Jump to content

Սկաուտութիւն

Սկաուտական շուշանիկ

Սկաուտական շարժումը այն շարժումն է որ կ'օգնէ երիտասարդներուն ֆիզիքական եւ հոգեկան զարգացման,որպէսզի լաւ դեր ունենան իրենց ընկերութեան մէջ:

Սկաուտութեան պատմութիւն[1]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1907-ին Սկաուտութեան հիմը դրաւ անգլիացի զօրավար Լորտ Ռոպեր Պէյտն Փաուլ ծնած է 22 Փետրուար 1857-ին, մահացած 8 Յունուար 1941-ին: Այս գեղեցիկ շարժումին գաղափարը յղացաւ, երբ 1897_1900 տարիներուն անգլիական բանակը Պոյէրներու մէջ կը պատերազմէր: Լորտ Պէյտն Փաուլ զգաց թէ իր զինուորները բաւարար չափով ձեռներէց, կարգապահ եւ հաւատարիմ չեն ան փորձեց պատանիները փոքր տարիքէն կրթել մանկավարժական, գործնական հիմունքներով, որպէսզի ապագայ զինուորները պատրաստէ:

1907-ին Լորտ Պէյտն Փաուլը իր նորակազմ խումբով կը կատարէ առաջին բանակումը Պրաունզ կղզիին մէջ: 1908-ին սկիզբը հրատարակեց իր հիմնած շարժումին նախագիծը կազմող «Սկաուտին գիրքը»,''scouting for boys" անունով գիրքը: Այս գիրքը պատճառ կը դառնայ, որ այս շարժումը տարածուի Ամերիկայի եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ, ուր կազմուեցան սկաուտական խումբեր:

1910-ին հիմնադիրը հրաժարեցաւ իր զօրավարի պաշտօնէն եւ ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ սկաուտութեան:1941-ին մահանալէն ետք իր կինը Լէյտի Օլէյվ կը շարունակէ իր գործը մինչեւ մահանալը:

Հայ սկաուտութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն

Հայ երիտասարդաց Ընկերակցութիւն

Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք, Ամերիկեան նպաստամատոյցը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ կը հաստատէ կեդրոններ՝ հայ երիտասարդներուն մտաւոր եւ մարմնական կրթսւթիւն տալու նպատակով:Ութը տարի ետք այս կեդրոնները կը յանձնուին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան,Վեհափառ Բաբգէն Ա. կաթողիկոսը տեսնելով շարժումին կարեւորութիւնը, 1931-ին բոլոր այս ճիւղերը կը համախմբէ ընդհանուր անունի մը տակ, կոչելով զայն Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն, քանի որ դաւանական եւ քաղաքական հիմունք չունէր եւ անոր կրնային անդամագրուիլ բոլոր երիտասարդները՝ անխտիր:

1933-ին Հ.Բ.Ը.Միութիւնը իր հովանսւորութեան տակ կ'առնէ Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը անոր օգնելով նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Այժմ Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը ունի բազմաթիւ մասնաճիւղեր Սուրիոյ եւ լիբանանի մէջ:Սկաուտական շարժման կողքին ունի նաեւ յանձնախումբեր՝ պարարուեստի, տիկնաց, ուսանողական, թատերական, մարզական, երաժշտսնոց,ընկերային եւ մշակութային:

1944 Յուլիս 2-ին, Հ.Ե.Ը ի սկաուտական առաջին խումբը կատարեց իր երդման արարողութիւնը:1947-էն այդ խումբը կը ղեկավարէր հանրածանօթ սկաուտապետ Լեւոն Աբգարեանը:1964-ի Օգոստոսին խումբը կատարեց իր առաջին բանակումը Մաշաալէի մէջ: 1964-էն սկսեալ սկաուտական շարժման մէջ ընդգրկուեցան նաեւ արենոյշները:

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն

Հ.Մ.Ը.Մը միացումն է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն անուան չորս սկզբնատառերուն:Հ.Մ.Ը.Մ.ը ոչ կառավարական միութիւն մըն է որ կը գործէ սկաուտական եւ մարզական թեւերով:Աշխարհի հինգ ցամաքամասերու 24 երկիրներու մէջ ան ունի 108 մասնաճիւղեր եւ միաւորներ[2]:

1910-էն սկսեալ Պոլսահայ կեանքի մէջ մարզական շարժումը իր զարթօնքի շրջանը կ՛ապրի:Մարզիչ Շաւարշ Քրիսեան իր«Մրմնամարզ» պարբերաթերթով կը հետապնդէր մեծ ու գեղտցիկ երազ մը՝ մարզական զանազան միւթիւններու բոլոր ուժերը միախմբել մէկ դրօշի տակ[3]:

Սակայն 1914-ին կը ծագի համաշխարհային առաջին պատերազմը եւ 1915-ին տեղի կ՛ունենայ հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածը:

Պատերազմի աւարտին, թուրքի ցեղասպանութեան դէմ վսեմ յղացումով, բարձրաճակատ եւ վսեմ հայորդիներ պադրաստելու նպատակով գաղափարապաշտ 7 հայ երիտասարդներ Պոլսոյ մէջ 1918-ին ժողով մը կը գումարեն եւ կ՛որոշեն բոլոր մարզական խումբերը համախմբել հիմը կը դնեն Հ.Մ.Ը.Մ. ինն, իրականացնելով Մեծ Եղեռնին նահատակուած Շաւարշ Քրիսեանի եւ գործակից ընկերներուն երազը:

26 Յուլիս 1920-ին, Հ.Մ.Ը.Մ-ի առաջին վարչութիւնը ընդառաջելով Հայաստանի անկախ հանրապետութեան կրթական նախարար՝ Նիկոլ Աղբալեանի դիմումին, Հայաստանի Կ'ուղարկէ Վահան Չերազը, Տիգրան Խոյեանը եւ Օննիկ Եազմաճեանը, Հայաստանի մէջ մարզական եւ սկաուտական շարժումը կազմակերպելու համար:

1921-էն սկսեալ, երբ Արեւմտահայութիւնը տեղահան կ'ըլլայ, կը տարագրուի ու կը դառնայ աշխարհացրիւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի մասնաճիւղեր կը հիմնուին հայ գաղութներուն մէջ, որոնք իրենց ազգանուէր գործունէութեամբ կ'արժեւորեն իրենց գոյութիւնը:

Հայ Մարմնամարզական Միութիւն

Կիլիկիոյ ջարդէն մազապուրծ ազատած

1921 թուականին 27 Յունուարին հիմնադրուած է Հալէպ, Սուրիա իբր հայկական մարզական եւ սկաուտական սփիւռքահայ կազմակերպութիւն, Այնթէպէն «Արարատ» ֆուդպոլի խումբի անդամներուն եւ տեղւոյն Հնչակեան կուսակցութեան ուսանողական միութեան անդամներուն կողմէ անուանելով«Հ.Մ.Մ. Արարատ»:

ՀՄՄ ը անկուսակցեալ կազմակերպութիւն է սակայն կը գտնուի Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ։ Ան կը գործէ հայաշատ գաղութներ ունեցող երկիրներու մէջ:

  • Հ.Ե.Ը. ի սկաուտութեան գիրք, 2018:
  • Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտական դարեկան բանակում գիրք:
  • Հ.Ե.Ը-ի Արձագանգ ամսաթերթ:
  • Հ.Մ.Մ.-Ի պատմութիւն:

Արտաքին յղումներ:

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Baden- [[Պատկեր:Lord Robert Baden Powell.jpg|200px|մինի|ձախից|Սկաուտութեան հիմնադիր]] Powell»։ www.scout.org (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-08-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-29 
  2. MultiTek.me։ «Հ.Մ.Ը.Մ. - Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն - Պաշտօնական Կայք»։ www.homenetmen.org։ արտագրուած է՝ 2018-08-29 
  3. MultiTek.me։ «Հ.Մ.Ը.Մ. - Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն - Պաշտօնական Կայք»։ www.homenetmen.org։ արտագրուած է՝ 2018-08-29