Իսիոդոս

Իսիոդոս
Ησίοδος (հին յունարէն)
Իսիոդոսին կիսանդրին
Ծնած է ՔԱ776[1]
Ծննդավայր Քիմի (Էոլիդա), Իզմիրի մարզ, Թուրքիա[2]
Մահուան վայր Ասքրի, Յունաստան
Քաղաքացիութիւն Քիմի (Էոլիդա)
Մայրենի լեզու Հին Յունարէն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Թէողոնիա, Գործեր եւ Օրեր եւ Կիներու Ցուցակ
Տեսակ բանաստեղծութիւն
Մասնագիտութիւն բանաստեղ, աշուղ, գրագէտ եւ վիպագիր

Իսիոդոս (յուն․՝Ησίοδος), հին յոյն բանաստեղծ, աշուղ, գրագէտ եւ վիպագիր։ Հոմերոսէն ետք, եղած է երկրորդ կարեւոր բանաստեղծը։ Ծնած է Ասքրի գիւղը, Վիոթիա, ուր հայրը ապաստան գտած էր։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ արձանագրութիւններուն, ապրած է Ք․Ա․ 8-րդ դարուն։ Իսիոդոս, ինչպէս ինք կը պատմէր, բանաստեղծութեան շնորհը ստացած է Մուսաներէն, որոնք կը բնակէին Էլիքոնաս լեռը, ուր յաճախ ան կ՛այցելէր։ Իսիոդոս մեծցած ըլլալով այդ սրբավայրին եւ գեղջային միջավայրին մէջ, իր բանաստեղծութիւնները դաստիարակչական եւ կրօնական պարունակութեամբ են։

Շնորհիւ Իսիոդոսին, Յունաստան չի սահմանափակուիր միայն դիցաբանութեան բնագաւառին մէջ։ Իսիոդոս իր նիւթերը կը ներշնչուի ոչ միայն երեւակայութենէն, այլ նաեւ մարդոց առօրեայէն։

Էլիքոնա լեռ

Անոր մահուան վայրին ու ժամին համար յստակ տեղեկութիւններ չկան։ Ըստ աւանդութեան մը, անոր դամբանը կը գտնուի Օրխոմենօ (Վիոթիա)։ Ուրիշ աւանդութեան մը համաձայն, Տելֆիի պատգամախօսը վճռած ըլլալով թէ ան պիտի մեռնի Նեմէա (Պելոպոնեսի պատմական շրջան), ան կ՛ապաստանի Լոքրիդա, ուր սակայն կը սպաննուի տեղական Նեմէոս Տիասին (կամ Նեմէոս Տիաս) տաճարին մէջ եւ հոն ալ կը թաղուի։

Գործեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսիոդոսէն մեզի հասած են միայն երեք բանաստեղծութիւններ։

  • Թէողոնիա․ վէպ որ կը բաղկանայ 1․022 յանգատողերէ։ Յունական դիցաբանութեան կարեւորագոյն աղբիւրներէն է։
  • Գործեր եւ Օրեր․ Այս գործին մէջ, Իսիոդոս կը պատգամէ բարոյականութիւնը, որուն մարդիկ պէտք է հետեւին։ Մշակներուն կը խրատէ ինչպէս հողը մշակեն եւ կը պատգամէ թէ աշխատանքը յաջողութեան միակ ճամբան է։
  • Կիներու Ցուցակ (կամ Իիէ)․ Իսիոդոս կը փառաւորէ մահկանացուներուն որոնք անմահ աստուածներէն մահկանացու զաւակներ ըրին։

[3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Гезиод // Энциклопедический словарьСПб.: Брокгауз — Ефрон, 1892. — Т. VIII. — С. 238.
  2. Любкер Ф. Κύμη // Реальный словарь классических древностей по Любкеру / под ред. Ф. Ф. Зелинский, А. И. Георгиевский, М. С. Куторга et al. — СПб.: Общество классической филологии и педагогики, 1885. — С. 364.
  3. Բրիտանական հանրագիտարան․ Իսիոդոս(անգլերէն)
  4. Գործեր եւ Օրեր(յունարէն)
  5. Յունական կրթութեան Նախարարութիւն․ Պատմութիւն հին Յունաական Արձանագրութիւններուն (յունարէն)
  6. Իրոդոթոս, Պատմութիւններ, Գիրք Β', էջ 53 (յունարէն)
  7. Թէողոնիա(անգլերէն)
  8. Կիներու Ցուցակ(անգլերէն)