Jump to content

Մեսրոպ Արք. Աշճեան

(Վերայղուած է Մեսրոպ Աշճեան-էն)
Մեսրոպ Արք. Աշճեան
Ծնած է 3 Յունուար 1941(1941-01-03)[1]
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան[1]
Մահացած է 2 Դեկտեմբեր 2003(2003-12-02)[1] (62 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի[1]
Ուսումնավայր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք[1]
Princeton Theological Seminary?[1]
Մասնագիտութիւն քահանայ, հանրային գործիչ
Աշխատավայր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք[1]

Մեսրոպ Արք. Աշճեան (աւազանի անունը՝ Հրայր, 3 Յունուար 1941(1941-01-03)[1], Պէյրութ, Լիբանան[1] - 2 Դեկտեմբեր 2003(2003-12-02)[1], Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1], աճիւնները ամփոփուած են Անթիլիասի մէջ (Լիբանան), եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ, Արքեպիսկոպոս։ ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր դոկտոր (2001)։

Մեսրոպ Աշճեան ծնած է Պէյրութի մէջ։ Աւարտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը (1961, Անթիլիաս

  • 1962-ին ուսանած է Զուիցերիոյ մէջ:
  • 1963-ին ձեռնադրուած է վարդապետ:
  • 1964-1970 թուականներուն դասաւանդած է Անթիլիասի ու Հալէպի մէջ, եղած Դպրեվանքի տեսուչ եւ Պէյրութի Ազգ. Մարտիկեան վարժարանին տնօրէնը:
  • 1970-ին՝ մեկնած է ԱՄՆ եւ ուսանած է Նիւ Ճըրզիի Փրինսթոնի աստուածաբանական համալսարանին մէջ:
  • 1977-ին՝ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։
  • 1977-ին՝ վարած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սպահանի (Նոր Ջուղա), 1978-1998 թուականներուն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան նահանգներու եւ Քանատայի թեմերու առաջնորդութեան պաշտօնը:
  • 1978-էն լոյս ընծայած է «Աութրիչ» (անգլերէն) ամսաթերթը։
  • 1984-ին ստացած է Կարինթիայի ասպետական ընկերութեան հոգեւոր խորհրդատուի Ս. Գէորգի մեծ շղթան[2]։
  • 1990-ին Առուշանեանի հետ ստեղծած է «Վարարակն» հիմնադրամը եւ Արցախ ղրկած՝ սննդամթերք, վառելանիւթ, դեղորայք, նիւթապէս օժանդակած է շրջափակման մէջ գտնուող արցախցիներուն եւ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն։
  • 1992-էն նշանակուած է՝ «Մեծն Ներսէս» բարեգործական եւ «Արամ Մանուկեան» մշակութային ու հասարակական կազմակերպութիւններուն նախագահը։
  • 1993-ին Աշճեանի ջանքերով ստեղծուած է առաջնորդարանին հիմնադրամը։
  • 1996-2000 թուականներուն Ս. Էջմիածինի մէջ վարած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի գրասենեակին տնօրէնի պաշտօնը։
  • 2001-ին՝ եղած է «Մուղնի» հրատարակութեան հիմնադիր-տնօրէնը։

Մեսրոպ Աշճեան Մարդը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նորարար եւ խոհուն անձ մը եղած է ան, որ կը հաւատար Քրիստոսի պատգամին, թէ՝ «Մարդ է որ գործէ զերկիր»:

Իբրեւ ուսուցիչ, տեսուչ, առաջնորդ, հասարակական գործիչ եւ Քրիստոնեայ Հայաստանի 1700- ամեակի վարիչ քարտուղար, պաշտօնները չէին որ կը բնորոշէին իր «ընելիք»ը կամ կ'արժեւորէին զինք, այլ ինք էր որ նոր իմաստ ու սահմանում կու տար անոնց: Իր պաշտօնին մղիչ ուժը կը դառնար նորարարութեանց, կոթողական ծրագիրներու իրագործման, եւ այս ուղղութեամբ իրեն հետ զօրաշարժի կ'ենթարկէր ամէն տարիքի ու սեռի մարդուժեր:

Ազատ ու անկախ Հայաստանի երազը իր կեանքին ու առաքելութեան հետ շաղախած, ան նաեւ իր նուիրեալ մասնակցութիւնը կը բերէ հայրենակերտումի վեհ գործին: Ան իր կեանքին վերջին աւելի քան տասը տարիներուն Հայաստանի մէջ իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ, մեծապէս կը նպաստէ հայրենիքի հզօրացման: Նուիրումով կը ծառայէ, կը դառնայ կարիքաւորներու հայրը, կը կանգնի մտաւորականներու եւ զինուորներու կողքին:

Հայկական պատմական յուշարձաններու պահպանութեան հիմնադրամի նախագահ՝ Մեսրոպ Արք. Աշճեանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

10 Դեկտեմբեր, 1998-ին, նամակ մը կը յղէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր քարտուղար՝ Ֆետերիքօ Մայորին, ուր վերջինիս ուշադրութեան կը հրաւիրէ Նախիջեւանի մէջ Հին Ջուղայի (այժմ` Ջուլֆա) հայկական գերեզմանատան աւերման փաստը: Ան նամակին մէջ կ'ընդգծէ, որ «սա մտածուած ծրագիր մըն է, որուն նպատակը այս հնագիտական եւ պատմական արտակարգ վայրին ոչնչացումն է», եւ գերեզմանատունը կ'ենթարկուի կազմակերպուած աւերի` կամ Նախիջեւանի հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէ, կամ անոնց գաղտնի համաձայնութեամբ: Կը նշուի, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, որուն մաս կը կազմէ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ է, իսկ այս կազմակերպութեան սկզբունքներուն դէմ է դաշնակից պետութիւններուն մէջ ծաղկած քաղաքակրթութիւն ներկայացնող յուշարձաններու գիտակցուած աւերումը:

Հայկական պատմական յուշարձաններու հիմնադրամին նախագահը յոյս կը յայտնէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կը միջամտէ, «որպէսզի ազրպէյճանական իշխանութիւնները հետամուտ ըլլան անմիջապէս դադրեցնելու Ջուղայի գերեզմանատան քանդումը, եւ իրենց տեղը վերստին զետեղեն արդէն իսկ տեղափոխուած քարերը»:

  • Մեսրոպ Աշճեանի 20-ամեայ թեմակալութեան ընթացքին օծուած է տասներեք եկեղեցի, բացուած չորս վարժարան, հրատարակուած աւելի քան 60 կրօնական եւ պատմական գիրքեր (հայերէն, անգլերէն):
  • 1993-ին, Մեսրոպ Աշճեանի ջանքերով հիմնուած է առաջնորդարանի հիմնադրամը:
  • Մեսրոպ Աշճեան հեղինակ է հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով աստուածաբանական, հայագիտական, բարոյագիտական գրական եւ հրապարակախօսական ուսումնասիրութիւններու:
  • 26 Դեկտեմբեր 2003-ին, Մուղնի թաղամասով անցնող «Ազատութեան» խճուղին վերանուանուած է «Մեսրոպ Արք. Աշճեան Փողոց» անունով:

Մեսրոպ Աշճեան հեղինակ է հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով աստուածաբանական, հայագիտական, բարոյագիտական գրական եւ հրապարակախօսական ուսումնասիրութիւններու:

  • «Կեանքի եւ Հաւատքի Էջեր», Նիւ Եորք, 1993:
  • «Հանդիպումներ», Նիւ Եորք, 1993:
  • «Էջեր Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութենէն», 2 հրտ., Ե., 1994:
  • «Լուսաւորչի Լոյս Նշխարները», էջմիածին, 2000:
  • «Պահն Ու Յաւերժութիւնը», Երեւան, 2002:
  • «Արագահաս Սուրբ Սարգիս», Երեւան, 2002:
  • «Armenian Church Patristic and other Essays», N. Y., 1994.
  • «The Catholicosi of Etchmiadzin», N. Y., 1995.

Մեսրոպ Արք.-ին միտքերէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մենք, ճնշուած եւ փոքրիկ ազգի մը զաւակներն ենք, բայց Աստուած մեզի տուած է գերագոյն պարգեւ մը՝ Հայոց Եկեղեցին: Եկեղեցին՝ իր կոչումին մէջ ընդհանրական է, առաքելական է եւ սուրբ: Եկեղեցին՝ հաւատքի տուն է, նախօրինակը գալիք թագաւորութեան: Բայց, այս բոլորին հետ միասին՝ Հայոց Եկեղեցին մեր ժողովուրդին տունն է, Հայ մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան օճախը, եւ հարազատ մայրը՝ իր աւազանէն ծնած հայորդիներուն, որոնք՝ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը տեսնեն այն միակ հաստատութիւնը, որ դարերուն դիմացաւ: Կորսնցուցինք թագաւորութիւն, զօրք, ծիրանի, կորսնցուցինք երկիր եւ պատմութիւն, կորսնցուցինք մեր հազարաւոր տաճարները, ճարտարապետական սքանչելի կոթողները, բայց մնաց Հայոց Եկեղեցին իր Աստուածային հիմքով եւ բարոյական կառոյցով: Եւ նոյն այդ եկեղեցին է այսօր, զոր մեր ուսերուն շալկած իբրեւ մեր «Տապանակ Ուխտին», կը յառաջանանք դէպի լուսաւոր ապագայ, անոր մէջ դրած մեր հաւատքի սափորը, հայութեան մանանան, եւ յոյսի ծաղկած գաւազանը[3]:
- Մեսրոպ Արք. (22 Ապրիլ, 1982, ԱՄՆ)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 1,14 Karabakh War 1988–1994Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2004. — է. 66–67. — 865 է.
  2. Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր առաջին, Երեւան, 2005 
  3. Մեր Դժուար Ժամանակներու Մեծ Հայը
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։