Մայրերու Օր

Մայրերու օր, միջազգային տօն՝ նուիրուած մայրիկներուն։ Այս օրն ընդունուած է շնորհաւորել մայրերուն եւ յղի կանանց՝ ի տարբերութիւն Կանանց միջազգային օրուան, երբ կը շնորհաւորեն իգական սեռի բոլոր ներկայացուցիչներուն։

Տօնում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարբեր երկիրներու մէջ այս տօնը տարբեր օրերու կը նշուի։ Ընդհանուր առմամբ, աշխարհի մէջ Մայրերու օրը կը նշուի Մայիսի երկրորդ Կիրակի օրը, այսպէս՝ Ուքրանիոյ, Էսթոնիոյ, ԱՄՆ-ի, Մալթայի, Կիպրոսի, Դանիոյ, Ֆինլանտայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Թուրքիոյ, Աւստրալիայի, Ճափոնի, Պելճիքայի եւ Պրազիլի մէջ։

Ռուսաստանի մէջ Մայրերու օրը կը նշուի Նոյեմբերի վերջին Կիրակի օրը, Եգիպտոսի մէջ՝ 21 Մարտին, Պելառուսի մէջ՝ 14 Հոկտեմբերին, Վրաստանի մէջ՝ 3 Մարտին, Հայաստանի մէջ՝ 7 Ապրիլին։ Ղազախստանի Հանրապետութեան մէջ Մայրերու օրը կը նշուի Սեպտեմբերի երրորդ Կիրակի օրը, Ղրղստանի մէջ՝ Մայիսի երրորդ Կիրակի օրը, Մեծ Բրիտանիոյ մէջ՝ Մարտի առաջին Կիրակի օրը, Յունաստանի մէջ՝ 9 Մայիսին, Լեհաստանի մէջ՝ 26 Մայիսին։ Շուէտներն ու ֆրանսացիները իրենց մայրերուն կը շնորհաւորեն Մայիս ամսուայ վերջին Կիրակի օրը, սերպերը՝ Դեկտեմբերին[1]։ Սպանիոյ, Փորթուկալի եւ Լիտվիայի[2] Մայրերու օրը կը նշուի Մայիսի առաջին Կիրակի օրը, իսկ Ֆիլիփիններուն մէջ՝ 10 Մայիսին։

Մայրերու յարգանքի օր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տօնը կը բխի Մայրերու հին յունական պաշտամունքէն։ Համապատասխան հանդերձներով պաշտօնական ծէսերը՝ ի պատիւ Քիպելա կամ Ռէյ աստուածներու, ողջ Փոքր Ասիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ մարտեան իդերի ժամանակ[3]։

Մայրերու օրը Ռուսաստանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուսաստանի մէջ Մայրերու օրը հռչակուած է 1998-ին։ Տօնի հռչակման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Պետական տումայի կոմիտէին, որ կը զբաղուէր կանանց, ընտանիքներու եւ երիտասարդներու գործերով[4]։ Տօնի նպատակն է պահպանել կնոջ նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքի աւանդոյթը, ամրապնդել ընտանեկան հիմքերը, ընդգծել կեանքին մէջ մօր դերը։

Առաջին անգամ Մայրերու օրը այդ անունով տեղի ունեցաւ 30 Հոկտեմբեր 1988-ին Պաքուի № 228 դպրոցին մէջ։ Միջոցառման հեղինակը ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Էլմիրա Ջաւատի Հուսէյնովան էր։ 1988-էն սկսած՝ Էլմիրա Հուսյնովան ամէն տարի Պաքուի մէջ, ապա նաեւ Ստաւրոպոլի մէջ տեղի ունեցած է Մայրերու օրուայ միջոցառում։ Այդ աւանդոյթը ներգրաւած է պետութեան շատ դպրոցներուն՝ հետզհետէ տօնը դարձնելով համաժողովրդական։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մայրերու մեծարումը դարաւոր պատմութիւն ունի։

17-19-րդ դարերուն Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Մեծ պահքի երկրորդ Կիրակի օրը կը նշուէր, այսպէս կոչուած «Մայրական Կիրակին» (անգլ.՝ Mothering Sunday), որ նուիրուած էր երկրի բոլոր Մայրերու մեծարման։

ԱՄՆ-ի մէջ Մայրերու օրը առաջին անգամ հրապարակային խրախուսած է ամերիկացի պացիֆիստ Ջուլիա Ուորտ Հոուվը 1872-ին։ Ըստ անոր՝ «Մայրերու օր»-ը յանուն խաղաղութեան Մայրերու միասնութեան օրն է ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ջուլիա Ուորտի հայեցակարգը լայն աջակցութիւն չստացաւ ԱՄՆ-ի, եւ այլ երկիրներու մէջ։

1907-ին ամերիկուհի Աննա Ջերուիսը Ֆիլատելֆիայէն ի յիշատակ իր մօրը՝ հանդէս եկաւ մայրերուն մեծարելու նախաձեռնութեամբ։ Աննան նամակներ գրեց պետական հաստատութիւններուն, օրէնսդիր մարմիններուն եւ ականաւոր անձերու՝ առաջարկելով տարուան մէջ գոնէ մէկ օր նուիրել Մայրերու մեծարման։ 1910-ին Վիրժինիա նահանգը առաջինը Մայրերու օրը հռչակեց իբրեւ պետական տօն։ 1914-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Ուտրօ Ուիլսոնը Մայիս ամսուայ երկրորդ Կիրակին յայտարարեց ազգային տօն՝ ի պատիւ բոլոր ամերիկացի Մայրերու։

Ամերիկայէն ետք Մայիսի երկրորդ Կիրակին սկսաւ տօնել եւս 23 երկիր, ինչպէս՝ Պահրէյնը, Հոնքոնկը, Հնդկաստանը, Մալեզիան, Մեքսիքը, Նիքարակուան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Օմանը, Փաքիստանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Սինկափուրը, Աւստրալիան, Ուքրանիան, Էսթոնիան[5]։ Աւելի քան երեսուն երկիր ալ այդ տօնը կը նշէ այլ օրերու։

Խորհրդանիշներ եւ սովորոյթներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԱՄՆ-իեւ Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունի աւանդոյթ, ըստ որու՝ այդ օրը հագուստի վրայ կը կրեն մեխակ։ Ընդ որուն, ծաղնկի գոյնը նշանակութիւն ունի․գունաւոր ծաղիկը կը վկաէ այն մասին, որ տուեալ անձի մայրը ողջ է, իսկ սպիտակ ծաղիկները կ՚ամրացնեն հագուստին՝ ի յիշատակ մահացած Մայրերու[5]։

Ռուսաստանի մէջ արդէն քանի մը տարի է, որ տեղի կ՚ունենայ Մայրերու օրուան նուիրուած համառուսական ընկերային նախաձեռնութիւն՝ «Մայր, ես քեզ կը սիրեմ» խորագիրով։ Նախատօնական շաբաթուան ընթացքին նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ տեղի կ՚ունենան տարբեր միջոցառումներ, փոստով կամ առձեռն կը բաժնուին տօնական բացիկներ։ Ընկերային նախաձեռնութեան խորհրդանիշը անմոռուկ ծաղիկն է, որ, ըստ աւանդոյթի, յատուկ կարողութիւն ունի վերականգնել այն մարդոց յիշողութիւնը, որոնք մոռացած են իրենց հարազատներուն եւ մերձաւորներուն։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Празднование дня матери
  2. «День матери в Литве»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-01-18-ին։ արտագրուած է՝ 2017-01-17 
  3. Encyclopædia Britannica. 1959. Т. 15. С. 849
  4. «Указ Президента РФ от 30.01.1998 № 120»։ kremlin.ru։ արտագրուած է՝ 2018-11-24 
  5. 5,0 5,1 День матери. История и особенности праздника в проекте «Календарь праздников»

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]