Jump to content

Հերա (աստուածուհի)

Հերա (Իրա)[1] (հին յունարէն՝ Ἥρα), հին յունական աստուածուհի, ամուսնութեան եւ ընտանիքի հովանաւոր, մայրութեան եւ բարոյական մաքրութեան սրբազան դիցուհի։ Քրոնոսի եւ Րէայի երրորդ դուստրը, Զեւսի կինը եւ քոյրը։ Նաեւ Տիմիթրայի, Էսթիայի, Զեւսի (Տիաս) եւ Փոսիտոնասի քոյրը։ Համարուած է վրիժառու, խանդոտ եւ կռուարար կին մը։ Անոնք չէին սիրեր Ողիմպոսը։ Ամուսինը միշտ կը դաւաճանէր զինք, որուն պատճառով ապօրինի երեխաներու մեծ քանակ մը յառաջացած էր։ Զեւսին կողմէ պարտուած Քրոնոս բերնէն դուրս կը թափէ մեծ աստուածուհի Հերան իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միասին, մայրը՝ Հրեան, կը տանի երկրին ծայրը՝ ալեհեր Ովկիանոսին մօտ։ Հոն, Հերան կը դաստիարակէ Թեմիսը։ Հերա երկար ատեն Ողիմպոսէն հեռու կ'ապրի, անդորրութեան ու լռութեան մէջ։ Շանթարձակ մեծն Զեւս կը տեսնէ զինք, կը սիրէ եւ կը փախցնէ Թեմիսի քովէն։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 58։ ISBN 99941-56-03-9