Քնարերգութիւն

Քնարերգութիւն, գրական սեռ, ուր բանաստեղծը կը պատմէ իր եսին մասին կամ կը պատմէ  իրականութիւն մը, որուն անպայման կու տայ իր ստացած տպաւորութիւնները, խոհերը եւ զգացումները:

Քնարական Ստեղծագործութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քնարական ստեղծագործութիւնը, որ սովորաբար փոքր ծաւալի չափածոյ երկ մըն է, կը հիմնուի որեւէ ապրում-պատկերի վրայ։ Վերջինիս յուզարտայայտման եւ ծաւալման եղանակով ալ պայմանաւորուած է քնարական ստեղծագործութեան կառոյցն ու զարգացման ընթացքը[1]։ Քնարաշունչ երկերը կ'ունենան չափածոյ ձեւ եւ կ'արտայայտեն խոր յուզում, ուր կը բացայայտուի քնարերգակ հերոսին ներաշխարհը, որուն ընդմէջէն կը յայտնաբերուին հերոսին կրած տառապանքները, գեղեցկութեան թէ բնութեան հանդէպ իր ունեցած հաւատքը, ինչպէս նաեւ սիրոյ հանդէպ իր ապրումները:

Քնարերգութիւնը մշակուած է բոլոր դարերուն: Հայ քնարերգութիւնը հազարամեակներու պատմութիւն ունի, որուն անդրանիկ նմուշները մեզի հասած են հնագոյն դարաշրջաններէն[2]: Հայ բանաստեղծներուն մօտ ուշագրաւ է քնարերգութիւնը, որուն միջոցով անոնք երգած են իրենց սէրը՝ գեղեցիկին, բնութեան եւ հայրենիքին հանդէպ:

Քնարերգակին մօտ տառապանքը ներկայութիւն է: Անկէ կը ծնին երազանք, սէր, կարօտ, ազնուութիւն, վսեմին եւ բնութեան պաշտամունք եւ ամէնէն կարեւորը՝ բանաստեղծ մարդուն հոգեվիճակը, որմէ կ'ազդուի նաեւ ընթերցողը:

Քնարերգութեան ծագումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երգի մը բառերը յաճախ կը սկսին իբրեւ քնարերգութիւններ: Հին Յունաստանի մէջ քնարերգութիւնը, ըստ էութեան, կը զուգորդուէր երաժշտութեան հետ, զոր կը նուագէին «U» ձեւաւորուած լարային գործիքով մը, որ կը կոչուէր քնար: Բառերու եւ երաժշտութեան միջոցով Սաֆոյի (Sappho) նման քնարերգութեան մեծ բանաստեղծներ (Ք.Ա. շուրջ 610-570) «կը թափեն» սիրոյ եւ կարօտի զգացումներ:

Բանաստեղծութեան նման մօտեցումները մշակուած են աշխարհի այլ մասերու մէջ: Չորրորդ դարուն միջեւ Ք.Ա. եւ Ք.Ե. առաջին դարուն եբրայեցի բանաստեղծները կը ստեղծեն քնարական սաղմոսներ, որոնք կ'երգուէին հին հրէական պաշտամունքային ծառայութիւններուն մէջ եւ կը կազմուէին եբրայերէն Աստուածաշունչին մէջ: Ը. դարուն ընթացքին ճափոնցի բանաստեղծները իրենց գաղափարներն ու յոյզերը կ'արտայայտէին haiku-ի եւ այլ ձեւերու միջոցով: Իր անձնական կեանքին մասին գրելով՝ Լի Պոն (710-762) կը դառնայ Չինաստանի ամէնէն նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկը:

Քնարական բանաստեղծութեան վերելքը Արեւմտեան աշխարհին մէջ կը ներկայացնէր հերոսներու եւ աստուածներու մասին դիւցազներգական պատմուածքներ: Եւրոպայի մէջ բանաստեղծները կ'ոգեշնչուէին հին Յունաստանէն, բայց փոխառութիւններ կ'ընէին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքէն, Եգիպտոսէն եւ Ասիայէն[3]:

Դասական ժամանակաշրջաններուն, քնարական սեռը ունեցած է կայուն ու որոշ տեսակներ։ Ասոնք կը զանազանուէին՝ իրենց արտայայտած տրամադրութեան բնոյթով եւ կեանքի այս կամ այն երեսը արտայայտելու փաստով, այսինքն՝ իրենց ընդհանրական նիւթով, աւելի քան իրենց ձեւով։

Հայ Նոր Քնարերգութեան Սկիզբը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ե. դարուն հայ նոր քնարերգութեան սկիզբ դրուած էր, որուն յառաջապահներէն էին Ս. Սահակ Պարթեւ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Մովսէս Խորենացի եւ Յովհան Մանդակունի կաթողիկոս: Անոնք յաջողած էին իրենց ստեղծագործութիւնները ներդաշնակել ժամանակի պահանջներուն հետ` միաժամանակ շարունակելով նախաքրիստոնէական եւ ժողովրդային հարուստ աւանդները, ուր նշանակալից էին մանաւանդ անոնց «շարականները», երբ աշխարհիկ միտքերն ու զգացումները արտայայտուած էին կրօնական նիւթերու եւ քրիստոնէական գաղափարներու հետ համաձուլուած ու մինչեւ այսօր կ'օգտագործուին եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին:

Աւելի ուշ, Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոս (Է. դար) փայլած էր իբրեւ բանաստեղծ եւ երաժիշտ` կատարեալ բանաստեղծականութեամբ մը նոր սլացք տալով հայ քնարերգութեան («Անձինք նուիրեալք»), մինչ Ը. դարու տիրական դէմքերէն հանդիսացած էին` Խոսրովիդուխտ Գողթանացին, երբ շարունակած էր Յ. Մանդակունիի եւ Կոմիտաս կաթողիկոսին աւանդները, եւ Սահակդուխտ Սիւնեցին, որ շարունակած էր հոգեւոր երգասացութիւնը` յօրինելով «Սրբուհի Մարիամ» գողտրիկ բանաստեղծութիւնը: Ուստի, հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ Ը. դար հայ քնարերգութիւնը կտակած էր մեծարժէք գործեր, որոնց արգաւանդ հողին վրայ միջնադարուն բարձրացած էին Գրիգոր Նարեկացիին եւ Ներսէս Շնորհալիին նման մեծութիւններ, որոնք հայ բանաստեղծութիւնը բարձրացուցած էին աննախընթաց բարձունքի:

Քնարերգութեան հիմքը կը կազմեն բառերը, որոնց միջոցով յստակօրէն կը փոխանցուի հեղինակին տրամադրութիւնը։ Քնարերգութեան պահպանուած եւ մեզի հասած երգերը գլխաւորաբար Դաւիթ արքային երգերն են եւ «Երգ երգոցները»։ Քրիստոնէական քնարերգութեան հիմք կազմող սաղմոսները ի յայտ եկած են քիչ մը աւելի ուշ եւ թարգմանուած են եւրոպական բոլոր լեզուներով։ «Երգ երգոցները» մեծ մասամբ կը վերագրուին Սողոմոնին, զորս կարելի է անուանել քնարա-թատերական ոտանաւորներ, որոնք կը յառաջացնեն տարբեր մեկնաբանութիւններ։

Քնարերգութեան Տեսակները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հովուերգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հովուերգութիւնը (յուն. Eidyllion-փոքրիկ բանաստեղծութիւն) ընդհանրապէս չափածոյ, երբեմն ալ արձակ գործ մըն է, ուր կը նկարագրուի բնութեան մէջ երջանիկ ու անհոգ ապրող գեղջուկներու, հովիւներու եւ ձկնորսներու կեանքն ու մաքուր սէրը։ Հոն ընդհանրապէս երանաւէտ մթնոլորտ մը կը տիրէ ուր կը բացակային կեանքի ծանր կողմերը եւ արատները։ Ծագած է հին Յունաստանի ու Հռոմի մէջ, սակայն հետագային ընդհանրացած է՝ իր մէջ ներառելով կեանքի հակասական կողմերը։

Հայ գրականութեան մէջ հովուերգութեան օրինակներ են Իսահակեանի «Ալագեազի Մանիներ»ը, Շանթի «Լերան աղջիկը» եւ Վարուժանի «Հացին երգը» գործերը։ Այս սեռը ներկայիս գրեթէ գոյութիւն չունի։

Ներբող[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներբող (յուն. ode- երգ), ներբողը ոեւէ նշանաւոր անձի կամ իրադարձութեան մասին գովաբանական կամ փառաբանական բնոյթի բանաստեղծութիւն է։ Զարգացած է հին Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ, ունեցած է տարբեր նիւթեր եւ կատարուած է երգչախումբի ու երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Հետագային լայն ընդունելութիւն գտած է դասական շրջանի գրողներէն։ Հայ գրականութեան մէջ այս սեռը կոչուած է նաեւ ձօն։ Նմանօրինակ քերթուածներ են Եղիշէ Չարենցի «Տաղ՝ ձօնուած գրքերին», «Տաղ՝ ձօնուած բնութեան», «Տաղ՝ ձօնուած մանրանկարիչներին» քերթուածները, Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»ը՝ նուիրուած հայրենիքին եւ անոր ազատութեան մարտիկներուն։

Ձօն կրնայ կոչուիլ նաեւ ամբողջական գիրք մը, ինչպէս՝ Յովհ. Շիրազի «Յուշարձան մայրիկիս» հատորը։ Ձօն կը կոչուի նաեւ մէկու մը ստեղծագործութիւն մը նուիրելու համար սկիզբը գրուած մակագրութիւնը։

Եղերերգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղերերգութիւնը (յուն.elogos-տրտունջ) քնարական սեռի պատկանող՝ թախծոտ տրամադրութիւն արտայայտող բանաստեղծութիւն է։ Ծագած է հին Յունաստանի մէջ, ապա տարածուած է նոր գրականութեան մէջ։ Եղերերգութիւն կը գրէին անձնական կամ ընկերային անարդարութիւններէն, հալածանքներէն, իշխանութեան ճնշումներէն դժգոհ բանաստեղծները՝ արտայայտելով իրենց ապրած ներքին ողբերգութիւնը։ Հոն յաճախ տեղ գտած են նաեւ փիլիսոփայական խոհեր։

Հայ գրականութեան մէջ եղերեգութիւնը մեծ տեղ ունի։ Այդ սեռին կը պատկանին Վ. Տէրեանի «Աշնան մեղեդի», «Ինձ թաղէք, երբ կարմիր վերջալոյսն է մարում» եւ այլ գործեր, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Գարուն», Պետրոս Դուրեանի «Լճակ», «Իմ մահը» եւ այլ քերթուածներ։

Վերտառութիւն (Մակագրութիւն)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերտառութիւնը (յուն. epigramma- մակագրութիւն), փոքրածաւալ երգիծական բանաստեղծութիւն է, որ նոյնպէս ծագած է հին Յունաստանի մէջ։ Սկզբնական շրջանին անիկա աստուածներու կամ նշանաւոր անձերու մասին ամփոփ գովերգութիւն էր՝ գրուած շէնքերու, տաճարներու պատերուն, արձաններու կամ սափորներու վրայ։ Անիկա կը գործածուէր նաեւ իբրեւ դամբանական խօսք կամ տապանաքարի մակագրութիւն (epidafia)։ Հետագային սեռը ստացած է երգիծական- քննադատական բնոյթ, ուր խիտ ու սրամիտ տողերով կը ծաղրուէր հակառակորդ անձի մը թերութիւնները՝ երբեմն ուղղակի անուանական։

Սեռը օգտագործուած է հետագայ բանաստեղծական սերունդներու կողմէ։ Հայ գրականութեան մէջ սուր վերտառութիւններ ունի Եղիշէ Չարենցը, ինչպէս՝

Հարց ու պատասխան

_Այսինչի մասին ինչո՞ւ չէք մի սուր էպիկրամ հիւսել։

_Օ՜, ես չեմ սիրում ձեռքերս կեղտոտ բաների քսել։

Դամբանագիր

Աստ հանգչի (անուն) նայիրեան երկրի քննադատը մեծ, Որ երկա՜ր ապրեց, բայց հերոսաբար ոչինչ չգրեց։ Խոնահի՛ր գլուխդ, օտարակա՛ն, այս քարի առաջ. Այստեղ նայիրեան հանճարն է հանգչում՝ կրկնակի մեռած։


Մակագրութիւնը սկիզբը եղած է արձաններու տակ դրուող կարճ գրութիւն, ապա՝ աստիճանաբար բովանդակութիւն եւ բնոյթ փոխելով՝ դարձած է կարճ, սրամիտ եւ յաճախ խայթող չափածոյի տեսակ:

Ուղերձ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նշուած սեռերէն զատ, մասամբ քնարական սեռի կը պատկանի նաեւ ուղերձը, ուր հեղինակը նիւթի մը կապակցաբար իր խոհերն ու յոյզերը կ'արտայայտէ չափածոյ նամակի միջոցով։ Ուղերձ են Չարենցի «Թուղթ Ակսել Բակունցին», «Թուղթ բանաստեղծ բարեկամիս...» քերթուածները, ուր ան կ'արծարծէ հայ բանաստեղծութեան դերին ու հետագայ ուղիին հարցերը։

Փարոտիա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փարոտիան (յուն. parodia, Ֆր. parodie - ծաղրանմանութիւն) կրնայ հանդիպիլ ե՛ւ քնարերգութեան, ե՛ւ արձակի մէջ։ Օգտագործելով այլ հեղինակի մը ստեղծագործութեան գեղարուեստական ձեւերը (տաղաչափութիւն, լեզուական տարրեր)՝ անոր արտայայտած գաղափարին ճիշդ հակառակ գաղափար կ'արծարծէ, չափազանցուած ձեւով՝ ընդգծելով անոր թերութիւնները։ Օրինակ՝ Յովհ. Յովհաննիսեանի «Իմ հայրենիքը տեսե՞լ ես, ասա՛» քերթուածին Յովհ. Թումանեան պատասխանած է իր «Պարոտիա» քերթուածով, ուր կրկնելով անոր համարներու առաջին երկտողերը, յաջորդող երկտողերու մէջ անոր խիստ հակասող պատկերներ կու տայ՝

Տեսե՞լ ես արդեօք այն բլուրները, Ուր ճոխ ծաղկում է մշտական գարուն,---
- Յ.Յովհաննիսեան
Ուր թալանում են մերոնք ու այլերը, Ուր հոսում է միշտ արցունք ու արիւն։---
- Յ. Թումանեան

Քնարերգութեան տեսակներուն ներկայ պատկերացումը չի սահմանափակուիր հին տեսակներուն վերոնշեալ կաղապարներուն մէջ։ Այսօր, քնարական երկեր երբեմն կը շարունակեն բնորոշուիլ ըստ ընդհանրական նիւթի եւ բնաբանի՝ յուզական բանաստեղծութիւն, մտածողական բանաստեղծութիւն եւ քաղաքական բանաստեղծութիւն։ Բայց քնարական սեռի ըմբռնումները ընդհանրապէս կրնան այնքան տարբեր ըլլալ իրարմէ, որ «բնաբանով դրացի» երկեր քով-քովի դասելը անիմաստ կը դառնայ։

Քնարերգութեան մէջ կը մտնեն բանաստեղծութիւնը՝ իր տեսակներով՝ հնչեակ (sonnet), Եռա կրկնակ (Triolet), գազել, ռոմանսները (Փոքրիկ քնարական բանաստեղծութիւն) եւ նամակները։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ջրբաշեան Է․ Գրականութեան տեսութիւն, 5-րդ հրատ․, Երեւան, 1980։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։