Առաջին քայլերը կ'առնեն Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի եւ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի ուսուցիչ-աշակերտները՝ լծուելով լեզուի մաքրումի եւ հարստացումի գործին։

Մեծ ազգասէր-մանկավարժ Յարութիւն Ալամդարեան եւ իր անմահ աշակերտը՝ Խ.Աբովեան կը հակին դէպի աշխարհաբար, իսկ Աբովեան իր նշանաւոր «Վէրք Հայաստանի»ով մէկընդմիշտ կը լուծէ այդ հարցը։

Արեւելահայ աշխարհաբարը տարբեր գրագէտներու քով կրելով զանազան գաւառաբարբառներու շերտեր՝ ի վերջոյ կը զարգանայ արարատեան բարբառի հիմքի վրայ։

Այսպիսով, ԺԹ. դարու կէսերուն, Հայաստանի մասնատուածութեան եւ հայկական պետականութեան չգոյութեան հետեւանքով, հայերէն գրական լեզուն կ՛երկճիւղուի։ Պոլսական բարբառի հիմքի վրայ կը զարգանայ արեւմտահայ ճիւղը, արարատեան բարբառի հիմքի վրայ՝ արեւելահայ ճիւղը, որոնք իբրեւ մայր աղբիւր ունին գրաբարը եւ հայ բարբառները եւ ոչ մէկ պարագայի կը կոչուին լեզուներ, այլ նոյն լեզուի ճիւղերը՝ բառամթերքի եւ քերականութեան աննշան տարբերութեամբ։

  • Հայկական Համառօտ Հանրագիտարան, 4 հատոր, ՀԽՀ գլխ. խմբ, 1990-2003թթ., Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութիւն ՊՈԱԿ, 2003

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]