Արաբական Արշաւանքները Դէպի Պարսկաստան
Արաբական Արշաւանքները Դէպի Պարսկաստան | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|
Արաբական արշաւանքները դէպի Պարսկաստան | |||||||
| |||||||
| |||||||
Հակառակորդներ | |||||||
Սասանեան Պարսկաստան | Ռաշիտուն Խալիֆայութիւն | ||||||
Հրամանատարներ | |||||||
Յազկերտ Գ. | Ապու Պաքր Օմար |
Արաբական արշաւանքները դէպի Պարսկաստան (Պարսկաստանի իսլամական նուաճում, նաեւ Իրանի արաբական նուաճում[2]), Սասանեան Պարսկաստանի գրաւումը իսլամ արաբներու կողմէ 651-ին եւ Իրանի մէջ զրադաշտականութեան աստիճանական անկումը։
Իսլամութեան վերելքը կը զուգադիպի Պարսկաստանի քաղաքական եւ ռազմական անկման հետ։ Երկու գերհզօր կայսրութիւններ՝ Սասանեան Պարսկաստանն ու Արեւելահռոմէական կայսրութիւնը քսան տարի տեւած քայքայիչ պատերազմին հետեւանքով կը հիւծին։ Խոսրով Բ. Փարուէզի սպանութենէն ետք չորս տարուան ընթացքին գահ կը բարձրանան 10 տարբեր թեկնածուներ, վերջինը՝ Յազկերտ Գ., ութ տարեկան երեխայ։
Արաբները առաջին անգամ Սասանեան Պարսկաստանի վրայ կը յարձակին 633-ին, երբ զօրավար Խալէտ իպն Ուալիտ կը ներխուժէ Միջագետք (ներկայիս Իրաք), որ Սասանեաններու քաղաքական եւ տնտեսական կեդրոնն էր[3]: Սակայն Խալէտի դէպի բիւզանդական տարածք տեղափոխումը, պարսիկներուն թոյլ կու տայ հակայարձակման անցնելու եւ ետ բերելու կորսուած տարածքները։ Երկրորդ ներխուժումը կը սկսի 636-ին Սաատ իպն Ապի Ուաքասի գլխաւորութեամբ, որու օրով արաբները վճռական յաղթանակ կը տանին Քաթիսիոյ ճակատամարտին: Այդ պարտութեան հետեւանքով պարսիկները կը կորսնցնեն Իրանէն արեւմուտք ինկած տարածքները. Զագրոսի լեռնաշղթան նորաստեղծ արաբական Ռաշիտուն Խալիֆայութեան եւ Սասանեաններու միջեւ բնական սահման կը դառնայ։ Հակառակ անոր որ պարսիկները անդադար ասպատակութիւններ կ'իրականացնէին կորսուած տարածքներուն, 642-ին Խալիֆա Օմար կը հրամայէ նոր արշաւանք մը կազմակերպել դէպի Պարսկաստան: Անիկա վերջ կը գտնէ 651-ին, վերջինիս լիակատար պարտութեամբ եւ ներառմամբ Խալիֆայութեան կազմին մէջ։ Պարսկաստանի արագ նուաճումը, որ հնարաւոր կը դառնայ լաւ համաձայնուած եւ մեծ տարածութիւններ ունեցող տարբեր զօրաջոկատներու շնորհիւ, Օմարի մեծագոյն նուաճումն էր, որ անոր մեծ ռազմական եւ քաղաքական գործիչի հեղինակութիւն կու տայ[4]:
Իրանցի պատմաբանները, արաբական մէջբերումներ ընելով, կը պաշտպանեն իրենց նախնիները եւ տեսակէտ կը յայտնեն, որ «ի հակադրութիւն որոշ պատմաբաններու, պարսիկները արաբներու դէմ կռուած են երկար ու կատաղի»[5]։Արդէն 651-ին Իրանի քաղաքային բնակավայրերու մեծ մասը կը գտնուէր արաբներու իշխանութեան տակ. բացառութիւն կը կազմէին Տրանսօքսիանան եւ մերձ-կասպեան նահանգները: Հակառակ որոշ տեղերու մէջ կազմակերպուած տեղային դիմադրութեան, ոչ մէկը յաջողութեամբ կը պսակուի։ Արաբական տիրապետութեան օրով տեղի կ'ունենան տարբեր ապստամբութիւններ, սակայն ամէն անգամ Խալիֆային կողմէն ուղարկուած օգնական ուժերը կը յաջողին ճնշել խռովութիւնները։ Օրինակ կրնայ ծառայել Պուխարայի բազմաթիւ ձախող ապստամբութիւնները։ Սակայն Իրանի իսլամացումը աստիճանական գործընթաց էր։ Այդ ժամանակի ընթացքին տեղի կ'ունենան բազմաթիւ վայրագութիւններ, այդ թիւին մէջ զրադաշտական սրբազան ձեռագիրներու այրումն ու մոգերու սպանութիւնը[6]: Քաղաքական անկախութիւնը կորսցնելով, պարսիկները կը պահպանեն իրենց ազգային դիմանկարը պարսիկներու եւ պարսկական մշակոյթի շնորհիւ։ Հակառակ անոր, իսլամութիւնը վերջ ի վերջոյ գերիշխող կրօն կը դառնայ. շատեր զայն կ'ընդունէին քաղաքական, ընկերային, մշակութային կամ կրօնական պատճառներէ մեկնելով , իսկ ուրիշներ՝ հաւատալով իրենց ուղղուած յորդորներուն[7][8]։
Պատմագրութիւն եւ նորագոյն ուսումնասիրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երբ արեւմտեան պատմաբանները առաջին անգամ կը սկսին ուսումնասիրել դէպի Պարսկաստան արաբական արշաւանքներուն մասին, անոնք միայն կը հիմնուին հայազգի Սեբեոսի եւ հետագային գրուած արաբական աղբիւրներու վրայ։ Կարեւորագոյն աշխատանքներէն էր Արթիւր Քրիստենսենի 1944-ին Քոփընհեկընի եւ Փարիզի մէջ լոյս տեսած «L’Iran sous les Sassanides» գործը։
Սակայն վերջերս պատմաբանները կը սկսին կասկածիլ նուաճման աւանդական պատմութենէն։ Փարվանեհ Փուրշարիաթին 2008-ին լոյս տեսած իր «Սասանեան կայսրութեան անկումն ու կործանումը. Սասանեան-պարթեւական համադաշնութիւն եւ Իրանի արաբական նուաճում» (անգլ.՝ Decline and Fall of the Sasanian Empire: The Sasanian-Parthian Confederacy and the Arab Conquest of Iran) գիրքին մէջ նոր մօտեցում մը կը ներկայացնէ այս իրադարձութիւններու ուսումնասիրութեան նկատմամբ։
Փուրշարիաթիի տեսութեան հիմքը այն էր, որ ի հակադրութիւն ներկայիս տարածուած կարծիքին, Սասանեան Պարսկաստան բաւական ապակեդրոնացած էր. համադաշնութիւն մը կնքած էր պարթեւներուն հետ: Ըստ անոր, հակառակ Սասանեաններու տարած յաղթանակներուն, Բիւզանդական կայսրութեան դէմ, պարթեւները անսպասելիօրէն դուրս կու գան համադաշնութենէն, որովհետեւ պարսիկները ընդունակ չէին պաշտպանուելու իսլամներու յարձակումներէն[9]:Առաւել եւս հիւսիսային եւ արեւելեան հզօր պարթեւական ընտանիքները կը նահանջեն իրենց յենակէտերը, կը հրաժարին Սասանեաններուն հետ կռուելէ, առանձին հաշտութիւն կը կնքեն արաբներուն հետ։
Այս գործին միւս կարեւոր կողմը այդ աւանդական ժամանակագրութեան հերքումն է եւ նորին առաջարկումը։ Ըստ Փուրշարիաթիի, Միջագետքի արաբական նուաճումը տեղի կ'ունենայ «ոչ թէ 632-634 թուականներուն՝ վերջին Սասանեան արքայ Յազկերտ Գ.-ի գահ բարձրանալէն ետք (632-651), այլ 628-632 թուականներուն»»[10]: Այս կը նշանակէ, որ արաբական նուաճումները կը սկսին այն ատեն, երբ քաղաքացիական պատերազմ տեղի կ'ունենայ Սասանեաններու եւ պարթեւներու մէջ։
Սասանեան կայսրութիւնը մինչեւ նուաճում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք.ա. Ա.դարէն Հռոմէական կայսրութեան (հետագային Բիւզանդական կայսութեան) եւ Պարթեւաստանի (հետագային Սասանեան Պարսկաստան) միջեւ սահմանը կ'անցնէր Եփրատ գետէն: Բազմաթիւ պատերազմներ հիմնականին մէջ տեղի կ'ունենային հիւսիսային ժայռոտ շրջաններու կամ սուրիական անապատին մէջ։ Երկու կայսրութիւններուն համար հարաւէն եկող միակ վտանգը քոչուոր արաբներու ասպատակութիւններն էին։ Այդ իսկ պատճառով երկու կայսրութիւններն ալ կը դաշնակցէին փոքր կիսանկախ արաբական ցեղերու հետ, որոնք որպէս պաշտպանիչ ուժ կը ծառայէին քոչուորներու յարձակումներուն դէմ կռուելու։ Բիւզանդացիներու դաշնակիցներն էին քրիստոնեայ Ղասանիտները, իսկ Սասանեաններունը՝ հեթանոս Լախմիտները: Երկու արաբական փոքր իշխանութիւններն ալ մշտապէս կը պայքարէին իրարու դէմ, սակայն այդ երեւոյթը շատ քիչ կ'ազդէր Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի վրայ։ Զ. եւ Է. դարերուն, կարգ մը պատճառներու հետեւանքով, դարաւոր հաւասարակշռութիւնը կը խախտի։
Արաբական ենթակայ իշխանութիւններու ապստամբութիւնը (602)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թէեւ Ղասանիտները քրիստոնեայ էին, սակայն անոնք ընդունած էին միաբնակութիւնը եւ կը մերժէին կայսերական քաղկեդոնականութիւնը։ Իր հերթին Բիւզանդական կայսրութիւնը զիրենք աղանդաւորներ կը համարէր։ Երբ բիւզանդացիները կը փորձեն ճնշել միաբնակութիւնը, Ղասանիտները ալ աւելի կը հեռանան կայսրութենէն։ Լախմիտները իրենց հերթին կ'ապստամբին պարսից արքայ Խոսրով Բ..-ի դէմ։ Լախմիտներու առաջին քրիստոնեայ արքան կը փորձէ ազատիլ պարսկական գերիշխանութենէն, սակայն ան կը սպաննուի, իսկ Լախմիտներու տիրոյթները կ'ընդդիմանան Պարսկաստանի դէմ։ Խոսրովի սպանութեան հետեւանքով Լախմիտները դարձեալ կիսանկախ կը դառնան։ Ներկայիս ընդունուած է այն փաստը, որ Լախմիտներու թագաւորութեան գրաւումը պարսիկներու կողմէ Սասանեաններու անկման հիմնական պատճառներէն էր։ Ասիկա կը բացատրուի անով, որ Լախմիտները, Հիրայի ճակատամարտին պարտութիւն կրելով արաբներէն, համաձայն էին իսլամներու լրտեսները ըլլալու[11]:
Բիւզանդա-սասանեան պատերազմ (612–629)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երբ պարսից Խոսրով Բ. Փարուէզ կը ճնշէ Վահրամ Չոբինի ապստամբութիւնը, ամբողջ ուժը կը բանեցնէ իրեն օգնութիւն ցուցաբերած բիւզանդացիներուն դէմ։ Առաջին տասնամեակին ընթացքին ան կը հասնի մեծ յաջողութիւններու. պարսիկները գրեթէ կը վերականգնեն Աքեմենեան կայսրութիւնը (550–330 թուականներ):
Սակայն Բիւզանդական կայսրութիւնը, Հերակլիոս կայսեր ղեկավարութեամբ, 622-ին պատասխան հարուած կը հասցնէ եւ 627-ին Նինուէի ճակատամարտին բիւզանդական զօրքը կը ջարդէ Սասանեանները։ Անկէ ետք Հերակլիոս կը մօտենայ Սասանեաններու մայրաքաղաք Տիզբոնին: 629-ին Խոսրովի զօրավարներէն Շահրպարազ կը համաձայնի յետպատերազմեան սահմաններու վերականգնման։
Խոսրով Բ.-ի սպանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարտութեան հետեւանքով Խոսրով Բ. Փարուէզ 628-ին գահընկէց կ'ըլլայ եւ կը սպաննուի։ Անկէ ետք 628-632 թուականներուն միջեւ ինկած ժամանակահատուածին գահը կը գրաւեն 10 թագաւոր եւ թագուհի։ Անոնցմէ վերջինը՝ Յազկերտ Գ.-ը, Խոսրովի թոռն էր, սակայն գահ բարձրանալու ատեն ան հազիւ 8 տարեկան էր[12]։
Մուհամմէտի օրերուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ իսլամական աւանդութեան, 628-ին Մուհամմէտ բազմաթիւ նամակներ կը ղրկէ իշխաններուն, արքաներուն եւ ցեղապետերուն՝ կոչ ընելով ընդունելու իսլամութիւնը։ Աւանդութիւնը կը փաստէ, որ նամակները նոյն օրը կը հասնին Պարսկաստան, Բիւզանդական կայսրութիւն, Եթովպիա, Եմեն եւ Հիրա (Իրաք) [13]: Այս ամէնը, սակայն կասկածի տակ կը դրուին ներկայի պատմաբաններու կողմէ[14]: Յատկապէս այն փաստը, որ Խոսրով կրնար նամակ ստացած ըլլալ Մուհամմէտէն : Պարսկական արարողակարգերը չափազանց բարդ էին եւ դժուար թէ այն ժամանակ փոքր տարածքային ուժի առաջնորդի մը նամակը փոխանցուէր շահնշահին[15]:
Գրեթէ բոլոր աւանդութիւնները կը փաստեն, որ Խոսրով կատղած, կ'ոչնչացնէ նամակը. միակ տարբերութիւնը այն է, թէ ինչպէս ան կ'ոչնչացնէ[16]:
Խալիֆայութեան վերելքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մուհամմէտ կը մահանայ Յուլիս 632-ին եւ Խալիֆայի պաշտօնը կը ստանձնէ Ապու Պաքրը: Այս ընթացքին շարք մը արաբական ցեղեր կ'ապստամբին եւ Խալիֆան մինչեւ Մարտ 633 կը զբաղի խռովութիւններու ճնշմամբ։ 633-ին ամբողջ Արաբական թերակղզին կը գտնուի անոր տիրապետութեան տակ։
Ապու Պաքր իր որոշումներով եւ գործողութիւններով սկիզբ կու տայ աշխարհի ամենամեծ պետութիւններէն մէկուն[17]:Առաջին հակամարտութիւնը տեղի կ'ունենայ Սասանեաններու հետ։ Այստեղ արաբական զօրքի հրամանատարն էր Խալետ իպն ըլ-Ուալիտը։
Առաջին ներխուժումը Միջագետք (633)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախայարձակ կ'ըլլան թերակղզիին հիւսիս արեւելքին մէջ բնակող արաբական ցեղերը, որոնք կ'ասպատակեն Սասանեաններու տիրոյթ Միջագետքը: Շուտով Ապու Պաքր ինքզինք այնքան հզօր կը համարէ, որ յարձակում կը գործէ հիւսիս-արեւելքի մէջ գտնուող Սասանեաններուն վրայ, իսկ հիւսիս-արեւմուտքի մէջ Բիւզանդական կայսրութեան վրայ։ Ասիկա ունէր 3 պատճառ՝
- Նոր իսլամացած արաբներու եւ երկու կայսրութիւններու միջեւ կը բնակէին բազմաթիւ այլադաւան արաբական քոչուորներ եւ Ապու Պաքր յոյս ունէր, որ անոնք կ'օգնեն իրեն տարածելու իսլամութիւնը,
- Պարսիկներն ու հռոմէացիները ստիպուած էին վճարել ծանր հարկեր եւ Խալիֆան յոյս ունէր, որ աւելի թեթեւ հարկային քաղաքականութիւնը կը դրդէ անոնց ընդունելու զինք,
- Երկու գերպետութիւններու կողքին ըլլալով, կարելի չէր անգործ մնալ, քանի որ միշտ ալ կար անոնցմէ եկող մեծ վտանգ մը. Ապու Պաքր յոյս ունէր միաժամանակ յարձակումով ազատել ինքզինք այդ վտանգէն[18]:Ասպատակութիւններու շնորհիւ կամաց-կամաց կը հաւաքուի մեծ քանակութեամբ աւար։ Արաբները կ'օգտուէին իրենց հեծելազօրքին թեթեւութիւնէն եւ, արագ թալանելով, անմիջապէս կը վերադառնային անապատ, քանի որ շատ լաւ գիտէին, որ պարսիկները զիրենք մինչեւ հոն չեն հետապնդեր։ Այս յաջողութիւնները կը համոզեն Ապու Պաքրը, որ եկած էր նորաստեղծ Խալիֆայութեան սահմաններու ընդարձակման ժամանակը[19]:
Յաջողութիւն ապահովելու համար Ապու Պաքր կը յայտարարէ, որ Պարսկաստան արշաւող զօրքը կը կազմուի միայն կամաւորներէ եւ կը ղեկավարուի լաւագոյն իսլամ զօրավարի՝ Խալետ իպն ըլ-Ուալիտի կողմէ։ Ապու Պաքր կը հրամայէ սահմանային գօտիի արաբական ցեղերուն ենթարկուիլ Խալետի հրամաններուն, իսկ վերջինիս առջեւ կը դնէ Ալ-Հիրան գրաւելու նպատակը։ Մարտ 633-ի երրորդ շաբթուան ընթացքին Խալետ 10,000 հոգինոց զօրքով կը սկսի իր արշաւանքը։ Անոնց կը միանան նաեւ 8,000 արաբական քոչուորներ, այդպիսով զօրքին թիւը կը հասնի 18,000-ի։
Միջագետքի մէջ Խալետ մինչեւ Մայիս 633 կը նշէ չորս անընդմէջ յաղթանակներ։ Պարսկական արքունիքը կը գտնուի քաոսային իրավիճակի մէջ։ Մայիսի վերջին շաբաթը իսլամ արաբներուն համար կը յիշատակուի Հիրա կարեւոր քաղաքին պաշարմամբ եւ գրաւմամբ։ Մէկ ամիս տեւած հանգիստէն ետք, Յուլիսին, Խալետ կը պաշարէ Ալ Անպար քաղաքը։ Պաշարումը կը տեւէ քանի մը շաբաթ եւ Յուլիսին կ'իյնայ արաբներուն ձեռքը։ Այնուհետեւ Խալետ կը շարժի դէպի հարաւ, մէկ յաղթանակ եւս կը տանի եւ կը գրաւէ Այն ըլ Թամր քաղաքը։ Այդ պահուն Իրաքի մէկ մասը արդէն իսլամներու ձեռքը կը գտնուէր։
Շուտով Խալետ կը վերադառնայ Արաբիա եւ կը ջախջախէ ապստամբ արաբական ցեղերը։ Երբ ան Օգոստոսին կը վերադառնայ, կը պարզուի, որ պարսիկները մեծ զօրք կը հաւաքեն։ Ան կ'որոշէ ճակատամարտ մղել առանձին ջոկատներով, քանի դեռ անոնք իրարու չէին միացած։ Սասանեանները ունէին չորս ջոկատ, որոնք կազմուած էին պարսիկներէն եւ քրիստոնեայ արաբներէն: Խալետ հանճարեղ ծրագիր մը կը մշակէ. ան զօրքը կը բաժնէ երեք մասերու եւ գիշերով կը յարձակի պարսիկներուն վրայ երեք ուղղութիւններէ։ Պարսկական ամբողջ զօրքը կ'ոչնչացնէ մայրաքաղաք Տիզբոնը զայն ձգելով անպաշտպան։ Սակայն Խալետ նախ կ'որոշէ ոչնչացնել հարաւի եւ արեւմուտքի մէջ մնացած բոլոր պարսկական ուժերը։ Ան կ'արշաւէ սահմանային Ֆիրազ քաղաք, ուր ան յաղթանակ կը յայտարարէ Սասանեաններու, բիւզանդացիներու եւ քրիստոնեայ արաբներու միացեալ ուժերուն դէմ։ Ասիկա Միջագետքի նուաճման անոր վերջին ճակատամարտը կը համարուի։ Երբ Խալետ կը պատրաստուէր յարձակելու Տիզբոնի մօտակայքը գտնուող Քաթիսիա բերդին վրայ, Խալիֆան կը հրամայէ անոր անցնիլ Բիւզանդական կայսրութեան կողմը եւ Սուրիոյ նուաճումը սկսիլ[20]:
Երկրորդ ներխուժումը Միջագետք (636)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ապու Պաքրի կտակին համաձայն, անոր յաջորդ Խալիֆա Օմարը պէտք էր շարունակէր Միջագետքի եւ Սուրիոյ գրաւումը։ Սակայն Միջագետքի մէջ իրավիճակը ըստ օրէ կը վատանար։ Ապու Պաքրի օրով Խալետ իր 9000 հոգինոց զօրքին կէսը առնելով կը սկսի արշաւել դէպի Սուրիա։ Սակայն անոր հեռացումէն անմիջապես ետք պարսիկները կ'անցնին հակայարձակման։ Արաբները ստիպուած կը ձգեն գրաւուած տարածքները ու կ'անցնին սահմաններու պաշտպանութեան։ Օմարը օգնական ուժեր կ'ուղարկէ, սակայն անոնք կը ջախջախուին կամրջի ճակատամարտին: Պարսիկները չեն կրնար զարգացնել յաջողութիւնները եւ պարտութիւն կը կրեն Պուվայպի ճակատամարտին: 635-ին Յազկերտ Սասանեան դաշինք կը կնքէ բիւզանդական կայսեր Հերակլիոսի հետ։ Վերջինիս աղջիկը կ'ամուսնանայ Յազկերտին հետ։ Քանի դեռ Հերակլիոս կը պատրաստուէր մեծ արշաւանք կազմակերպելու Լեւանտ, Յազկերտ կը հրամայէ մեծ զօրք հաւաքել, որպէսզի դուրս մղէ արաբները Միջագետքէն։ Երկու միապետերը պէտք էր արշաւէին իսլամ արաբներու դէմ եւ յաղթէին անոնց։
Քաթիսիոյ ճակատամարտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օմար խալիֆա կը հրամայէ արաբական զօրքերուն նահանջել սահմանային շրջաններ. ան նպատակադրած էր նոր զօրք կազմել եւ դարձեալ արշաւել դէպի Միջագետք։ Օմար կը ցանկար անձամբ ղեկավարել զօրքը, սակայն Խալիֆային կից խորհուրդը դէմ կը կենայ այդ գաղափարին։ Խալիֆան Միջագետքի մէջ գտնուող զօրքերու գերագոյն հրամանատար կը նշանակէ Սաատ իպն Ապի Ուաքասը: Վերջինս Յունիս 636-ին կը ժամանէ Քաթիսիա։
Բիւզանդացիները իրենց յարձակումը կը սկսին Մայիս 636-ին, սակայն Յազկերտ չի յաջողիր ժամանակին հաւաքել զօրքը եւ օգնութիւն ցոյց տալ իր դաշնակիցներուն։ Օմար, այդ դաշինքին մասին տեղեկանալով, կ'օգտուի այդ ձախողութենէն։ Ան ուժերուն մեծ մասը կ'ուղղէ Բիւզանդական կայսրութեան դէմ Եարմուք գետի ափին։ Խալիֆան Յազկերտին կ'առաջարկէ իսլամութիւնը ընդունիլ եւ հաշտութիւն կնքել։ Հերակլիոս կայսրը հրամայած էր բիւզանդական զօրքերու գերագոյն հրամանատար հայազգի Վահանին չյարձակիլ արաբներուն վրայ, քանի դեռ ան չէր ստացած այդպիսի հրաման անձամբ կայսրէն։ Սակայն օգոստոս 636-ին Վահան կը յարձակի եւ պարտութիւն կը կրէ[21]:
Հակառակ Բիւզանդական կայսրութեան կրած պարտութեան, Սասանեան Պարսկաստան տակաւին կը մնար վտանգաւոր հակառակորդ մը։ Սասանեանները հաւաքած էին հսկայական բանակ մը իրենց կայսրութեան տարբեր անկիւններէն, իսկ զօրքը կը ղեկավարէին պարսից լաւագոյն հրամանատարները։ Բերուած էին նաեւ ռազմական փիղեր։ Սակայն երեք ամսուան ընթացքին պարսկական ամբողջ բանակը կը ջախջախուի Քաթիսիոյ ճակատամարտին, որմով կ'աւարտի Սասանեաններու գերիշխանութիւնը Պարսկաստանէն դէպի արեւմուտք[22]: Այս յաղթանակը կը համարուի իսլամութեան աճման վճռական կէտերէն մէկը, որուն շնորհիւ արաբները կը գրաւեն ամբողջ Միջագետքը։ Պարսից մայրաքաղաք Տիզբոնը կ'իյնայ երեք ամսուան պաշարումէն ետք՝ Մարտ 637-ին։
Միջագետքի նուաճումը (636–638)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տիզբոնի գրաւումէն ետք միաժամանակ քանի մը ջոկատ կ'ուղարկուի Բիւզանդական կայսրութեան հետ սահմանակցող Քարքիսիա եւ Հիթ բերդերու գրաւման համար։ Պարսկական բանակի որոշ մնացորդներ աշխոյժ էին Տիզբոնէն հիւսիս-արեւելք եւ Տիգրիսէն հիւսիս Տիկրիտի ու Մոսուլի մէջ։
Տիզբոնէն նահանջելով, պարսկական բանակը կը համախմբուի Տիզբոնի մօտակայքը գտնուող Ճալուլա բերդին մօտ։ Վերջինս ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունէր, քանի որ հոնկէ ճամբաները կը տանէին Միջագետք, Խորասան եւ Ատրպատական: Պարսկական ուժերը կը ղեկավարէր զօրավար Միհրանը, որու տեղակալներն էր Քաթիսիոյ մէջ պարսից զօրքերու հրամանատար Ռոստամի եղբայր զօրավար Ֆառուխզատ։ Օմար կ'որոշէ պարտութեան մատնել այս զօրքը, ապա արշաւել Տիկրիտ ու Մոսուլ: Ապրիլ 637-ին արաբական 12,000 հոգինոց զօրքը պարտութեան կը մատնէ պարսիկներու Ճալուլա բերդին մերձակայքը։ Այնուհետեւ իսլամները եօթը ամիս կը պաշարեն եւ կը գրաւեն Ճալուլան։ Անկէ ետք կատաղի դիմադրութիւն մը տեղի կ'ունենայ եւ Տիկրիտը կ'իյնայ։ Մոսուլը կը յանձնուի եւ ինքնակամ կ'ընդունի իսլամական գերիշխանութիւնը։ Ճալուլայի եւ Մոսուլ-Տիկրիտի գրաւմամբ ամբողջ Միջագետքը կ'անցնի արաբներու ձեռքը ։
Ճալուլայի մէջ ջախջախուած պարսկական զօրքը զօրավար Միհրանի գլխաւորութեամբ կ'ապաստանի Խանիքէն քաղաքի մերձակայքը։ Արաբները կը սկսին զանոնք հետապնդել եւ ջախջախել պարսիկները Խանիքէնի ճակատամարտին։ Պարսիկները կը նահանջեն Հուլուան: Արաբները կը պաշարեն եւ Յունուար 636-ին կը գրաւեն քաղաքը[23]: Արաբ հրամանատարը Խալիֆայէն կը խնդրէ թոյլ տալ, արշաւելու Պարսկաստանի խորքերը, սակայն Օմար կը մերժէ անոր խնդրանքը եւ անոր կը գրէ բաւական հետաքրքրական նամակ մը.
«Ես կ'երազեմ, որ Սուվատի եւ պարսկական բլուրներու միջեւ պատեր ըլլան, որոնք թոյլ չտան մեզի անոնց հասնիլ եւ անոնց ալ՝ մեզի[24]: Սուվատի բերրի հողերը կը բաւեն մեզի, եւ ես աւելի շատ կը ցանկամ իսլամներու անվտանգութիւն ապահովել, քան թէ ռազմական աւար հաւաքել:» |
Պարսիկներու ասպատակութիւնները Միջագետք (638–641)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փետրուար 638-ին վրայ կը հասնի ռազմական գործողութիւններու դադարեցումը։ Միջագետքը կը գտնուէր իսլամներու լիակատար վերահսկողութեան տակ։ Պարսիկները նահանջած էին Զագրոսի լեռնաշղթայէն արեւելք։ Սակայն պարսիկները չէին կորսնցուցած Միջագետքը ետ նուաճելու յոյսերը եւ կը շարունակէին ասպատակելու քաղաքականապէս անկայուն տարածաշրջանը։ Սկզբնական շրջանին թիւին մէջ էր Զագրոսի լեռնաշղթան, որ կը դառայ երկու պետութիւններու միջեւ նոր սահման մը։ 638-ին Պարսկաստանի եօթը մեծ իշխաններէն զօրավար Հորմուզան կը սատկացնէ յարձակումները Միջագետքի վրայ։ Օմար կը հրամայէ կասեցնել զինք եւ շուտով Հոմուզան կը ստիպուի հաշտութիւն կնքել արաբներուն հետ։ Սակայն Հորմուզան կը խախտէ պայմանագիրը եւ կ'ապստամբի, սակայն կը պարտուի։ 640-ի վերջը Յազկերտ օգնական ուժեր կ'ուղարկէ եւ Հորմուզ դարձեալ կ'արշաւէ արաբներու դէմ։ Տուստար բնակավայրի մօտակայքը Հորմուզան կը պարտուի, գերի կ'իյնայ եւ կ'ուղարկուի Մետինա: Այնտեղ ան կ'ընդունի իսլամութիւնը եւ կը դառնայ Խալիֆային խորհրդականը։ 644-ին Օմարի սպանութեան պատասխանատուներէն կը համարուի։ Յունուար 641-ին, քանի մը ամսուան պաշարումէն ետք, արաբները կը գրաւեն Շոշան։ Այնուհետեւ քանի մը շաբթուան պաշարման հետեւանքով կը յանձնուի Խուզիստանի վերջին ռազմական յենակէտը[25]:
Նահաուանտի ճակատամարտը (642)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խուզիստանի գրաւումէն ետք Օմար խաղաղութիւն կը ցանկար։ Հակառակ անոր որ Սասանեան Պարսկաստան բաւականաչափ թոյլցած էր, սակայն արաբներու միտքին մէջ տակաւին կը մնար ահարկու գերուժ։ Խալիֆան չէր ուզեր անիմաստ պատերազմիլ պարսիկներուն հետ։ Ան կը ցանկար Իրանի մնացած մասը ձգել պարսիկներուն։ Օմարի խօսքերէն.
Ես կ'երազեմ, որ մեր եւ իրանցիներու միջեւ կրակէ պատնէշ մը ըլլար, որպեսզի ոչ անոնք մեզի հասնէին, ոչ ալ մենք անոնց[26]: |
Սակայն պարսիկները այլ ձեւով կը մտածէին։ Կայսերական պարսիկներու հպարտութեան հարուած հասած էր արաբներու կողմէն եւ անոնք չէին կրնար թոյլ տալ իրենց հողերու գրաւման[27]:
637 -ին Ճալուլայի ճակատամարտին կրած պարտութեան հետեւանքով, Յազկերտ կ'անցնի Ռէյ, ապա նոր մայրաքաղաք՝ Մերվ, ուրկէ հրամաններ կը սկսի տալ իր զօրավարներուն անընդհատ ասպատակելու Միջագետքը։ Շահնշահը կոչով մը կը դիմէ ժողովուրդին եւ անոր կ'արձագանգեն բազմաթիւ մարդիկ ամբողջ կայսրութեան տարածքէն՝ տարիներ շարունակ ծառայած ռահվիրաներէն մինչեւ նորակոչիկները։ Բոլորը կը հաւաքուին Նահաուանտի մօտ տալու վերջին եւ ճակատագրական ճակատամարտը։ 100,000 հոգինոց պարսկական զօրքը կը դրուի Մարտան Շահի հրամանատարութեան տակ։
Օմար կը տեղեկանայ զօրքերու կեդրոնացման մասին եւ ստիպուած զօրք կ'ուղարկէ անոնց դէմ[28]: Խալիֆան կը հասկնայ, որ քանի դեռ պարսիկները պետականութիւն ունին, անոնք մշտապէս կը փորձեն ետ գրաւել կորսնցուցած տարածքները։ քանի մը արաբական զօրքերու կը հրամայեն հաւաքուելու Նահաուանտի մօտ։ Հակառակ անոր որ Օմար դարձեալ կը փափաքի անձամբ ղեկավարել զօրքը, անոր խորհուրդ կու տան մնալ Մետինա եւ զօրքերու հրամանատար նշանակել որեւէ փորձառու զօրավար մը։ Դեկտեմբեր 642-ին պարսիկները ջախջախիչ պարտութիւն կը կրեն Նահաուանտի ճակատամարտին։ Անոնցմէ ետք արաբները դիւրութեամբ կը գրաւեն Համատանը։
Պարսկաստանի նուաճումը (642–651)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քանի մը տարի ետք Օմար կ'ընդունի նոր, յարձակողական ռազմավարութիւն մը[29] եւ կը պատրաստուի աւարտին հասցնել Սասանեան Պարսկաստանի նուաճումը։ Նահաուանտի ճակատամարտը իսլամական պատմութեան ամենավճռական յաղթանակներէն մէկը կ'ըլլայ [30]: Ճակատամարտը Պարսկաստանի նուաճման բանալին կը դառնայ։ Պարտութենէն ետք Յազկերտ կը շրջի ամբողջ երկրի տարածքին եւ կը փորձէ նոր զօրք մը հաւաքել։ Սակայն չի յաջողիր։ Օմար կը փորձէ բռնել կամ սպաննել Յազկերտը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Փուրշարիաթի (2008), էջ. 469
- ↑ http://www.iranicaonline.org/articles/arab-ii
- ↑ «Հիշողության և ցանկության միջև. Մերձավոր Արևելքը անհանգիստ դարաշրջանում» (էջ. 180) (անգլերէն՝ Between Memory and Desire: The Middle East in a Troubled Age)
- ↑ «Պարսկաստանի իսլամական նվաճումը» (անգլերէն՝ The Muslim Conquest of Persia), Ա. Ի. Ակրամ գլուխ 1: ISBN 978-0-19-597713-4, 9780195977134
- ↑ Միլանի Ա., «Կորցված իմաստություն» (անգլերէն՝ Lost Wisdom): 2004 ISBN 978-0-934211-90-1 p.15
- ↑ (Բաալդորի, Ֆութուհ, էջ 421; Բիրունի, Աթար, էջ 35)
- ↑ Մուհամմադ Մուհամմադի Մալայերի, «Թարիխ-ի Ֆառհանգ-ի Իրան» (Իրանի մշակութային պատմությունը). 4 հատոր. Թեհրան. 1982
- ↑ ʻԱբն ալ-Հուսայն Զարինքուբ (1379 (2000))։ Դու քարն-ի սուկուտ. սարգուզաշտ-ի հավադիս վա ավզա-իտարիկհի դար դւ քարն-ի ավվալ-ի իսլամ (Լռության երկու դար)։ Թեհրան: Sukhan։ OCLC 46632917
- ↑ Փարվանեհ Փուրշարիաթի, «Սասանյան կայսրության անկումն ու կործանումը. Սասանյան-պարթևական համադաշնություն և Իրանի արաբական նվաճում», Ի. Բ. Տավրիս, 2008
- ↑ Փարվանեհ Փուրշարիաթի, «Սասանյան կայսրության անկումն ու կործանումը» (Ի. Բ. Տավրիս, 2008) (էջ. 4)
- ↑ Իրաքն իսլամական նվաճումից հետո, Միքայել Ջ. Մորոնի, էջ 233
- ↑ http://www.iranicaonline.org/articles/sasanian-dynasty
- ↑ «Գաղթի յոթերորդ տարվա իրադարձությունները»։ Ahlul Bayt Digital Islamic Library Project]։ արտագրուած է՝ 2007-04-03
- ↑ Լեոն Կայետանի, Annali dell' Islam, հատոր 4, էջ. 74
- ↑ Լեոն Կայետանի, Annali dell' Islam, հատոր 2, գլուխ 1, պարբերություն 45–46
- ↑ 'Մ. Մորոնի, Իսլամի հանրագիտարան, հատոր V, 1980 թ., էջ 185
- ↑ Ֆրեդ Մ. Դոններ, Մ«ուհամմադն ու հավատացյալները. իսլամի ակունքները» (անգլերէն՝ Muhammad and the Believers: At the Origins of Islam), Harvard University Press, 2010, ISBN 978-0-674-05097-6 [1]
- ↑ Աքբար Շահ Նաջիբաբադի, «Իսլամի պատմություն», B0006RTNB4
- ↑ Թաբարի, հատոր 2, էջ 554
- ↑ Ակրամ, գլուխներ 19–26
- ↑ Սերաթ-ի-Հազրաթ Ումար-ի-Ֆարուք, Մուհամմադ Ալիաս Աադիլի կողմից, էջ 67
- ↑ Պարսկաստանի իսլամական նվաճումը, Ա. Ի. Ակրամ, գլուխ 5 ISBN 978-0-19-597713-4, 9780195977134
- ↑ Ակրամ Ա. Ի.։ «6»։ Պարսկաստանի իսլամական նվաճումը։ ISBN 978-0-19-597713-4
- ↑ Հայկալ Մուհամմադ Հուսայն։ «5»։ Ալ Ֆարուք, Ումար։ էջ 130
- ↑ Պարսկաստանի իսլմական նվաճումը, Ա. Ի. Ակրամ, գլուխ 7 ISBN 978-0-19-597713-4, 9780195977134
- ↑ Պարսկաստանի իսլամական նվաճումը, Ա. Ի. Ակրամ By A.I. Akram. Ch: 8 ISBN 978-0-19-597713-4
- ↑ Իսլամական ճարտարապետության բառարան, Անդրյու Պետերսեն, էջ 120
- ↑ Հռոմի թշնամիները 3. Պարթևներն ու Սասանյանները, Պիտեր Վիլկոքս, էջ 4
- ↑ Ալ Ֆարուք, Ումար, Մուհամմադ Հուսայն Հակալ. գլուխ 18, էջ 130
- ↑ Պարսկաստանի իսլամական նվաճումը, Ա. Ի. Ակրամ, գլուխ 10, ISBN 978-0-19-597713-4