Ոսկեդար
Հայ գրականութեան ոսկեդար, 405 -ին Հայ գիրերու գիւտին յաջորդող ժամանակաշրջանն է, որ ընդգրկած է գրեթէ ողջ Ե. դարը, որուն ընթացքին կը ստեղծուին ժողովուրդին կողմէ կարեւոր գրական յուշարձաններ։ Քրիստոնէութիւնը կը տարածուի Թադէոս եւ Բարդողիմէոս առաքեալներուն միջոցով, որմէ ետք հայ հեղինակներուն գրած աշխատութիւնները կամ յունարէն կամ ասորերէն էին։ Ոսկեդարը կը սկսի Սահակ-Մեսրոպի առաջին աշակերտներէն, որոնք բացի թարգմանութիւններէն կը գրեն նաեւ իրենց անձնական գործերը։
Հայ առաջին պատմիչներն էին Ագաթանգեղոս, Փաւստոս Բիւզանդ, Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի եւ Մովսէս Խորենացի։Հայ առաջին թարգմանիչներն էին Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւը, Եկեղիացի, Յովսէփ Պաղնացի եւ Վանանդեցի։Հայ առաջին փիլիսոփաներն էին Եզնիկ Կողբացի եւ Դաւիթ Անյաղթ (Դաւիթ Արմենիոս)։
Պատմական Ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արշակունեաց հարստութեան անկման շրջանին, երբ հայ պետութիւնը երկուքի բաժնուած էր յունական եւ պարսկական տիրապետութեան ներքեւ, երբ վտանգի տակ էր հայ ժողովուրդին ազգային գոյատեւումը, երեւան կու գայ հայ մտաւորականութիւնը, որ նոր յենարանով կ'օժտէ Հայաստանը, գիրը եւ գրականութիւնը: Այնուհետեւ լեզուն, եկեղեցին եւ դպրոցը կը դառնան հայ ժողովուրդին ինքնաճանաչման եւ ինքնապաշտպանութեան ամուր բերդերը, որոնց շուրջ կը համախմբուի քաղաքականօրէն տկարացած հայ ժողովուրդը[1]: Ս. Մեսրոպ հնարելով հայերէն տառերը, հիմնովին կը փոխէ հայոց ազգային դիմագիծը: Եւ իր ստեղծագործ միտքին շնորհիւ, Իր աշակերտներուն հետ հայ եկեղեցւոյ լեզուն կը դարձնէ գրական լեզու եւ կը դառնայ առաջին ուսուցիչը եւ իր աշակերտները կ'որակէ իբրեւ առաջին թարգմանիչներ[2]:
Երէց եւ կրտսեր թարգմանիչները կարճ ատենուան մը ընթացքին հայութեան առջեւ կը բանան յոյն եւ ասորի դպրութեանց ամբողջ գանձարանը:
Առաջին անգամ կը թարգմանուի Աստուածաշունչը Ս. Մեսրոպի եւ Սահակի ձեռքով: Աստուածաշունչին թարգմանութիւնը նոր դարագլուխ մը կը բանայ հայ մշակոյթին զարգացման համար: Մեծ թիւով գիտնականներ կը պնդեն, որ անով կը սկսի բուն հայ մշակոյթը: Ան ոչ միայն հայ լեզուին յաղթանակն էր` թագուհի թարգմանութեանց, այլ նոր աշխարհի մը յայտնագործումը հայութեան առջեւ: Սրբազան այդ մատեանին մէջ մեր ժողովուրդը կը գտնէր իմաստասիրական, բանաստեղծական, պատմական, բարոյախօսական, յեղափոխական եւ կրօնական բազմաթիւ գիրքեր: Կորիւն անդրադառնալով Աստուածաշունչի թարգմանութեան արժէքին` կը գրէ.
Այն ժամանակ անպայման սքանչելի դարձաւ մեր երանելի եւ ցանկալի Հայաստան աշխարհը, ուր յանկարծ հայրենախօս դարձան օրինուսոյց Մովսէսը` մարգարէական դասին հետ, եւ առաջադէմ Պօղոսը` բոլոր առաքեալներու գունդով, Քրիստոսի աշխարհակեցոյց Աւետարանին հետ: |
Կորիւն եւ իր վկայութիւնը կը պատկանին հինգերորդ դարուն:Նիկողայոս Ադոնց այս մասին կը գրէ.
Հայերէն Աստուածաշունչը ազատեց հայութիւնը իրանական աշխարհին մէջ ձուլուելու վտանգէն: Ամրացուց քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ խաչին ճառագայթները հակադրեց յարձակողական մազդեզականութեան կրակին: |
Աստուածաշունչին հետ հետզհետէ կը թարգմանուին այդ օրերու ամէնէն հռչակաւոր հեղինակներու գործերը, մեծ մասամբ` կրօնական, դաւանաբանական, վկայաբանական եւ իմաստասիրական բովանդակութեամբ:
Շնորհիւ Թարգմանչաց առաքելական գործին` քրիստոնէութիւնը արմատ կը նետէ հայ կեանքի բոլոր խաւերէն ներս եւ մասնայատուկ նկարագիր կու տայ նաեւ մշակութային ստեղծագործութիւններուն: