Jump to content

Օծանելիք

օծանելիք
Օծանելիքներու խանութի ներսը

Օծանելիք (անուշահոտ), (ֆրանսերէն՝ parfum), մաշկը, մազերն ու հագուստը բուրաւետելու, ինչպէս նաեւ բուժիչ ու թարմացնող նպատակներով օգտագործուող նիւթեր։

Հին Եգիպտոսի մէջ աստուածներուն զոհաբերութիւններ մատուցելու ատեն օծանելիք կ'օգտագործէին։ Հին եգիպատցիները այս եղանակով ստեղծած են օծանելիքի արուեստը։ Բացի ատկէ, նոյնիսկ Աստուածաշունչին մէջ կը նշուի տարբեր անուշաբոյր իւղերու օգտագործման առկայութիւնը։

Հնագէտները Կիպրոսի տարածքին յայտնաբերած են հին արհեստանոց մը, ուր պահպանուած են հին սրուակներ, որոնք  կը փաստեն, որ տեղաբնիկները ժամանակին զբաղած են եղծման արուեստով[1]։

Օծանելիքի յատկանիշները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Անուշահոտը գնելէ առաջ, զայն մորթին վրայ փորձել: Նոյն անուշահոտը տարբեր ձեւերով կը հակազդէ տարբեր մորթերու վրայ:
  • Օ տը փարֆէօնին բոյրը աւելի մնայուն է, քան` Օ տը թուալեթինը: Հարկ է տարուան տաք եղանակներուն օ տը թուալեթ գործածել, իսկ օ տը փարֆէօնը վերապահել զով օրերուն եւ գիշերային հաւաքոյթներուն:
  • Անուշահոտերը երկար կը դիմանան, այնքան ատեն որ սրուակը չէ բացուած: Անոնք 3-5 տարի կրնան դիմանալ, թէեւ անոնց գոյնը կը փոխուի, սակայն բոյրը չ'ազդուիր:
  • Նախընտրելի է պզտիկ սրուակով անուշահոտ գնել:
  • Անուշահոտով օծուելու յարմարագոյն տեղը ականջներուն ետեւն է[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Օծանելիքի երկար պատմութիւն»։ արտագրուած է՝ 2023-04-25 
  2. Յատկանիշներ
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։