Շամսուտտին Մոհամետ Հաֆեզ
| Շամսուտտին Մոհամետ Հաֆեզ պարս․՝ خواجه شمسالدین محمد حافظ شیرازی | |
|---|---|
|
| |
| Նաեւ յայտնի է իբրեւ | حافظ |
| Ծնած է | 1325[1][2][3] |
| Ծննդավայր | Շիրազ, Muzaffarids of Iran |
| Մահացած է | ոչ վաղ քան 1389 եւ ոչ ուշ քան 1390 |
| Մահուան վայր | Շիրազ, Թիմուրեաններու պետութիւն |
| Քաղաքացիութիւն |
Muzaffarids of Iran և |
| Մայրենի լեզու | Պարսկերէն |
| Կրօնք | Իսլամութիւն, Սիւննի և սուֆիզմ? |
| Ազդուած է | Իբն Արաբի?, Sanai?, Anvari?, Նիզամի Գյանջևի?, Խաքանի Շիրուանի, Աթթար? և Մանսուր ալ-Հալլաջ? |
| Երկեր/Գլխաւոր գործ | Հաֆէզի Ժողովածոն |
| Տեսակ | քնարերգական սեռ |
| Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, երգերու հեղինակ և գրագէտ |
Շամսուտտին Մոհամետ Հաֆեզ կամ Հաֆեզ Շիրազեցի (պարս․՝ خواجه شمسالدین محمد حافظ شیرازی,1325[1][2][3], Շիրազ, Muzaffarids of Iran - ոչ վաղ քան 1389 եւ ոչ ուշ քան 1390, Շիրազ, Թիմուրեաններու պետութիւն), պարսիկ բանաստեղծ[4][5]:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Իրանի Շիրազ քաղաքը: Անոր ծննդեան ստոյգ թուականը յայտնի չէ: Այդ մասին ուսումնասիրողները տարբեր կարծիքներ յայտնած են:
Հաֆեզ ամուսնացած է եւ ունեցած` երկու որդիներ, որոնցմէ մէկը մահացած է 24 Դեկտեմբերի 1362-ին:
Հաֆեզը կեանքին մէջ միայն մէկ անգամ դուրս եկած է Շիրազէն եւ գացած է Եազտ քաղաք, բայց շատ կարճ ժամանակ ետք վերադարձած է Շիրազ:
Անգամ մըն ալ հրաւիրուած է Հնդկաստանի թագաւորին կողմէ, բայց հրաժարած է, որովհետեւ ճամբորդութիւնը ծովով պիտի ըլլար: Այս առիթներով Հաֆեզը գրած է ղազալներ, որոնք յետագային հիմք հանդիսացան անոր կենսագրութեան վերաբերող աւանդապատումներու:
Ըստ այդ աւանդապատումներէն մէկուն, Հաֆեզի հայրը` Պահաաուտտինը, իսկ, այլոց ըսածին համաձայն, Շամսուտտին, սպահանցի էր, երիտասարդ ժամանակ տեղափոխուած է Շիրազ եւ զբաղած` առեւտուրով: Մահանալէն ետք ժառանգ ձգած է բաւական մեծ հարստութիւն, բայց աւագ որդիները ամբողջը վատնելով` Հաֆեզն ու իրենց մայրը կը ձգեն աղքատութեան մէջ:
Հօրը մահէն ետք Հաֆեզ մտած է փուռ` աշխատանքի: Ըստ աւանդութեան, փուռ մտնելով` ան իր ձեռք բերած դրամը բաժնած է երեք մասի. մէկ մասը տուած է մօրը, մէկ մասը իր ուսուցիչին` իբրեւ ուսման վարձ, իսկ երրորդ մասը` աղքատներուն:
Փուռին մէջ Հաֆեզը ստացած է նախնական կրթութիւն, ուր գոց սորված է «Ղուրան»ը եւ ժամանակակիցներուն կողմէ ստացած է «Հաֆեզ» (յիշող) անունը[6][7]։
Այն փուռը, ուր աշխատած է Հաֆեզ, եղած է Շիրազի բանաստեղծներու հաւաքատեղին: Այդտեղ բանաստեղծները կը վիճէին գրականութեան զանազան հարցերու շուրջ եւ կը կարդային իրենց ստեղծագործութիւնները:
Երիտասարդ Հաֆեզը այս «ակումբ»-ին մէջ կարդաղած է իր անդրանիկ ստեղծագործութիւնները, որոնք չափի եւ կշռոյթի տեսակէտէն տակաւին թոյլ էին, ուստի բանաստեղծներուն կողմէ ենթարկուած են սուր ծաղրի:
Ան բանաստեղծի համբաւ ձեռք բերած է միայն 14-րդ դարու քառասունական թուականներէն ետք` շէյխ Ապու Իսհաքի թագաւորութեան ժամանակաշրջանին, մոնկոլական բռնատիրապետութեան ատեն:
Հաֆեզի եւ Լենկ Թիմուրի աւանդապատումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւանդապատումը կը խօսի մեծ բանաստեղծին կեանքին վերջին տարիներուն պատահած դէպքերէն մէկուն մասին` կապուած Լենկ Թիմուրի հետ:
1387 թուականին Կաղ Թիմուրը արշաւած է Շիրազի վրայ ու գրաւած է զայն: Երբ բռնակալը քաղաք մտած է, անոր մօտ բերած են աղքատի հագուստներ հագած ծերունի Հաֆեզը, անոնց խօսակցութեան ժամանակ Հաֆեզը իր ղազալներէն երկտող մը արտասանած է։ Լենկ Թիմուր հաւնած է Հաֆեզին սրամտութիւնը եւ ներած է զինք[8]:
Թաղումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրօնաւորները Հաֆեզը անհաւատ կը համարէին, որովհետեւ անիկա իր ստեղծագործութիւններուն մէջ ծաղրանքի ենթարկած է զիրենք, ուստի զայն կարելի չէր թաղել մահմետականներուն հետ նոյն գերեզմանոցին մէջ:
Այդ պատճառով ժամանակակիցները առաջարկած են միջնադարեան սովորութիւն մը` վիճակ քաշել:
Հաֆեզի ղազալներէն կը քաղեն առանձին կտորներ եւ կը նետեն սափորի մէջ: Փոքրիկ մը սափորին մէջէն կը հանէ մէկը:
Հաֆեզը կը թաղեն Ռուքնապատ (Մուսալլայի) գետի ափին վարդերու պարտէզին մէջ։
Իր ժամանակի կառավարութիւնները[9]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան իր երիտասարդութեան տարիներուն տեսաւ Աթաբեկեան հարստութեան (դինաստիայի) տկարացումը եւ տարածաշրջանին վրայ մոնկոլ Իլխանեան Ինճուեաններու տիրապետութիւնը։ Ան բարձր պաշտօնի հասաւ Ինճուեաններու դարաշրջանի Ճամալ ատ-Տին Ապու Իսհաք թագաւորի կառավարման ժամանակաշրջանին։ Ապու Իսհաք Ինճուիի կառավարման շրջանը յայտնի էր արդարութեամբ ու անաչառութեամբ. այս թագաւորը կը սիրէր գիտնականներն ու գրագէտները, ուստի Հաֆեզ Շիրազի անկէ մեծ յարգանք ու գնահատանք ստացաւ։ Իբրեւ երախտագիտութեան նշան այս տիրակալին հանդէպ՝ Շիրազի անոր տուաւ բազմաթիւ տիտղոսներ, ինչպէս՝ «Գիտութեան եւ պարկեշտութեան երկինք»։ Ապու Իսհաք կառավարեց հիժրայի 742-էն մինչեւ 754 թուականը։
Խաղաղութեան եւ անդորրութեան այս շրջանէն ետք, իշխանութեան գլուխ անցաւ Մուզաֆֆարեաններու հարստութեան հիմնադիր ամիրա Մուպարիզ ատ-Տինը՝ Իսհաքը սպաննելէ ետք։ Ան հիմնեց պետութիւն մը, որուն հիմքը անարդարութիւնը, բռնութիւնն ու դաժանութիւնն էին։ Ան ջղագրգիռ, բռնակալ եւ մոլեռանդ թագաւոր մըն էր, յատկապէս կրօնական ու դաւանաբանական հարցերու մէջ, եւ ժողովուրդին հետ կը վարուէր խստագոյն դաժանութեամբ։ Իր կառավարման ընթացքին մարդիկ զրկուեցան ազատութիւններէն եւ բնական շնորհքներէն։ Մուպարիզ ատ-Տին ինքզինք կը ներկայացնէր իբրեւ իր կրօնին հանդէպ մոլեռանդ մահմետական, որ կը ջանար գործադրել շարիաթն ու իսլամական օրէնքները։ Հաֆեզ Շիրազի դէմ արտայայտուեցաւ այս արարքներուն, յարձակեցաւ անոնց վրայ եւ զանոնք նկատեց կեղծաւորութիւն ու արտաքին կրօնական մոլեռանդութեան տեսակ մը։ Մուպարիզ ատ-Տինի կառավարման շրջանը երկար չտեւեց. հիժրայի 759 թուականին անոր երկու որդիները՝ Մասուտ եւ Շուժա, դաւադրութիւն կազմակերպեցին իրեն դէմ՝ կուշտ ըլլալով անոր բռնակալական արարքներէն։ Անոնք ձերբակալեցին զինք, կուրցուցին անոր աչքերը եւ տապալեցին անոր կառավարութիւնը։
Հաֆեզ Շիրազի ականատես եղաւ նաեւ Շահ Շուժայի եւ Շահ Մանսուրի կառավարման շրջաններուն եւ հիացաւ անոնցմով, որովհետեւ անոնք մերժեցին մոլեռանդութեան ու քարացածութեան երեւոյթները Շիրազի մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար հանդէպ պոեզիայի (բանաստեղծութեան) եւ բանաստեղծներուն։ Իրենց կարգին, անոնք ալ մեծագոյն յարգանք կը տածէին անոր հանդէպ եւ կը պաշտպանէին զինք։ Մեր բանաստեղծի կեանքի վերջին օրերը համընկան դաժան, արիւնարբու եւ բռնակալ տիրակալ Ամիր Թիմուրի (Լենկթիմուր) Շիրազի վրայ կատարած յարձակման հետ՝ Սպահանի մէջ բազմաթիւ ոճիրներ եւ ջարդեր իրագործելէ ետք։ Թիմուր հիացաւ անով՝ իրենց միջեւ տեղի ունեցած հռչակաւոր հանդիպումէն եւ զրոյցէն ետք, եւ անոր արժանացուց իր հոգատարութեան, ուշադրութեան եւ գնահատանքին։
Հռչակը[10]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաֆեզ իր կեանքին մեծ մասը անցուց Շիրազի մէջ եւ միայն մէկ անգամ ճամբորդեց դէպի Եազտ քաղաք։ Ան մեծ համբաւ շահեցաւ Իրանի բոլոր շրջաններուն մէջ, իսկ անոր քերթուածները հասան մինչեւ ամէնահեռաւոր վայրերը, ինչպէս՝ Հնդկաստան։ Ան մեծ յարգանքի կ'արժանանար Ճելայիրեաններու սուլթաններուն եւ Հնդկաստանի Տեքանի շրջանը կառավարող Պահմանի թագաւորներուն կողմէ։ Հաֆեզը յատկապէս հռչակաւոր է իր սիրային (ղազալ) եւ միսթիք (տեսլական/իրապաշտ) քնարերգութեամբ։
Անոր բանաստեղծութեան առանձնայատկութիւնները[11]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաֆեզ հռչակաւոր դարձաւ իր «Տիուան»-ով (բանաստեղծութիւններու ժողովածու), որ թարգմանուած է աշխարհի քսանեօթը կենդանի լեզուներու։ Անիկա բաղկացած է եօթը հարիւր բանաստեղծական կտորներէ, որոնցմէ գրեթէ հինգ հարիւրը հիւսուած են ղազալի (սիրերգութեան) ոճով։ Անոր համբաւը տարածուեցաւ հորիզոնէ հորիզոն՝ Իրանի թէ՛ ներսը եւ թէ՛ դուրսը, այնքան որ գերմանացի հռչակաւոր բանաստեղծ Կէօթէն երգեց անոր գործերը եւ զայն նկատեց համաշխարհային գրականութեան բանաստեղծութեան ու գրականութեան սիւներէն մէկը։
Ֆրանսացի արեւելագէտ Հանրի Քորպէն անոր մասին արտայայտուած է. «Ան այն բանաստեղծն է, որ իրագործեց դժուարին հաւասարումը՝ բառի գեղեցկութեան, ճարտասանութեան վսեմութեան եւ բովանդակութեան ջինջ յստակութեան միջեւ»։
Անոր բանաստեղծութիւնները արաբերէնի թարգմանած են տոքթ. Իպրահիմ Ամին ալ-Շուարապին եւ տոքթ. Ալի Ապպաս Զուլէյխան [յաւելեալ տեղեկութի՞ւն]։ Իսկ վերջերս՝ 2020 թուականին, Իրանի մէջ հրատարակուեցաւ Հաֆեզի «Տիուան»-ին արաբերէն նոր թարգմանութիւնը, որ կատարեց տոքթ. Նատեր Նիզամ Թահրանին։
Անոր քերթողութիւնը կը բնորոշուի խօսքի յստակութեան, ճարտասանութեան ու վայելչութեան գագաթնակէտով։ Իր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն ան արտայայտեց իր սրտի բոլոր պահուած զգացումները, ինչպէս՝ սէրը հանդէպ ճշմարտութեան, միութեան եւ հոգիներու միաւորման։ Ան նաեւ յայտնեց իր բարկութիւնն ու նախատինքը պառակտման, կեղծաւորութեան, երեսպաշտութեան եւ արտաքին բախումներուն դէմ։ Իր քերթուածներուն մէջ ան գործածեց յատուկ բառեր ու արտայայտութիւններ, որոնց միջոցով բացատրեց իր նպատակադրած հասկացողութիւնները. անոր ոճը նորարար էր ու իր տեսակին մէջ եզակի, իսկ անոր քերթուածները կը նկատուին պարսկական գրականութեան ստեղծագործական բարձրակէտը։ Հաֆեզ կը գործածէ այնպիսի եզրեր, ինչպէս՝ «պատէ ու մէյ» (որ կը նշանակէ գինի) եւ «մէյքատա» (որ կը նշանակէ գինետուն), սակայն ասոնցմով ան ի նկատի ունի միսթիք (տեսլական) իմաստներ եւ ոչ թէ այս բառերուն արտաքին կամ բառացի նշանակութիւնը։
Հաֆեզի բանաստեղծութիւնը սիրային, ընկերային եւ միսթիք (տեսլական) իմաստներու միախառնուրդ մըն է։ Իր բոլոր սիրային քերթուածներուն մէջ, սովորական արտայայտութիւններու կողքին, ան կը միտի փոխանցել վեհ գաղափարներ՝ գոյութեան, սիրոյ, ներողամտութեան, բռնութեան, ինչպէս նաեւ իշխանութեան հասած մարդոց կողմէ գործադրուող կեղծաւորութեան ու խաբէութեան մասին։ Ան նաեւ նպատակ ունի փոխանցելարարչագործութեան ու բնութեան գեղեցկութիւնը եւ հզօր մտքի տեսլական կամքը։ Այս բովանդակութիւններէն իւրաքանչիւրը ունի դաստիարակչական բնոյթ, լեցուն է խրատներով եւ մարդոց կը սորվեցնէ կեանքի ուղին, կանոնն ու ոճը։ Այդ իսկ պատճառով, Իրանի մէջ հազիւ թէ գտնուի տուն մը, ուր չըլլայ Հաֆեզի «Տիուան»-ը։ Իրանցիները մեծապէս կը յարգեն անոր ժողովածուն. անոնք այս գիրքին հետ կը բաժնեկցին իրենց գաղտնիքներն ու հոգեկան ապրումները՝ անոր բանաստեղծութիւններով գուշակութիւն (ֆալ) ընելով։ Ահա թէ ինչու անոնք Հաֆեզին տուած են «Լիսան պալ-Ղէյպ» (Աներեւոյթի լեզու) եւ «Թարճուման ալ-Ասրար» (Գաղտնիքներու թարգման) տիտղոսները[12]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 Encyclopédie Larousse en ligne
- 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- 1 2 Union List of Artist Names
- ↑ electricpulp.com։ «HAFEZ – Encyclopaedia Iranica»։ www.iranicaonline.org (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ օգոստոսի 6
- ↑ de Fouchécour Charles-Henri (2018-07-01)։ «Ḥāfiẓ»։ Encyclopaedia of Islam, THREE (անգլերէն)։ «Shams al-Dīn Muḥammad Ḥāfiẓ was a Persian lyric poet who lived in Shiraz from about 715/1315 to 792/1390.»
- ↑ MD Khalid Hammed Shaida (2011-09-27)։ Hafiz, Drunk with God: Selected Odes (անգլերէն)։ Xlibris Corporation։ ISBN 978-1-4653-7091-4
- ↑ Bloom Jonathan, Blair Sheila (2002-01-01)։ Islam: A Thousand Years of Faith and Power (անգլերէն)։ Yale University Press։ ISBN 978-0-300-12757-7
- ↑ «Հաֆեզ Շիրազեցին Ու Անոր Աւանդը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2022-02-28։ արտագրուած է՝ 2022-03-03
- ↑ (արաբերեն) حافظ الشيرازي, 2025-12-08, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%AD%D8%A7%D9%81%D8%B8_%D8%A7%D9%84%D8%B4%D9%8A%D8%B1%D8%A7%D8%B2%D9%8A&oldid=72684399, վերցված է 2026-05-19
- ↑ (արաբերեն) حافظ الشيرازي, 2025-12-08, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%AD%D8%A7%D9%81%D8%B8_%D8%A7%D9%84%D8%B4%D9%8A%D8%B1%D8%A7%D8%B2%D9%8A&oldid=72684399, վերցված է 2026-05-19
- ↑ (արաբերեն) حافظ الشيرازي, 2025-12-08, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%AD%D8%A7%D9%81%D8%B8_%D8%A7%D9%84%D8%B4%D9%8A%D8%B1%D8%A7%D8%B2%D9%8A&oldid=72684399, վերցված է 2026-05-19
- ↑ موقع الحياة تجريبي، «ديوان حافظ الشيرازي»: نقاءُ- ما -بعد- الخطيئة نسخة محفوظة 08 أكتوبر 2016 على موقع واي باك مشين.