Jump to content

Մկրտիչ Խրիմեան

(Վերայղուած է Խրիմեան Հայրիկ-էն)
Մկրտիչ Խրիմեան
Ծննդեան անուն Մկրտիչ Խրիմեան
Ծնած է 4 Ապրիլ 1820(1820-04-04)[1]
Ծննդավայր Վան, Վանի վիլայէթ (նահանգ), Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 29 Հոկտեմբեր 1907(1907-10-29)[1] (87 տարեկանին)
Մահուան վայր Վաղարշապատ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Լիմ անապատ[1]
Կտուց Անապատ[1]
Մասնագիտութիւն հոգեւորական, հանրային գործիչ
Աշխատավայր Արծուի Վասպուրական
Վարած պաշտօններ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս[1] եւ Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարք?
Անդամութիւն Armenian delegation at the Congress of Berlin?

Մկրտիչ Խրիմեան (Մկրտիչ Ա. Վանեցի, 4 Ապրիլ 1820(1820-04-04)[1], Վան, Վանի վիլայէթ (նահանգ), Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 29 Հոկտեմբեր 1907(1907-10-29)[1], Վաղարշապատ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1]), հայ եկեղեցւոյ 125-րդ[3] կաթողիկոս, հասարակական, քաղաքական, հոգեւոր եւ մշակութային գործիչ, մտաւորական ու գրող։ Յաջորդած է Մակար Ա․ Թեղուտցիին։

Այն եղած է ուսուցիչ, հրապարակագիր, վարդապետ, եպիսկոպոս, Վանի Վարագայ վանքի եւ Տարօնի Ս. Կարապետ վանքի վանահայր, եղած է Պոլսոյ պատրիարք, ծառայած է Երուսաղէմի Ս. աթոռէն ներս, եւ ի վերջոյ՝ Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց հայրապետ:

1820 - 1862 Վան, Պոլիս, Տարօն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արծուի Վասպուրական ամսագիրի օրինակ մը

Մկրտիչ Խրիմեան ծնած է Վան 1820-ին։

Պատանի Մկրտիչ շատ կանուխ կը կորսնցնէ հայրը: Նոյնիսկ չի ճանչնար զինք: Իր դաստիարակութեամբ կը զբաղի հօրեղբայրը՝ ծայր աստիճան առաքինի, ընթերցասէր եւ բարեսէր անձնաւորութիւն մը: Առաջին ուսուցիչը կը հանդիսանայ հօրեղբայրը, իսկ երկրորդ ուսուցիչը՝ Վասպուրական աշխարհը իր յիշատակներով, հին դարերու կիսաւեր եւ կանգուն եկեղեցիներով, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի կապուած յուշարձաններով: Պատանին կը շրջագայի Վասպուրական աշխարհի գաւառները եւ ուշադրութիւնը կը գրաւէ իր ժողովուրդին դժնդակ վիճակը, իրաւազուրկ կացութիւնը, աղքատ եւ տգէտ ըլլալը, անցեալին հետ հոգեկան կապերու խզումը:

Խրիմեան համալսարանական կրթութիւն չ'ստանար․ քոլէճ կամ երկրորդական վարժարան ալ չի յաճախեր: Ան իր ամբողջ գիտութիւնը կը պարտի ինքնազարգացման եւ կատարած շրջագայութիւններուն: Խրիմեանի բարոյական եւ մտաւոր հարստութիւնը կը մշակուի իր ընթերցումներուն, մտածումներուն եւ խոկումներուն ճամբով: Իր շրջագայութիւններուն շնորհիւ, ան ձեռք կը բերէ կեանքի մեծ փորձառութիւն, կը ծանօթանայ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, իր մէջ կը կրէ անոր զրկանքներն ու տառապանքները եւ կեանքի բովին մէջ կը մշակէ կրօնական-բարոյական իր ըմբռնումները:

Երիտասարդութեան սեմին, ան կը փափաքի վարդապետ ըլլալ, սակայն մօրը կամքին հնազանդելով, գրեթէ ակամայ, 27 տարեկանին կը պսակուի Յովհաննէս Սեւիկեանի աղջկան հետ:

Վրայ կը հասնի 1847-ի քրտական ապստամբութիւնը: Կառավարութիւնը կոչ կ'ուղղէ Վասպուրականի հայ երիտասարդութեան զօրակոչի ենթարկուիլ՝ քիւրտերու դէմ կռուելու համար: Խաղաղասէրի իր խառնուածքով, Խրիմեան կը մերժէ քիւրտերու դէմ զէնք վերցնել, կ'անցնի Կովկաս, իր ետին ձգելով դեռատի կինն ու նորածին աղջնակը: Դէպի Կովկաս եւ անկէ Պոլիս կատարած ուղեւորութեան ժամանակ, ան աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայրենի երկրին, անոր պատմութեան ու ներկային: Կը պատրաստուի կռուիլ խաւարի եւ յետամնացութեան դէմ: Կը պատրաստուի անձնուիրաբար աշխատիլ «Գիւղաբնակ եղբարց» լուսաւորութեան համար, զանոնք պաշտպանելու համար ընկերային չարիքներէ եւ անմարդկային անարդարութենէ:

Պոլիս՝ սուլթաններու մայրաքաղաքին մէջ, Մկրտիչ Խրիմեան ամբողջովին անծանօթ մըն է: Ապրուստը ապահովելու համար ան կը ստիպուի երկու տարի կօշկակարութիւն ընել: Անոր շուրջ կը հաւաքուին մշեցի եւ վանեցի պանդուխտները: Կօշկակարը կը դառնայ «ղարիպներու վարժապետ»: Ան կը մխիթարէ պանդուխտ հայրենակիցները, յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ անոնց: Շուտով, պանդուխտներու շրջանակէն հռչակը կը հասնի ամիրայական շրջանակներ: Կը հրաւիրուի պաշտօնավարելու Խասգիւղի աղջկանց վարժարանը:

«Հայաստանցի վարժապետ»ը լայն ընդունելութիւն կը գտնէ պոլսահայութեան մօտ, որովհետեւ «Հայաստանի ցաւերու պատմիչ»ն է ան:

Պատրիարքարանը կրթական գործով զայն կը գործուղէ Սիս, ուր ան կը մնայ մէկ տարի: Խրիմեան կ'այցելէ նաեւ Երուսաղէմ՝ աւետեաց երկրին ծանօթանալու համար:

Այս հանգրուանին, ի յայտ կու գան Խրիմեանի բանաստեղծական շնորհները: Ան լոյս կ'ընծայէ «Հրաւիրակ Այրարատեան» եւ «Հրաւիրակ երկրին աւետեաց» գործերը՝ առաջինը հայրենասիրական, իսկ երկրորդը կրօնական ապրումներով բանաստեղծութիւններ: Զոյգ «Հրաւիրակ»ները երեւան կը հանեն Խրիմեանի ազգային ու հոգեւոր մտածողութեան գլխաւոր ըմբռնումները:

1853-ին, եօթը տարուան բացակայութենէ ետք, Խրիմեան կը վերադառնայ Վան, ուր ծանր հարուած մը կը սպասէր իրեն: Վանի մէջ մահացած էին մայրը, կինն ու դուստրը: Տարի մը ետք, Ախթամարի վանքին մէջ կը ձեռնադրուի Վարդապետ անփոփոխ պահելով աւազանի անունը:

Ընտանեկան ողբերգութիւններէն ետք, կը յարի եկեղեցւոյ ճամբով ժողովուրդին ծառայելու առաքելութեան։ Ախթամարի պահպանողական միաբանութիւնը թոյլ չի տար նորընծայ վարդապետին Մխիթարեաններու օրինակով Ախթամարը վերածել հայկական Վենետիկի: Խրիմեան կը փափաքէր Ժառանգաւորաց վարժարան բանալ, տպարան եւ մամուլ հիմնել, վանքին ու ժողովուրդին ծառայել:

Լոյս, գիտութիւն տարածելը հայկական խաւարի մէջ, դպրոց բանալը, մամուլ, գրականութիւն ստեղծելը եղել է նրա ամենասիրած եւ ամենաառաջին գործը:
- Սիմոն Զաւարեան


1854-ին Պոլսոյ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ քարոզիչն է ան: Իր քարոզներուն նիւթը Հայաստանն է ու հայութիւնը:

Խրիմեան առիթով մը կը դիմէ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ հայազգի դէմքերուն եւ իր խօսքը սուլթանի վառօդապետին՝ Տատեան ամիրային ուղղելով կ'ըսէ.

Կը բաւէ՛ արքունիքին վառօդ մատակաբերես: Ամբարած վառօդներէդ քիչ մըն ալ Հայաստանի հայերուն տուր՝ թշնամիներու դէմ գործածելու համար:

Ապա, խօսքը արքունի ճարտարապետին՝ Պալեան ամիրային ուղղելով կ'ըսէ.

Կը բաւէ՛ սուլթանին համար պալատներ շինես, եկո՛ւր, քեզի Հայաստան տանիմ, հոն մեր նախնիներու աւերակներ շատ կան: Եկո՛ւր եւ նորոգէ՛ մեր փլած եւ կիսաւեր ամրոցները, բերդերն ու պալատները:

Խրիմեան եւ «Արծուի Վասպուրական»ը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խրիմեան անհրաժեշտ կը գտնէ ունենալ գրաւոր խօսք, մամուլ եւ տպարան: Հետեւաբար, Պոլսոյ ազդեցիկ հայ գերդաստաններու նիւթական աջակցութեամբ, 1855-ին ան կը սկսի հրատարակել «Արծուի Վասպուրական» ամսաթերթը, նպատակ ունենալով խօսիլ պատմական մեր հայրենիքին, անոր անցեալի բարգաւաճութեան, ներկայի դժբախտ վիճակին, հայրենաշէն հայ քաջերու եւ հայրենիքին վերաբերող հոգեւոր հարցերուն մասին[4]:

«Արծուի Վասպուրական»ի էջերէն Խրիմեան կը պայքարի պանդխտութեան դէմ եւ կոչ կ'ուղղէ հայրենադարձութեան: Ան աշխարհասփիւռ հայութենէն կը պահանջէ վերադառնալ հայրենիք եւ շէնցնել մեր պապերէն ժառանգ մնացած երկիրը:

Ան կը հաւատայ, որ հայութեան հոգեւոր եւ նիւթական բոլոր ուժերը պէտք է կեդրոնացնել Հայաստանի մէջ եւ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի հայը չլքէ հայրենի հողը, չհեռանայ «դրախտանման ոստան»էն: Ան սեփական ուժի կերտման պաշտպանն է: Կը մերժէ օտարին կապուած յոյսերը:

Այն ազգ եւ աշխարհ որ հայ չէ, մեզ հետ չի լար, այլ մեզ չէ պէտք օտարին լաց: Ես գիտեմ եւ դու գիտես, թէ սոսկ լալով ու ողբերով եթէ շաղախենք մեր հայրենեաց հող՝ հայրենիք չի շինուիր:

«Արծուի Վասպուրական»ը Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ 12 թիւ՝ Յունիս 1855-էն Յունիս 1856: Այնուհետեւ, ան կը փոխադրուի Վասպուրական: Խրիմեանի երազը կ'իրականանայ եւ հայ գաւառը կ'ունենայ իր առաջին թերթը:

Վասպուրականի մէջ, Խրիմեան կը ստանձնէ Վարագայ Վանքին վանահայրութիւնը: Անմիջապէս կը ձեռնարկէ բարեկարգութիւններու, կը հիմնէ տպարան, կը ստեղծէ գաւառի առաջին ժառանգաւորաց վարժարանը՝ դպրոցական դասարաններով, գրասեղաններով, գրատախտակներով, աշխարհագրութեան քարտէսներով եւ բնագիտական դասանիւթերով, ինչ որ նորութիւն էր Հայաստան աշխարհին մէջ:

Մասնակից կը դառնայ մեր Ազգային սահմանադրութեան մշակումին ու յարակից զարգացումներու եւ նուաճումներու։ Կը պայքարի ժողովուրդին ներազգային իրաւունքներուն ի խնդիր, ընդդէմ Օսմանեան ու Ռուսական կայսրութիւններուն։

1862-ին կ'ընտրուի Տարօնի առաջնորդ եւ կը փոխադրուի Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ վանք՝ իր հետ տանելով թերթը, վերանուանելով զայն՝ «Արծուի Տարօնոյ»[5]։

Խրիմեան Հայրիկ Վանեցի մտաւորականներու հետ

Տարօնի հայութեան իրավիճակին աւելի մօտէն ծանօթանալու համար, Խրիմեան ձին հեծած յաճախ շրջագայութեան կ'ելլէ Մշոյ դաշտին գիւղերը:

Ան կը շրջի գիւղէ գիւղ, կը ծանօթանայ թշուառ գիւղացիներու ստրկական վիճակին, տառապանքներուն, կը հիւրընկալուի անշուք ու կիսամութ խրճիթներու մէջ ու կը լսէ հայոց հալածանքներուն ու բռնութիւններուն ահաւոր պատմութիւնները:

Կը պատմուի, թէ այդ շրջագայութիւններուն ընթացքին, այն գիւղին մէջ ուր հիւանդի մը հանդիպէր վրան գլուխ մը Նարեկ կը կարդար: Երբ գիւղի մը մէջ յուղարկաւորութիւն ըլլար անձնապէս կը մասնակցէր: Երբ տեղ մը հարսանիք ըլլար ինքն ալ ժողովուրդին հետ շուրջպար կը բռնէր: Երբ իմանար, որ այս կամ այն գիւղը հարկահաւաքներ մտած են եւ բռնութիւններու կը դիմեն, անձնապէս կը միջամտէր եւ ոստիկանները կը հեռացնէր: Երբ տեղ մը քրտական հարստահարութիւններու մասին իմանար, քիւրտ բէկերուն մօտ կը միջնորդէր: Իսկ գիւղացիներու գլխուն պատուհաս հայ վաշխառուները անողոքաբար կը սանձէր:

Ան ամէնուրեք կը խօսէր ազգի, հայրենիքի, սիրոյ, համերաշխութեան, ուսման եւ կրթութեան մասին, կը թելադրէր, որ գիւղերուն մէջ դպրոցներ բացուին եւ մանուկները գրել կարդալ սորվին, խոստանալով որ առաջնորդարանը պիտի օժանդակէ գիւղական դպրոցներուն: Ան նաեւ  կ'արծարծէր ինքնապաշտպանութեան եւ հայրենեաց ազատութեան գաղափարները:

Իր շրջագայութիւններուն եւ տպաւորութիւններուն լոյսին տակ Մկրտիչ վարդապետ տեղեկագիրներ կը պատրաստէր, նկարագրելով Տարօնի հայութեան առօրեայ կեանքը եւ վկայութիւններ տալով ժողովուրդի տառապանքներուն մասին: Այդ տեղեկագիրները ան Պոլիս` պատրիարքարան կ'ուղարկէր, պահանջելով, որ ազդու միջամտութիւններ ըլլան պետութեան մօտ, վերջ տալու համար Տարօնի հայութեան տառապանքներուն:

Մկրտիչ վարդապետ մեծ աշխատանք կը տանի քիւրտ աւատատէր բէկերը համոզելու համար, որ վերջ տան թափառական կեանքին, աւարառութիւններուն, նստակեցութեան անցնին եւ զարկ տան հողագործութեան, իր կարգին խոստանալով քրտական գիւղերուն մէջ դպրոցներ բանալ եւ հայ ուսուցիչներ տրամադրել` քիւրտ մանուկներուն ուսում եւ դաստիարակութիւն տալու համար: Մկրտիչ վարդապետ կը խոստանայ նաեւ հայատառ քրտերէն քերականներ եւ դասագիրքեր հրատարակել[6]:

1869 - 1907 Պոլիս, Երուսաղէմ, Էջմիածին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1869-ին կ'ընտրուի Պոլսոյ պատրիարք, ուր կը գործէ երեք տարի։ Ժողովուրդը զինք կը կոչէ «Հայրիկ» ի յարգանս իր տարած հայրենասիրական գործերուն։

Մկրտիչ Խրիմեան

Իբրեւ պատրիարք՝ Պոլսոյ ազգային ժողովի քննարկման առարկայ կը դարձնէ 1860-ին ընդունուած Ազգային սահմանադրութեան վերանայման, գաւառահայութեան հարստահարութեան, գաւառներու հոգեւոր առաջնորդներու ընտրութեան հարցերը: Կը պայքարի գաւառական երեսփոխաններու թիւը Պոլսոյ հայոց ազգային ժողովին մէջ աւելցնելու համար: Անոր նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի գաւառահայութեան հարստահարութիւնը քննող յանձնաժողով մը, որուն կազմած տեղեկագիրը Պոլսոյ ազգային ժողովը 1872-ին կը ներկայացնէ Բարձր Դրան: Այդ գործունէութիւնը թրքական կառավարութեան եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայ մեծահարուստներու դժգոհութիւնը կը յարուցէ, որուն պատճառով Մկրտիչ արքեպիսկոպոս Խրիմեան 2 Հոկտեմբեր 1873-ին իր վերջնական հրաժարականը կ'ուղղէ Ազգային Ժողովի Դիւանին: Հրաժարական գիր մըն ալ կ'ուղղէ կառավարութեան: 13 Հոկտեմբերին հրաժարագիր մը կ'ուղղէ ազգային երեսփոխաններուն: Ան կ'ըսէր, որ իրեն համար այլեւս անհնար է մնալ աթոռի վրայ եւ քաշուելէ զատ ուրիշ որեւէ միջոց չունի ցոյցերուն եւ աղմուկին առաջքը առնելու համար: Հայրիկ կ'ըսէ, թէ Սահմանադրութիւնը կը թողու այնպէս ինչպէս գտաւ եւ կը մաղթէ, որ խաղաղութիւնը հաստատուի ազգին մէջ։ Ան կ'եզրափակէ ըսելով. «Կ'անցնի փոթորիկը, զի Յովնան ի ծով գնաց»:

Խրիմեանի հրաժարականէն ետք, Օրմանեան Պատրիարք հետեւեալը կը գրէ իր մասին.

Խրիմեան պատրիարք եւ Քրիստոստուր-Փափազեան վարչութեան ասպարէզէն քաշուեցան, բայց շատ տարբեր կերպերով: Խրիմեան իրաւ իբրեւ անվարչագէտ յայտնուեցաւ, բայց մարդը չպզտիկցաւ. անկեղծ միտքը, ուղիղ սիրտը, անշահասէր ընթացքը, ազգասէր նպատակը եւ առաքինասէր հոգին միշտ բարձր մնացին եւ կասկածի ներքեւ չինկան, եւ Հայրիկ փաղաքշական կոչումը եւս քանզեւս հաստատուեցաւ, եւ մեծ անունը եւ մեծ մարդը մե՛ծ մնաց միշտ: Ընդհակառակն, Քաղաքականը եւ իրեն կառավարած Ղալաթիոյ օճախը շահադիտական եւ ամբոխավարական եւ խծբծողական եւ անձնասիրական մեղադրանաց ծանրութենէն զինքն ազատել չկրցաւ, եւ իր համարատուութեան ստուար տետրն ալ զինքը չբարձրացուց, որուն մէջ հրատարակուած անհեռատես յիշատակագիրներ, ափյափոյ շրջաբերականներ եւ վայրկեանապէս յօրինուած հրահանգներ իրեն համար պատուոյ եւ արժանեաց փաստեր չեղան:


Պատրիարքութենէն հրաժարելէն ետք Մկրտիչ արք. Սկիւտարի Իճատիէ թաղին մէջ գտնուող ամայի տան մը մէջ կ'առանձնանայ: Անգործ մնացած վանեցի քանի մը պանդուխտներ իր մօտ կը փոխադրուին եւ կը ստանձնեն առտնին աշխատանքներ: Ընդարձակ սրահին մէկ կողմը անկողիններն էին: Գետինը սփռոց կը փռէին եւ հաւաքաբար կը ճաշէին:

Գուզկունճուքի նաւամատոյցին դիմացը գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ անշուք սենեակ մը կար, ուր յետոյ հոն կը փոխադրուի Հայրիկ: Բարեկամներ եւ գաւառացիներ այցելութեան կ'երթան եւ կը փորձեն համոզել զայն, որ Բերա փոխադրուի, բայց Հայրիկ կ'ըսէ.

Այստեղ հայրենիքիս մօտ եմ. այստեղ չկայ ծովը, որ Հայրիկն ու հայրենիքը իրարմէ բաժնէ:


Հայրիկ կը փափաքի Տարօն երթալ եւ շարունակել Ս. Կարապետի վանքի վանահայրութիւնը, բայց Ազգային ժողովը, «Ղալաթիոյ օճախ»ի ճնշումներուն վրայ, Խրիմեանէն կ'առնէ Ս. Կարապետի վանահայրութիւնը եւ օրինական արգելքներ կը յարուցէ, որպէսզի ան չկարենայ Հայաստան վերադառնալ: Խրիմեան բողոքներ կ'ընէ, իր եպիսկոպոսական ուխտն ու օծումը յառաջ կը բերէ իբրեւ Տարօնոյ եպիսկոպոս, եկեղեցւոյ օրէնքը կը յիշեցնէ, սակայն ի զուր: Հակառակ իրեն դէմ եղած բողոքներուն, նոյն օրերուն Րաֆֆի Թիֆլիս հրատարակուող «Մշակ» թերթին մէջ կը գրէր.

Խրիմեանը իւր կեանքում շատ անգամ մեծ գումարներ ձեռք ձգեց, բայց նա մնաց միշտ աղքատ, միշտ պարտքերի տակ խրուած. Խրիմեանը խիստ անփոյթ է դէպի իւր անձնական վայելչութիւնը, դէպի իւր անձնական բարեկեցութիւնը. նա իւր վրայ ոչինչ չէր վատնում: Նա որպէս անհաշիւ կերպով ստանում էր, նոյնպէս անհաշիւ կերպով սպառում էր։ Հանդիպած աղքատին Խրիմեանը պատրաստ էր իւր վերջին փարան տալ եւ ինքը սոված մնալ: Սեփականութիւնը նրա համար ոչինչ նշանակութիւն չունէր, երբ նա ծառայում էր ընդհանուրի օգտին: Խրիմեանը չէր ծնուած բարձր կոչման համար, որ պատրիարքական աթոռի վրայ փթթեցնէր իւր կեանքը: Խրիմեանը հոգւով բանաստեղծ է, իսկ սրտով առաքեալ: Նա յիշեցնում է մեզ հինգերորդ դարու անձնուրաց աբեղաներին, որք հոգեւոր զինուորութեան ցուպը ձեռքերնին կրած, հուրի եւ սուրի միջից անցնելով պտտում էին Հայաստանում, ուսում, գիտութիւն եւ կրօնք էին տարածում:

Խրիմեանը եռանդոտ, անհանգիստ եւ անվաստակելի բնաւորութիւններից մինն է: Նա սիրում է գործել, ընկնել, կանգնել եւ միշտ պատերազմել վտանգների մրրկածուփ խռովութեան հետ: Գնա՛ ազգի բարեկամ, ճակատագիրը կոչում է քեզ, պատրիարքութեան սահմանափակ շրջան քո տեղը չէ: Դո՛ւ, որպէս Իսրայէլը Բաբելոնում, միշտ կարօտում էիր քո նազելի Սալիմին - դա Վասպուրականն է: Գնա՛, կրկին սիրէ Վարագը, սիրէ Այգեստանի ուռիները, Արծիւը եւ Ժառանգաւորաց դպրոցը քեզ սպասում են:


Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ առանձնացած, Խրիմեան Հայրիկ օրն ի բուն կը կարդար ու կը գրէր: Հազիւ շաբաթը անգամ մըն ալ պտոյտի կ'ելլէր, կ'երթար Բերայի, Գում Գաբուի, Պէշիկթաշի եւ Ղալաթիոյ կողմերը, տեսնուելով բարեկամներու եւ գաւառացի պանդուխտներու հետ:

Կառավարութիւնը 3 Նոյեմբեր 1873-ին կ'ընդունի Մկրտիչ արքեպիսկոպոսի հրաժարականը:

Իբրեւ Պերլինի վեհաժողովի (1878) հայկական պատուիրակութեան ղեկավար՝ նախապէս կ'այցելէ եւրոպական մեծ տէրութիւններ (Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա) կը տեսակցի պետական պաշտօնեաներու հետ եւ կը փորձէ ձեռք բերել անոնց բարեացակամութիւնը Հայկական հարցին լուծման համար:

1878-ին կը նախագահէ Պերլինի վեհաժողովին մասնակցող հայ պատուիրակութեան նպատակ ունենալով հայկական վիլայէթներու մէջ բարենորոգումներու գործադրութեան օրակարգը։ «Սան Սթեֆանոյի» դաշնագիրին հայանպաստ 16-րդ յօդուածը կը դառնայ 61-րդ յօդուած Պերլինի ժողովին: Հիասթափելով վեհաժողովին արդիւնքներէն՝ կը փոխէ իր դիրքորոշումը եւ ժողովուրդին ազգային-ազատագրական պայքարի կոչ կ'ընէ, նշանաւոր «Հերիսայի կաթսան եւ երկաթէ շերեփ» ճառով։

Վեհաժողովին մէջտեղը դրուած էր մեծ կաթսայ մը Հարիսա, միւս պահանջատէր

պատգամաւորները քաշեցին իրենց սուրերը եւ իբրեւ երկաթէ շերեփ, խոթելով հարիսայի կաթսային մէջ՝ իրենց բաժին հարիսան առին, հպարտ եւ համարձակ հեռացան: Կարգն եկաւ հայոց պատգամաւորին. ես մօտեցայ եւ Ազգային Ժողովին կողմէ ձեռքս տրուած աղերսաթուղթը ներկայացուցի եւ աղերսեցի, որ իմ ամանս ալ լեցնուն հարիսան: Այնժամ կաթսային գլուխը սպասող մերձաւորներ հարցուցին ինձ .«Ո՛ւր է քու երկաթէ շերեփդ: Հոս հարիսա կը բաժնուի, բայց երկաթէ շերեփ չունեցողը չի կրնար անոր մօտենալ»: Է՜հ սիրելի ժողովուրդ Հայոց, ես կրնայի՞ հարիսայի կաթսային մէջ խոթել իմ թուղթէ շերեփս, որ պիտի թրջուէր ու հոն մնար: Ժողովուրդ Հայոց, անշուշտ լաւ հասկցաք, թէ զէնքը ինչ կրնար գործել եւ կը գործէ.... Ուրեմն

զէնք առնենք եւ դարձեալ զէնք: Ժողովո՛ւրդ, ամէնէն առաջ քու ազատութեանդ յոյսը քու վրադ դիր, քու խելքիդ ու բազուկիդ ուժ տո՛ւր»:
- Խրիմեան Հայրիկ


1879-ին Մկրտիչ Խրիմեան կ'ընտրուի Վասպուրականի հոգեւոր առաջնորդ, եռանդուն գործունէութիւն ծաւալելով նահանգին մէջ, կ'օժանդակէ Վանի «Սեւ խաչ» եւ Կարինի «Պաշտպան հայրենեաց» ազգային-ազատագրական գաղտնի կազմակերպութիւններուն ստեղծման ու գործունէութեան:

Խրիմեանի անուան հետ կապելով արեւմտահայ գաւառներու ժողովրդական յուզումները՝ 1885-ին Բարձր Դուռը զինք կը կանչէ Կոստանդնուպոլիս: Հակառակ խիստ հսկողութեան՝ այդտեղ նոյնպէս կը ծաւալէ հասարակական գործունէութիւն:

Ազգային ժողովը իր նախաձեռնութեամբ թրքական կառավարութեան կը ներկայացնէ երկու տեղեկագիր-բողոքագիր՝ հայ գաւառներու օրըստօրէ վատթարացող վիճակին մասին:

Հայրիկին հակառակորդները կը գրէին.

Պատրիարքնիս հակասահմանադրական ըլլալով տապալեցինք զինք: Խրիմեան հակապետական քայլեր կ'առնէր եւ բարեխնամ կառավարութեան սիրտը կը պղտորէր ազգին վրայ։ Պատրիարքը պատրիարքարանի դրամները անհաշիւ կերպով կը վատնէր աղքատներուն եւ պանդուխտներուն նպաստ տալով, իսկ պատրիարքարանի անունն ու դիրքը կը նսեմացնէր դրամ չծախսելով: Հայոց եկեղեցւոյ ոգւոյն դէմ կը գործէր եւ կ'առաջարկէր, որ հոգեւորականութիւնը նիւթապէս բարւօք վիճակ ունենայ: Գաւառներու մէջ ազգային սահմանադրութիւնը գործադրել տալուն նպատակն էր, որ Ազգային ժողովին ձայնը նուազ ըլլար: Գաւառական հարստահարութեանց խնդիրներու մասին այնքան կը խօսէր, որ քիչ մնաց ազգը վտանգի ենթարկել տար: Պատրիարքարանը ծանր պարտքերու տակ ձգեց եւ ինքն ալ պարտական մնաց ազգային սնտուկին: Պատրիարքարանի խորհրդականներ, խոհանոց եւ բանտը ջնջել տուաւ, որոնք անցեալէն կու գային:


15 Յուլիս, 1890-ին Գում Գաբուի ցոյցէն ետք թրքական կառավարութիւնը զինք կ'աքսորէ Երուսաղէմ:

Մկրտիչ Խրիմեան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մայիս 1892-ին կ'ընտրուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Սակայն սուլթանը չի համաձայնիր Խրիմեանը ազատ կացուցել թրքահպատակութենէն եւ միայն 13 ամիս ետք, Ռուսիոյ ցարին միջնորդութեամբ, անոր կը թոյլատրուի Ս. Էջմիածին երթալ: Յունիս 1893-ին ընտրութիւնը կը վաւերացուի եւ Սեպտեմբերի 26-ին կ'օծուի Ամենայն հայոց 125-րդ կաթողիկոս[3] ։

Մկրտիչ Խրիմեանի գերեզմանը՝ Էջմիածին

1895-ին կը մեկնի Ս. Փեթերսպուրկ, ներկայանալով Նիկոլա Բ. ցարին, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ խոստացուած բարենորոգումներու իրականացման խնդրագիրով մը: 1894-1896 արեւմտահայերու ջարդերուն ատեն, իր կարելին կ'ընէ նիւթապէս օգնելու գաղթականներուն, պայմաններ ստեղծելու հայրենի երկիր վերադառնալու համար:

Յատկանշական դէպքեր կը պատահին Հայրիկի գահակալութեան ատեն, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորն է՝ հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւումը ցարական իշխանութիւններուն կողմէ։ Հայրիկին եւ ժողովուրդին ընդդիմութիւնը կը պարտադրեն ցարին՝ ետ դառնալ իր որոշումէն։

Մկրտիչ Ա. Վանեցիի օրով, Ս. Էջմիածին վանքին մէջ կը կառուցուի նոր հիւրանոց մը, Սինոտի նոր շէնքը, թանգարան մը եւ նոր մատենադարան մը:

Հայրիկ կը մնայ կաթողիկոսական աթոռին վրայ մինչեւ իր մահը՝ 1907։

Հայ­րի­կին ա­ճիւն­նե­րը ի­րենց մնա­յուն դամ­բա­րա­նը կ'ու­նե­նան Ս. էջ­միածի­նի ­Մայր ­Տա­ճա­րին մուտ­քին[7]։

Երկերու մատենագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հրաւիրակ Արարատեան, Կ. Պոլիս, 1850, 96 էջ:
  • Հրաւիրակ երկրին աւետեաց, Կ. Պոլիս, 1851, 144 էջ:
  • Արծուի Վասպուրական, Վարագ, 1858, 332 էջ:
  • Մարգարիտ արքայութեանց երկնից, Կ. Պոլիս, 1866, 128 էջ:
  • Դրախտի ընտանիք (ի պէտս հայոց ընտանեաց), Կ. Պոլիս, 1876, 248 էջ:
  • Հրաւիրակ Արարատեան, Կ. Պոլիս, 1876, 136 էջ:
  • Մարգարիտ արքայութեանց երկնից: Յիսուսի վարդապետութեան համառօտ դասեր, Կ. Պոլիս, 1876, 144 էջ:
  • Յիսուսի վերջին շաբաթ: Խաչի ճառ եւ կորուսելոց յիմարութիւն, Կ. Պոլիս, 1876, 140 էջ:
  • Սիրաք եւ Սամուէլ, Կ. Պոլիս, 1878, 224 էջ:
  • Դրախտի ընտանիք (ի պէտս հայոց ընտանեաց), Կ. Պոլիս, 1887, 216 էջ:
  • Մարգարիտ արքայութեանց երկնից: Յիսուսի վարդապետութեան համառօտ դասեր, Կ. Պոլիս, 1887, 124 էջ:
  • Յիսուսի վերջին շաբաթ: Խաչի ճառ եւ կորուսելոց յիմարութիւն, Կ. Պոլիս, 1887, 141 էջ:
  • Սիրաք եւ Սամուէլ, Կ. Պոլիս, 1887, 181 էջ:
  • Դրախտի ընտանիք (ի պէտս հայոց ընտանեաց), Թիֆլիս, 1892, 252 էջ:
  • Հրավիրակ երկրին աւետեաց, Երուսաղէմ, 1892, 160 էջ:
  • Սիրաք եւ Սամուէլ, Թիֆլիս, 1892, 216 էջ:
  • Դրախտի ընտանիք (ի պէտս հայոց ընտանեաց), Թիֆլիս, 1893, 247 էջ:
  • Սիրաք եւ Սամուէլ, Թիֆլիս, 1893, 209 էջ:
  • Մարգարիտ արքայութեանց երկնից: Յիսուսի վարդապետութեան համառօտ դասեր, Էջմիածին, 1894, 154 էջ:
  • Յիսուսի վերջին շաբաթ: Խաչի ճառ եւ կորուսելոց յիմարութիւն, Վաղարշապատ, 1894, 185 էջ:
  • Պապիկ եւ թոռնիկ, Էջմիածին, 1894, 214 էջ:
  • Ժամանակ եւ խորհուրդ իւր, Թիֆլիս, 1895, 46 էջ:
  • Վերջալոյսի ձայներ, Գահիրէ, 1901, 80 էջ:
  • Օրացոյց 1901-ին Քրիստոսի, Վաղարշապատ, 1901, 256 էջ:
  • Դրախտի ընտանիք (ի պէտս հայոց ընտանեաց), Թիֆլիս, 1902, 247 էջ:
  • Սիրաք եւ Սամուէլ, Վաղարշապատ, 1902, 240 էջ:
  • Օրացոյց 1902 -ին Քրիստոսի, Վաղարշապատ, 1902, 256 էջ:
  • Օրացոյց 1903 -ին Քրիստոսի, Վաղարշապատ, 1903, 256 էջ:
  • Օրացոյց 1906 -ին Քրիստոսի, Վաղարշապատ, 1905, 256 էջ:
  • Դրախտի ընտանիք (ի պէտս հայոց ընտանեաց), Կ. Պոլիս, 1911, 176 էջ:
  • Ամբողջական երկեր, Նիւ Եորք, 1929, 872 էջ:
  • Պապիկ եւ թոռնիկ, Պէյրութ, 1957, 184 էջ:
  • Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ Խաչի ճառ, Անթիլիաս, 1983, 120 էջ:
  • Երկեր, Անթիլիաս, 1989, 356 էջ:
  • Երկեր, Երեւան, 1992, 448 էջ:
  • Յիսուսի վերջին շաբաթ: Խաչի ճառ եւ կորուսելոց յիմարութիւն, ա. տ., 2000, 69 էջ:
  • Դրախտի ընտանիք (ի պէտս հայոց ընտանեաց), Թեհրան, 2004, 156 էջ:
  • Դրախտի ընտանիք, Էջմիածին, 2009, 248 էջ:
  • Պապիկ եւ թոռնիկ, Էջմիածին, 2009, 336 էջ:
  • Սիրաք եւ Սամուէլ, Էջմիածին, 2009, 224 էջ:
  • Դրախտի ընտանիք, Էջմիածին, 2011, 248 էջ:
  • Պապիկ եւ թոռնիկ, Պէյրութ, 2011, 223 էջ:
  • Պապիկ եւ թոռնիկ, Նոր Ջուղա, 2014, 146 էջ:

Երկերու յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մուշեղ Իշխան, Արդի Հայ Գրականութիւն, Զարթօնքի շրջան, 1850 - 1885, Պէյրութ, 1980
  2. Աշճեան Մեսրոպ Արք., Էջեր Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութենէն, Նիւ Եորք, Ն. Ե., 1994
  3. Lynch H.F.G., Armenia Travels and Studies, Vol. II, London, 1901.
  4. Օրմանեան Մաղաքիա Արք., Ազգապատում, հտ. Գ, Պէյրութ, 1961
  5. Hovhannisian Richard G., Armenian Van/Vaspurakan, Costa Mesa, CA., 2000.
  6. Tootikian Vahan H. Rev. Dr., Highlights of Armenian Christendom, Southfield, MI., 2002
  7. Կոստանդեան Է. Ա., Մկրտիչ Խրիմեան (մահուան 90-ամեայ տարելիցի առթիւ).- «Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների», 1997, № 3, էջ 33-44։
  8. Կոստանդեան Է. Ա., Տարօնի հոգեւոր առաջնորդը.- «Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների», 1999, № 1, էջ 66-76։
  9. Կոստանդեան էմմա, Մկրտիչ Խրիմեան, ՀՀ ԳԱ հրատ, Երեւան, 2000, 440 էջ։
  10. Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցու բարենորոգութեան հիմնահարցը 1901-1906 թթ., Երեւան, 2012։
  11. Գաղափարի եւ Ազատութեան Ջահակիրը, «Արամ Մանուկեան» մատենաշար,թիւ 1,Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան,Պէյրութ,2018:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]