Jump to content

Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանց

Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանց
Ծնած է 17 Նոյեմբեր 1840(1840-11-17)[1]
Ծննդավայր Վան, Վանի վիլայէթ (նահանգ), Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Նոյեմբեր 1892(1892-11-17)[1] (52 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն բանասէր, բանահաւաք, ազգագրագէտ, հոգեւորական
Աշխատավայր Արծուի Վասպուրական
Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի վանք
Արծուիկ Տարօնոյ
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Անդամութիւն Միութիւն ի փրկութիւն եւ Սեւ խաչ կազմակերպութիւն

Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց (17 Նոյեմբեր 1840(1840-11-17)[1], Վան, Վանի վիլայէթ (նահանգ), Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Նոյեմբեր 1892(1892-11-17)[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ հոգեւորական, բանասէր-բանահաւաք, ազգագրագէտ, հասարակական գործիչ։ Իրմով կը սկսի դէպի գաւառ գրականութեան շարժումը, որոնցմէ նշանաւոր են Թլկատինցին, Ռուբէն Զարդարեանը եւ ուրիշներ։

Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպին առաջին գրանցումը կատարած է Մշոյ Առնիստ գիւղացի Կրպոյին բերնէն։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գարեգին Սրուանձտեանց ծնած է Վան, 1840-ին։

Փոքր տարիքէն յաճախած է տեղական դպրոցը. 12 տարեկանին երկու ընկերներու հետ փախած է դպրոցէն եւ գացած Վարագայ վանք՝ Խրիմեան Հայրիկին բացած Ժառանգաւորաց վարժարանը յաճախելու։

1860-էն մինչեւ 1862 աշխատակցած է Խրիմեան Հայրիկին «Արծուի Վասպուրական» թերթին, որուն մէջ լոյս ընծայած է յօդուածներ, արծարծելով ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարներ, եւ Պոլսոյ «Մասիս»ին, Թիֆլիսի «Մեղու»ին եւ Իզմիրի «Արեւելեան մամուլ»ին։

1863-էն մինչեւ 1865 Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ խմբագրած է «Արծուիկ Տարօնոյ» նորաբաց երկշաբաթաթերթը Խրիմեան Հայրիկի քաջալերանքով[2][3]։

Խրիմեանի հետ իբրեւ նուիրակ ու քարոզիչ, 1860-1861 թուականներուն կը շրջագայի հայոց գաւառները եւ իր ակնարկներուն ու թղթակցութիւններուն մէջ ճշմարտացիօրէն կը նկարագրէ հարստահարիչներէն հայ աշխատաւորութեան կրած տառապանքները։

Մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր ժառանգութեան շնչաւոր «հանրագիտարան»ը կը հանդիսանայ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց, որ հայոց առակներն ու առածները, հեքիաթներն ու դիւցազնապատումները, ազգային-հայրենասիրական երգերն ու տենչերը կը քաղէ իր ժողովուրդին շրթներէն, իր սիրտին եւ միտքին հնոցով կը մշակէ ու կը յղկէ զանոնք եւ, ամէնէն կարեւորը՝ հարազատօրէն ժառանգ կը յանձնէ յաջորդող սերունդներուն։ Այդ յօդուածները գրաւած են օսմանեան կառավարութեան ուշադրութիւնը եւ ենթարկուած է գաղտնի հսկողութեան։ Շրջագայութեան ընթացքին Սրուանձտեանց հաւաքած եւ պարբերաբար հրապարակած է նաեւ ժողովրդական բառ ու բանի նմուշներ։

Իր նախաձեռնութեամբ դպրոցներ բացուած են հայկական տարբեր բնակավայրերու մէջ։

Իրմով նոր դարաշրջան մը կը բացուի աշխարհաբարի եւ գրական աշխարհայեացքի հայացման առումով։ Եթէ մինչ այդ եւրոպականացման ճիգը տիրական էր թէ՛ հայերէնի մշակման եւ թէ ազգային-հայրենասիրական ապրումներու գեղարուեստականացման մէջ, Սրուանձտեանցով կը սկսի հայրենի հողին ու մարդուն հարազատութեամբ առաջնորդուելու մօտեցումը, որուն արգասիքը կ'ըլլան հայ գեղապաշտ գրականութեան հետագայ նուաճումները։

1864-ին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ իբրեւ ուսուցիչ կը գործէ Վանի եւ Պոլսոյ մէջ։ 1866-ին լոյս կ'ընծայէ հայերէնի «Նոր Ընթերցարան» դասագիրքը, որ մինչեւ 1880-ականներու վերջերը կ'օգտագործուի ազգային վարժարաններու կողմէ։1867-1869 թուականներուն կը ստանձնէ Կարնոյ վարժարաններու լիազօր տեսուչի պաշտօնը:

1869-ին կը նշանակուի Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքին վանահօր փոխանորդ, միաժամանակ՝ սահմանադրութեան գործադրիչ Վասպուրականի մէջ: 1872-ին կը մասնակցի Վանի մէջ կազմակերպուած «Միութիւն եւ փրկութիւն» ազգային-ազատագրական գաղտնի խմբակի ստեղծման գործին։

1879-էն մինչեւ 1880, ռուս-թրքական պատերազմէն անմիջապէս ետք, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք՝ Ներսէս Վարժապետեանին յատուկ կոնդակով, Սրուանձտեանցի կը յանձնարարուի շրջիլ «ի բնագաւառս մայրենի եւ տեղագրել զամենայն ամենայնի»: Ան կը շրջի հայկական զանազան գաւառները վիճակագրելու ու ցուցակագրելու համար հայութեան թիւը, աւանդութիւններն ու հայ եկեղեցիներն ու վանքերը։ Այդ շրջանի իր գրառումներով հանդէս կու գայ ժամանակի Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Զմիւռնիոյ հայ մամուլի էջերուն («Մասիս», «Արեւելեան Մամուլ», «Կռունկ Հայոց Աշխարհին», «Մեղու Հայաստանի» եւայլն)։ Անոր գրական-բանասիրական վաստակը հաւաքուած է «Մանանա», «Համով-Հոտով», «Գրոց-Բրոց», «Թորոս Աղբար», «Հնոց-Նորոց» եւ այլ անուններով տասնեակներով հատորներու մէջ։

1879-1881 թուականներուն, կը նշանակուի Վանի վիճակաւոր՝ հոգեւոր առաջնորդի (թեմակալի) փոխանորդ-օգնականը, կը մասնակցի «Սեւ խաչ» հայրենասիրական գաղտնի կազմակերպութեան աշխատանքներուն։ 1881-ին կառավարութեան հրամանով կը հեռանայ Վանէն, ժամանակաւոր կերպով վիճակաւոր առաջնորդի պաշտօն կը վարէ Բաղէշի (Պիթլիս), ապա՝ Խարբերդի մէջ:

1885-ին կը մեկնի Էջմիածին, ուր կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս։ Կը շարունակէ գրել, այս անգամ «Վարդ» ծածկանունով, Պոլսոյ «Երկրագունտ» թերթին մէջ։

Կ'ընտրուի Կարնոյ եւ Տրապիզոնի՝ համայնքներու առաջնորդ, սակայն թրքական կառավարութեան աչքին լաւ չեն երեւիր իր քարոզներն ու յօդուածները ու ստիպուած կ'ըլլայ Պոլիս մեկնիլ. հոն խիստ հսկողութեան տակ կը դառնայ քարոզիչը Բերայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ: Ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Ղալաթիոյ կեդրոնական վարժարանին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ կրօնական ժողովի ատենապետի պաշտօն։ Ազգագրութեան ու հնագիտութեան բնագաւառին մէջ կատարած բեղմնաւոր գործունէութեան համար, Սրուանձտեանց Փեթերսպուրկի կայսերական հնագիտական ակադեմիային պատուաւոր անդամ կ'ընտրուի ։

Կը մահանայ 17 Նոյեմբեր 1892-ին, Կոստանդնուպոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ՝ յետ ծանր ու երկարատեւ հիւանդութեան։

Գարեգին Սրուանձտեանց կը համարուի հայ բանահաւաքներու ու ազգագիրներու ռահվիրան: Ան ինքնօրինակ ձեւով կրած է 1850-1860-ական թուականներու հայ ազգային լուսաւորիչներուն աշխարհայեացքային գիծերը։ Անոր գործունէութիւնը իր ապրած ժամանակաշրջանին հայ հասարակական միտքի առաջաւոր գործիչներու արծարծած ժողովրդական-հայրենասիրական եւ ազգային-ազատագրական գաղափարներու արձագանքն է։

Սրուանձտեանց հայ գրականութիւն մուտք կը գործէ հայրենասիրական շունչով համակուած «Ողբերգութիւն մեծին Սահակայ Պարթեւի եւ անկումն Արտաշիրի Արշակունւոյ» (գրուած 1860-1870 ) եւ «Շուշան Շաւարշանայ» (1875) թատերական երկերով։

Ան մեծարժէք ներդրում կ'ունենայ հայ ժողովուրդի ազգային մեծ դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթը» գրի առնելու եւ կորուստէ փրկելու գործին մէջ։ Իրեն կը պատկանի դիւցազնավէպին առաջին գրաւոր տարբերակին մշակումը՝ «Մհերի Դուռ» խորագիրով, որ հետագայ 170-է աւելի գրառումներու շարքին աչքի կը զարնէ իր հայերէնի հարազատ մշակումով ու մեր ժողովուրդի բաբախուն սիրտը վերծանող բանաստեղծական շունչով։

Գարեգին Սրուանձտեանց իր անուան կը կապէ կոթողական ժառանգութիւն մը, որ ներշնչման աղբիւր կը դառնայ ԺԹ. դարավերջին հայ գրողներուն համար։ Իրմով նոր դարաշրջան մը կը բացուի աշխարհաբարի եւ գրական աշխարհայեացքի հայացման առումով։ Եթէ մինչ այդ եւրոպականացման ճիգը տիրական էր թէ՛ հայերէնի մշակման եւ թէ ազգային-հայրենասիրական ապրումներու գեղարուեստականացման մէջ, Սրուանձտեանցով կը սկսի հայրենի հողին ու մարդուն հարազատութեամբ առաջնորդուելու մօտեցումը, որուն արգասիքը կ'ըլլան հայ գեղապաշտ գրականութեան հետագայ նուաճումները։

  • Գարեգին Սրուանձտեանց, «Գրոց Բրոց», 1874:
  • Գարեգին Սրուանձտեանց, «Հնոց-Նորոց», 1874։
  • Գարեգին Սրուանձտեանց, «Մանանայ», 1876։
  • Գարեգին Սրուանձտեանց, «Համով-Հոտով», 1884։
  • Գարեգին Սրուանձտեանց, «Թորոս Աղբար», 1879 եւ 1884։
  1. Մուշեղ Իշխան, «Արդի հայ գրականութիւն», Զարթօնքի շրջան, 1850-1885, Պէյրութ, 1980
  2. Աշճեան Մեսրոպ Արք., «Էջեր Հայ եկեղեցւոյ պատմութենէն», Նիւ Եորք, Ն. Ե., 1994
  3. Lynch H.F.G., Armenia Travels and Studies, Vol. II, London, 1901.
  4. Hovannisian Richard G., Armenian Van/Vaspurakan, Costa Mesa, CA., 2000.
  5. Tootikian Vahan H. Rev. Dr., Highlights of Armenian Christendom, Southfield, MI., 2002
  6. Մինաս Թէօլէօլեան, «Դար մը գրականութիւն», Ա. հատոր, 1850-1920, Պոսթըն, Ա.Մ.Ն., 1977

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]