Մօրուս Հասրաթեան

Մօրուս Հասրաթեան
Ծնած է 10 Սեպտեմբեր 1903(1903-09-10)[1][2]
Ծննդեան վայր Ախլաթեան, Զանգեզուրի Գաւառ, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 25 Փետրուար 1979(1979-02-25)[1][2] (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Գործատու Մատենադարան[1]
Հայաստանի պատմութեան թանգարան[1]
Երեւանի Պետական Համալսարան[1]
Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան[1]
Հայկազեան Համալսարան[1]
Կրթութիւն Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունք[1]
Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարան
Կոչում թղթակից անդամ[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1]
Տիրապետած լեզուներ հայերէն
Անդամակցութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա[1]
Պարգեւներ եւ
մրցանակներ
Հայկական ԽՍՀ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[1]
Երեխաներ Մուրատ Հասրաթեան

Մօրուս (Մարդար) Հասրաթեան ծնած է 10 Սեպտեմբեր 1902-ին, Սիսեան շրջանի Ախլաթեան գիւղը: Նախակրթութիւնը կը ստանայ գիւղական դպրոցին մէջ, ապա՝ կ'աշակերտէ Պաքուի առեւտրական դպրոցին: 1918-1921 թուականներուն, որպէս յեղափոխական մարտիկ կը մասնակցի Հիւսիսային Կովկասի եւ Զանգեզուրի քաղաքացիական կռիւներուն: 1922-1924 թուականներուն, ուսանող՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին, ուր բախտը կ'ունենայ աշակերտելու Մ. Աբեղեանի, Հր. Աճառեանի, Յ. Մանանդեանի, Լէոյի եւ այլ անուանի հայագէտ գիտնականներու: 1925-1927 թուականներուն, հասարական աշխատանքով կը մեկնի Սիսեանի, Գորիսի, եւ Դիլիջանի շրջանները: 1930-ին կ'աւարտէ համալսարանական ընթացքը, ու կը նուիրուի գիտական աշխատանքի:

1931-1932 թուականներուն, Լենինկրատի մէջ, Ն. Մառի եւ Յ. Օրբելիի ղեկավարութեամբ կը բոլորէ ասպիրանդական ուսումնասիրութեան շրջանը: 1933-ին կը վերադառնայ Երեւան, եւ իբրեւ տնօրէնի տեղակալ, կը պաշտօնավարէ Նիւթական Մշակոյթի Պատմութեան Հիմնարկին մէջ։ 1934-1936 թուականներուն կը վարէ Կուսակցութեան Թանգարանի վարիչի պաշտօնները:

1937-ին Մ. Հասրաթեան կը նշանակուի Էջմիածնի մատենադարանին տնօրէն, ուր ան զգալի աշխատանք կը տանի ձեռագիրներու պահպանման եւ ուսումնասիրութեան մարզերուն մէջ:

1940-էն սկսեալ, Մ. Հասրաթեան դիտահետազօտական աշխատանքները կ'ընթանան բանասիրութեան, հնագիտութեան եւ հայ ժողովուրդի հին ու միջին դարերու պատմութեան ուսումնասիրութեան գծով: 1942-1946 թուականներուն կը պաշտօնավարէ Գրականութեան Հիմնարկին մէջ, ուր իր ուշադրութեան գլխաւոր առարկան կը դարձնէ բանասիրական հարցերը: Միաժամանակ՝ 1943-1946 թուականներուն, ան կը վարէ Գիտութիւններու Ակադեմիայի գիտական քարտուղարի պաշտօնը: 1947-1954 թուականներուն, պաշտօնի կը հրաւիրուի պատմութեան Հիմնարկին կողմէ, ուր, աւագ գիտաշխատողի հանգամանքով իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ պատմութեան, հնագիտութեան, ու դասագիրքերու հետ առընչուած հարցերու լուծման աշխատանքին:

Իբրեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան դասախօս, ան կը պաշտօնավարէ Խաչատուր Աբովեանի Մանկավարժական Հիմնարկին մէջ, ինչպէս նաեւ կը ստանձնէ Հեռակայ Մանկավարժական Հիմնարկի ժողովուրդի պատմութեան ամպիոնին վարիչի պաշտօնը:

1961-ին, Մ. Հասրաթեան կ'արժանանայ Հայկական ՍՍՀ գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչման, իսկ 1963-ին կ'ընտրուի ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ:

1965-ին, Հայկական Քոլէճին հրաւէրով, Մ. Հասրաթեան կու գայ Պէյրութ, ուր, շուրջ երկու տարիներ կը դասախօսէ Քոլէճի Հայագիտական Ամպիոնի ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ կ'ունենայ հրապարակային բազմաթիւ ելոյթներ:

Վերջին աւելի քան մէկ տասնամեակի ընթացքին, Մ. Հասրաթեան կը վարէ Հայաստանի Պետական Պատմական Թանգարանի տնօրէնութիւնը:

Մ. Հասրաթեան, բազմահմուտ բանասէրն ու պատմաբանը, հայագիտութեան իր աւանդը կը թողու գլխաւորաբար մասնագէտներու նոր սերունդի պատրաստութեան գծով, գիտական աշխատանքներու ղեկավարութեամբ ու խմբագրութեամբ: Այս բոլորով մէկտեղ, սակայն, Մ. Հասրաթեան կը մնայ հայ բանասիրութեան անգերազանցելի Սայեաթ-նովագէտը: Այս մարզին մէջ, աւելի քան երեսուն տարիներու իր վաստակովը, ան ոչ միայն կը յաջողի վերակենդանացնել ամբողջական կերպարը անզուգական Սայեաթ-Նովայի, ու նոր խօսք ըսել անոր մասին, այլ եւ ճամբայ կը հարթէ շատ ուրիշներու, անոնց համար ստեղծելով հնարաւորութիւնն ու միջոցը՝ պեղելու անսպառ գանձարանը հանճարեղ հայ երգիչին:

Տասնամեակներու ընթացքին իր ստորագրած պատմա-բանասիրական յօթուածներէն շատեր կը մնան պարբերական մամուլի էջերուն մէջ, իսկ ուրիշներ՝ անտիպ: Առանձին հատորով լոյս տեսած են Սայեաթ-Նովա- (խաղերի ժողովածու- կազմեց, վրացերէն եւ Ազրպէյճաներէն խաղերը թարգմանեց, բառարանը եւ ծանօթագրութիւնները գրեց Մ. Հասրաթեան) (Երեւան, 1945): Նոյնը՝ հրատարակուած 1959 եւ 1963 թուականներուն: 1963-ին հրատարակութիւնը նաեւ ունի Մ. Հասրաթեանի կողմէ պատրաստուած Սայեաթ-Նովա (կենսագրական ակնարկը) էջ V-XL ներածական բաժին մը: Ճարտարապետ Վարազդատ Յարութիւնեանի (հատուածներ) Վազգէն Թիւթիւնճեանի (նկարներ) աշխատակցութեամբ Մ. Հասրութեան (յառաջաբան) կը պատրաստէ հրատարակութիւնը Հայաստանի Յուշարձաններ (նախապատմական շրջանէն մինչեւ Ժէ. դար Յ. Ք.) (Պէյրութ, 1975), հատորը:

Մ. Հասրաթեան կը մահանայ 25 Փետրուար, 1979-ին:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր Է., Պէյրութ, 1979, էջ 383
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 3.