Jump to content

Գեղեցկութիւն

Փարիզի մէջ գտնուող Նոթր Տամի զարդարուն պատուհաններէն մէկը.
Ծաղիկները կը համարուին բնութեան գեղեցկութիւններէն մէկը.

Գեղեցկութիւն, գեղագիտական բաժանմունք մը, որ կը նշանակէ առարկայի մը տարբեր ներդաշնակ համադրումն ու կատարելութիւնը, ինչ որ դիտողին գեղագիտական հաճոյք կը պատճառէ: Գեղեցկութիւնը մշակոյթի կարեւոր մասերէն մէկն է: Գեղեցկութեան հականիշը տգեղութիւնն է: Գեղեցկութիւնը կը բնութագրէ իրականութեան եւ արուեստի մէջ դրսեւորուող գեղագիտական բարձրագոյն արժէքը:

«Գեղեցկութիւն» բառին գործածութիւնը սովորական է տարբեր պարունակներու մէջ, որ զայն սահմանելու փորձ մը կատարելը կը նմանի ծիածանը գրկել փորձելու: Գեղեցկութեան փորձառութիւնը ենթակայական է, սիրոյ եւ ճշմարտութեան պէս: Անոր ոչ-առարկայական բնոյթին գիտակցելու պատճառով է, որ գիտնականներ ընդհանրապէս խուսափած են գործածելէ այս բազմիմաստ բառը[1]:

Գեղեցկութեան Ըմբռնումները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յունական ծաղկաման

Հին ժամանակաշրջանէն ի վեր գեղեցկութիւնը կարեւորագոյն հասկացութիւններէն մէկն է կեցութեան ընկալման փիլիսոփայութեան մէջ: Գեղեցկութիւնը, ըստ իր բնոյթի, հնագոյն յունական փիլիսոփաներուն կողմէ կ'ընկալուի առարկայական եւ գոյաբանական առումով[2]: Գեղեցկութեան տարբեր մեկնաբանումները միշտ եղած են գաղափարա-փիլիսոփայութեան եւ բուն գեղագիտական շահերու եւ նախասիրութիւններու բախման առարկայ:

  • Փիթակորասի (pitagoras) դպրոցը գեղեցկութիւնը կը կապէ թուաբանութեան հետ, նշելով, որ տարրերը, որոնց համաչափութիւնը կը մտնէ ոսկեայ հատումի մէջ, աւելի գեղեցիկ կը թուին[3]: Դասական յունական ճարտարապետութիւնը հիմնուած է գեղեցկութեան այս ընկալման վրայ:
  • Սոկրատի ժամանակաշրջանին գեղեցկութիւնը կը հասկցուէր ո՛չ միայն գոյաբանական առումով, այլեւ՝ միտքի գիտակցութեան առումով: Սոկրատ արդէն ինք «գեղեցկութիւն»ը կը համարէ տիեզերքի կարեւորագոյն բաժանմունքը:
  • Արիստոտէլ գեղեցկութիւն կը համարէր բարութեան եւ լաւի մարմնաւորումը:
  • Ըստ Պղատոնի` մարդը ծնելէ առաջ կ'ըլլայ գեղեցկութեան եւ մաքուր միտքի ոլորտին մէջ: Գեղեցկութեան եւ բարութեան ըմբռնումը, իբրեւ բարձրագոյն գաղափար, կը հանդիսանայ իր փիլիսոփայական աշխատանքներուն հիմնական շարժառիթը:

Գեղեցկութեան ըմբռնումը, իբրեւ կանոն, անմիջական է եւ կը յենի իրերու արտաքին տեսքին վրայ, սակայն միջնորդաւորուած է անհատին ողջ կենսափորձով եւ ձեւի միջոցով իրերու բովանդակութեան մասին դատելու ընդունակութեամբ[4]:

Հին փիլիսոփայութեան մէջ գեղեցկութեան ընկալումը կ'ամփոփուի Պղատոնի աշխատութիւններուն մէջ: Գեղեցկութեան պատմութեան ծաւալուն հրապարակումը, որուն խմբագիրն էր իտալացի գրող, փիլիսոփայ Ումպերթօ Էքօ (umberto eko), կը պարզէ գեղեցկութեան ընկալումը ողջ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին: Յատկապէս ան կը վկայէ, թէ Պղատոն յաջորդ դարերուն համար հիմք դրած է երկու կարեւոր գեղեցկութեան ըմբռնումներու[5].

  1. Գեղեցկութիւնը ինչպէս ներդաշնակութիւն եւ համամասնական մասեր (որոնք սկիզբ կ'առնեն Փիթակորասէն)[6]:
  2. Գեղեցկութիւնը ինչպէս փայլք, որ կը նկարագրուի Ֆետրի (Phaedrus) տրամախօսութենէն:[7]

Այս ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան նաեւ յաջորդ ըմբռնումները.

  • Սովորաբար մենք հրաշալի կը համարենք համաչափ առարկաները:
  • Համաչափութիւնը կը դառնայ դասական արուեստի գեղեցիկ կանոններէն մէկը:

Այնուհետեւ Թովմաս Աքուինացի ցոյց կու տայ[8], որ գեղեցկութեան համար պարտադիր է,

  • ոչ միայն պատշաճ համաչափութիւն, այլեւ ամբողջականութիւն (այսինքն ամէն առարկայ պէտք է ունենայ բաղադրիչ մասեր, իսկ խեղանդամ մարմինները կը համարուին տգեղ),
  • փայլքը (որովհետեւ գեղեցիկ կը համարուի այն, ինչ որ ներկուած է մաքուր գոյներով),
  • համաչափութիւն, կամ համանմանութիւն:

Գեղեցկութեան Ընկալումը Արուեստի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս կայ վարկած մը, որ կ'ըսէ, թէ գեղեցկութեան մասին ընկալումները բնազդներ են, որոնք արմատաւորուած են մարդուն յիշողութեան մէջ, շնորհիւ իրենց նախորդող կենդանի էակներու սերունդներուն անգիտակից փորձառութիւններուն[9]:

Էրոս եւ ֆիզիքական Գեղեցկութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տղամարդիկ եւ կանայք գեղեցիկ են, երբ ուրիշին աչքին հաճելի կը թուին: Կին/տղամարդ ըմբռնումը, իբրեւ հնարաւոր խաղընկեր, երբեք չեն սխալիր, թէ որ սեռին ինչ պէտք է: Հոս կը գործէ «նախորդ սերունդներուն փորձառութիւն

Գեղեցկութեան տեսակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոյութիւն ունին երեք տեսակի տարբեր գեղեցկութիւններ. սեռային, բնական եւ արուեստի իրի մը, այսինքն` մարդկային ձեռքով շինուած իրի մը յատուկ գեղեցկութիւն: Այս երեք տեսակի գեղեցկութիւնները կը միաձուլուին:

Ամէնէն տարօրինակը արուեստի իրի մը գեղեցկութիւնն է: Թէեւ մարդը բազմաթիւ այլ արարածներու պէս գործիք կը շինէ յատուկ նպատակի մը համար, սակայն միակ արարածն է, որ գեղագիտական ճաշակով կը շինէ զայն: Արհեստագործութեան նպատակով գործիք շինող մարդը զարգացում մը ապրելով` դարձած է արուեստագէտ: Անոր շինած իրերը հետզհետէ նուազ գործածական արժէք ստացած են, մինչեւ որ արուեստագէտը մղուած է շինելու բան մը, որ գործածական չէ, այսինքն` կիրարկած է արուեստ` արուեստի սիրոյն:

«Գեղեցկութիւն գնահատելու» գաղափարը ծնունդ առած է սեռային գրաւչութեամբ: Այսինքն, երբ մարդը իր բնազդային մէկ մղումը` սերդնագործելու իր տենչը վերածած է այն ուժին, որ Լէոնարտօն մղած է գծելու «Վերջին ընթրիքը»: Ասիկա կ'օգնէ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս գեղեցկութեան փնտռտուքը դարձած է մարդկային ստեղծագործականութեան անբաժան մէկ մասը:

Գեղեցկութեան Մրցոյթներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գեղեցկութեան մրցոյթներուն կ'ընտրուին ամէնէն գեղեցիկ մասնակիցները: Յաճախ նման մրցոյթներու ընթացքին կը պահանջուին տարբեր տաղանդներ, մտային կարողութիւններ եւ խօսքի արուեստ ցուցադրել:

Ըստ դիցաբանութեան՝ գեղեցկութեան առաջին մրցոյթը տեղի ունեցած է Հերա, Աթինա եւ Աֆրոտիթի ատուածուհիներուն միջեւ: Իբրեւ մրցատեան անոնք ընտրած էին Փարիս (Πάρης) աստուածը, որ գլխաւոր մրցանակը՝ խնձորը, տուած է ամէնէն գեղեցիկ տիտղոսը կրողին՝ Աֆրոտիթին: Հոսկէ ալ ծագած է Դրոյեան պատերազմը:

Աֆրոտիթ

Ըստ անուղղակի հաստատումներու, հին Դրոյի մէջ տեղի ունեցող գեղեցկութեան մրցոյթին դատական կազմին մաս կազմած են երգիչներ, քանդակագործներ, ճարտասաններ եւ ռազմիկներ:

Աւելի ուշ, գեղեցկութեան մրցոյթներ կազմակերպուած են Կորնթոսի մէջ Ե. դարուն: Մրցոյթին յաղթողը իբրեւ մրցանակ ոսկի կը ստանար: Յոյներուն հաճելի կը թուին այդ մրցոյթները: Նման մրցոյթներ կը սկսին կազմակերպուիլ Աթէնքի մէջ եւ Լեզվոս կղզիին վրայ՝ Եգէական Ծովուն մօտ:

Հին Բաբելոնի մէջ գեղեցկութեան մրցոյթին յաղթողը ոչ միայն գեղեցիկի կոչում, այլեւ դրամական նուէրներ կը ստանար: Կը կանչէին աղջկան անունը, իսկ տղամարդիկ դրամ կ'առաջարկէին: Այդպէս ալ այդ գումարը կը վճարուէր աղջկան ընտանիքին աղջկան հետ ամուսնանալու թոյլտուութիւն ստանալու համար:

Հին Չինաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ մալիզիացիներուն մօտ ստեղծուած էին գեղեցկուհին ընտրելու համար յատուկ կանոններ: Ընտրուած յաղթողը անոնք կը զոհաբերէին աստուածութեան:

Հակառակ իսլամական խիստ սովորութիւններուն՝ Օսմանեան Կայսրութեան կանանոցներու մէջ նոյնպէս կ'ընտրէին ամէնէն գեղեցիկ հարճը:

Աւստրալիոյ եւ Խաղաղական Ովկիանոսի ցեղերը մինչեւ Ի. դար մրցոյթներ կը կազմակերպէին. չամուսնացած, բարետես աղջիկները կը մրցէին մերկ: Յաղթողը կ'ամուսնանար «գիւղին առաջին տղուն» հետ:

Իուկանտայի մէջ կը կազմակերպէին գեղեցկութեան մրցոյթներ, որոնց ժամանակ դէմքի գեղեցկութեան ուշադրութիւն չէր դարձուեր:

Ռուսաստանի մէջ գեղեցկութեան մրցոյթներուն արդիւնքով կ'ընտրուէր թագուհին:

Եւրոպայի գեղեցկութեան մրցոյթներ կը կազմակերպէին միջնադարեան շրջաններուն ընթացքին: Մրցոյթին յաղթողը իրաւունք ունէր խարոյկի մէջ նետուելու: Քրիստոնէական եկեղեցին կը հաւատար, որ ամէնէն գեղեցիկ եւ ամէնէն տգեղ կանայք կը ծառայեն սատանային[10]:

19 Սեպտեմբեր 1888-ին Պելճիքացի Սպայ քաղաքին մէջ կայացած է գեղեցկութեան առաջին մրցոյթը: 350 թեկնածուներէն 21-ը կը հասած է եզրափակիչ փուլ, ուր բացարձակապէս տղամարդոցմէ կազմուած դատակազմը ընտրած է անոնցմէ միայն մէկը փակ դռներու ետեւէն: Անիկա 18-ամեայ Փերտայ Սուկարէն էր, որ 5000 ֆրանքի մրցանակ ստացած էր[11]:

Գեղեցկութեան Միջազգային Մրցոյթներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տիեզերքի գեղեցկուհի՝ 2013

Աշխարհի գեղեցկուհի (անգլերէն՝ Miss World), ամէնամեայ միջազգային մրցոյթ, աշխարհի ամէնէն նշանաւոր մրցոյթներէն մէկն է:

Miss World կը յայտնաբերուի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ 1951-ին Էրիք Մորլիի շնորհիւ: 2000-էն ի վեր, անոր կինը՝ Ճուլիա Մորլի, կը հանդիսանայ մրցոյթին համահեղինակը: Մրցոյթին եզրափակիչի հեռուստահաղորդումը ամէնէն մեծն է աշխարհի տարածքին: Անիկա կը հրապարակուի աւելի քան 200 երկիրներու մէջ:

1959-ին BBC կը սկսի ցուցադրել մրցոյթը:

1980-ականներուն մրցոյթին պայմաններուն մէջ կ'աւելնան տրամաբանութիւնը եւ անհատականութիւնը ստուգող հարցեր: Սակայն մրցոյթը քաղաքականացուած կը համարուի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ:

Երկիր Մոլորակի գեղեցկութեան մրցոյթ

Երկիր Մոլորակի գեղեցկուհի (անգլերէն՝ Miss Earth), գեղեցկութեան ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող մրցոյթներէն մէկը՝ Աշխարհի գեղեցկուհի, Համաշխարհային գեղեցկուհի եւ Տիեզերքի գեղեցկուհի մրցոյթներու շարքին մէջ:

Տիեզերքի գեղեցկուհի (անգլերէն՝ Miss Universe), գեղեցկութեան տարեկան միջազգային մրցոյթ, մեծ ժողովրդականութիւն ունեցող մրցոյթներէն մէկը:

1951-ին Ամերիկայի գեղեցկութեան մրցոյթին, Եոլանտա Պեդպեզըն դափնեկիր դառնալէ ետք, կը հրաժարի Pacific Mills վաճառանիշին Catalina լողազգեստներով ցուցադրութիւններ կազմակերպելէ, որ կը հանդիսանար մրցոյթին հովանաւորը: Անկէ ետք, 1952-ին Pacific Mills կը հրաժարի մրցոյթը հովանաւորելէն եւ կը ստեղծէ իր սեփական մրցոյթը, որ կը կոչուի «Տիեզերքի գեղեցկուհի»: Առաջին մրցոյթը կը կայանայ Քալիֆորնիոյ Լոնկ Պիչի մէջ: Իսկ 1972-էն սկսեալ, մրցոյթը ամէն տարի մէկ վայրի մը մէջ կը կայանայ:

Աշխարհի գեղեցկութեան մրցոյթը 4-րդ ամէնէն մեծ մրցոյթն է աշխարհի վրայ: Ի սկզբանէ կայացած է Քալիֆորնիոյ Լոնկ Պիչ քաղաքին մէջ: Մինչեւ 1967 մրցոյթը կայացած է Լոնկ Պիչի մէջ, իսկ 1968-ին մրցոյթը սկսած է կայանալ Ճափոնի մէջ՝ Էքսպոյ 70 քաղաքին մէջ:

Գեղեցկութեան այս մրցոյթը, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ գեղեցկութեան տօն, չէ հիմնուած միայն արտաքին տեսքի վրայ: Մրցոյթին մասնակիցները պէտք է դրսեւորեն անկեղծութիւն, ընկերասիրութիւն եւ պէտք է կարենան որոշումներ կայացնել:

Տղամարդոց Գեղեցկութեան Մրցոյթներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարգ մը երկիրներու մէջ, Երկիր Մոլորակի տղամարդոց գեղեցկութեան մրցոյթներ կը կազմակերպուին: Լայն առումով անոնք կը նմանին կանանց գեղեցկութեան մրցոյթներուն եւ կը տարբերին միայն անով, որ հոն կը գնահատուին տղամարդուն յատկութիւնները, ինչպէս՝ քաջութիւնը եւ ուժը: Նման մրցոյթներ, ամէն տարի կը կազմակերպուին Զուիցերիոյ մէջ, որուն դափնեկիրը կ'արժանանայ «Պարոն Զուիցերիա» տիտղոսին[12]:

Գեղեցկութեան օրինակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանդակներու Վրայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կերպարուեստի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուաբանութեան Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Գեղեցկութեան սահմանումը
  2. Վալենտին Ֆերդինանովիչ Ասմուս «անտիկ փիլիսոփայութիւնէ
  3. Seife, Charles (2000). Zռro: the biography of a dangerous idea. Penguin. ISBN 0-14-029647-6. p. 32
  4. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան (ՀՍՀ), հատոր 3
  5. Գեղեցկութեան պատմութիւն... Там же. С. 50
  6. Գեղեցկութեան պատմութիւն... Там же. С. 61
  7. Գեղեցկութեան պատմութիւն... Там же. С. 72
  8. Գեղեցկութեան պատմութիւն... Там же. С. 88
  9. Ի.Եֆրեմով - Շեղբային ածելի - վէճ գեղեցկութեան մասին
  10. «հետաքրքիր փաստեր գեղեցկութեան մրցոյթների մասին» (ռուսերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-09 
  11. «բելգիայում անցկացուել է գեղեցկութեայ առաջին մրցոյթը» (ռուսերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-09 
  12. Միստեր Շուեյցարիայ(գերմ.)