Jump to content

Գարեջուր

Գարեջուրը Աշխարհի տարածքին ամէնէն շատ սպառող եւ լայն տարածում ունեցող դեղին գոյնի ոգելից ըմպելի մը, որ կը պատրաստուի գարիի հունտերուն խմորումով։ Ջուրէն եւ թէյէն ետք, ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող խմիչքը:

Հատիկները կը թրջեն, որպէսզի ծիլ տան։ Ծիլ տուած գարին, որ մալտ կը կոչուի, գաղջ ջուրի մէջ կը դրուի։ Այս խառնուրդէն կը հանեն անուշ հեղուկ մը, որ կ'եռացնեն հմուլի ծաղիկներուն հետ, որ կու տայ լեղի համ մը։ Բնախմորի ազդեցութեան տակ, քաղցուին շաքարը կը լուծուի ալքոհոլի եւ բնածխային կազի մէջ։ Գարեջուրին համը աւելի զօրացնելու համար երեք ամիս կարասներուն մէջ կ'ամբարեն։ Գարեջուրին փրփուրը կը վերցնեն զտումով՝ հեղուկը շիշերու կամ թիթեղէ տուփերու մէջ լեցնելէ առաջ։

Գարեջուրի օգտակար յատկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ըստ հետազօտութիւններու, առողջ տղամարդոց մօտ, որոնք օրական մէկ չափաբաժին ալքոհոլային կամ ոչ ալքոհոլային գարեջուր կը խմեն, աղիքային մանրէներու աւելի բազմազան տեսականի կը զարգացնեն, ինչ որ նուազ հակամէտ կը դարձնէ քրոնիք հիւանդութիւններու, ինչպէս է պարագան շաքարախտին եւ սրտանօթային հիւանդութիւններուն:
  • Ծիլ տուած գարիի հատիկներ
    Մարդու աղեստամոքսային անցքը միլիառաւոր միքրոօրկանիզմներ կը պահէ, իսկ գարեջուրը այնպիսի խառնուրդներ կը պարունակէ, ինչպէս՝ փոլիֆենոլները, ինչպէս նաեւ խմորումի ընթացքին արտադրուած կենդանի միքրոօրկանիզմներ, որոնք կրնան ազդել միքրոպիոթայի կազմին վրայ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Ծիածան» պարբերաթերթ Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի։