Պղատոն
Պղատոն (յուն․՝ Πλάτων արտասանուած՝ Պլատոն, Ք. ա. 427 – 347[6]), Դասական շրջանի Աթէնացի փիլիսոփայ։
Գրած է մեծ քանակութեամբ զրոյցներ զանազան նիւթերու շուրջ։ Գլխաւոր տիպարը գրեթէ միշտ Սոկրատն է, որ նաեւ եղած է իր ուսուցիչը: Յաճախ դժուար է երկուքին գաղափարները իրարմէ առանձնացնել Պղատոնի գործերուն մէջ։
Պղատոն կը նկատուի գլխաւոր դէմքը Յունական դասական եւ Արեւմտեան փիլիսոփայութեան մէջ, իր ուսուցիչ Սոկրատի եւ ամէնէն յայտնի աշակերտը Արիստոտէլի հետ միասին։ Պղատոնի փիլիսոփայութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի նաեւ արեւմտեան կրօնքի եւ հոգեւորականութեան վրայ, ազդեցութիւն ունենալով Օգոստինոս Երանելիի, հետեւաբար Քրիստոնէութեան վրայ։[6]
Պղատնոնի առաջին գլխաւոր ներդրումը քաղաքական տեսաբանութեան մէջ կը նկատուի «Հանրապետութիւն» գործը։ Այստեղ Պղատոն կ՚արծարծէ արդարութիւնը, հարցականի տակ կը դնէ արդարութեան աւանդական ըմբռնումները։ Արդարութեան շուրջ զրոյցը կը բերէ քննարկելու պետութիւններու բնոյթները եւ անոնց յարաբերութեան անհատ քաղաքացիներուն հետ, դասակարգերուն, օրէնքներուն, եւ այլն։
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ (unspecified title)
- ↑ 2,0 2,1 https://www.encyclopedia.com/humanities/encyclopedias-almanacs-transcripts-and-maps/plato-428427-bce-337336-bce
- ↑ 3,0 3,1 Պղատոն Platon, Œuvres complètes / խմբ. L. Brisson — Փարիզ: 2008. — է. IX. — ISBN 978-2-08-121810-9
- ↑ Biblioteca Virtual Miguel de Cervantes — 1999.
- ↑ 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 Պղատոն Platon, Œuvres complètes / խմբ. L. Brisson — Փարիզ: 2008. — է. 2060. — ISBN 978-2-08-121810-9
- ↑ 6,0 6,1 The concise Oxford dictionary of politics.։ McLean, Iain., McMillan, Alistair. (2nd ed., New ed. հրտրկթն․)։ Oxford: Oxford University Press։ 2003։ ISBN 0-19-280276-3։ OCLC 52324578
|