Jump to content

Ստեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)

Ստեփան Զօրեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Ռոստոմ
Ծնած է 18 Յունուար 1867(1867-01-18)[1]
Ծննդավայր Ցղնա, Նախիջևանի գավառ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 19 Յունուար 1919(1919-01-19)[1] (52 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Վրաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Ազգութիւն Հայ[2][1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Մոսկուայի Պետրովսկի Գիւղատնտեսական Ակադեմիա[1]
Մասնագիտութիւն հանրային գործիչ, քաղաքական գործիչ, գրագէտ
Աշխատավայր Դրօշակ[1]
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն[1]

Ռոստոմ (18 Յունուար 1867(1867-01-18)[1], Ցղնա, Նախիջևանի գավառ, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 19 Յունուար 1919(1919-01-19)[1], Թիֆլիս, Վրաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն[1]), Հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն։

Ռոստոմ, Աւազանի անունով՝ Ստեփան Զօրեան, ծնած է Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղը 18 Յունուար 1867-ին։ Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ եղած է։ Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ, ապա անցած է Թիֆլիսի Բէգլարեան մասնաւոր դպրոցն ու պետական ռէալական վարժարանը եւ, այնուհետեւ, Վարշաւայի մերձակայ Նովօ–Աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական ճեմարանն ու Մոսկուայի Պետրովսկայա Գիւղատնտեսական ճեմարանը։

Ուսանողական բողոքի քայլերու եւ ցոյցերու աշխոյժ մասնակցութեան եւ կազմակերպման համար, Ռոստոմ ռուս ցարական իշխանութիւններէն երկու անգամ ձերբակալուած ու աքսորուած է:

Յեղափոխական միտք ու հաւատք տարածած է, որպէս մտաւորական ուսուցիչ ու խմբագիր։ Միաժամանակ եղած է յեղափոխական մարտական գործիչ՝ որպէս զէնք եւ ռումբ պատրաստող, ինչպէս նաեւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան կռուի կազմակերպիչ։

Բծաւոր տիֆէ վարակուած եւ անբուժելի թոքատապի մատնուած ու մահացած է 1919 Յունուար 18-էն 19-ի լուսցող գիշերը, Թիֆլիսի մէջ։

Ռոստոմ՝ Դաշնակցականը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմանդիրները՝ Ստեփան Զորեան, Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեան։

Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան կրտսերագոյն անդամն է Ռոստոմ (աւազանի անունով Ստեփան Զօրեան)։ 1890-ի ամրան Թիֆլիսի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի հիմնադիր ժողովին մասնակցած չըլլալով հանդերձ՝ (Մոսկուայի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով) իր շեշտակի դրօշմին կը նկատուի ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստող խմորումներուն, այլեւ՝ 1890-1919 երեսնամեակի հայոց պատմութեան եւ ՀՅԴ-ի գործունէութեան գլխաւոր բոլոր փուլերուն վրայ։

Ռոստոմի մտայղացումով է, որ 1890-ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը իր անունը կը սղէ, սկիզբը կը ներկայանայ իբրեւ Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութիւն, իսկ 1892-ին կը վերածուի պարզապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։

Ռոստոմի գրիչով է, որ նորաստեղծ Դաշնակցութեան անդրանիկ ծրագիրը իր աւարտուն տարազումը կը ստանայ՝ Ք. Միքայէլեանի եւ Ս. Զաւարեանի միասնական ստորագրութեամբ ճամբայ հանուած «Այբուբեն» ծրագրային յօդուածաշարքը ամբողջացնելով եւ հայ ժողովուրդին ներկայացնելով իբրեւ «Ընդհանուր տեսութիւն» ու ՀՅԴ-ի ծրագիր։

Նոյնպէս Ռոստոմի ուղղակի ձեռքն է, որ կ'երեւի Դաշնակցութեան զինանշանի լուսապատկերին վրայ՝ ամրօրէն բռնելով ու միաձուլելով հայ մշակին, մտաւորականին եւ ռազմիկին ազգային ու յեղափոխական միասնութիւնը խորհրդանշող բահը, սուրն ու փետրագրիչը։

Ռոստոմի անունին կապուած են հետեւեալ իրագործումները. -

  • Կը հզօրացնէ եւ զէնքի ու զինամթերքի Դաշնակցութեան ուրոյն արտադրամաս-պահեստանոցին կը վերածէ ՀՅԴ-ի առաջին զինագործարանը Սալմաստի մէջ։
  • Կ'ապահովէ եւ կը կանոնաւորէ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի անխափան հրատարակութիւնը։
  • 1890-ականներու երկրորդ կիսուն, երկրի տարածքին հայ դպրոցական ցանցը կ'ընդարձակէ ու կ'ուժեղացնէ։
  • Նոյն ժամանակաշրջանին, Պալքաններու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, կ'իրագործէ Հայ Յեղափոխական շարժման եւ տարբեր ազգերու յեղափոխական ուժերուն միջեւ ռազմավարական գործակցութեան առաջացումն ու ամրապնդումը։
  • 1903-ին գլխաւոր մղիչ ուժը կ'ըլլայ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման եւ ընդհանրապէս ռուսացման հետամուտ ցարական քաղաքականութեան դէմ ծաւալած համաժողովրդային բողոքի շարժումին։ Յատկապէս վճռորոշ կ'ըլլայ Ռոստոմի դերակատարութիւնը օրուան ամենայն հայոց կաթողիկոսին՝ Խրիմեան Հայրիկին ուժ եւ նեցուկ կանգնելու առումով։
  • 1903-էն-1905, Դաշնակցութեան կովկասեան կազմերուն կողմէ կ'որդեգրուի ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ նոր դարաշրջան բացած «Կովկասեան Նախագիծ»-ին, որուն դարբինը կը հանդիսանայ Ռոստոմ, արեւմտահայութեան ազգային-ազատագրումի Դատին զուգահեռ յառաջ մղելով նաեւ արեւելահայութեան հասարակական ազատագրումի դատը՝ առաջքը առնելու համար «Առանց հայու Հայաստան» ունենալու ցարական կործանարար քաղաքականութեան։
  • 1905-ին, Ցարական իշխանութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, Ռոստոմ կը ստանձնէ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին ընդհանուր ղեկավարումը։
  • Ռոստոմ առանցքային դեր կ'ունենայ 1907-ի ՀՅԴ-ի Դ. Ընդհանուր ժողովին - Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը ապահովելու պայքարին մէջ՝ Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերն ու սադրանքները ձախողութեան մատնելով։
  • 1908-էն սկսեալ, Ռոստոմի ջանքերով կ'իրականանայ Դաշնակցութեան անդամագրումը Ընկերվար Միջազգայնականին եւ, զուգահեռաբար, համագործակցութեան քաղաքական դաշինքի ստորագրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործող այլազգի յեղափոխական եւ ընդդիմադիր շարժումներուն հետ՝ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին։ Նաեւ՝ Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան զինուորական դպրոցին հիմնումը։
  • Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման հետեւած համեմատական խաղաղութեան ամբողջ շրջանին, Կարինը կեդրոն ընտրելով, Ռոստոմ ամբողջապէս կը նուիրուի Երկրի տարածքին կրթական եւ հասարակական-մշակութային կեանքի յաղթաքայլ աշխուժացումին։
  • 1913-ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով, հայ կամաւորականներ կ'ունենան նշանակալից մասնակցութիւն ընդդէմ օսմանեան զօրքին՝ Ռոստոմի նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկի ու Նժդեիհ հրամանատարութեամբ։
  • Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ Ռոստոմ կը լծուի Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, թէեւ ինք դէմ էր քաղաքական այդ քայլին։ Ռոստոմ կը նախընտրէր հակացարական պայքարի լծուած յեղափոխական ուժերուն հետ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը խորացնել ու ամրապնդել։ Բայց իր իսկ քարոզած երկաթեայ կարգապահութեան սկզբունքին տէր կանգնելով, ամբողջապէս կը նուիրուի Կամաւորական շարժման հզօրացման գործին։
  • Ռուսական մեծ յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներն ու պահանջները ներկայացնելու եւ պաշտպանելու, մանաւանդ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը սահմանադրականօրէն ամրագրելու գործին մէջ, անփոխարինելի կ'ըլլայ Ռոստոմի ներդրումը, որ կը պսակուի Պաքուի հերոսամարտին իր ղեկավար մասնակցութեամբ ու բոլշեւիկներու ղեկավար Ստեփան Շահումեանի հետ զինակցութեան կնքումով՝ ընդդէմ թուրք եւ թաթար ջարդարար ներխուժման։

Ռոստոմ՝ Գաղափարապաշտը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսման եւ ինքնազարգացման առընթեր, Ռոստոմի երիտասարդական կեանքը կը յատկանշուի ուսանողական բողոքի քայլերու եւ ցոյցերու աշխոյժ, այլեւ ղեկավար մասնակցութեամբ՝ բոլոր արդար դատերուն եւ ազատագրումի բոլոր պայքարներուն անձնուէր ու յանձնառու դրօշակիրը դառնալով եւ միշտ առաջնորդուելով այն խոր ու հաստատ համոզումով, թէ հայ ժողովուրդին ազատ ու արդար կեանքը հնարաւոր է, երբ նոյնպէս ազատ ու արդար կ'ապրին շրջապատի միւս ազգերն ու ժողովուրդները։

Ուսանողական շրջանի իր յեղափոխական աշխուժութեան համար Ռոստոմ կը հալածուի Ցարական իշխանութիւններէն (երկու անգամ կը ձերբակալուի ու կ'աքսորուի), բայց այդ հալածանքը իր մէջ կ'ամրապնդէ յեղափոխականի յանդգնութիւնը եւ մարտունակութիւնը (երկու անգամ անցագիր կը փոխէ, որպէսզի կարենայ աքսորավայրէն փախուստ տալ եւ շարժումի ազատութիւն ունենալ)։

Ռոստոմի մէջ միաժամանակ կ'արմատաւորուին՝

  • Ազգային եւ հասարակական բոլոր արդար դատերուն բոլորանուէր պաշտպանի ու յառաջապահի տիպարը,
  • Յեղափոխական միտք ու հաւատք տարածող մտաւորականը (ուսուցիչ ու խմբագիր), որ դաւադիր յեղափոխականի մարտական գործիչն էր միաժամանակ (զէնքի եւ ռումբի պատրաստութենէն մինչեւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան կռիւի կազմակերպումը),
  • Ազգային-հասարակական ծառայութեան նուիրեալը, որ որքան զինուելու եւ պաշտպանուելու կը մղէ հայ ժողովուրդը, նոյնքան հոգածու կ'ըլլայ հայութեան հասարակական ու մշակութային կեանքի բարելաւումին եւ բազմակողմանի զարգացման նկատմամբ։
Մեր կուսակցութիւնն իր վրայ ունի այնպիսի՛ պարտաւորութիւններ, որոնցից ազատ են ուրիշ կուսակցութիւնները։ Մենք ունինք ազգովին վտանգուելու հոգսը, եւ չենք կարող անտես առնել այդ հանգամանքը։ Ամէն անգամ, որ Դաշնակցութիւնը ստիպուած է եղել դուրս գալ ազգովին գործելու, նրան մեղադրել են, թէ նա բուրժուական է, կղերական... Ես կը կամենայի, որ Դաշնակցութիւնը ապագային էլ նոյնը լինէր եւ պէտք եղած ժամանակ պաշտպանէր ազգի շահը:
- Ռոստոմ
Յեղափոխութեան յենարանը պէտք է փնտռել ո՛չ Կովկասում եւ ոչ էլ արտասահմանում, ուր կարող են շատ շուտով ոգեւորուել եւ նոյն արագութեամբ էլ սառչել եւ անտարբերութեան մէջ ընկղմուել, այլ այնտեղ, հեռո՜ւ, հայ ժողովուրդի տանջուող սրտի մէջ, եւ որ յեղափոխութիւնը կանգ չի առնի ոչ մի խորտակիչ ուժի առաջ, քանի գոյութիւն ունեն կեանքի տանջանքները,- նա միայն կը փոխի իր ձեւը, յարմարուելով նոր պայմաններին, եւ երբեք իր էութիւնը:
- Ռոստոմ
Վնասակար են այդ սողունները, երբ փքուն խօսքեր փչելով ու փարիսեցիական ձեւեր բանեցնելով՝ շահագործում են ամբոխի դիւրահաւատութիւնը ու տգիտութիւնը։
- Ռոստոմ


Ռոստոմի մասին վկայութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ռոստոմ թէեւ շատ կարդացող չէր, բայց իր կարդացածը առաւելագոյնս մարսող ու իւրացնող էր։ Ժամանցն ու զուարճանքը, Ռոստոմի համար, երգն ու ասմունքն էին՝ հայ թէ օտար ժողովրդական երգերէն ու ազգերէն յատկապէս յեղափոխական շունչով գործերու մեկնաբանութեամբ:


Մահուան սնարին մէջ պառկելուց երկու օր յետոյ, նա յիշեց Եկմալեանի «Հայր Մեր»-ը եւ շարունակ երգում էր՝ պնդելով, որ «Հայր Մեր»-ը ամենագեղեցիկ ներդաշնակութիւնն է։ Խնդրեց, որ գտնենք այդ հազուագիւտ հրատարակութիւնը եւ իր կողմից նուէր ուղարկենք Ընկերվարական Միջազգային Բիւրոյի քարտուղար Հիւսմանսին, որը շատ գնահատում էր հայկական եկեղեցական երգերը։
- Յովսէփ Տէր-Դաւթեան


Եթէ Քրիստափորը եղաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան միտքն ու կամքը, եւ Զաւարեանը՝ նրա սիրտն ու խիղճը, Ռոստոմը ե՛ւ միտք էր, ե՛ւ կամք ու խիղճ՝ Դաշնակցութիւնը ինքը իր բովանդակ էութեամբ:
- Սիմոն Վրացեան


Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]