Jump to content

Գաբրիէլ Այվազովսկի

Գաբրիէլ Այվազովսկի
Ծննդեան անուն հայ.՝ Ալեքսանդր Այվազյան
Ծնած է 10 (22) Մայիս 1812[1]
Ծննդավայր Թէոդոսիա, Տաւրիկեան նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 8 (20) Ապրիլ 1880[1] (67 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
 Իտալիոյ Թագաւորութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի[1] եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի[1]
Ուսումնավայր Ս. Ղազար կղզի[1]
Մասնագիտութիւն վանական, պատմաբան, թարգմանիչ, բանասէր, հանրային գործիչ, ուսուցիչ, քահանայ
Աշխատավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան[1]
Բազմավէպ[1]
Սամուէլ-Մուրատ Վարժարան[1]
Հայկազյան վարժարան?[1]
Մասեաց աղաւնի[1]
Խալիպեան Վարժարան[1]
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր[1], գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն

Գաբրիէլ եպս. Այվազովսկի (10 (22) Մայիս 1812[1], Թէոդոսիա, Տաւրիկեան նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 8 (20) Ապրիլ 1880[1], Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն[1]), եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ, բանասէր-պատմաբան, մանկավարժ եւ թարգմանիչ։ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (1830), վարդապետ (1834), եպիսկոպոս (1867) եւ արքեպիսկոպոս (1871)։ Ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի եղբայրը։

Ծնած է Թէոտոսիա, Խրիմ։ Նախահայրերը, 200 տարի առաջ, սերած են Լեհաստանի Կալիցիա նահանգէն եւ գաղթած՝ Այվազ մականունով հայ տոհմէ մը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թէոտոսիոյ գաւառական դպրոցը: 1826-ին Գաբրիէլ ուղարկուած է Վենետիկ, Ս. Ղազարու վանքը, ուր աւարտելով իր ուսումը, միացած է Մխիթարեան միաբանութեան։ Վարդապետ ձեռնադրուելով, իր ընդունակութեան եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է միաբանութեան մէջ։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկար ատեն վանքին եւրոպական եւ արեւելեան լեզուներու դասատուութեան պաշտօնները կը վարէ, ապա կը ստանձնէ նաեւ փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ուսուցիչի պաշտօնը, միաժամանակ կը վարէ միաբանութեան ընդհանուր քարտուղարի դժուարին պաշտօնը։ Վեց տարի շարունակ կը հրատարակէ «Բազմավէպ» ամսագիրը, զոր հիմնած էր 1843-ին։ 1848-ին, միաբանութիւնը զինք Փարիզի Մուրատեան վարժարանին տնօրէն կը նշանակէ։ 1854-ին, վարժարանին տնօրէնութիւնը ձգելով, Յարութիւն պէյի քով կը պաշտօնավարէ իբրեւ դասատու: Այդ շրջանին, Մխիթարեաններու եւ իր միջեւ հարց ու գժտութիւն կը ծագի, որուն պատճառով Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ գիրկը կը վերադառնայ։ Նոյն միջոցին, Այվազովսկի իր համախոհներէն Հ. Սարգիս Թէոդորեանի եւ Ամբրոսիոս Գալֆայեան- Գալֆայի (աւելի ուշ՝ իշխան Գուիտոն Լուսինեան) հետ Փարիզի մէջ կը հիմնէ «Հայկազեան» վարժարանը, զոր կը հարկադրուին փակել կարճ ժամանակէ մը ետք։

Գաբրիէլ վրդ. 1856-58-ին Փարիզի մէջ կը խմբագրէ ու կը հրատարակէ «Մասեաց Աղաւնի» պատկերազարդ հանդէսը, հայերէն եւ ֆրանսերէն։ Աւելի ուշ, կը մեկնի Պոլիս, ուրկէ կ'անցնի Թէոտոսիա, ուր Խալիպեանի ուսումնարանին տնօրէնութիւնը ստանձնելով, դարձեալ կը շարունակէ «Մասեաց Աղաւնի»ի հրատարակութիւնը «Աւետաբեր Հայաստանեայց» անունով՝ հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ «Խալիպեան» ուսումնարանին փակումէն ետք, Այվազովսկի շրջան մը կը մնայ Թէոտոսիա, ապա Գէորգ Դ. Կաթողիկոսին հրամանով՝ նախ Գէորգեան ճեմարանին տեսուչ, ապա Թիֆլիսի թեմական առաջնորդ կը նշանակուի։ 1867-ին, Այվազովսկի Էջմիածին երթալով, եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Գէորգ Դ.-ի ձեռամբ։ 1871-ին կը ստանայ արքեպիսկոպոսական աստիճան եւ Ս. Էջմիածին Սինոտի անդամ կ'ընտրուի։ Գաբրիէլ Արք. մեծ աշխատանք կը տանի «Խալիպեան» վարժարանին գոյքը եւ մատենադարանը Էջմիածին փոխադրելու, սակայն Խալիպեանի մահէն ետք, տպարանը եւ գոյքը Նախիջեւան կը փոխադրուին, իսկ մատենադարանը՝ Էջմիածին։

Գաբրիէլ Այվազովսկի հրատարակած է՝

  • «Յայտարարութիւն Անցից Մուրատեան Վարժարանին»,
  • «Պատմութիւն Վերադարձի Երից Վարդապետաց»,
  • «Ուրուագիծ Ոգւոյ Եւ Ընթացից Մխիթարեանց»,
  • «Խանգարմունք Հայերէն լեզուի»,
  • «Ուղղագրութիւն Լեզուիս Հայոց»,
  • «Հազար Մի Առակաւոր Բանք»,
  • «Լսարան»,
  • «Նախակրթարանք Հայոց Լեզուի»,
  • «Քրիստոնէական վարդապետութիւն Եւ Մարմնակրթութիւն»,
  • «Յաղագս Մարդկային Պարտուց»,
  • «Դասագիրք Մեկնութեան Խորհրդոյ» եւ այլն։

Այվազովսկիի ոճը այնքան հարուստ է, որ հայագէտներ վստահեցուցած են, թէ անոր օգտագործած գրաբար լեզուն՝ իր գեղեցկութեամբ, կը նմանի Ոսկեդարու ճոխ հայերէնին։ Այվազովսկիի գլխաւոր գործը երկհատոր «Պատմութիւն Օսմանեան Պետութեան»ն է (1842)։

Ունի շարք մը աստուածաբանական գործեր։ Տիրապետելով եւրոպական ու արեւելեան 12 լեզուներու՝ թարգմանական մեծ ժառանգութիւն ձգած է։

  • Իտալերէնէ թարգմանած է Սիլվիօ Պելլիքոյի «Բանաք իմ» վիպակը (1853),
  • ֆրանսերէնէ՝ Յովսէփ Տրոզի «Խորհրդածութիւնք» գիտական աշխատանքը (1854)
  • Ռուսերէնէ՝ Ի.Կռիլովի առակները (աշխարհաբար)։
  • Հայերէնէ իտալերէնի թարգմանած է Մովսէս Խորենացիի եւ Ագաթանգեղոսի Պատմութիւնները (1841, 1843)։

Ազգային պահպանողական հոսանքին ներկայացուցիչը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գաբրիէլ Այվազովսկի կը պատկանի պահպանողական հոսանքին աչքի զարնող գործիչներուն խաւին, որ իր աջակողմեան հայեացքներուն համար խորհրդային պատմագրութեան կողմէն բնութագրուած է իբրեւ յետադիմական եւ դասուած՝ արհեստածին կղերա-ամիրայական հոսանքին ներկայացուցիչներուն կարգին:

Իսկ կղերական Այվազովսկի եղած է իր օրերուն ամէնէն զարգացած եւ ազգին ապագայով մտահոգ մտաւորականը[3]: Պաշտպանած է կրօնաւորներուն եւ ունեւոր խաւերուն շահերը։ «Ազգասիրութեան» ու «միաբանութեան» կոչելով ազգը, դատապարտած է քաղաքացիական պատերազմը, ապստամբութիւնը, «անհնազանդութիւնը», յեղափոխութիւնը եւ բոլոր անոնք, որոնք կ'ընդդիմանային «օրհնաբանեալ տէրութեան» եւ «երկպառակութեամբ» կը հրահրէին ազգը։ Իր հա­մո­զում­նե­րուն հա­մար, բուռն պայ­քար մղած է ժա­մա­նա­կի ա­զա­տա­խոհ ու յե­ղա­փո­խա­շունչ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան դէմ եւ թի­րախ դարձած՝ ա­նոնց փո­խա­դարձ նոյն­քան բուռն քննա­դա­տու­թեանց, յատ­կա­պէս Զար­թօն­քի ­սե­րուն­դին կողմէ, ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի եւ Ս­տե­փան Ոս­կա­նի տա­րո­ղու­թեամբ ա­զա­տա­խոհ գրող­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Մ.Նալպանդեան իր երկերուն մէջ անհաշտ պայքար մղած է անոր յետադիմական հայեացքներուն դէմ եւ անխնայ քննադատութեան ենթարկած՝ անոր «քաղաքական կարգերու ընդհանուր պաշտպանութեան» սկզբունքները[4]։

Նորահաս սերունդին զարգացման վերաբերեալ Այվազովսկիի տեսակէտերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գ. Այվազովսկի կողմնակից էր, որ

Տղաքը ոչ միայն կրթութիւն առնուն, այլ եւ ազգային ըլլայ իրենց առած կրթութիւնը: Ուրիշ ամէն տեսակ հարկաւոր գիտութիւններէ եւ օգտակար լեզուներու վարժութենէ սակայն ազգային հայերէն լեզուն, այսինքն թէ՛ գրաբարը եւ թէ՛ աշխարհաբարը աղէկ սորվիլը ի հարկէ ամենայն ազգային դպրոցի ուսմանցը հիմը պիտի ըլլայ:

Զինք կ'անհանգստացնէր նաեւ մատաղ սերունդին կրթութեան մատչելիութիւնը եւ զայն խոչընդոտող ընկերային հարցերը.

Թէպէտ բնութեամբ յարմարութիւն շատ ունի ուսում առնելու եւ ամէն տեսակ գիտութիւն սորվելու, բայց կարողութիւնը ձեռք չի տար, որ իւր զաւակացը ուսմանն ու կրթութեանը համար մեծամեծ ծախքեր ընէ:Այս խնդրով բնականապէս այս մի միայն հնարքը կ'իյնայ մտքներինիս, որ ժողովրդոյ մէջ աղքատաց եւ չափաւոր հարստութեան տէր եղողներուն համար այնպիսի դպրոցներ պէտք է ունենալ որոց մէջ աղքատը ձրի ուսում առնի, իսկ միջակը ու հարուստը չափաւոր վճարք մը հատուցանեն»

Ան կը փորձէր ուսումը հասանելի դարձնել նաեւ համեստ դասակարգին:

Մայրենիին պաշտպանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այվազովսկի պահ­պա­նո­ղա­կան իր աշ­խար­հա­յեաց­քին հիմ­քին միշտ ար­մա­տա­ւոր եւ հաս­տա­բուն պա­հած է հա­ւատ­քի ու պաշ­տա­մուն­քի ծա­ռը մայ­րե­նիին, հա­յոց լե­զո­ւի եւ ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի ան­փո­խա­րի­նե­լիու­թեան[5]։ Ան շա­րու­նակ քա­րո­զած է.

­Լեզուն է ազգը միաւորող գլխաւոր բաղադրիչը, թէ որ մէկ բան մը կայ աշխարհիս վրայ, որ մարդուս ինչ ազգէ ըլլալը կ'իմացնէ ամէն տեղ ու ամէն ատեն՝ իր ազգային լեզուն է: Քանի որ ազգ մը իր լեզուն կը պահէ, թէպէտ եւ ուրիշ ամէն ազգային յատկութիւններն ալ կորսունցընէ` ազգութիւնը չկորսունցներ, իսկ լեզուն մէկդի ձգելուն պէս` ազգութիւնն ալ խիստ շուտ կը կորսուի: Ազգ մը իր բուն հայրենիքէն դուրս ըլլալը, հեռաւոր երկիրներ ցրուիլը, օտար տէրութիւններու տակ իյնալը, օտար սովորութիւններու եւ արարողութիւններու հետեւիլը նոր բան չէ, եւ ան ազգը իր ազգութենէն չհաներ, միայն լեզուն բաւական է իմացընելու թէ ինքը աս կամ ան ազգն է, եւ միայն աս ազգութեան նշանն է, որ ոչ դիպուածը եւ ոչ բռնութիւնը կըրնան վերցընել մարդուս վրայէն...: Լեզուն մէկ կերպով մը ազգին ազնուութեանը վկայականնէ...:

Ա­նոր մէջ միշտ իշ­խած է այն խոր հա­մո­զու­մը, որ ըմ­բոս­տու­թեամբ եւ յե­ղա­փո­խա­կան քայ­լե­րով կը վտան­գո­ւին հա­յոց ազ­գա­յին հա­ւատն ու լե­զուն, ո­րոնք ըստ իրեն. «հա­յօ­րէն գո­յա­տե­ւե­լու ա­մէ­նէն ա­պա­հով ու ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան­ներն էին»՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած դա­ժան բռնա­տի­րու­թեանց պայ­ման­նե­րուն տակ:

Մահացած է Թիֆլիս:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Յիշատակարան» (Վ. Գ. Զարդարեան)
  • Հ. Բարսեղ Սարգիսեան, Երկհարիւրամեայ գրականական գործունէութիւն եւ նշանաւոր գործիչներ Վենետկոյ Մխիթարեան Միաբանութեան, Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1905, էջ 145-160։
  • Նալբանդեան Մ., Երկու տող, ԵԼԺ, հ. 4, Ե., 1983։
  • Կարինեան Ա., Ակնարկներ հայ պարբերական մամուլի պատմութեան, հ.2, Ե., 1960։
  • Յովհաննիսեան Ա., Նալբանդեանը եւ նրա ժամանակը, հ. 1, Ե., 1955։
  • Միքայէլեան Վ., Ղրիմի հայկական գաղութի պատմութիւն, 1801–1917, Ե., 1970։