«Բիւզանդական Հայաստան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (30) using AWB
No edit summary
Տող 63. Տող 63.


=== Վարչական բաժանմունք ===
=== Վարչական բաժանմունք ===
[[Պատկեր:ArmeniaBizantina-565-pt.svg|մինի|ձախից|Արեւմտեան Հայաստանի 4 նահանգները]]
[[Պատկեր:Բյուզանդական Հայաստան (565).svg|մինի|ձախից|Արեւմտեան Հայաստանի 4 նահանգները]]
[[Բյուզանդական կայսրություն|Բիւզանդական կայսրութիւն]], Բիւզանդական տիրապետութեան մէջ գտնուող [[Արեւմտեան Հայաստանը]] կ՛ընդգրկէ [[Փոքր Հայք]], Ներքին Հայք եւ [[Նախարարական Հայք|Նախարարական (Սատրապական) Հայք]] վարչական միութիւնները։
[[Բյուզանդական կայսրություն|Բիւզանդական կայսրութիւն]], Բիւզանդական տիրապետութեան մէջ գտնուող [[Արեւմտեան Հայաստանը]] կ՛ընդգրկէ [[Փոքր Հայք]], Ներքին Հայք եւ [[Նախարարական Հայք|Նախարարական (Սատրապական) Հայք]] վարչական միութիւնները։
[[Հռովմէական կայսրութիւն]]ը [[Փոքր Հայքը]] Դ. դարու վերջին բաժինն էր. [[Առաջին Հայք]] (Սեբաստիա կեդրոնով) եւ Երկրորդ Հայք (Մալաթիա Կեդրոնով) նահանգները։
[[Հռովմէական կայսրութիւն]]ը [[Փոքր Հայքը]] Դ. դարու վերջին բաժինն էր. [[Առաջին Հայք]] (Սեբաստիա կեդրոնով) եւ Երկրորդ Հայք (Մալաթիա Կեդրոնով) նահանգները։

16:39, 15 Յունիս 2020-ի տարբերակ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ պատմական երկիր Բիւզանդական Հայաստան, Բիւզանդիոնի իշխանութեան տակ գտնուող Մեծ Հայքի քանի մը նահանգները, ինչպէս նաեւ Փոքր Հայքի գաւառները։ Յստակ սահմաններ չեն եղած, որովհետեւ ատիկա միշտ փոփոխութեան ենթարկուած է։

Անիկա ստեղծուած է 387-ին Հայաստանի բաժանման ատեն, երբ Մեծ Հայքի շուրջ 20 առ հարիւրը, բարձր Հայքը, Ծոփքը, եւ Աղձնիքի մէկ մասը անցան Հռովմէական կայսրութեան գերիշխանութեան տակ (365-էն՝ Բիւզանդիոն), իսկ մնացածը՝ Սասանեան Պարսկաստանի գերիշխանութեան։ Անկէ ետք, Հայաստան երկրորդ անգամ բաժնուեցաւ, եւ կայսրութեան սահմանները ընդլայնեցան։ Այս վիճակը տեւեց մինչեւ արաբական արշաւանքները: Սակայն երբ Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնեցաւ, Բագրատունիներու իշխանութեան տակ, Պատմական Հայաստանի որոշ մասեր շարունակեցին մնալ Բիզանդիոնի իշխանութեան տակ։

Հայերը մեծ տեղ գրաւած էին կայսրութեան կազմին մէջ։ Բիւզանդիոնի մէջ եղած են բազմաթիւ Հայազգի կայսրեր եւ զօրավարներ։ Յայտնի զօրավարն էր Նարսէսը, իսկ կայսրերն էին՝ Հերակլիւսը, Վասիլ Ա. Մակեդոնացին, Ռոմանոս Ա.-ն, Յովհաննէս Ա. Չմշկիկն ու Նիկեփոր Փոկասը[1]: Բիւզանդացիները Հայաստանը կորսնցուցին 1071 -ին՝ Մանազկերտի Ճակատամարտէն ետք։

Արեւմտեան Հայաստանը Բիւզանդիոնի մէջ

Հայկական տարածքներէն մէկ մասը եւ Փոքր Հայքի գաւառները, Հռովմէական Հանրապետութիւնը նուաճած էր Ք.Ա. 70-ական թուականներու վերջը։ Հայ-Հռովմէական պատերազմէն (69 Ք.Ա.-66 Ք.Ա.) ետք, Արտաշատի պայմանագիրով (66 Ք.Ա.), Եփրատ գետը կը դառնայ Մեծ Հայքի եւ Հռոմի հանրապետութեան Ք.Ա.(27-ին՝ Հռովմէական Կայսրութեան) սահմանը։ Ժամանակի ընթացքին, այդ գաւառներու մէկ մասը կը նկատուի Արշակունեաց Թագաւորութեան մէկ մասը։ Պաշտօնապէս, Փոքր Հայքի ու Մեծ Հայքի այդ գաւառները կը նկատուին Հռովմէական Հայաստանի մէջ, որոնք Բիւզանդիոն կ՛անցնին Հայաստանի առաջին բաժանման ատեն։

Հայաստանի առաջին բաժանումը

Հռոմի վերջին կայսր՝ Թէոդոս Ա. Մեծը (379-392) եւ պարսիկ շահ Շապուհ Գ.-ը (384-388) 387-ին Հայաստանը կը բաժնեն իրենց միջեւ: Երկու կողմերը պայմանագիր մը կը ստորագրեն, որովհետեւ Մեծ Հայքի թագաւորութեան Արշակ Գ.-ի իշխանութեան տակ գտնուող շրջանները որպէս ենթակայ թագաւորութիւն կ'անցնին Հռոմին, իսկ Խոսրով Դ.-ի իշխանութեան տակ գտնուող երկիրը իբրեւ հպատակ թագաւորութիւն կ'անցնի Պարսկաստանի: Այս պատճառով, Մեծ Հայքի շրջանին եկած երկու թագաւորութիւնները կը դառնան կիսանկախ պետական միութիւններ։

Հռոմի կ'անցնի Մեծ Հայքի Արեւմտեան փոքր հատուածը՝ բարձր Հայք, Ծոփք եւ Աղձնիք նահանգները։ Փոքր Հայքը, ինչպէս յայտնի է, կ՛անցնի Հռոմին Հայ-Հռովմէական պատերազմ էն ետք։ Մեծ Հայքի մնացած 12 նահանգները կ'անցնին Պարսկաստանի: Սակայն Մեծ Հայքի թագաւորութեան իշխանութիւնը չի սահմանափակուիր այդ նահանգներով։ Շատ չանցած Ատրապատկանի սահմաններուն մէջ կ՛ընդգրկուին Պարսկահայկը եւ Փայտակարանը, որոնք աստիճանաբար կը զրկուին Հայկական ինքնութենէ եւ այլեւս երբեք որեւէ Հայկական իշխանութեան կամ թագաւորութեան մէջ չեն մտներ։ Աղուանքին կը միացնեն Ուտիքը, աւելի ուշ՝ Արցախը: Հայկական թագաւորութիւններէն կ՛անջատուին նաեւ Կորճայքը եւ Հայկական Միջագետքը:

389-ին Արշակ Գ. կը մահանայ։ Հռոմէացիները անմիջապէս կ'օգտուին այս առիթէն եւ կը լուծեն իրենց իշխանութեան մէջ գտնուող Հայկական թագաւորութիւնը։ Երեք նահանգները կը միանան Փոքր Հայքի եւ կը սկսին կառավարուիլ որպէս Հռովմէական սովորական նահանգ։ Անիկա կը պահպանէր մեծ ինքնավարութիւն։ Պարսիկ արքունիքը 387-ին իր ենթակայութեան տակ կ՛առնէ հայկական տարածքները զանոնք գրաւելով Արեւելահայկական Թագաւորութեան կողմէն[2]:

Մեծ Հայքը առաջին բաժանումէն ետք

Հայոց թագաւորութիւնը բաժնուելէ ետք, Բիւզանդիա (Հռովմէական Կայսրութեան 395-ի բաժանումէն ետք, յառաջացաւ Արեւելեան կողմը)։Սասանեան Պարսկաստան ամէն ձեւով կը ձգտէր սահմանափակել հայ իշխաններու իրաւունքները եւ երկրին մէջ տարածել իր պաշտօնական կրօնքը։ Սակայն Քրիստոնեայ Բիւզանդիան նոյն քաղաքականութեան հետ չէր։

Բիւզանդիա այս քաղաքականութեան հետեւորդ դարձաւ 451-էն ետք, երբ բիւզանդական մայրաքաղաքի՝ Կոստանդուպոլսոյ, մօտ գտնուող Քաղկեդոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ 4-րդ տիեզերական ժողովը։

Դաւաբանական վէճեր տեղի ունեցան Յիսուս Քրիստոսի մէկ կամ երկու բնութիւն ունենալու հարցին շուրջ։ Բիւզանդական հոգեւորականութիւնը ի վերջոյ դաւանեցաւ այն ուղղութիւնը, թէ Յիսուս Քրիստոս ունեցած է երկու բնութիւն, այսինքն՝ Ան միաժամանակ եղած է թէ՛ Աստուած, եւ թէ մարդ։ Քաղկեդոնի ժողովի հետեւորդները այնուհետեւ կոչուեցան երկաբնակներ կամ քաղկեդոնականներ: Վարդանանց ապստամբութեան պատճառով Հայ հոգեւորականները չմասնակցեցան Քաղկեդոնի ժողովին։ Ապա, երբ Բիւզանդացիները փորձեցին Հայերուն պարտադրել Քաղկեդոնի ժողովի որոշումները, Հայոց եկեղեցին վճռականօրէն մերժեց երկաբնակութիւնը։ Դուինի մէջ 506-ին, գումարուեցաւ եկեղեցական ժողով մը, որուն մասնակցեցան նաեւ Վրացի ու Աղուան եպիսկոպոսներ, ուր մերժեցին Քաղկեդոնի ժողովի որոշումները։ Այդ պատճառով ալ Հայերը սկսան կոչուիլ միաբնակներ կամ հակաքաղկեդոնականներ:

Պաշտօնապէս ընդունուած դաւանանքը Բիւզանդիոնի քաղաքականութեան իբրեւ գործիք կը ծառայէր։ Արեւելեան միւս Քրիստոնէական եկեղեցիները եւս մերժեցին Քաղկեդոնի ժողովի որոշումները։ Հայերը՝ միաբնակները ուղղուեցան դէպի ասորիները, ղպտիները եւ հապէշները։ Բիւզանդական եւ Արեւելեան եկեղեցիները վերջնականապէս բաժնուեցան իրարմէ։ Յաջորդ դարերու ընթացքին, եւս բիւզանդական եկեղեցին ամէն գնով կը ձգտէր իրեն ենթարկել Հայոց եկեղեցին եւ հայերուն պարտադրել քաղկեդոնականութիւնը, սակայն արդիւնքի չհասաւ:

Վարչական բաժանմունք

Արեւմտեան Հայաստանի 4 նահանգները

Բիւզանդական կայսրութիւն, Բիւզանդական տիրապետութեան մէջ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանը կ՛ընդգրկէ Փոքր Հայք, Ներքին Հայք եւ Նախարարական (Սատրապական) Հայք վարչական միութիւնները։ Հռովմէական կայսրութիւնը Փոքր Հայքը Դ. դարու վերջին բաժինն էր. Առաջին Հայք (Սեբաստիա կեդրոնով) եւ Երկրորդ Հայք (Մալաթիա Կեդրոնով) նահանգները։

Մեծ Հայքի 3 նահանգները, որոնք անցած են դէպի Բիւզանդացիները, կը մտնեն վարչաքաղաքական 2 նահանգներու մէջ. Ներքին Հայքը, որ կ՛ընդգրկէ Բարձր Հայքը եւ Նախարարական Հայքը (Ծոփքի ու Աղձնիքի տարածքը, ուր յառաջացած են 6 նախարարութիւններ՝ Մեծ Ծոփք, Փոքր Ծոփք, Անձիտ, Ագեղտուն, Յաշտեանք եւ Բալահովիտ գաւառներ)։ Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներուն մէջ, Հայ նախարարները կը պահպանեն իրենց ժառանգական, սեփական ռազմական ուժերը եւ աւանդական իրաւունքները։ Վիճակը կը փոխուի, երբ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գահ կը բարձրանայ Հուստինիանոս Ա. կայսրը:

Բիւզանդական Հայաստան Զ. դարուն

Հուստինիանոս կայսրը եւ Արեւմտեան Հայաստանը

Հուստինիանոս Ա. կայսրը (527-565) 529-ին ջնջած է Հայ նախարարներու սեփական զօրամասեր ունենալու իրաւունքը եւ զանոնք զրկած է իրենց ռազմական հզօրութենէն։ Կայսրութեան ենթակայ Հայկական բոլոր հողերը բիւզանդացի ռազմավարութեան գլխաւորութեամբ կը միացուին առանձին ռազմական շրջանի մէջ, որու կեդրոնը կը դառնայ Կարին քաղաքը։

Հուստինիանոս Ա

536-ին նոյնիսկ նախարարներու որդիներուն իրաւունքն էր պահել հաւասար կալուածներ։ Այս պատճառով կայսրութիւնը չի յաջողիր գործել իր մտադրութիւնները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ[3]:

Հայ նախարարները կը զրկուին վարչական եւ ռազմական իշխանութիւններէ, սակայն կը շարունակեն տիրել իրենց կալուածներուն։ Կայսրը երկու օրէնք կը հրատարակէ, որոնց նպատակը Հայ նախարարներու տնտեսական հզօրութիւնը թոյլցնել էր։ Ան կը խախտէ հին Հայկական աւանդութիւնը, եւ առանձին օրէնքով կալուածներ բաժին ստանալու իրաւունքներ կու տայ։

Հուստինիանոսի փոփոխութիւները պայմաններ կը ստեղծէին Արեւմտահայաստանի համար[4]:

Հայ իշխաններու ապստամբութիւնները

Հուստինիանոս կայսեր, զէնքի կը դիմէ բիւզանդական վարչակարգին դէմ։ Ամենամեծ ելոյթը տեղի կ'ունենայ 539-ին, Առաջին Հայքի մէջ։ Հայերը կը գլխաւորէ Յովհաննէս Արշակունին: Հայերը կը սպաննեն Բիւզանդական կառավարիչը։

Շուտով Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Սիտտաս զօրավարի գլխաւորութեամբ զօրքեր կ'ուղարկուին։ Ան, սկիզբը կեղծ խոստումներ կու տայ ապստամբներուն, սակայն չի յաջողիր եւ ապստամբութիւնը ճնշելու հրաման կու տայ։ Բայց Հայերը կը ջախջախեն ու կը հալածեն անոր զօրամասերը։ Կը սպաննուի նաեւ Սիտտատը:

Բիւզանդացիները նոր զօրաբանակ կ'ուղարկեն եւ դարձեալ կը փորձեն ճնշել ապստամբութիւնը։ Բիւզանդական զօրավարը սպաննել կու տայ ղեկավար Յովհաննէս Արշակունին:

Հայերը կը ձգտէին վրէժ լուծել Հուստինիանոսէն։ 548-ին անոր սպաննելու նպատակով Արշակ Արշակունին եւ սպանուած Յովհաննէս Արշակունիի որդին Արտաւանը դաւադրութիւն մը կը կազմակերպեն։ Սակայն անոնք կը ձախողին եւ կը բանտարկուին։ Կայսրը որոշ ժամանակ ետք զանոնք ազատ կ'արձակէ[5]:

Հայաստանի երկրորդ բաժանումը

Սասանեան Պարսկաստանի ու Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ 572-ին պատերազմ մը կը սկսի, որ 20 տարի կը տեւէ (572-591)։ Ռազմական գործողութիւնները կը կատարուին Հայաստանի մէջ։

Բանակի տաճար, Տայք

ի վերջոյ, 591-ին հաշտութիւն կը տիրէ, որովհետեւ Հայաստան երկրորդ անգամ կը բաժնուի իրենց միջեւ: Կայսրութիւնը կ'ընդլայնէ իր սահմանները. Բիւզանդիոնի կ'անցնին Տուրուբերանը, Տայքը եւ Այրարատի մեծ մասը։ Հայաստանի մէջ կը դժուարանան տնտեսական կապերը եւ անոնց զարգացումը[6]:

Մեծ Հայքի նահանգները կը սկսին նմանիլ Փոքր Հայքի։ Բիւզանդիոն չի գնահատեր այն մեծ աջակցութիւնը, զոր Հայերը կը ցուցաբերեն։ Կայսրերը կը շարունակեն ոչնչացնելու իրենց քաղաքականութիւնը։ Մորիկ կայսեր հրամանով հայ նախարարական գունդերը կը տեղափոխուէին հեռաւոր երկիրներ եւ կը կռուէին կայսրութեան թշնամիներու դէմ։

Պատկեր:Բյուզանդական կայսրությունը և Մանազկերտի ճակատամարտը.PNG
Բյուզանդական կայսրությունը
Մանազկերտի ճակատամարտից առաջ

Հայ զօրավարները սակայն, չէին ենթարկուեր Կայսեր հրամաններուն։ Հայ իշխաններէն Սմբատ Բագրատունի չենթարկուելով բիւզանդացիներուն, կը ձերբակալուի։ Սակայն ան կրկէսի մը ընթացքին կը սպաննէ իրեն դէմ արձակուած արջ մը, ցուլ մը եւ արծիւ մը, բիւզանդացի կայսրը կը ներէ զինք։[7]:

Արեւմտեան Հայաստան կը մնայ Բիւզանդիոնի տիրապետութեան տակ մինչեւ Արաբական Արշաւանքները: Հայկական տարածքները կը միանան, եւ Վրաստանի ու արդէն գոյութիւն չունեցող Աղուանքի հետ կը կազմուի նոր նահանգ մը՝ Արմենիոյ կուսակալութիւն՝ Արաբական խալիֆայութեան շրջանին։ Փոքր Հայքը, սակայն, կը շարունակէ մնալ Բիւզանդական կայսրութեան շրջանին մէջ։ 10-րդ դարու երկրորդ կիսուն եւ 11-րդ դարուն Բիւզանդիա իրեն կը համարէր Անիի թագաւորութեան տարբեր գաւառները։ Սակայն 1071-ին՝ Մանազկերտի ճակատամարտէն ետք, կայսրութիւնը կը զրկուի ոչ միայն հայկական տարածքներէն, այլեւ ամբողջ Փոքր Ասիայէն՝ նորաստեղծ Սելճուքեան սուլթանութենէն։

Ծանօթագրութիւններ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։

Կատեգորիա:Բիւզանդական Հայաստան