Jump to content

Պելոպոնեսեան Պատերազմ

Պելոպոնեսեան Պատերազմ
Աթէնքի եւ Սփարթիի միջեւ (իրենց դաշնակիցներու մասնակցութեամբ) 26-ամեայ պատերազմ
Պելոպոնեսեան Պատերազմ
Թուական Ք․Ա․431 - Ք․Ա․404
Վայր Յունական աշխարհ՝ Յունաստանի ցամաքամաս,Էգէական ծովու կղզիներ, Յոնիական ծովու կղզիներ, Փոքր Ասիոյ յունական քաղաք-պետութւններ, Մեծ Յունաստան
Արդիւնք Պելոպոնեսեան դաշինքի յաղթանակ, Աթէնք եւ դաշնակիցները Սփարթայի գերիշխանութեան տակ՝ 30 բռնակալներ Աթէնք կը հաստատուին
Հակառակորդներ
Աթէնք՝ Տիլոսեան Դաշինք Սփարթի՝ Պելոպոնեսեան Դաշինք
Հրամանատարներ
Փերիքլիս (մահացած Ք․Ա․429-ին), Քլէոն (պատերազմի ժամանակ զոhուած), Նիքիաս (գերութեան մէջ մահապատիժով սպաննուած), Ալքիվիատիս (դաւաճան), Տիմոսթենիս (գերութեան մէջ մահապատիժով սպաննուած) Արհիտամոս Բ․, Վրասիտաս, Լիսանտրոս, Ալքիվիատիս (աքսորուած)
Կորուստներ
Առնուազն 18 070 զինուորներ, անզէն քաղաքացիներու անծանօթ թիւ անծանօթ

Պելոպոնեսեան Պատերազմ կամ Մեծ Պատերազմը․ հին Յունաստանի ռազմական ընդհարում՝ Ք․Ա․431 - Ք․Ա․404, Տիլոսեան Դաշինքի (Աթէնքի ղեկավարութեամբ) եւ Պելոպոնեսեան Դաշինքի (Սփարթիի ղեկավարութեամբ) միջեւ։ Ամբողջ յունական աշխարհին համար կործանիչ պատերազմը կը տեւէ 26 տարի։ Պատմութեան ժամանակակից գիտաշխատողներ Պելոպոնեսեան պատերազմը կը կոչեն «հին համաշխարհային պատերազմ»։ Կը զարգանայ Յունաստանի ամբողջ տարածքին, Մեծ Յունաստան եւ Փոքր Ասիա։ Կը ծագի Ք․Ա․431-ին երբ Սփարթացիները եւ իրենց դաշնակիցները Ատիկէ կը ներխուժեն եւ Աթէնքի պարիսպներէն դուրս գտնուող շրջանները կը կողոպտեն։ Երկու կողմերն ալ կը տուժեն։ Կը յաղթէ Պելոպոնեսեան դաշինքը՝ Սփարթի եւ դաշնակիցները։

Պատերազմին դրդապատճառները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Թուքիտիտիսին՝ «պատճառներէն մէկը Սփարթիին դաշնակիցներուն սարսափ պատճառող Աթէնքի հետզհետէ աճող ուժն ու հեղինակութիւնն է որ երկու քաղաք-պետութիւններուն միջեւ ընդհարումը անխուսափելի դարձուց»։ Պատճառներն են նաեւ՝

  • Աթէնքի փորձը առեւտրական գերուժ դառնալ․
  • Տիլոսեան Դաշինքի գանձը առանց արտօնութեան Տիլոս սուրբ կղզիէն Աթէնք փոխադրումը․
  • Դաշինքներուն մասնակցող քաղաք-պետութիւններու ազնուականներուն քաղաքական եւ տնտեսական շահերը (միայն առեւտրականները դրական էին Աթէնքի հզօրացման, իսկ հողատէրերը եւ ազնուականները կը փափաքէին Աթէնքի անկումը)․
  • Յունաստանի եւ Միջերկրականի աւազանի յունական քաղաք-պետութիւնները իրենց տեղական շահերը վտանգուած կը տեսնեն Աթէնքի առեւտուրի զարգացումով․
  • Սփարթին չունենալով առեւտուրի զարգացման հնարաւորութիւն, վերապրելու ելք կը փնտռէ․
  • Աթենեան եւ Սփարթեան մշակոյթներուն միջեւ կարեւոր տարբերութիւնները․
  • Պարսիկներուն շահերը, որոնք մխրճուեցան պատերազմին եւ անոր վճռական պահերուն ֆինանսաւորեցին եւ սնուցանեցին յունական ներքին վէճերը․

Պատերազմի շարժառիթները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յունաստան Պելոպոնեսեան Պատերազմի նախորէին - դեղինով՝ Աթէնք եւ իր դաշնակիցները, կարմիրով՝ Սփարթի եւ դաշնակիցները, կապոյտով՝ անորոշ դիրքորոշումով շրջաններ, կանանչով՝ Պարսկական Աքեմենեան կայսրութիւն

Պելոպոնեսեան պատերազմը բոլոր յոյներուն համար կործանիչ եղաւ եւ անոր իսկական դրդապատճառները մինչեւ այսօր պատմաբաններու միջեւ բանավէճի հարց են։ Կարգ մը պատմաբաններ Փերիքլիսը կը մեղադրեն, օրինակ՝ Պլութարհոս, իսկ ուրիշներ ալ Սփարթին, օրինակ՝ Թուքիտիտիս։

Աթէնքի ղեկավար Փերիքլիս կ՛որոշէ առեւտրական կապերը Մեծ Յունաստանի (հարաւային Իտալիա) քաղաքներուն հետ աստիճանաբար զարգացնել, նսեմացնելու համար Կորնթոսը։ Այդ պատճառով Աթէնք պէտք էր տարածուի դէպի արեւմուտք եւ Քերքիրա այդ ուղղութեամբ յարմարագոյնն էր։ Կորնթոսի եւ Քերքիրայի միջեւ պատերազմ կը ծագի։

Փերիքլիս կը հաւատար թէ պատերազմը Պելոպոնեսեան Դաշնութեան (Սփարթի եւ իր դաշնակիցները) հետ անխուսափելի է։ Ան Քերքիրա կը ղրկէ Աթէնքի նաւատորմիղը, որպէսզի օգնէ Քերքիրայի նաւատորմիղին որ կը կռուէր Կորնթոսի նաւատորմիղին (Սփարթիի աւանդական դաշնակիցը) դէմ (Ք․Ա․433)։ Նաւամարտը յաղթական չ՛ունենար։

Միաժամանակ Կորնթոսցիները Փոթիտէան (Կորնթոսի գաղթօճախ, հիւսիսային Յունաստան) կը դրդեն մեկնի Աթենեան Դաշինքէն։ Ք․Ա․432-ին տեղի կ՛ունենայ Փոթիտէայի ճակատամարտը (Մակեդոնիոյ ափերուն) եւ աթենացիները կորնթոսցիներուն կը յաղթեն։ Նոյն ժամանակաշրջանին Փերիքլիս Մեղարային տնտեսական արգելափակում կը պարտադրէ քայքայելով անոր տնտեսութիւնը եւ վտանգելով Եռեսնամեայ Խաղաղութեան դաշինքը՝ Մեղարա Սթարթիին դաշնակիցն է։

Սփարթի, խորհդակցելէ ետք իր դաշնակիցներուն հետ, Աթէնքէն կը պահանջէ Ալքմէոնիտոն ընտանիքին Աթէնքէն վտառումը՝ Փերիքլիսը ներառեալ եւ ետ առնել Մեղարային տնտեսական արգելափակումը։ Միտումն էր Փերիքլիսին եւ Աթէնքի Քաղաքապետութեան միջեւ անվստահութիւն յառաջացնել․ ինչ որ կը յաջողի քանի մը տարի ետք (տե՛ս Փերիքլիս/Պատերազմը չծագած[1]

Աթենացիները կը հետեւին Փերիքլիսի ցուցմունքներուն։ Կը մերժեն Սփարթիի արտառոց պահանջները, վստահ ըլլալով թէ ռազմական գետնի վրայ գերազանց են։

Պատերազմի զինակցութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քաղաքացիական Ատեան. արձանագրութիւններէն կտոր մը, Ք․Ա․425 - Ք,Ա․424

Պատերազմը տեղի կ՛ունենայ յունական աշխարհի երկու հզօր քաղաք-պետութիւններուն եւ անոնց զինակիցներուն միջեւ։ Կը ձեւաւորուին երկու հակադիր կողմեր․ Աթենեան Դաշինքը (Աթէնքի ղեկավարութեամբ) եւ Պելոպոնեսեան Դաշինքը (Սփարթիի ղեկավարութեամբ)։ Պատերազմը կը տեւէ 26 տարի՝ Ք․Ա․431 - Ք․Ա․404։

Աթէնքին կը միանան՝

Փլաթէես, Աքարնանիայի քաղաքներուն մեծամասնութիւնը, Թեսալիայի քաղաքներ, Նաֆփաքթոս, Հիոս, Լեսվոս եւ Էգէականի բազմաթիւ կղզիներ։ Իսկ Յոնիական կղզիներէն եւ Մեծ Յունաստանէն՝ Քերքիրա եւ Զաքինթոս, Սիչիլիոյ եւ հարաւային Իտալիոյ (Մեծ Յունաստան) քանի մը քաղաքներ։ Զինուորներուն ընդհանուր թիւը 32 000 է եւ նաւատորմիղը կը հաշուէ 300 եռակարգ ցռկանաւեր։

Սփարթիին կը միանան՝

Կորնթոս եւ Պելոպոնեսի գրեթէ բոլոր քաղաքները, Մեղարա, Վիոթիային բոլոր քաղաքները ( բացի Փլաթէեսէն), Ֆոքիտա, Էթոլիայի քանի մը քաղաքներ, Ամվրաքիա։ Յոնիական կղզիներէն՝ Լեֆքատա եւ հարաւային Իտալիայէն եւ Սիչիլեայէն՝ Թարանտաս եւ Սիրաքուսես։ Զինուորներուն ընդհանուր թիւը 60 000 - 100 000 է, առաւել հեծեալներ, սակայն նաւատորմիղը կը բաղկանայ միայն Կորնթոսի նաւերէն՝ 200 եռակարգ ցռկանաւեր։

Պատերազմին փուլերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պելոպոնեսեան Պատերազմի փուլերը

Պատմաբաններուն մեծամասնութիւնը այս մեծ պատերազմը երկու մասի կը բաժնեն եւ ուրիշներ՝ երեք, ունենալով 6-ամեայ դադար մը։ Պատերազմի տասներորդ տարուան ընթացքին կնքուած Նիքիոս Խաղաղութիւն անուանուած դաշինքը (պէտք էր 50 տարի տեւէր եւ հազիւ 6 տարի կը տեւէ) փոքրիկ դադար մըն էր։

Թուքիտիտիս մօտէն ապրած է Պելոպոնեսեան պատերազմը (Ք․Ա․431-Ք․Ա․404) եւ ան փաստացի տուեալներով եւ վկայութիւններով կը պատմէ Պելոպոնեսեան Պատերազմի եղելութիւնները իր «Թուքիտիտիս Իսթորիէ» (Θουκυδίδου Ιστορίαι Թուքիտիտիս Պատմութիւն) գործին մէջ։ Ան մահացած է Ք․Ա․411-ին եւ պատերազմին շարունակութիւնը մինչեւ եւ խաղաղութեան դաշինքի ստորագրութիւնը պատմած է Քսենոֆոն (Ք․Ա․430 - Ք․Ա․355) իր «Էլինիքա» (Ελληνικά Յունական) գործին մէջ։

Արհիտամիոս Պատերազմ (Ք․Ա․431 - Ք․Ա․421)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատերազմի այս փուլի վերջաւորութեան, ակնհայտ է Աթէնքի գերազնացութիւնը։

Սփարթացիներուն ներխուժումը Աթէնք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․431-ին, Սփարթիին թագաւոր՝ Արհիտամոս Ա․, Աթէնք պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ եւ կը պահանջէ Աթէնքէն ընդունիլ Սփարթիին պահանջները[2]։ Աթենացիները կը մերժեն պատուիրակութեան մուտքը Աթէնք։ Միաժամանակ Սփարթացիներուն բանակը Կորնթոս հաւաքուած էր։

Պելոպոնեսի ափերուն կողոպտումը աթենացիներուն կողմէ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչ Սփարթիի բանակը Ատիկէ կը բանակավայրէ եւ Աթէնքէն դուրս տարածքները կը կողոպտէ, Փերիքլիս 100 նաւեր կը ղրկէ Պելոպոնեսի ափերը կողոպտելու համար։ Ան կ՛առաջարկէ օրէնք մը, որով Աթէնք պէտք էր երաշխաւորել 1 000 դալանտօ (ամէն մէկ Ատիկէի դալանտօ կը համապատասխանէ 25.80 քիլօ արծաթի) եւ 100 նաւեր, այն պարագայի որ ծովէն յարձակումի դիրախ դառնար։

Աթէնքի մեծ համաճարակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․430-ին, Աթէնքի մէջ մեծ համաճարակ մը կը պայթի։ Աթէնք կը կորսնցնէ բնակչութեան մեծ մասը։

Նիքիոս Խաղաղութեան դաշինքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․421-ին, Աթէնք եւ Սփարթի կը ստորագրեն Նիքիոս Խաղաղութեան դաշինքը։ Համաձայնուած դաշինքը 50 տարուան տեւողութիւն կը նախատեսէր եւ երկու գլխաւոր քաղաքներու տիրութիւնը կը մնար Ք․Ա․431-էն առաջ ունեցած հողատարածքներուն վրայ։ Կորնթոս եւ ուրիշ քաղաքներ այս դաշինքը չեն ճանչնար։

Խաղաղութեան դաշինքը կը տեւէ միայն 6 տարի (Ք․Ա․421 - Ք․Ա․415), սակայն հակառակութիւնները չեն դադրիր։ Աթէնքի քաղաքական կեանքին մէջ Ալքիվիատիս կը գերիշխէ եւ աթենացիներուն կը համոզէ Սիրաքուսեսի (Սիչիլիոյ հարա-արեւելքի ափերուն յունական քաղաք-պետութիւն, Կորնթոսի եւ Թենէայի գաղթօճախ, հիմնուած Ք․Ա․734-ին) դէմ արշաւեն։

Պելոպոնեսեան Պատերազմի գլխաւոր եղելութիւններու քարտէս

Սիչիլիոյ արշաւանքը (Ք․Ա․415 - Ք․Ա․413)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալքիվիատիս, իր քաղաքական փառամօլութեան զոհ կ՛երթայ երբ կը համոզէ Քաղաքացիներու Ատեանը Εκκλησία του Δήμου Աթենացիները Սիչիլիա արշաւեն։ Մինչ ան Աթէնքի նաւատորմիղով Սիչիլիա կը հասնի, Աթէնք քաղաքական հարց կը ծագի։ Ալքիվիատիս կ՛ամբաստանուի թէ Սիչիլիա մեկնումի նախորդող իրիկունը ընկերներուն հետ գինով վիճակի մէջ սրբապղծած է Էրմայիքես սիւները՝ Աթէնքի ճամբաներու ուղեցոյցները։

Քաղաքացիներու Ատեանը Ալքիվիատիսը Սիչիլիայէն Աթէնք յետս կը կոչէ։ Ան սակայն մահապատիժի վճիռէն վախնալով Սփարթի կը փախչի եւ իր քաղաքը՝ Աթէնքը կը դաւաճանէ։ Սփարթացիներուն կը համոզէ Սիրաքուսես բանակ ղրկեն, ինչպէս նաեւ Տեքելիան* ամրացնեն եւ ամառը պաշարումը չդադրեցնեն, որպէսզի Աթէնքը կտրուի իր երկրագործական տարածքներէն։

Տեքելիա (Δεκέλεια)․ Ատիկէի հին բնակավայր եւ հին Աթէնքի «ֆիլի» (տողմացեղախումբ)։

Տեքելիա․ դիրքը Ատիկէի մէջ

Սիչիլիոյ արշաւանքը կործանիչ է Աթէնքի համար։ Գերի բռնուած հազարաւոր աթենացի եւ իրենց դաշնակից զինուորներ Սիրաքուսեսի հանքերու մէջ տաժանակիր աշխատանքին չդիմանալով կը մահանան։

Տեքելեան պատերազմ (Ք․Ա․413 - Ք․Ա․404)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեքելիային ամրացնումը Սփարթացիներուն կողմէ կործանիչ կը հանդիսանայ աթենացիներուն համար։ Ալքիվիատիս որ Ասիա ապաստանած էր, պարսիկներուն կը պատուիրէ Աթէնքի եւ Սփարթիին միջեւ պատերազմը պահպանեն Սփարթիին նիւթական օժանդակութիւն տալով։ Այսպէս, Սփարթին նոր նաւատորմիղ կը պատրաստէ։ Պատերազմը կը շարունակուի եւ Ք․Ա․405-ին Սփարթին Աթէնքը կը պաշարէ՝ ցամաքէն եւ ծովէն։ Աթենացիները չեն դիմանար եւ Ք․Ա․404-ին կը յանձնուին։

Սփարթացիները իրենց դաշնակիցներուն Սփարթի խորհրդաժողովի կը հրաւիրեն խաղաղութեան դաշինքի որոշումին համար։ Դաշնակիցները կը պահանջեն Աթէնքը քանդել եւ բնակիչները իրենց ստրուկները դարձնել։ Սակայն Սփարթացիները նկատի առնելով Աթէնքի ներդրումը Պարսկական Պատերազմներուն ընթացքին, կը մերժեն այդ պահանջը։ Կ՛որոշուին Սփարթիին առաջարկները (այդպէս Աթէնք կործանումէ կը փրկուի) եւ խաղաղութեան դաշինքը կը ստորագրուի։ Դաշինքին կէտերը հետեւեալներն են ․-

  • Աթէնք կը յանձնէ նաւատորմիղը, իրեն միայն 12 նաւեր կը մնան․
  • «Երկար պարիսպներ»ը ինչպէս նաեւ Փիրէայի պարիսպները կը քանդուին․
  • Աթէնքի քաղաքական աքսորեալները կը վերադառնան․
  • Աթենացիները սփարթացիներուն հետեւին եւ ունենան նոյն թշնամիներն ու բարեկամները։

Պելոպոնեսեան պատերազմը վերջ կը դնէ յունական աշխարհին տարածքին Աթէնքի գերիշխանութեան։ Գրեթէ բոլոր յունական քաղաք-պետութիւնները կը մասնակցին այս պատերազմին։ Ամբողջ յունական աշխարհին համար կործանիչ պատերազմ մըն է։ Այդ պատճառով պատմութեան ժամանակակից գիտաշխատողներ Պելոպոնեսեան պատերազմը կը կոչեն «հին համաշխարհային պատերազմ»։

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Փերիքլիս#Պատերազմը չծագած
  2. Փերիքլիս#Եղելութիւնները
  3. Թուքիտիտիս․ Պելոպոնեսեան Պատերազմի պատմութիւնը, 1․49 -1․103 (անգլերէն)
  4. Ուիքի աղբիւր - Բրիտանական հանրակիտարան, Պելոպոնեսեան պատերազմը, Mitchell, John Malcolm (1911)(անգլերէն)
  5. Հին պատմութիւն՝ Եգիպնացիներու, քարթահենացիներու, Ասորիներու, Բաբելոնցիներու, Պարսիկներու, Յոյներու, Մակետոնացիներու,․․ - Charles Rollin(անգլերէն)
  6. Պլութարհոս․ Ալքիվիատիս,39(յունարէն)
  7. Քսենոֆոն, ԷԼինիքա, 2․2․20, 404/3(անգլերէն)
  8. UPI ARCHIVES - Մարտ 12, 1996, Աթէք, Սփարթի կը ստորագրեն խաղաղութեան դաշինք(անգլերէն)
  9. Թուքիտիտիսի ռազմավարութեան ժառանգութիւնը, Օքսֆորտ, Morley, Neville (13 Սեպտեմբեր 2021)(անգլերէն)
  10. BMCR - Քսենոֆոն եւ Սփարթի, 2022-04-23 Anton Powell, Nicolas Richer(անգլերէն)
  11. Պելոպոնեսեան պատերազմը․ Աթէնք, Սփարթի եւ Յունաստանի համար պայքարը - Sir Nigel Bagnall, 2004 (անգլերէն)
  12. BMCR 2006.03.40 - Աննման պատերազմ մը․ Ինչպէս աթենացիները եւ սփարթացիները կռուեցաւ Պելոպոնեսեան Պատերազմին - Victor Davis Hanson(անգլերէն)
  13. Նիքիասի Խաղաղութիւնը եւ Սիչիլեան արշաւանքը - DONALD KAGAN, 1981(անգլերէն)
  14. Հին Տեքելիա, Եանիս Վուլղարիս, 5-10-2015