Jump to content

Թատրերգութիւն

Թատրերգութիւն, գեղարուեստական գրականութեան սեռ, ուր հեղինակը ոչ թէ դեպքերու եւ հերոսներու մասին կը պատմէ, այլ ուղղակիօրէն այդ բոլորը կը ցուցադրէ հանդիսատեսին առջեւ։ Թատրերգութիւնը ունի հերոսներ ու գործողութեան ընթացք։

Յակոբ Պարոնեան
Սունդուկեան
Լեւոն Շանթին նուիրուած ՀՀ նամականիշ
Կէօթէ
Պուշկին
Շէյքսփիր
Շիրվանզադէ
Հռոմ
Արիստոֆանէս

Սեռին բնորոշ գիծերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ինչպէս պատմողական սեռի երկերը, թատրերգութիւնը եւս կը զարգանայ գործողութիւններու եւ կերպարներու միջոցով, բայց հեղինակը չի միջամտեր գործողութիւնները պատմելու կամ հերոսները ներկայացնելու համար. անոնք կը ներկայանան ուղղակի։ Իրենց խօսքերով եւ շարժումներով «կը ստեղծեն» իրենք զիրենք եւ կը կատարեն գործողութիւնը՝ իբրեւ տեղւոյն վրայ ծնող, իրականացող գործողութիւն (եւ ոչ՝ արդէն տեղի ունեցած ու հիմա պատմուող, ինչպէս կ'ըլլայ պատմողական սեռի պարագային)։

Հեղինակային այս «բացակայութիւն»ը կը դժուարացնէ թատերագիրին գործը։ Իրեն համար, արտայայտուելու միակ ճամբան գործող անձերու խօսքն է. ան պարտաւոր է ե՛ւ հերոսներու հոգեբանութիւնը, ե՛ւ գործողութեան զարգացումը տեղաւորել այդ խօսքերուն մէջ։ Առաւելագոյնը՝ կրնայ փակագծուած շատ կարճ նշումներ արձանագրել, ինչպէս՝ բեմանկարի, հերոսներու ելեւմուտքին, կամ որոշ պահերու՝ անոնց կեցուածքին մասին։

Թատրոնը այն համադրական, «խառն» արուեստի վայրն է, ուր կը միանան գրականութիւնը եւ բեմական ներկայացումը։

Թատրոնը յատուկ կառոյց կը պարտադրէ։ Հանրութեան դադարներ տալու եւ բեմանկար փոխելու համար, անոնք գործողութեան ընթացքին համաձայն՝ բաժնուած կ'ըլլան արարներու (երեքէն հինգ արար)։ Արարները իրենց կարգին բաժնուած կ'ըլլան պատկերներու կամ տեսիլներու։

Նշուած յատկանիշներով՝ կը բացատրուի նաեւ թատրերգութեան գործողութեան կուռ կառուցուածքը՝ կեդրոնացումը, լարումն ու արագութիւնը։ Որեւէ շեղում կամ դանդաղում, որ այս կամ այն ձեւ կարելի պիտի ըլլար վէպի կամ բանաստեղծութեան մէջ, ըմբռնելի եւ ընդունելի չէ հոս։

Թատերական Տեսակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թատերական երկերը կը բաժնուին ըստ իրենց հիմնական նիւթին, բայց մանաւանդ արտայայտած տրամադրութիւններու «գոյնին»։ Այդ տեսակները երեք են՝

Թատերգական այս տեսակը կը ցուցադրէ կեանքի պատկերներ՝ իրականութեան տխուր երեսներու խտացած ներկայացումով եւ անխուսափելի ողբերգական վերջաւորութեամբ (մինչ՝ այլ տեսակներ ողբերգական դրուագներ կը ներկայացնեն պարագայաբար միայն)։

Ողբերգութիւնը հնադարեան դիցաբանական ժամանակներէն ժառանգ հասած է հելլենական դասական գրականութենէն։ Այդ դասական շրջանին է (Ք.Ա. 5-րդ- 4-րդ դարեր), որ անիկա ստացած է իր առաջին գրական կայուն ձեւը։

Դիցաբանութեան մէջ, գլխաւոր գործող անձը՝ ողբերգական հերոսը, մարդկային արտասովոր տիպար էր առհասարակ, որ կ'ապրէր ճակատագրական բախում մը, կը գործէր ճակատագրական սխալ մը եւ ինքն իր վախճանին պատճառ կը դառնար։ Հետեւելով անհատական իր ճակատագիրին, հանդիսատեսին մէջ ան կը ստեղծէր կարեկցութիւն մը, որ գեղագիտական յուզումին ու բարոյական իտէալին միացած՝ կ'ունենար զգալի դաստիարակիչ ազդեցութիւն մը։

Հակառակ իրենց այս մասնայատկութիւններուն, հելլենիստական շրջանին, մեծ ողբերգակներու գործերը յաջողած են արծարծել մարդկային-բարոյական ընդհանրական հարցադրումներ, որոնք իբրեւ ժառանգութիւն փոխանցուած ու մնացած են անփոփոխ՝ հետագայ դարերուն եւ հազարամեակներուն՝ տեսակի հոլովոյթին ու ձեւաւորումներուն մէջ։

Ողբերգութիւնը երկրորդ ծնունդ մը ունեցած է նոր ժամանակներուն, եւրոպական Վերածնունդին։ ԺԶ. դարուն՝ Անգլիան (Շէյքսփիր), իսկ աւելի ետք՝ Ֆրանսան (Փ. Քորնէյ, Ժ. Ռասին), Գերմանիան (Շիլլըր, Կէօթէ), Ռուսիան (Փուշքին) եւ ուրիշներ, նոր ձեւեր տուած են անոր։

Հայ նոր գրականութիւնը ուշագրաւ ողբերգական գործեր չէ արտադրած ։

Կատակերգութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կատակերգութիւնը ամէնէն ծաւալունն է երգիծական շեշտ կրող տեսակներէն։ Անոր սկզբունքն է կեանքը ներկայացնել իր հեգնելի, եւ թերի կողմերով։

Դասական կատակերգութեան ծագումը, ինչպէս ողբերգութեանը, կը տեղադրուի հելլենական հնադարուն (Արիստոֆանէս), փայլուն վերածաղկումով մը լատին գրականութեան ծաղկման դարերուն, Հռոմ։

Հնադարու դասական այս կատակերգութիւնները ունէին թեմաթիք լայն ընդգրկում - մարդկային տիպարներու, բայց մանաւանդ հանրային կեանքի թերիներու մատնանշումով, երբեմն հանճարեղ երգիծական շեշտով։

Նոր ժամանակներուն, եւրոպական գրականութիւնները երկրորդ շունչ մը տուին նաեւ կատակերգութեան տեսակին Շէյքսփիր, ՄոլիԷռ, Կոկոլ...

Իսկ հայ գրականութեան մէջ յիշատակութեան արժանի են Յ. Պարոնեանը եւ Գ. Սունդուկեանը (վերջինին նուազ ծանօթ գործերէն մէկ քանին)։

Կատակերգութեան առաջադրանքը կեանքը եւ կերպարները տալ թերիներու, ծաղրելի երեսներու մէջէն, ունի պատկերումի քանի մը ձեւեր, որոնք կը նոյնանան երգիծանքի ստեղծման ընդհանուր սկզբունքներուն հետ։

Ասոնցմէ գլխաւորներն են՝

  • Բնականոնի չափազանցումը, խտացումը, երբեմն մինչեւ այլանդակում։

Օրինակ՝ կատակերգութեան մէջ է միայն, որ փաստաբան մը «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց»ի կրնայ տալ ծիծաղելիօրէն անիմաստ այնպիսի սահմանում մը, ինչպէս՝ «Պաղտասար Աղբար» թատերակին փաստաբանը։

  • Գործող անձերու միջեւ՝ անսպասելի վիճակ մը, տեսողական պատկեր կամ յարաբերական կացութիւն։

Օրինակ՝ նոյն Պաղտասարը իր հակառակորդին դէմ պաշտպանութիւն եւ խորհուրդ կը խնդրէ իր «բարեկամ» Կիպարէն, առանց գիտնալու, որ ան է նոյնինքն իր հակառակորդը։

Խօսելով կատակերգութեան ենթատեսակներուն մասին, կարելի է յիշել՝

  • Զաւեշտը, որ աւելի՝ կոպիտ միջոցներով «ծանր» խնդուք կը ստեղծէ:
  • Կենցաղային կատակերգութիւնը, որ առաւելաբար ընկերային երեւոյթներ եւ բարքեր թիրախ կը դարձնէ:
  • «Նկարագրային» կատակերգութիւնը, որ աւելի կը կեդրոնանայ անհատներու, նկարագրային տիպերու վրայ։ Այս ենթատեսակը լուրջ միտումներ ու մթնոլորտ կ'ունենայ աւելի յաճախ՝ քան նախորդները, եւ որոշ գործերու պարագային՝ տեղ-տեղ կրնայ հասնիլ մինչեւ իսկ ողբերգական շեշտի։

Հասկնալի է անշուշտ, որ այս ենթատեսակները նոյնպէս երբեմն իրարու միջեւ կը խառնուին. այսպէս, լուրջ տիպի կատակերգութիւն մը կրնայ ունենալ զաւեշտային մասեր։

Թատերախաղ (Դրամա)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թատրերգութեան երրորդ տեսակը թատերախաղն է, որ ԺԸ. դարէն ծնունդ առած՝ յաջորդական փոքր փոփոխութիւններէ անցնելով յանգած է ձեւի մը, որ մօտ է ժամանակակից թատերգական գործերուն։

Թատերախաղին զարգացման կարեւորագոյն հանգրուանը եղած է ԺԹ. դարուն առաջին կէսին վիպապաշտ հոսանքը կամ դպրոցը (ՇիլլԷր, Հիւկօ)։

Հայկական թատրերգութեան ամէնէն ծանօթ թատերախաղերն են Գ. Սունդուկեանի եւ Ալ. Շիրվանզադէի թատերակները։ Լ. Շանթի թատերական գործերը նոյնպէս թատերախաղի տարբերակներ են։

Իր ընդհանուր գիծերուն մէջ, թատերախաղը՝

  • Կը կայացնէ միջին եզրը՝ ողբերգութեան եւ կատակերգութեան միջեւ,
  • Այս երկուքէն տարրեր ունենալով հանդերձ, անիկա սակայն պարզ «խառնուրդ» մը չէ. ունի ուրոյն յատկանիշներ,
  • Կ'արտայայտէ կեանքի բնական հոսքը, անոր իրական պատկերը, ուր ծիծաղ եւ արցունք խառնուած են իրարու՝ սովորական դէպքերու եւ տիպերու շարանի մը մէջ,
  • Կը խուսափի գաղափարներու խտացումներէ, միակողմանի դիտանկիւններէ (ողբերգութիւն), չափազանցումներէ (կատակերգութիւն)։ Կերպարները կը ներկայացնէ իրենց իրական բարդութիւններուն մէջ։

Բեմագրութիւն կամ շարժագրութիւն (սենարիօ)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շարժանկարի մը պատրաստութեան հիմք ծառայող գրութիւնը անոր համառօտ պատմութեամբ եւ խօսակցութիւններով, կը կոչուի բեմագրութիւն կամ շարժագրութիւն, կամ՝ միջազգային գործածութեան հասած բառով մը՝ սենարիօ։ Կարելի է այս վերջինը նկատել թատրերգութեան տեսակ մը, մանաւանդ եթէ ստեղծագործ արտադրութիւն է, եւ ոչ պատշաճեցում՝ արդէն գոյութիւն ունեցող պատմողական կամ թատերգական գործէ մը։

Բեմագրութիւնը իբրեւ բնագիր՝ կը յիշեցնէ թատրերգութիւնը։ Բայց բնականաբար աւելի անկախ է բեմական հրամայականներէ եւ հեղինակային նշումներէ, որոնք թատրերգութեան մէջ քանի մը բառէն աւելի չեն ըլլար, հոս կրնան աւելի երկար ըլլալ եւ ուրուագծել պատմութիւնը։

Է. Ջրբաշեան, Գրականութեան տեսութիւն, Երեւան, 1980, էջ 336-339։