Մատակասքար

Մատակասքար
Մատակասքարի դրօշ Զինանշանը


Կը ներառնէ Շրջաններ․ Ատանանարիվօ, Անցիրանանա, Ֆիանարանցոա, Մահաճանկա, Թոամասինա, Թոլիարա
Պետական լեզու Մալակասերէն եւ Ֆրանսերէն
Մայրաքաղաք Ատանանարիվօ
Օրէնսդիր մարմին Մատակասքարի Խորհրդարան
Երկրի ղեկավար Անտրի Րաճոէլինա
Կառավարութեան ղեկավար Քրիստեան Ընցայի
Ազգաբնակչութիւն 12 238 914
Խտութիւն 45,9 մարդ/կմ²
Օրհներգ Օհ, իմ գեղեցիկ հայրենիք
Կարգախօս համերաշխութիւն, ճակատագիր, հատուցում եւ նուիրական՝ հասինա․
Հիմնադրուած է 1960 թ.
Արժոյթ արիար
Ժամային համակարգ UTC+3։00 եւ Հնդկական, Անթանաւարինօ?[1]
Հեռաձայնային համակարգ +261
Համացանցի յղում .mg
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,501[2]

Մատակասքար․ (մալակաս.՝ Madagasikara), պաշտօնապէս՝ Մատակասքարի Հանրապետութիւն (մալակաս.՝  Repoblikan'i Madagasikara, ֆրանսերէն՝  République de Madagascar), նախապէս կը կոչուէր Մալակասի Հանրապետութիւն (մալակաս.՝ Repoblika Malagasy, ֆրանսերէն՝  République malgache)։  Ափրիկէի պետութիւն Հնդկական Ովկիանոսին մէջ։  Բնակչութեան թիւն է՝ 26 923 353 ըստ պետական գնահատումին։ Կը գտնուի Ափրիկէի հարաւ-արեւելքը, Մոզամպիքի գօտեզերքին դիմացը, համանուն՝ Մատակասքար, կղզիին վրայ ստեղծելով Մոզամպիքի  ջրանցքը (երկայնք՝ 980 մղոն)։  Մայրաքաղաքն է Աթանանարիվօ։  Նախկին ֆրանսական գաղթօճախ, կ՛ անկախանայ 1960, 26 Յունիսին։ Տարածքներուն 10% բնապահպանման շրջաններ են եւ արձանագրուած են Եունեսքոյի Անշօշափելի Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատակասքարի պետութիւնը կը կազմեն Մատակասքար կղզին (Մեծ կղզին) եւ շրջակայ փոքրիկ կղզիները (որոնց միջեւ, հրաբխային Նոզի Պէ կղզին`հիւսիս-արեւմտեան մաս)։  Մեծ կղզին, հսկայ ապառաժի մը երեւոյթն ունի եւ կեդրոնական մասի բարձրութիւնը կը հասնի 2․000 մ․։  Աշխարհի հինգերորդ ամենամեծ կղզին է։  Կղզին կը բաժնուի աշխարհագրական հինգ մասերու․ արեւելան ափեր, Ցարաթանանա լեռնազանգուած Tsaratanana Massif, կեդրոնական լեռնազանգուած ու լեռնադաշտեր, արեւմտեան ափեր եւ հարաւ-արեւմտեան շրջան։  Մոզամպիք ջրանցքը զայն կը բաժնէ Ափրիկէէն։  Շրջապատուած է՝

  • Հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Քոմորի կամ Քոմորոս Comoro Islands եւ Մայոթթ Mayotte կղզեխումբերէն (վերջինը՝ կիսանկախ պետութիւն․ Ֆրանսայի նահանգներ եւ «Ծովէն անդին» շրջաններ départements et régions d'outre-mer (DROM)) ,
  • Հիւսիսիէն՝ Սէյշելեան կղզիներէն (Սէյշելեան Հանրապետութիւն) Seychelles,
  • Արեւելքէն՝ Լա Ռէունիոն La Réunion (կիսանկախ պետութիւն՝ Ֆրանսայի «Ծովէն անդին» նահանգ) եւ Մաւրիքիոս Mauritius (Մաւրիքիոսի Հանրապետութիւն) կղզիներէն։

Կղզիին արեւելեան հողատարածքներուն՝ սուրճ, շաքարեղէգ եւ համեմներու տեսակներ կը մշակուին։  Նաեւ այս շրջանին բնապահպանման գօտեզերքը կը պատսպարէ մանգլենի mangrove ծառի անտառները։

Հարաւ-արեւմտեան տարածքը, մասնաւորաբար Ս․ Վիգէնտօ հրուանդանէն մինչեւ Ս․ Մարիա հրուանդանը երկարող գօտեզերքը անբերի է՝ անապատ եւ փշանման ծառերով անտառներ։ 

Հիւսիսային շրջանը (Մարոմոքոթրօ լեռան շրջան) բարձրադիր է։  Անոր բարձր դիրքը, ինչպէս նաեւ  կլիման, կը նպաստեն բուսեղէնի բազմաթիւ տեսակներու աճման․ կը սկսի մշտականանչ ծառերով անտառներէն եւ կը հասնի մինչեւ դիւրաթափ ծառերով անտառները եւ բաբենիի Baobab արօտադաշտերը։ 

Բազմաթիւ գետեր կը ճեղքեն արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանները, ինչպէս օրինակ՝ Մանանարա, Մանկորօ, Մանիկորի, Մահավավի, Պեցիպոքա, Ցիրիպիհինա, Օնիլահի, Մանիա եւ Մանկոքի (ամէնէն երկար գետը)։

Կղզին ունի բազմաթիւ լիճեր՝ բնական թէ արուեստական։  Ամենամեծ լիճն է Ալաոթրա։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կլիմա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կլիման ըստ աշխարհագրական ազդակներուն եւ օդերեւութաբանական բներեւոյթներուն կը զանազանուի հետեւեալ տեսակներով․-

  • Հասարակածային equatorial  կլիմա՝  արեւելեան գօտեզերք․ շատ տաք, անձրեւոտ եւ մնայուն խոնաւութիւն։
  • Մուսսոնային, երկու եղանակներով կլիմա՝  հիւսիս-արեւմտեան շրջան․ անձրեւոտ եւ չոր։
  • Լեռնային արեւադարձային կլիմա` ցամաքային տեսակ․ կիսանապատ, որ կը յատկանշուի աշխարհագրական պայմաններէն՝ լայնութիւն latitude։
«Ֆանելէ» կիկլոնի անցքը Մատակասքարէն

Սակայն Մատակասքարը ընդհանրապէս երկու եղանակներ ունի․ չոր՝ Մայիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր եւ տաք՝ Հոկտեմբերէն մինչեւ Մայիս։ 

Կիկլոնները cyclone Մատակասքարէն յաճախ կ՛անցնին մեծ աւերներ գործելով։  Յունուար 2009-ին, կղզիին արեւմտեան մասը մեծ վնասներ կը կրէ «Ֆանելէ» անունով կիկլոնէն․ 2 800 հոգի անտուն կը մնան։  Իսկ նոյն տարին արեւադարձային «Էրիք» եւ նամանաւանդ «Ճէյտ» մրրիկները (երկրին արեւելեան կողմը) իրենց ետին 36 000 հոգի անտուն կը ձգեն։

Բուսական եւ կենդանական աշխարհ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կենսաբազմազանութեամբ, Մատակասքարը աշխարհի ամենահարուստ երկիրներէն է։  Կղզիին վրայ կը հանդիպինք 12 000 բոյսերու, որոնցմէ 70% – 80% տեղայատուկ են։  Սակայն այս հարստութիւնը անտառազրկումի (անտառները կտրել), հրդեհներու եւ հողի փաղաղութեան պատճառներով կը վտանգուի։ 

Կղզիին կենդանացուցակը հարուստ եւ հազուագիւտ է։  Կենդանիներուն մեծ մասը կապուած են (ազգական են) հնդկական թերակղզիին տեսակներուն հետ քան՝ Ափրիկէի։  Շատ կենդանիներ տեղայատուկ են եւ անհետանալու վտանգի տակ են, ինչպէս օրինակ՝ աղուէսակապիկը lemur, երկայնաթաթ աղուէսակապիկը Prosimian, կարմիր գետախոզը Potamochoerus porcus, իսկ Էփիորնիս Epiornis հսկայ թռչունը դարեր առաջ անհետացած է։

Բնապահպանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատակասքար երկար տարիներ մեկուսացած ըլլալուն պատճառով,  բազմաթիւ բոյսերու եւ կենդանիներու պատսպարան դարձած է։ Շարք մը բնապահպաններ Մատակասքարը կ՛ անուանեն նաեւ՝ «ութներորդ ցամաքամասը»։

Սակայն, Մատակասքարի կենսաբազմազանութիւնը վտանգուած է մարդուն գործունէութենէն։  1970-ական թուականներէն իսկ, կղզիին բուսականութեան մէկ երրորդը ոչնչացած է եւ միայն 18% անեղծ մնացած է։ 

Կղզիին արեւելեան մասին կը գտնուին արեւադարձային անտառները։  Տարածուած փայտահատութիւնը աղէտներ գործած է․ անտառազրկում եւ ժայռոտ տարածքներու ստեղծում, որոնք փաղաղութեան տրամադրուած են։

2003-ին, կառավարութիւնը կը սկսի գործադրել «Տերպընի Տեսութիւն» Durban Vision ծրագիրը․ եռապատկել Մատակասքարի ազգային պուրակներու ցանկը։

«Տերպընի Տեսութիւնը»․ 2003-Հարաւային Ափրիկէ Տերպըն քաղաքին մէջ տեղի կ՛ ունենայ «Աշխարհի Պուրակներու Համաժողով»ը World Parks Congress, ուր Մատակասքարի նախագահը՝ Մարք Րավալոմանանա Marc Ravalomanana հանդէս կու գայ յայատարարութեամբ մը թէ իր երկրին մէջ 17․000 քռ․քմ․ գրաւող պահպանուած տարածքները պիտի եռապատկուին ու հասնին 60․000քռ․քմ․ 3%-էն 10%։  Այս ուղղութեամբ, համաշխարհային ուշադրութիւնը գրաւելու համար, «Վայրի Կեանքի Պահպանման Ընկերութիւն»ը Wildlife Conservation Society (WCS) Յունիս 2008-ին Նիու Եորքի Պրոնքս Կենդաբանական Պարտէզին մէջ Bronx Zoo, ցուցահանդէս կ՛իրագործէ «Մատակասքար» խորագրով։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժողովրդագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատակասքարի բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ Մալակասներ, կղզիին լեռնային գիւղերուն մէջ կ՛ապրի։ Կան նաեւ շրջաններ, ուր առանձնաշնորհեալները կ՛ապրին․ անոնց բնակարանները ընդարձակ են եւ ճարտարապետական ոճը եւրոպականին կը հետեւի։

Կղզիին արեւմտեան կողմը կան ձկնորսներու գիւղեր, որոնք կառուցուած են բաբենիներուն եւ արմաւէնիներուն տակ։ Հիւսիսային բարձրադիր շրջաններուն կ՛ապրին Ցիմիհեթիները, որոնք երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ կը զբաղին։ Մալակասի ցեղախումբը կը կազմէ կղզիին բնակչութեան 90% եւ պաշտօնապէս բաժնուած է 18 ենթացեղախումբերու։ Ստորեւ ցուցակը․-

Մալակասի ենթացեղախումբեր Բնօրրան
Անթանքարանա Antakarana, Սաքալավա Sakalava, ՑիմիհեթիTsimihety Անցիրանանա շրջան Antsiranana
Սաքալավա, Վեզօ Vezo Մահաճանկա շրջան Mahajanga
Պեցիմիսարաքա Betsimisaraka, Սիհանաքա Sihanaka, Պեզանոզանօ Bezanozano Թամաթավէ կամ՝ Թոամասինա շրջան Toamasina, Tamatave
Մերինա Merina (Մատակասքարի ամենաբազմամարդ ցեղախումբը) Անթանանարիվօ շրջան Antananarivo
Պեցիլէօ Betsileo, Անթեֆասի Antaifasy, Անթամպահոաքա Antambahoaka, Անթեմորօ Antemoro, Անթեսաքա Antaisaka, Թանալա Tanala Ֆիանարանցոա շրջան

Fianarantsoa

Մահաֆալի Mahafaly, Անթանտրոյ Antandroy, Անթանոսի Antanosy people, Պարա Bara, Վեզօ Vezo Թոլիարա շրջան Toliara
Անթանանարիվօ․ Մատակասքարի մայրաքաղաքը

Բացի Մալակասցիներէն, Մատակասքարի մէջ նաեւ կը բնակին՝ 25 000 Քոմորոսցիներ Comoros, 18 000 Հնդիկներ Indians եւ 9 000 Չինացիներ։ Իսկ եւրոպացիները, որոնք 1958-ին 68 430 կը հաշուէին, այժմ հազիւ 17 000 են։

Լեզու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատակասքարի լեզուն՝ Մալակասի, Մալայափոլինեզեան ծագում ունի եւ տարածուած է ամբողջ երկրին մէջ։   Ուսեալները ֆրանսերէն կը խօսին։  2003-ին դպրոցներուն մէջ կը սկսի անգլերէն լեզուի դասաւանդումը։ 

1958-ին առաջին սահմադրութեան մէջ, մալակասի եւ ֆրանսերէն լեզուները անուանուած են իբրեւ «Մալակասի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուներ»։   Իսկ 1992-ի սահմանադրութեան մէջ, պաշտօնական լեզուի մասին որեւէ արձանագրութիւն չկայ։

2007-ի սահմանադրութեան մէջ իբրեւ պաշտօնական լեզու արձանագրուած է Մալակասին։  Իսկ, իբրեւ պաշտօնական օտար լեզուներ արձանագրուած են ֆրանսերէնն ու անգլերէնը։

Կրօն

Ըստ Ա․Մ․Ն․ Ափրիկեան հարցերու Բիւրոյին տեղեկագրութեան(2011), Մատակասքարի բնակչութեան 41%  քրիստոնիայ է եւ 52% կը յարի ուրիշ կրօներու։  Իսկ ըստ «Փիու Հետազօտական Կեդրոն»ին Pew Research Center ՝ բնակչութեան 85% քրիստոնիայ է եւ մնացեալը կը դաւանի ուրիշ հաւատքներ։

Իֆաթի․ Մատակասքար

Քաղաքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերջին տասնամեակներուն կը նկատուի բնակչութեան լուրջ թիւի մը քաղաքայնացնումը։  Գլխաւոր քաղաքներն են, մայրաքաղաք Աթանանարիվօ եւ Ֆիանարանցոա։ Առեւտուրի կեդրոն են նաեւ՝

  • Անցիրանանա (հիւսիսային կողմը),
  • Մահաճանկա հիւսիս-արեւմտեան կողմ գտնուող նաւահանգիստ եւ առեւտուրի կեդրոն,
  • Թոլիարի կամ Թոլիարա․ հարաւ-արեւմտեան մասը գտնուող նաւահանգիստ, ունի օդակայան եւ հոն կը գտնուի Ովկիանոսագրութեան հետազօտութիւններու կեդրոնը,
  • Ֆիանարանցոա, կը գտնուի կղզիին հիւսիս-արեւելեան կողմը 1․200 մ․ բարձրութեան վրայ։  Կ՛արտադրէ բրինձ, ծխախոտ եւ սուրճ։  Քաղաքը ունի նաեւ ուտեստեղէնի գործարկութեան գործարան եւ երկաթուղիի կայարան։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին բնակիչները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատակասքարի համայնապատկեր․ նաւէ նկարուած

Մատակասքարի կղզին, Ափրիկէէն կ՛ անջատուի մօտաւորապէս 80 միլիոն տարի առաջ։  Ըստ եղած պեղումներուն, հնագէտները կը հաշուեն թէ մարդու ներկայութիւնը կղզիին վրայ կը սկսի 200 թուականէն,  իսկ հարաւ-արեւելեան Ասիայէն՝ հաւանաբար Պորնէօ կամ Սուլաուեզի կղզիներէն, նաւաստիներ կուրի canoe միջոցով կղզին հասած են։  Կ՛ ենթադրուի թէ նոյն թուականներուն (200 – 500) Պանտու ցեղեր, Ափրիկէէն Մատակասքար կը հասնին ճեղքելով Մոզամպիքի Ջրանցքը։ Կը հետեւին՝ Մերինա, Պեցիմիսարաք եւ ուրիշ ցեղեր։

Մատակասքարի գրաւոր պատմութիւնը կը սկսի Է․ դարուն, երբ արաբները երկրին տարածքին բնակութիւն կը հաստատեն։

Միջնադար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջնադարի ժամանակաշրջանին, զանազան ցեղեր (օրինակ՝ Սաքալավա), առեւտուրի միջոցով իրենց տէրութիւնը կը տարածեն Հնդկաց Ովկիանոսէն մինչեւ Արեւելեան Ափրիկէ, Միջին Արեւելք եւ Հնդկաստան։ 

Առաջին շփում եւրոպացիներու հետ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1500-ական թուականներուն, փորթուկալացի նաւաստի Տիոկօ Տիազ Diogo Dias, առաջին եւրոպացին է որ ոտք կը կոխէ Մատակասքար (երբ իր նաւը կ՛ անջատուի Հնդկաստան ուղուող մնացեալ նաւախումբէն)։  Փորթուկալացիները կղզին կ՛անուանեն Սուրբ Լորենսօ (կը հնչուի Սաու Լորենսօ) Sāo Lourenço եւ կը շարունակեն առեւտուրը կղզիին բնակիչներուն հետ։

1665-ին, նոր հիմնուած Արեւելեան Հնդկաստանի Ֆրանսական Ընկերութեան տնօրէնը՝ Ֆրանսուա Քարոն, Մատակասքար կը հասնի։  Դրացի կղզիներուն մէջ նաւահանգիստներ կը կառուցէ (այսօրուան Լա Ռէունիոն եւ Մաւրիքիոս)։   17-րդ դարավերջին կղզիին արեւելեան ափերուն ֆրանսացիներուն կողմէ կը ստեղծուին առեւտրական բնոյթով գաղթօճախներ։

17741824 երկարող ժամանակաշրջանին, կղզին ծովահէններու կեդրոնը կը դառնայ։

1817-ին Մերինա ցեղախումբին առաջնորդին եւ Մաւրիքիոս անգլիացի կառավարիչին միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով մը, ստրկութիւնը կը ջնջուի։  Այս համաձայնագրին հետեւանքն է կղզին ճանչնայ տնտեսական զարգացում եւ ունենայ Անգլիոյ տնտեսական եւ ռազմական հովանաւորութիւնը։

Ֆրանսական գաղութատէրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

պաստառ՝ պատերազմի առթիւ

1883-ին ֆրանսացիները Մատակասքար կը ներխուժեն։  Անոնց բուռն դիմադրութիւն ցոյց կու տայ ռամիկ դասակարքը՝ Հովա։  Կռիւները երբ կ՛աւարտին, Մատակասքարը ֆրանսացիներուն կը ձգէ Անցիրանանա շրջանը եւ կը վճարէ 560․000 ֆրանք։  1890-ին, անգլիացիները կ՛ընդունին որ Մատակասքարը Ֆրանսական խնամակալութեան տակ գտնուի։

1895-ին, կը ծագի երկրորդ պատերազմը Մատակասքարի եւ Ֆրանսայի միջեւ։  Մեծ թիւով ֆրանսացի զինուորներ կը մեռնին հիւանդութիւններու պատճառով։

1896-ին, Ֆրանսայի Խորհրդարանը կ՛ ընդունի Մատակասքարի կցումը։  103 տարուան Մերինա ցեղախումբի թագաւորութիւնը վերջ կը գտնէ եւ թագաւորական ընտանիքը Ալճերիա կ՛ աքսորուի։

1904-ին, ռուս-ճափոնական պատերազմի նախօրեակին, ռուսական նաւատորմիղը կայգ կը հաստատէ Անցիրանարա, որպէսզի մատակարարուի ածուխով եւ ուրիշ պաշարներով։  Չմեկնած, ռուս նաւաստիները կղզիին ափերուն կ՛արձակեն կենդանիները որ իրենց հետը ունէին՝ կապիկներ, կարմիր պոչով պոա եւ մէկ կոկորդիլոս։

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին, Մատակասքարի զինեալ ուժերը կը կռուին Ֆրանսայի, Մարոքի եւ Սուրիոյ մէջ։ 1942-ին, կղզին Անգլիացիները կը գրաւեն, որպէսզի չիյնայ Նացիներուն ձեռքը եւ ապա կը յանձնեն Ազատ Ֆրանսացիներու կառավարութեան, Շարլ Տը Կոլի գլխաւորութեամբ։

1947-ին ծագած եւ ամիսներ տեւած ապստամբութիւնը, արիւնի մէջ կը խեղթուի։  90 000 Մալակասիներ կը սպաննուին։  Ֆրանսացիները կը ստիպուին օրէնսդրել բարենորոգումներու ծրագիրներ։  14 Հոկտեմբեր 1959-ին, Մատակասքարը կը հռչակուի ինքնիշխան Մալակասի Հանրապետութիւն, Ֆրանսական Համայնքնին մէջ commune de France։  Եւ վերջապէս 26 Յունիս 1960-ին Մատակասքարը կ՛ անկախանայ (1959-ին կը քուէարկուի Սահմանադրութիւնը)։

Ժամանակակից եւ նորագոյն պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատակասքար իր անկախութենէն ետք, կ՛ ապրի տակնապալի տարիներ՝ իրարայաջորդ յեղաշրջումներ, հանրաքուէներ, եւայն։ 1998-ին, հանրաքուէով կ՛ որոշուի Սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարուին եւ պետութիւնը կը դառնայ Դաշնակցային Հանրապետութիւն։ 

2001-ին տեղի կ՛ ունենան Ծերակոյտի առաջին ընտրութիւնները եւ պետութեան նախագահի ընտրութիւնը։  Սակայն նախագահի ընտրութիւններուն կը յաջորդեն ներքին ընդհարումներ։ 2006-ին կը կատարուին նախագահի նոր ընտրութիւններ, կը յաջորդեն ընդհարումներ, որոնք կը շարունակուին եւ 2009-ին ծաւալ առած փախումներուն ւնթացքին իրենց կեանքը կը կորսնցնեն 139 հոգի։  2013-էն ետք, երկիրը կը բոլորէ համեմատաբար խաղաղ շրջան մը։

Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընտանեկան ձկնորսութիւն

Մատակասքարը գիւղատնտեսական երկիր է։  Տնտեսութիւնը յենուած է նաեւ ձկնորսութեան եւ փայտահարութեան վրայ։  Արտածման գլխաւոր ապրանքներն են՝ սուրճ, վանիլի համեմուկ vanilla, շաքարեղէգ, մեխակի գամիկ, քաքաու, բրինձ, մանիհոտ, լուբիա, պանան, պիստակ,  արաբական պիստաք, կորեկ, շաքարաբեր սորեակ, արմաւ  եւ անասնաբուծութեան հետ կապուած արտադրութիւններ։ 

Եկրին արօտադաշտերուն կը բուծանին որոճացող կենդանիներ, խոզեր։  Անտառներէն կ՛արտադրուին զանազան փայտի տեսակներ եբենոսէ, մաոնի, ինչպէս նաեւ՝ աղաղ, եթերային իւղ, բնական ձգախէժ, եւայլն։

Կղզին նաեւ հարուստ է հանքերով։  Կ՛արտադրէ քրոմ, փայլար, ուրուաքար (գրաքար), ուրանիոն, պերիլիոմ, կպրածուխ, պաղլեղածին aluminium, իլմենաքար, ոսկի եւ մանգան։

1980-ին, Մատակասքար կ՛ անցընէ տնտեսական ծանր վիճակ եւ տասնամեակի վերջաւորութեան կը սկսիսեփականաշնորհման եւ իրերու արտածման ծրագիր մը (1988-1993)։  Հակառակ եղած փոփոխութիւններուն, որոնք բարելաւած են եկրին տնտեսական վիճակը, մինչեւ 21-րդ դարասկիզբին, բնակչութեան 70% կ՛ապրի աղքատութեան մէջ եւ քաղաքականութեան մէջ կաշակեռութիւնը բաւական տարածուած է։

Մատակասքարի 6 նահանգները

Երկրին դրմանիշը «արիարի»ն է ariary։ Համախառն ներքին արդիւնքն է (ՀՆԱ)՝ 7,5% (2008)։

Վարչական բաժանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2004-ին Մատակասքար կը բաժնուի 6 ինքնիշխան նահանգներու, 22 ենթաբաժանումներով՝ ֆարիթրա faritra։  Իսկ 2007-ի հանրաքուէն կ՛որոշէ շրջաններու ջնջումը եւ կը հաստատէ 6 ինքնիշխան նահանգներու դրութիւնը։

Վեց նահանգներն են (օգտուիլ քովի նկարէն)

  • Ատանանարիվօ (1)
  • Անցիրանանա (2)
  • Ֆիանարանցոա (3)
  • Մահաճանկա (4)
  • Թոամասինա (5)
  • Թոլիարա (6)

Վարչակարգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պետութեան ղեկավարը Հանրապետութեան Նախագահն է։  Ան կը նշանակէ պետութեան վարչապետը։  Օրէնսդիր իշխանութիւնը Խորհրդարանը կը գործադրէ։  Քուէրկութեան իրաւունք ունին 18 տարեկանը բոլորած անձերը։

Փոխադրակամիջոցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անթանանարիվոյի Միջազգային օդակայան․ Մատակասքար

Մատակասքարը ունի բազմաթիւ նաւահանգիստներ։  Գլխաւորներն են՝ Մահաճանկա, Թոամասինա եւ Անցիրանանա։ Ճամբաներուն ցանցը գոհացուցիչ է, ինչպէս նաեւ երկաթուղիներուն ցանցը։ 

Օդային ճամբորդութիւնները կը կատարուին օդային պետական ընկերութեան կողմէն՝  «Air Madagascar»։  2008-ին, երկրին մէջ կը գործեն 90 օդակայնններ։ Միջազգային թռիչքները կը կատարուին Անթանանարիվոյի օդակայանէն «Ivato International Airport» (IATA: TNR, ICAO: FMMI)։

Մշակոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատակասքարի մէջ զարգացած են բանաւոր եւ գրաւոր գրականութեան հետեւալ բնագաւառները․ բանաստեղծութիւն՝ հայնթենի Hainteny, հանրային ճառախօսութիւն՝ քապարի kabary եւ առակներ՝ օհապոլանա ohabolana։ Դիւցազնավէպ մը՝ Իպոնիա ibonia կը բացայայտէ այս սովորութիւնները։

SOA-PIDM․ Մալակասի ինքնուրոյն մշակոյթի ստեղծման միութեան նշան-բանագիրը

Մատակասքարի մէջ ապրող իւրաքանչիւր ժողովուրդ կը պահէ իր կենցաղը՝ սովորութիւններ, հաւատք եւ ծեսեր։ Սակայն, կղզիին մէջ տարածուած է զօրաւոր հոսանք մը, որ կը փորձէ միաւորել եւ ստեղծել Մալակասի ինքնուրոյն մշակոյթը։  

Կղզիին մէջ ապրած ու ստեղծագործած են՝ Ժան Ժոսեֆ Րապեարիվելօ Jean-Joseph Rabearivelo (1901-1937․ ան կը նկատուի Ափրիկեցի առաջին արդի բանաստեղծը) եւ Իլի Րիճաոներսըն Elie Rajaonarison՝  Մալակասի նոր հոսանքի բանաստեղծութեան առաջնահերթը։

Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատակասքարին մէջ զարգացած է Մալակասի երաժշտութիւնը․ կը միախմբէ տասնեակէ աւելի տեղական երաժշտութիւններու տեսակներ, ինչպէս օրինակ՝ ծովեզերեայ սալեկի Salegy եւ բարձրադիր շրջաններու հիրակասի Hiragasy երաժշտութիւնը։

Տարածուած է նաեւ փայտի վրայ քանդակագործութիւնը։  Զաֆիմանիրի ժողովուրդին զարդի եւ գործառնութեան աւանդական ատաղձագործութիւնը արձանագրուած է Եունեսքոյի Անշօշափելի Ժառանգութեան Ցուցակին մէջ (2008)։

Մարզական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատակասքարի մէջ ծնունդ առած են բաւական աւանդական մարզական ժամանցներ (թեթեւ զբաղումներ)․ մորէյնկի պատերազմական արուեստը moraingy, զեպու zebu (սապատ արջառի տեսակ) ըմբշամարտը եւ ֆենուրնէ Fanorona (երկու հոգիով խաղցուած սեղանի խաղ)։

Արեւմտեան մարզական խաղեր եւս թափանցած են կղզիին մէջ վերջին երկու դարերուն ընթացքին, ինչպէս օրինակ՝ Րակպի խմբային խաղը, որ դարձած է Մատակասքարի ազգային խաղը։   Բնակչութեան մօտ տարածուած են նաեւ ոտնագնդակը, կողովագնդակը, ֆրանսական փեթանք pétanque խաղը, ինչպէս նաեւ բոլոր համաշխարհային հաւանութիւն ունեցող խաղերը։

1964-ին Մատակասքար առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Ողիմպիական Խաղերուն։  Իր մասնակցութիւնը նաեւ կը բերէ Ափրիկեան խաղերուն։

Բաւական տարածուած է նաեւ Սկաուտութիւնը․ 2011-ին կը հաշուէ 14 905 անդամներ։

Խոհանոց[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատակասքարի խոհանոցը ազդուած է հարաւ-արեւելեան Ասիոյ, Ափրիկեան, Հնդկական, Չինական եւ Եւրոպական խոհանոցներէն։  Սակայն հիմնական կերակուրը կը բաղկանայ բրինձէ vary եւ «լաոքա»է laoka (կանանչեղէններու բաղագրութիւն մը, շատ անգամ միսով ճոխացած)։  Ճաշերուն յաճախ կ՛ընկերակցին մանկոյէ mango եւ լիմոնէ պատրաստուած թթուաշի տեսակներ։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26] [27] [28] [29] [30] [31] [32] [33] [34] [35] [36] [37]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2020f/africa
  2. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  3. Պաշտօնական գնահաում Archived 2020-03-22 at the Wayback Machine.Կաղապար:Ref-gr
  4. Ա․Մ․Ն․ կապերը Մատակասքարին հետ․ 8-12-2015(անգլերէն)
  5. Միջազգային Դրամական Հիմնադրամ․ Մատակասքար(անգլերէն)
  6. Մատակասքարի աշխարհագրութիւն(անգլերէն)
  7. Պրիթանիքա Հանրագիտարան(անգլերէն)
  8. world travel guide – Մատակասքար(անգլերէն)
  9. Մատակասքար․ բնութիւն եւ բուսականութիւն(անգլերէն)
  10. Մատակասքար․ բուսական աշխարհը(անգլերէն)
  11. Մատակասքարի թռչունները(անգլերէն)
  12. Մատալասքարի աղուէսակապիկը, lemur(անգլերէն)
  13. Եունեսքօ - Ցինկի բնապահպանման շրջան(անգլերէն)
  14. the guardian․ կարեւոր տեղեկութիւններ Մատակասքարի շուրջ, 23-10-2006(անգլերէն)
  15. Հսկայ արմաւէնին, 17-1-2008(անգլերէն)
  16. ECOREGIONS(անգլերէն)
  17. Մատակասքար․ նախաբան(անգլերէն)
  18. Մարոմոքոթրօ լեռ(անգլերէն)
  19. Ութներորդ ցամաքամասը․ կենաք, մահ եւ գիւտ Մատակասքարի կորսուած աշխարհին մէջ, Peter Tyson, 26 Յունիս, 2001 (անգլերէն)
  20. Մատակասքարի տուեալներ, 9-2-2014(անգլերէն)
  21. «Մատակասքարի կրօներ, 20-9-2017(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-09-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-27 
  22. Մատակասքար
  23. Մատակասքար․ 2007-ի Սահմանադրութեան հանրաքուէ, 22-1-2012(անգլերէն)
  24. Մատակասքար․ Կրօնքի Ազատութեան Միջազգային Տեղեկագրութիւն, 22-1-2012(անգլերէն)
  25. Ափրիկեան հարցերու Բիւրօ ՝3-5-2011, Մատակասքար(անգլերէն)
  26. «Մատակասքարի կրօնքները, 2015(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-09-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-27 
  27. «Մատակասքար» ցուցադրութիւն, Պրոնքս Կենդաբանական Պարտէզին մէջ, 16-6-2008(անգլերէն)
  28. Բժիշկներ առանց սահմանի - Մատակասքար․ Փորձ հասնիլ տկար բնակչութեան, 6-9-2004 (յունարէն)
  29. reuters - Մատակասքար․տնտեսական տուեալներ, 28-1-2009(անգլերէն)
  30. Ափրիկեան երկիրներ․ դասակարգեր ըստ ֆրանսական օրէնսդրութեան (յունարէն)
  31. Ազգայնականութիւն․ Մատակասքարի մէջ ընկերային յարաբերութիւններ(անգլերէն)
  32. Իպոնիա
  33. Եունեսքօ․ Ատաղձագործութեան արուեստը Զաֆիմանիրիի մէջ(անգլերէն)
  34. Անթանանարիվօ․ համայնքին պատմութիւնը(անգլերէն)
  35. Մատակասքարը կը շահի Եօթը Պարգեւները(անգլերէն)
  36. Մատակասքարը Աշխարհի Փեթանքի ախոյանութեան մրցաշարքին ախոյեանը կը հանդիսանայ(անգլերէն)
  37. [file:///C:/Users/MediaMarktIV/Downloads/Census.pdf Սկաուտիզմը (անգլերէն)]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Նոզի Պէ․ կղզի(անգլերէն)
  2. Մատակասքարի մանգլենի անտառները(անգլերէն)
  3. Ալաոթրա լիճ(յունարէն)
  4. Մոզամպիքի Ջրանցքը(անգլերէն)
  5. Փշանման ծառերու անտառ(անգլերէն)
  6. Մուսոն(անգլերէն)
  7. երկայնաթաթ աղուէսակապիկը(անգլերէն)
  8. Էփիորնիս Epiornis(անգլերէն)
  9. Գետախոզ(ֆր.)
  10. Ցիմիհեթի ցեղախումբ(անգլերէն)
  11. Մատակասքարի ցեղախումբերը(անգլերէն)
  12. Անթանքարանա ցեղախումբ(անգլերէն)
  13. Սաքալավա ցեղախումբ(անգլերէն)
  14. Անթանանարիվօ(անգլերէն)
  15. Վեզօ ցեղախումբ(անգլերէն)
  16. Պեցիմիսարաքա ցեղախումբ(անգլերէն)
  17. Սիհանաքա ցեղախումբ(անգլերէն)
  18. Պեզանօզանօ ցեղախումբ(անգլերէն)
  19. Մերինա ցեղախումբ(անգլերէն)
  20. Պեցիլէօ ցեղախումբ(անգլերէն)
  21. Անթեֆասի ցեղախումբ(անգլերէն)
  22. Անթամպահոաքա ցեղախումբ(անգլերէն)
  23. Անթեմորօ ցեղախումբ(անգլերէն)
  24. Անթեսաքա ցեղախումբ(անգլերէն)
  25. Թանալա ցեղախումբ(անգլերէն)
  26. Ֆիանարանցոա(անգլերէն)
  27. Մահաֆալի ցեղախումբ(անգլերէն)
  28. Անթանտրոյ ցեղախումբ(ֆր.)
  29. Անթանոսի ցեղախումբ(անգլերէն)
  30. Պարա ցեղախումբ(անգլերէն)
  31. Թոլիարա(ֆր.)
  32. Օդային ընկերութիւն՝ Air Madagascar(ֆր.)
  33. Մալակասի խոհանոց(ֆր.)
  34. Մարք Րավալոմանանա(անգլերէն)
  35. Մատակասքարի ազգային պուրակներու ցուցակ(անգլերէն)
  36. Մատակասքարի դրօշակ(անգլերէն)
  37. Հայթենի․ Մատակասքարի բանաւոր գրականութիւն(անգլերէն)
  38. Եունեսքոյի Անշօշափելի Ժառանգութեան Ցուցակ