Սոկրատ
Սոկրատիս (յունարէն՝ Σωκράτης, 470–399 Ք․Ա․), հին Յունաստանի յայտնի փիլիսոփայ։ Սոկրատիս անունը յունարէնով կը նշանակէ «անխորտակելի զորութիւն» (սոս՝ անխորտակ, կրատոս՝ ուժ, զորութիւն)։ Երբեմն հայերէնի մէջ կ'օգտագործուի նաեւ Սոկրատիս ձեւը։
Սոկրատ կը համարուի Արեւմտեան փիլիսոփայութեան հիմնադիրը։ Սոկրատը այն եզակի փիլիսոփայներէն էր, թէ առանց իրեն անհնար է պատկերացնել Յունական եւ Եւրոպական փիլիսոփայութեան պատմութիւնը։ Այդ պատճառաւ, ան մարդոց յիշողութեան մէջ անմահացած է ո՛չ միայն իր փիլիսոփայական գաղափարներով, այլեւ՝ իր կեանքով ու գործով։ Սոկրատի մասին տեղեկութեան ամենակարեւոր աղբիւրը Պլատոնն է[1]։
Սոկրատի դատաքննութիւնը եւ մահապատիժը իր գագատնակետն է եւ Պլատոնի երկխօսութիւններու կեդրոնական իրադարձութիւններն էին։ Ըստ Պլատոնի, անոնք երկուքն ալ աւելորդ էին։ Սոկրատը դատարանը ընդունած է, որ ինքը կարող էր խուսափիլ մահապատիժէն՝ ձգելով փիլիսոփայութիւնը եւ դադրելով աշխուժ հասարակական գործունէութիւնը։ Դատաւարութենէն ետք, ինքը փախչեցաւ մահապատիժէն՝ ընդունելով ընկերներու փախուստի ծրագիրը։ Թէ, ինչու Սոկրատը ընդունել նահանգի որոշումը, իր մէջ կը պարունակէ խորը փիլիսոփայութիւն, այն մանրակրկիտը ներկայացուած է իր ընկեր Կրիտոյի հետ զրոյցի ատեն։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սոկրատի կեանքի մանրամասնութիւնները մեզ հասանելի են հիմնականօրէն իրեն ժամանակակից երէք աղբիւրներէ. Պլատոնի (զրուցատրութիւն), Արիստոֆանեսի ներկայացումներէն եւ Քսենոփանեսի զրոյցներէն։ Սոկրատի մահուան ժամանակ Արիստոտելը տակաւին պատանի էր եւ չէր գտնուէր որեւէ վկայութիւն, որ ինքը՝ Սոկրատը գրած է որեւէ բան։
Սոկրատը ծնած է Ք․Ա․ 469 թ. Աթէնքի մէջ, քարտաշ Սոֆրոնիսկի եւ տատմեր Ֆենարետայի ընտանիքին մէջ, ստացած է սովորական կրթութիւն, որպէս ծանր հետեւակային՝ մասնակցած է շարք մը ճակատամարտներու՝ ցուցադրելով խիզախութիւն եւ արիութիւն։
Սոկրատը ամուսնացած էր Քսանթիպէի հետ, որ իր ամուսնուց բաւական երիտասարդ էր։ Անոնք ունեցած են 3 զաւակ՝ Լամբրոքլեսին, Սոֆրոնիսքուսին եւ Մենեկսանուսին։ Սոկրատի մահուան ժամանակ իր տղաները բաւական երիտասարդ էին։ Իր ընկեր Կրիտոն քննադատած էր Սոկրատին իր երեխաներուն լքելու համար, երբ Սոկրատը հրաժարած էր իր մահապատժէն խուսափելու համար փախչիլ բանտէն։
Սոկրատն իր փիլիսոփայական գործունէութեան զուգընթաց մասնակցած է Աթէնքի հասարակական-քաղաքական կեանքին՝ ոչ միշտ համամիտ ըլլալով իշխողներու եւ մեծամասնութեան տեսակետներուն հետ։ Ըլլալով կառաւարման արիստոկրատական ձեւի կողմնակից, ան յատկապէս կը քննադատէ էր դեմոկրատական իշխանութեան թերութիւնները, ինչ որ, ըստ էութեան, պատճառ դարձաւ անոր դէմ դատական գործի հարուցմանը։
Դատը եւ մահապատիժը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս կատարուած է Յունաստանի համար շատ բարդ ժամանակաշրջանին մէջ։ Սպարտայի ու իր դաշնակիցներու հետ կը պատերազմին աթէնացիները՝ պարտութիւն կը կրեն։ Աթէնացիներէն ոմանք կը կարծէին, որ այդպիսի ծանր պայմաններու մէջ տեմոքրատական կառավարումը ամէնաճիշդ եղանակը չէր։ Ըստ երեւոյթին, Սոկրատը կը քննադատէր դեմոկրատիան։ Ըստ որոշ գիտնականներու, եւ այս հարցի շուրջ քաղաքական դաւերն էին պատճառը, որ կը որոշէր կայացուած Սոկրատին մահապատիժի ենթարկել։
Ձեւականօրէն անոր կը մեղադրէին այն բանով, որ ան չէր պաշտեր աստուածները, կը ներմուծէ նոր աստուածութիւններ եւ իր փիլիսոփայութեամբ կ'այլասերէ պատանիները։ Ք․Ա․ 399 թուականին դատարանի վճիռով ան թոյն կը խմէ եւ կը մահանայ։ Չնայած Սոկրատը հնարաւորութիւն ունէր փախչելու բանտէն ու փրկուելու, սակայն ան, որպէս օրինապահ քաղաքացի, կը հրաժարի այդ անօրինակ քայլէն։
Փիլիսոփայութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դժուար է ստոյգ վերարտադրել Սոկրատի ուսմունքը, որովհետեւ, նախ, ան չէ ձգած գրաւոր ժառանգութիւն, երկրորդ, անոր հայացքները ներկայացնողներու՝ Պլատոնի, Քսենոփանեսի եւ Արիստոփանեսի երկերում «մտքի տիրակալը» կը ներկայանայ տարբեր կերպարներով։ Արիստոփանեսը Սոկրատին կը ներկայացնէ որպէս սոփեստ, բնափիլիսոփայ, Քսենոփանեսը՝ որպէս աւանդապահ, օգտապաշտութիւն քարոզող փիլիսոփայ, իսկ Պլատոնը՝ որպէս «փիլիսոփայութեան մարմնացում», որպէս ճշմարտութիւն որոնող մտածող, որ հմտօրէն կը շարադրէ Պլատոնի ուսմունքը։ Սոկրատի կերպարու տարբեր մեկնաբանութիւնները պայմանաւորուած էին այն բանով, որ ան, ըլլալով բազմակողմանի ու հանրագիտակ մտածող եւ փիլիսոփայելու արուեստի մեծահմուտ վարպետ, տարբեր գաղափարներէն կրցած է ստեղծել օրգանական ու ամբողջական փիլիսոփայական ուսմունք։
Գիտելիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ աւանդութեան Սոկրատը երիտասարդ տարիքին այցելած է Դելֆոս, ուր անոր կը յուզէ Դելֆեան տաճարին փորագրված «Ճանաչիր ինքդ քեզ» մակագրութիւնը։ Սոկրատը այդ ընդունած է որպէս մարդու էութեան, բնութեան, անոր կեանքի իմաստի ու նպատակի ճանաչողութեան կոչ, որպէս փիլիսոփայական խորհրդածութիւններու ելակէտ։
փիլիսոփայութեան առարկան, ըստ անոր, պետք է ըլլայ ոչ թէ բնութիւնը, այլ մարդը։ Այս իմաստով ան կը շարունակէ սոփեստներու գիծը, սակայն էական տարբերութեամբ։ Եթէ սոփեստները, մարդուն հռչակելով որպէս բոլոր իրերու չափանիշ, կը ժխտէին ընդհանուր գիտելիքի, օրէնքներու եւ բարոյական սկզբունքներու գոյութիւնը, ապա Սոկրատը փիլիսոփայութեան խնդիրը կը համարէր բացահայտել այդ ընդհանուրը, մարդկային կեցութեան եւ մտածողութեան բանական սկզբունքներն ու չափանիշները։ Անոնք պետք է փնտրէին մարդկային բանականութեան մէջ եւ ոչ թէ բնութեան մէջ։ Սա չի նշանակէր, թէ Սոկրատը, մերժելով բնափիլիսոփայելու նշանակութիւնը, կը կարծէր, որ բնութիւնը զուրկ է բանական հիմքերէ։ Եթէ բնութեան մէջ չ'ըլլայ ընդհանուրը, միասնականը եւ բանականը, ապա ատոր նման կ'ըլլար անաքսագորասեան խառնուրդին։ Մինչդեռ փորձը ցոյց կու տայ, որ բնութեան մէջ կայ որոշակի կարգ, ներդաշնակութիւն եւ նպատակահարմարութիւն, որու հեղինակը ոչ թէ ինքը՝ բնութիւնն է, այլ Միտքը կամ Աստուած։ Այդ դէպքին ինչո՞ւ Սոկրատը բնափիլիսոփայութեամբ զբաղիլը կը դիտէ որպէս անպտուղ եւ անիմաստ գործ։ Սոկրատի համոզմամբ բնափիլիսոփայութեան մէջ բոլորը տարբեր են, իրար հակադիր տեսութիւններու առաջացման պատճառն այն է, որ բնափիլիսոփաները պատկերացում չունեն մարդկային գիտութեան վերաբերեալ։ Բնութեան գաղտնիքները կրնայ ճանչնալ միայն կատարեալ իմաստութեամբ օժտուած էակը՝ Աստուած, իսկ քանի որ մարդը չունի կատարեալ իմաստութիւն, ուստի ան կարող չէր բնութեան մասին կատարեալ, բացարձակ գիտելիք ունենալ։ Մարդը կարող է ճանչնալ իր բնութեան եւ մտածողութեան օրէնքները։
Ուսումնասիրելով մարդկային գիտելիքի բնոյթը, Սոկրատը պարզեց, որ որեւէ առարկայի մասին գիտելիք ունենալ, կը նշանակէ իմանալ տւեալ առարկայի սահմանումը կամ հասկացողութիւնը։ Տեսական փիլիսոփայութեան եւ, առհասարակ, Սոկրատեան փիլիսոփայութեան զրոյցներու խնդիրը կը դառնայ հասկացութիւններու ձեւաւորման ընթացքի պարզաբանումը։
Սոկրատեան զրոյցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հեգնանքը Սոկրատեան բանավեճի եւ զրոյցի վարման անկապտելի մասն է։ Ան հեգնական է թէ՛ իր եւ թէ՛ ուրիշներու հանդէպ։ «Ես գիտեմ, որ ոչինչ գիտեմ» սկզբունքը, ինչով կ'առաջնորդուի ան, ուղղուած է իրենց դէմ, ովքեր չեն գիտէր, որ չեն գիտեր, բայց կը վիճին։ Ան զրոյցը կը վարէ այնպէս, որ զրուցակիցը շուտով կը հայտնուի փակուղի մէջ եւ կը սկսի ինքն իրեն հակասել։ Զրուցակցին կը թուի, թէ Սոկրատը նոյնպէս դիտմամբ կը խճճուի, որպէսզի խճճի իրեն։ Սակայն Սոկրատեան զրոյցին նպատակը կը զրուցակցի անգիտութեան, մոլորութեան կամ սխալի ցուցմունքը չէ. զրոյցի միջոցով պետք է երեւի ճշմարտութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին կը պարզուի, որ սահմանուող առարկան ունի բազմաթիւ կողմեր ու հատկութիւններ։ Անոնք ընդհանրացնելու համար Սոկրատը կը կիրառկէ ինտեքս ձեւը, որու դէպքի ընթաձգին մասնաւորէն կ'ընթանենք դէպի ընդհանուրը։ Միտքն կ'ամրագրէ ընդհանուրը՝ հենելով իրերու նման հատկութիւններու վրայ։ Զրուցական արուեստի խնդիրը, ըստ Սոկրատի, ուսումնասիրուող առարկայի սեռային եւ տեսակային հասկացութիւններու հայտնաբերումն է եւ անոնց հարաբերման եղանակի պարզաբանումը։
Առաքինութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սոկրատը կը գտնէր, որ մարդկանց համար ամենաճիշդ ապրելակերպը շարունակական ինքնակատարելագործմամբ զբաղուիլն է։ Սոկրատը միշտ մարդկանց կոչ կ'ընէր աւելի շատ կեդրոնանալ ընկերութեան եւ ընդհանուր, իսկական համայնքի զգացողութեան զարգացման վրայ, քան անձնական հարստութիւն կուտակելու։ Ան իր պահուածքով իրենց համար փայլուն օրինակ կը ծառայէր։ Երբ Աթէնքը որոշեց Սոկրատին մահապատժի ենթարկել, շատերը կը կարծէին, որ ան ուղղակի կը հեռանայ Աթէնքէն։ Բայց Սոկրատն ընդունեց իր մահապատժի որոշումը, քանի որ կը գտնէր, որ կարող չէր հեռանալ իր համայնքէն, համայնքի որոշմանը դէմ ըլլալ կարող չէր։ Ըստ որոշման ան պէտք է հատուկ պատրաստուած թոյն խմեր, ինչ որ Սոկրատը հոժարակամ խմեց ու մահացաւ։
Սոկրատը յայտնի էր նաեւ որպէս քաջ զինուոր։
Բարոյագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սոկրատի տեսական փիլիսոփայութիւնը հիմք եւ միջոց է գործնական փիլիսոփայութեան՝ բարոյագիտութեան ստեղծման համար։ Սոկրատը բանապաշտական (rationalist) բարոյագիտութեան հիմնադիրն է։ Ան բարոյականութիւնը կը կապէ բանականութեան հետ, իսկ առաքինութիւնը կը նոյնացնէ գիտելիքի հետ։ Գիտելիք ունենալ, կը նշանակէ առաքինի ըլլալ։ Ճշմարիտ բարոյականութիւնը գիտելիքն է այն մասին, թէ ի՞նչ է բարիքը եւ օգտակարը մարդու համար, ի՞նչն է որ կ'օգնէ անոր հասնելու երջանկութեան եւ երանութեան։ Գիտելիքը նոյնացնելով առաքինութեան հետ, Սոկրատը կը կարծէր, որ միայն գիտակցուած, իմացութեան վրայ խարսխուած արարքը կրնայ կոչուիլ բարոյական։ Մէկ բան է, երբ մարդը բարիք կը գործէ անգիտակցաբար, եւ ուրիշ բան մը եթէ ընէ, երբ ան գիտակցաբար կ'ընէ։ Միթէ՞ մենք գրագէտ կ'անուանենք անոր, որ չիմանալով ուղղագրութեան կանոնները, երջանիկ պատահականութեամբ ճիշտ կը գրէ մի քանի բառ։ Իհարկե, ոչ։ Նմանապես, մենք բարոյական կարող ենք անվանել միայն այն մարդուն, որը ոչ թե պատահաբար, հանգամանքների բերումով է բարիք գործում, այլ գիտնալով, բարիքի մասին գիտելիք ունենալով։ Նոյնիսկ եթէ իմացողն անբարոյ արարք կը կատարէ, այնուհանդերձ, ան բարոյական մարդ է, որովհետեւ գիտէ, թէ ինչ կ'ընէ։ Սոկրատի «գիտելիքը առաքինութիւն է» դրոյթն առաջին հայացքից չի դիմանար քննադատութեան. մարդը կարող է գիտնալ, թէ ինչ է քաջութիւնը, սակայն քաջ չ'ըլլալ։ Սոկրատը չի բացառէր այդպէս դէպքերը, սակայն կը կարծէ, որ միայն առաքինութեանը հետեւիլը կարող է մարդուն հասցնել երջանկութեան։ Եթէ մարդը կը շեղի առաքինութիւնէն, ապա անոր կը թուէր, թէ այդ օգտակար է իրեն։ Սակայն այդ միայն թուացողութիւն է, որովհետեւ կարճատեւ հաճոյքը կարող չէ վերջնական երջանկութեան երաշխիկ ըլլալ։ Ամէն մի բանական էակ կը ձգտի բարիքին, բայց այդ բարիքը պէտք է ըլլայ ընդհանուր, միասնական եւ ոչ թէ անհատական։ Սոկրատը կը ձգտի բացարձակ, անպայմանական բարիքին, ուստի կը քննադատէ անոնց, ովքեր կը սահմանափակուին մասնաւոր բարիքի ձեռք բերմամբ։ Ան առաքինութիւնը չի հիմնում հաճոյքի վրայ, սակայն հաճոյքն ալ չի հակադրէր առաքինութեանը։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սոկրատ Archived 2015-03-19 at the Wayback Machine.
- Զուտ փիլիսոփայութիւն. Սոկրատ (յօդուած)
- Սոկրատ. Ասոյթներ (յօդուած)