Փաստաբան

Փաստաբանը, այն անձն է որ ունի իրաւաբան օրինագէտի կամ մասնագէտի մը արժէքը եւ ստացած է անոր համապատասխան արտօնագիրը՝ փաստաբանական գործունէութիւն իրականացնելու համար[1]:

Փաստաբանին նպատակն է ծառայել արդարադատութեան շահերը, ինչպէս նաեւ այն իրաւունքներն ու արտօնութիւնները, որոնք վստահուած են փաստաբաններուն անոնք պաշտպանելու համար։

Փաստաբանը այն անձն է որ ուսանած է փաստաբանութիւն համալսարանին մէջ, եւ անոր աշխատանք գործադրելն է երկրի օրէնքները, դատել, պաշտպանել եւ ծառայել յատուկ նպատակներու: Փաստաբանը իրաւունք ունի ունենալ օգնականներ[2]:

Փաստաբանութիւնը Հայաստանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փաստաբանները կը հանդիսանան ՀՀ փաստաբաններու պալատի անդամներու անուանումը։ Այլ պետութեան փաստաբանը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը գործէ անոր պետութեան համապատասխան յատուկ փաստաբանական կառոյցի տրուած արտօնագրին հիման վրայ եւ պէտք է փաստաբաններու պալատին կանոնադրութեամբ գործէ նախատեսուած հաւատարմագրին վաւերագիրը:

Փաստաբանը իր գործունէութիւնը իրականացնելէ անկախ, կը ղեկավարէ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ, փաստաբանական պալատի կանոնադրութեամբ եւ փաստաբանական գործելակերպի կանոնագիրքով՝ Հայաստանի միջազգային պայմանագիրները եւ օրէնքնեը։ Խոչընդոտները որ կատարուած կ'ըլլան պաշտօնատար անձի, փաստաբանի կամ լիազօրութիւններու կողմէ կը պատժուին տուգանքներով եւ նուազագոյն աշխատավարձի ձերբակալութիւնով ու գրաւումով մէկէն երեք ամիս ժամկէտով[3]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. ՀՀ օրենքը փաստաբանության մասին
  2. Փաստաբանի վարքագծի կանոնագիրք
  3. ՀՀ քրեական օրենսգիրք

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]