Վազգէն Թիւթիւնճեան
Վազգէն Թիւթիւնճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1915 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ուսումնավայր | Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան |
Վազգէն Թիւթիւնճեան, ծնած է 1915-ին Գատը-Գիւղ, Պոլիս։
Քոլէճական կրթութիւն ստացած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանին մէջ 1933-ին ապա յաճախած է Վենետիկի Գեղարուեստից վարժարանը վկայուելով 1935-ին: Մինչեւ 1944 Պոլսոյ մէջ զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ լուսանկարչութեամբ։ Դէպի Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները (Թրքահայաստան) ճամբորդութիւն մը կ'ընէ եւ բազմաթիւ վանքեր ու եկեղեցիներ կը լուսանկարէ, սակայն թրքական ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ զինք եւ բոլոր նկարներն ու վաւերաթուղթը կը բռնագրաւէ։
1944-ին կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը բանայ իր լուսանկարչական արուեստանոցը «Ֆոթօ Ֆեմինա»: Սակայն ժամանակ մը ետք, այսինքն 1950-ին բոլորովին կը նուիրուի ուսուցչութեան հանդիսանալով գեղարուեստի ծանօթ ու սիրուած մանկավարժ ուսուցիչ։ Ամուսնացած է եւ ունի երկու մանչ զաւակներ։ Պաշտօնավարած է բազմաթիւ վարժարաններու մէջ դասաւանդելով արուեստաբանութիւն։ Հ. Բ. Ը. Միութեան Լիբանանի բոլոր վարժարաններուն մէջ աթ տասնամեակներով պաշտօնավարած է։ Դասաւանդած է նաեւ քաղաքի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը եւ Քասլիքի Գեղարուեստից վաարժարանը, որուն «աթըլիէ» պատասխանատուն է։ Արուեստաբան-Գեղարուեստական գործունէութիւնը կը տարածուի հետեւեալներու շուրջ.
- Գրած է բազմաթիւ քննական-քննադատական յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են «Զարթօնք»ի եւ իտալական «Արթէ» ամսաթերթին մէջ։
- Կ'որոնէ կառուցողական արժէքներ Միջին Արեւելքի մէջ եւ դասախօսութիւններ կու տայ այդ նիւթին շուրջ։
- Ճամբորդած է եւրոպական երկիրներ, Միջին Արեւելք եւ Հայաստան։
- Պատրաստած է «Կառուցողական բառարան» (կլօսէրի) շուրջ 2000 էջնոց։
- Հայ եւ օտար պատմա-հնադիտական աղբիւրներէ քաղած եւ գծագրած է բազմաթիւ կրօնա-արքունական արժէք ոունեցող «գանձեր»:
- Շատ վայելուչ ու ճարտար կերպով կը գեղազարդէ հրատարակուած գիրքեր, պրոշիւրներ, եւլն.: Յատակագծած է Անթիլիասի վանքին Յուշարձան աղբիւրը, Հաճըն թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցիին վերակառուցումը, Խալիլ Պէտէվի թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցիին կողմնակի խորանները, Պիքֆայեայի Ռաուտայի Մխիթարեան վանքի խորանները եւ մեծադիր նկարներուն մեկնաբանութիւնները եւ վերջապէս բազմաթիւ դարաններ օտար եւ ազգային գերեզմանատուներու մէջ։
- 1978-ին շահած է Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան մրցանքը որ յատկացուած էր հրապարակ ելլելիք արծաթ 5 ոսկինոցներուն առթիւ։
- Հոգ կը տանի եւ կը գուրգուրայ մեր նոր սերունդին վրայ։ Ունի իր արուեստասէրներու խումբը որ «Մեր Նորահաս Սերունդը» կը կոչուի։ Բազմաթիւ տաղանդաւոր տղաք եւ աղջիկներ յայտնուած են այս խումբէն։
- Եղեոնի վաթսունամեակին առթիւ հրատարակուած «Հայաստանի Յուշարձաններ» գործին համար մեծ ճիգ թափեց եւ աշխատանք տարաւ։ Խորհրդակցութեան համար քանի մը անգամ Հայաստան գնաց։
Գնահատելով իր քառասուն տարիներուն վաստակը, 1974-ին Իտալիոյ Կրթական Նախարարութիւնը կը հրաւիրէ զինք որ վեց ամիս շրջի Իտալիա եւ եւրոպական երկիրներ ուսումնասիրելու համար «Հայկական կառուցողական արուեստին ազդեցութիւնը իտալական եւ եւրոպական այլ կառուցողական արուեստին վրայ»: Այս առթիւ Վենետիկի Գեղարուեստից վարժարանը զինք կը պարգեւատրէ «Պէաթօ Անճելիքօ» շքանշանով։ Օրհնութեան եւ քաջալերանքի գիրեր ստացած է նաեւ Ն. Ս. Պօղոս Պապէն եւ Պէյրութի Ազգային Առաջնորդարանէն»:[1]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։