Միքիս Թէոտորաքիս

Միքիս Թէոտորաքիս
յուն․՝ Μίκης (Μιχαήλ) Θεοδωράκης
Միքիս Թէոտորաքիս, 23 Յունուար 1972, Հոլլանտա տուած համերգի մը ընթացքին
Ծնած է 29 Յուլիս 1925
Ծննդավայր Խիոս (կղզի), Էգէական Ծով, հիւսիս-արեւելեան Յունաստան
Մահացած է 2 Սեպտեմբեր 2021(2021-09-02)[1][2][3][…] (96 տարեկանին)
Մահուան վայր Աթէնք, Յունաստան[4]
Քաղաքացիութիւն յունական
Ազգութիւն Յոյն
Մայրենի լեզու Յունարէն
Կրօնք Ուղղափառութիւն
Ուսումնավայր Փարիզի երաժշտանոց
Աթենքի կոնսերվատորիա?[5]
Ազդուած է կրետական, յունական աւանդական եւ Փոքր Ասիոյ յունական երաժշտութիւններէն
Ազդած է յունական երաժշտութեան զարգացման
Երկեր/Գլխաւոր գործ «Ալեքսիս Զորպաս», «Άξιον Εστί» եւ «Mauthausen», «Էփիթաֆիոս», «Րոմիոսինի», «Փոլիթիա», «Պզտիկ Քիքլատես», «Պայքարի երգերը»,«Մեռած եղբօր վիպերգը», «Հրէշտակներուն թաղը», «Իլեքթրա», «Անտիղոնի», «Լիսիսթրաթի»
Տեսակ օփերա, համանուագ, ժողովրդական, Էնտեհնօ, վոկալ? եւ Սիրտակի?
Մասնագիտութիւն յօրինող, բանաստեղծ, երգահան, խմբավար, դաշնակահար եւ քաղաքագէտ
Վարած պաշտօններ Յունաստանի Խորհրդարանի երեսփոխայ, Յունաստանի Խորհրդարանի երեսփոխայ[6], Յունաստանի Խորհրդարանի երեսփոխայ[6] եւ Պետական Նախարար
Անդամութիւն «Յունաստանի Ժողովրդավարական Ազատագրական Բանակ», Արեւելեան Գերմանիոյ Արուեստներու ակատեմիա եւ Աթէնքի Ակատեմիա
Կուսակցութիւն Ժողովրդավարական Ձախակողմեան Միութիւն, «Միացեալ Ձախ» եւ «Յունաստանի համայնավար կուսակցութիւն»
Ամուսին Միրթօ Արթինողլու[7]
Ծնողներ հայր՝ Ղիորղի Թէոտորաքիս, մայր՝ Ասփասիա Փուլաքի
Երեխաներ Ղիորղոս Թէոտորաքիս եւ Մարղարիթա Թէոտորաքիս
Կայքէջ mikistheodorakis.gr
Ստորագրութիւն

Միքիս Թէոտորաքիս (յուն․՝ Μίκης (Μιχαήλ) Θεοδωράκης, 29 Յուլիս 1925(1925-07-29)[8][9][10][…], Խիոս, Յունաստան[11][12] - 2 Սեպտեմբեր 2021(2021-09-02)[1][2][3][…], Աթէնք, Յունաստան[4])․ միջազգային համբաւի արժանացած, դափնեկիր՝ «Լենին Խաղաղութեան մրցանակ» եւ «Բրիտանական Ժապաւէնի Ակատեմիոյ Մրցանակներ» (BAFTA) պարգեւներու արժանացած նշանաւոր յոյն բանահիւս, յօրինող, երգահան, խմբավար եւ քաղաքագէտ (եղած է նախարար եւ չորս անգամ Յունաստանի խորհրդարանի անդամ ընտրուած է)։ Յօրինած է բազմաթիւ գործեր, որոնցմէ ամենայայտնին «Սիրթաքի Զորպաս»ն է συρτάκι Ζορμπάς -Syrtaki dance, որուն եղանակը յենուած է կրետական աւանդական երաժշտութեան։

Զբաղած է երաժշտութեան բոլոր տեսակներով՝ յունական եւ դասական․ դաշնագրութիւն, մաղթանուագներ, թատերապարեր, օփերաներ եւ սենեակի երաժշտութիւն։

Անոր յօրինումները մեկնաբանած են աշխարահռչակ արուեստագէտներ, ինչպէս օրինակ՝ Պիթլս The Beatles (կը մեկնաբանեն «Երբ երազս յիշես» Αν θυμηθείς το όνειρο μου երգը, «The Honeymoon Song» պիտակին տակ[13]), Շըրլի Պասի Shirley Bassey, Ճոան Պաեզ Joan Báez, Էտիթ Փիաֆ եւ Ալ Պանօ։ Յօրինած է նաեւ ծանօթ ժապաւէններու երաժշտութիւնը․ «Ֆետրա» Φαίδρα (1962, բեմադրիչ Ժիւլ Տասեն)[14], «Ալեքսիս Զորպաս» Αλέξης Ζορμπάς կամ Zorba the Greek (1964[15], բեմադրիչ Միխալիս Քաքոյեանիս), «Ζ» (1969[16], բեմադրիչ Քոսթաս Ղաւրասեւ գլխաւոր դերակատարներ՝ Իվ Մոնթան Yves Montand, Իրինի Փափա Ειρήνη Παππά, Ժան Լուի Թրենթինիան Jean-Louis Trintignant եւ Ժաք Փերան Jacques Perrin) եւ «Սերփիքօ» Serpico (1973)[17]։ Մշակած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու նուագակցութիւնը, ինչպէս օրինակ «Նոպելի Գրականութեան Մրցանակ»ի դափնեկիրներ՝ Օտիսէաս Էլիթիսի («Աքսիոն Էսթի») եւ Ղիորղոս Սեֆերիսի («Էփիֆանիա») գործերը։

Թէոտորաքիս եղած է երեք անգամ «Բրիտանական Ժապաւէնի Ակատեմիոյ Մրցանակներ»ու (BAFTA) թեկնածու բնագիր երաժշտութեան համար։ Առաջին թեկնածութեան ստացած է մրցանակը՝ «Ζ» (1970) ժապաւէնի երգակցութեան համար, իսկ մնացեալ երկու թեկնածութիւններն են՝ 1974-ին «État de Siège» (բեմադրիչ Քոսթաս Ղաւրաս եւ գլխաւոր դերակատարներ Իվ Մոնթան Yves Montand եւ Րենաթօ Սալվաթորի Renato Salvatori) եւ 1975-ին «Serpico» (գլխաւոր դերակատարն է Ալ Փաչինօ Al Pacino)։ Առաջարկուած է նաեւ Կրեմի Երաժշտական Մրցանակին համար, յաջորդաբար 1966-ին եւ 1975-ին «Zorba the Greek» (յենուած է Նիքոս Քազանծաքիսին «Ալեքսիս Զորպասին կեանքը» գիրքին եւ դերակատարներն են Անթոնի Քուին, Ալան Պէյթս, Իրինի Փափա) եւ «Serpico» ժապաւէններուն երաժշտութեան համար։

Իր ամենանշանաւոր գործերը կը նկատուին բանաստեղծութիւններու երաժշտաւորումը։ Ան, օգտագործած է յոյն եւ օտար մրցանակիր բանաստեղծներու տողեր, ինչպէս օրինակ․ Եանիս Րիցոս՝ «Լենին Խաղաղութեան մրցանակ» (1976), Եորղոս Սեֆերիս՝ «Նոպել» (1963), Փապլօ Ներուտա՝ «Նոպել» (1971), Օտիսէաս Էլիթիս՝ «Նոպել» (1979)։ 2000-ին Միքիս Թէոտորաքիս առաջարկուած է «Նոպել Խաղաղութեան մրցանակ»ին համար։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին տարիները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միքիս Թէոտորաքիս ծնած է 29 Յուլիս 1925-ին, Խիոս։ Ծնողքը իրարու կը ծանօթանան Փոքր Ասիա, նախկան Փոքր Ասիոյ աղէտը․ հայրն է Ղիորղի Թէոտորաքիս, ծագումով Կրետացի, իսկ մայրը՝ Ասփասիա Փուլաքի, յոյն Փոքր Ասիոյ Չեշմէ քաղաքէն։

Հօրը գործին պատճառով՝ բարձրագոյն պետական պաշտօնեայ, կեանքին առաջին տարիները Թէոտորաքիս կ՛ անցընէ Յունաստանի գաւառներուն քաղաքներուն մէջ․ Միթիլինի (Լեսվոս կղզի), Եանենա (հիւսիս-արեւմտեան Յունաստան), Արղոսթոլի (Քեֆալոնիա), Փիրղօ Իլիաս (հիւսիս-արեւմտեան Պեղոպոնեզ), Փաթրա եւ Թրիփոլի (Արքատիա, Պեղոպոնեզ)։

Հազիւ 17 տարեկան (1942), Թրիփոլի, Թէոտորաքիս իր առաջին համերգը կ՛ ունենայ։ Կը ներկայացնէ իր «Քասիանի» գործը եւ մաս կը կազմէ գերմանացի նուաճողներուն դէմ յունական դիմադրութեան։ 25 Մարտ 1945-ին, գերմանացիներուն դէմ կազմակերպուած մեծ բողոքի ցոյցին ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով կը ձերբակալուի եւ բանտին մէջ չարչարանքներու կ՛ ենթարկուի։ Կը յաջողի Աթէնք փախչիլ, ուր կ՛ անդամագրուի «ԷԼԱՍ»ին (ΕΛΑΣ)՝ «Յունական Ժողովրդային Ազատագրական Բանակ», ուր կը ծանօթանայ եւ կը բարեկամանայ Մանոս Խածիտաքիսին։

Միաժամանակ «Դեկտեմբերեան բախումներ»ուն ընթացքին (ΕΑΜ-ΕΛΑΣ եւ բրիտանական–յունական՝ կառավարական, կողմերուն միջեւ բախումներ) կը կռուի կառավարական եւ բրիտականական ուժերուն կողքին։ Նոյն ժամանակամիջոցին, կ՛ ուսանի Աթէնքի Երաժշտանոցին մէջ․ ուսուցիչն է՝ Ֆիլոքթիթիս Իքոնոմիտիս Φιλοκτήτης Οικονομίδης։

Դեկտեմբերեան բախումներէն ետք, ոստիկանութիւնը զայն կը հալածէ։ Թէոտորաքիս Աթէնք կը պահուըտի, սակայն կը ձերբակալուի 1947-ին զանգուածային կալանաւորումներուն ընթացքին եւ Իքարիա կղզին կ՛ աքսորուի։

1947-ի վերջերուն, Թեմիսթոքլիս Սոֆուլիսի վարչապետութեան ընթացքին ընդհանուր ներում կը շնորհուի։ Թէոտորաքիս կը մասնակցի «Աթէնքի Զինուորական Բանակ»ի զինական խումբերուն եւ ապօրինութեան կ՛ անցնի։ Թոքատարապէ բռնուած, հօրը տունը կ՛ապաստանի, սակայն կը ձերբակալուի ու կրկին կ՛ աքսորուի․ հոն կը գրէ «Եղերգութիւն եւ ողբ Վասիլիս Զանոյին համար» Ελεγείο και θρήνος στον Βασίλη Ζάννο, ի յիշատակ Վասիլիս Զանօ երիտասարդին որ կը գնդակահարուի 1948-ին[18]։ Ապա, կը ղրկուի Մաքրոնիսօ կղզիին բանակատեղին, ուր կը չարչարուի մինչեւ ջլատուի։

18 Ապրիլ 1949-ին, ըստ կարգ մը աղբիւրներու, ան զղջում կը յայտնէ․ ինք մինչեւ կեանքին վերջը չ՛ընդունիր թէ նման արարք մը ըրած է։ Շնորհիւ հօրը եւ հօրեղբօր միջամտութիւններուն, իբրեւ անդամալոյծ ազատ կ՛ արձակուի։

Ուսման տարիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1949-ին ընտանիքը զայն Խանիա (Կրետէ) կը ղրկէ, որպէսզի բուժուի։ 1950-ին Աթէնք կը վերադառնայ եւ դաշնակաւորութեան (αρμονία) վկայանը ձեռքբերելով Աթէնքի Երաժշտանոցը կ՛ աւարտէ։ 1950-ին երբ Յունաստանի զինեալ ուժերուն մէջ իր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէր, չդիմանալով իր անձին հանդէպ եղած գրգռութիւններուն, կը փորձէ անյաջող ինքնասպանութիւն մը։

1954-ին պետական կրթաթոշակին շնորհիւ կ՛ արձանագրուի Փարիզի Երաժշտանոցը։ Կ՛ ուսանի երաժշտութեան ուսումնասիրութիւն եւ նուագախումբի խմբավարութիւն։ Ուսուցիչներն են՝ Օլիվիէ Մեսեան եւ Օժեն Պիկօ։ Փարիզ, Լուտմիլա Չերինային թատերապարերուն, Սթութկարթի Stuttgart թատերապարախումբին եւ շարժապատկերի համար երաժշտութիւն կը յօրինէ։

1957-ին, «Suite No 1 դաշնակի եւ նուագախումբի» երգակցութիւնը, «Greek Carnival», «Le Feu aux Poudres», «Les Amants de Teruel»[19] ներկայացումներու Թէոտորաքիսին թատերապարերը միջազգային ծափողջիւնով կը դիմաւորուին։ Մոսկուայի Փառատօնին «Ոսկեայ Մետալ» մրցանակին կ՛ արժանանայ․ մրցանակը կը ստանայ ձեռամբ՝ Տմիթրի Սոսթանքովիչի Dmitri Shostakovich։ Միաժամանակ կը յօրինէ համերգային եւ սենեակի երաժշտութեան բազմաթիւ գործեր, ինչպէս օրինակ՝ «Անթիղոնի» թատերապարը (Լոնտոնի «Թագաւորական Օփերա» ROH), իսկ «Ill Met by Moonlight», «Faces in the Dark» եւ «Luna de Miel» ժապաւէններու իր յօրինած երգակցութիւններով միջազգային ճանաչում կը ստանայ։ «Luna de Miel» (Մեղրալուսին) երաժշտութիւնը, որ յենուած է Նիքոս Կացոսի բանաստեղծութեան վրայ, կ՛իւրացնէ ՊիթլսThe Beatles ռոք խումբը՝ «Honeymoon» պիտակով[20] (յունարէնը)՝[21]։

Վերադարձը Յունաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1960-ին, Յունաստան կը վերադառնայ։ Նոյն տարուան Սեպտեմբերին կը ձայնագրուի «Էփիթաֆիոս» Επιτάφιος գործը․ բանաստեղծութեան հեղինակն է Եանիս Րիցոս։ Թէոտորաքիսի այս յօրինումը յունական երաժշտութեան նոր ճամբաներ կը բանայ․ կը միաւորէ ժամանակակից յունական բանաստեղծութիւնը այդ օրերու ժողովրդային երաժշտութեան հետ։ «Էփիթաֆիոս» առաջին անգամ կը ձայնագրուի 1958-ին․ կ՛ երգէ Նանա Մուսխուրի, Մանոս Խածիտաքիսի նուագագրութեամբ եւ խմբավարութեամբ։

Նոյն տարին, Թէոտորաքիս կ՛ աւարտէ Օտիսէաս Էլիթիսի «Άξιον Εστί» բանաստեղծութեան նուագագրումը։ Այս մասին ան իր «Երաժշտութիւն հանրութեան համար» գիրքին մէջ, ի միջի այլոց կը գրէ․-«Այսույանդերձ չաճապարեցի գործս հանրութեան ներկայացնելու, որովհետեւ կը զգայի թէ յոյն հասարակութիւնը դեռ հասուն չէր ընդունելու նման գործ, այդ պատճառով հրապարակեցի 1964-ի վերջերուն։» («Εν τούτοις δεν βιάστηκα να το παρουσιάσω, γιατί διαισθανόμουνα ότι το ελληνικό κοινό δεν ήταν ακόμη ώριμο για να το δεχτεί. Η πρώτη εκτέλεσή του έγινε στα τέλη του 1964»

1960-ին, Եորղոս Սեֆերիսի «Էփիֆանիա» Επιφάνεια բանաստեղծութիւնը կը նուագագրէ։ Կը յօրինէ տասնեակէ աւելի երգերու շարք մը․ յունական հասարակութեան մէջ անոնց արձագանգը բացառիկ է։

1963-ին, լրագրող Լամպրաքիսի ահաբեկումէն անմիջապէս ետք, կը հիմնուի «Լամպրաքի Երիտասարդական Միութիւն»ը ու Թէոտորաքիս անոր առաջին նախագահը կ՛ընտրուի (առաջին օրերէն իսկ, կ՛ անդամագրուին 50 000 հոգի)։ Նոյն ժամանակին, Յունաստանի ընտրութիւններուն «Ժողովրդավար Ձախակոմեան Միութիւն» Ε.Δ.Α. կուսակցութեան երեսփոխայ կ՛ընտրուի։

Համբաւի արժանացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1964-ին միջազգային համբաւի կ՛արժանանայ երբ կը յօրինէ «Ալեքսիս Զորպաս» Αλέξης Ζορμπάς կամ Zorba the Greek ժապաւէնին երաժշտութիւնը (բեմադրութիւն՝ Միխալիս Քաքոյեանիս Μιχάλης Κακογιάννης)[22][23]․ ժապաւէնը 3 Օսքար մրցացանակներու կ՛ արժանանայ։

Միքիս Թէոտորաքիս Փարիզ, 1967

Բռնապետութեան տարիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

21 Ապրիլ 1967-ին, երբ Յունաստանի մէջ զինուորական յեղաշրջման իբրեւ արդիւնք բռնատիրական վարչակարգ կը հաստատուի, Թէոտորաքիս ապօրինութեան կ՛ անցնի։ Ան բռնատիրութեան դէմ առաջին կոչը կ՛ ուղղէ 23 Ապրիլ 1967-ին։ Մայիս 1967-ին ուրիշներու հետ առաջին դիմադրական կազմակերպութիւնը՝ «Հայրենասիրական Հակաբռնատիրական Ճակատ» ΠΑΜ կը հիմնէ ու անոր նախագահը կ՛ընտրուի։ Օգոստոս 1967, Միքիս Թէոտորաքիս կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի․ մեկուսացում, մեծ սովի գործադուլ, բանտէն արձակում եւ տան մէջ մեկուսացում։ Կը յաջորդեն ընտանիքին հետ աքսորումը Արքատիա նահանգին Զաթունա շրջանը եւ ապա իր բանտարկումը Օրոփոյի բանակավայրը։ Իր գործերուն մէկ մասը կը յաջողի զանազան ձեւերով արտասահման ղրկել, ուր կը մեկնաբանուին Մելինա Մերքուրիին եւ Մարիա Ֆարանտուրիին կողմէ։ Օրոփոյի բանակավայրին մէջ Թէոտորաքիսին առողջութիւն կը վատթարանայ։ Արտասահմանի մէջ ի նպաստ անոր բողոքի ձայները կը բազմանան։ Անձնաւորութիւններ, ինչպէս օրինակ Սոստաքովիչ, Արթուր Միլըր, Լորենս Օլիվիէ, Իվ Մոնթան եւ շատ ուրիշներ յանձնախումբեր կազմելով անոր ազատագրումը կը պահանջեն։ Ապրիլ 1970-ին, ազատ կ՛ արձակուի ու Փարիզ կը հասնի։ Արտասահմանէն անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ բռնատիրութեան անկումին մասին եւ Յունաստանի մէջ ժողովրդավար կարգերուն վերահաստատման համար։

1972-ին, Իսրայէլ կ՛ այցելէ ու համերգներու շարք մը կու տայ։ Կը տեսակցի Եասեր Արաֆաթին հետ, որուն կը փոխանցէ Իսրայէլի կառավարութեան առաջարկը երկողմանի երկխօսութիւն սկսելու համար։

1974-ին կը մասնակցի «Փորձը»The Rehearsal ժապաւէնին մէջ, ուրիշ համբաւաւոր անձնաւորութիւններու հետ․ Մելինա Մերքուրի, Լորենս Օլիվիէ, Արթուր Միլըր, Լիլիան Հելման, եւայլն։ Ժապաւէնին նիւթը ազդուած է Աթէնքի Բազմարուեստի Համալսարանի եղելութիւններէն։

Վարչակարգի փոփոխութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բռնատէր վարչակարգին անկումով, Թէոտորաքիս Յունաստան կը վերադառնայ։

1976-ին կը հիմնէ «Խաղաղութեան Մշակոյթը» Πολιτισμός της Ειρήνης շարժումը։

1981-ին Յունաստան կ՛ այցելէ Եասեր Արաֆաթը։ Իր Յունաստան կեցութեան ընթացքին կը հանդիպի Թէոտորաքիսին եւ իրմէ կը խնդրէ յօրինել Պաղեստինի ոգերգը։

Թէոտորաքիս, Յունաստանի մէջ եւ արտասահման բազմաթիւ համերգներ կու տայ։ Միաժամանակ․ Յունաստանի Խորհրդարանի երեսփոխայ կ՛ ընտրուի՝ 1981-1986 եւ 1989-1992, ինչպէս նաեւ «Պետական Նախարար»ի պաշտօնը կը վարէ (1990-1992)։ 1986-ին կը ստեղծուին յունաթրքական բարեկամութեան յանձնախումբեր։ Թէոտորաքիս կ՛ ընդառաջէ այս նախաձեռնութիւններուն եւ Թուրքիա համերգներու շարք մը կու տայ։ Նոյն տարին, Չերնոպիլի աթոմայականի աղէտէն ետք, աթոմական ուժանիւթին դէմ կը պայքարի համերգներու շարք մը կազմակերպելով Եւրոպայի տարածքին։

1988-ին, Թէոտորաքիսի նախաձեռնութեամբ, Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ՝ Թիպիկեն եւ Գոլոնիա, խաղաղութեան համար երկու համաժողովներ կը կազմակերպուին։ Այդ ժողովներուն կը մասնակցին ծանօթ անձնաւորութիւններ՝ քաղաքագէտներ Օսքար Լաֆոնթեն եւ Եոհանես Րաու, փիլիսոբաներ, գրագէտներ, արուետագէտներ։

1990-ին համերգներու շարք մը կու տայ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ, թիւով 36։ Արեւու ներուժին օգտագործման ի նպաստ համերգներ կը կազմակերպէ։ Միաժամանակ «մարդու իրաւունքներ»ուն համար կը պայքարի այցելելով Ալպանիա եւ Թուրքիա։ Իբրեւ նախագահ «Մարդու իրաւունքներու միջազգային յանձնախումբ»ին, Փարիզ, կը պայքարի Թուրքիոյ մէջ բանտարկեալ ընդիմադիր երկու երեսփոխաներու՝ Քութլու եւ Սարկին, ազատ արձակման համար եւ կը յաջողի։

Թէոտորաքիս Իսրայէլ, 1970․ ձախին՝ Մարիա Ֆարանտուրի

1993-ին Յունական Պետական Ռատիոկայանի Երաժշտութեան Ընդհանուր Տնօրէնի պաշտօնը կը ստանձնէ։

4 Մայիս 1994-ին Նորվեկիոյ Օսլօ մայրաքաղաքին մէջ մեծ շուքով կը տօնուի Իսրայէլի եւ Պաղեստինցիներուն միջեւ հաշտութեան համաձայնագրին ստորագրումը։ Կազմակերպիչները, նկատի առնելով Թէոտորաքիսին ներդրումը հաշտութեան գործընթացին մէջ, անոր կը շնորհեն ներկայացնել իր երկու գործերը․ «Mauthausen» (դարձած է արդէն Իսրայէլի օրհներգը)՝ որ Մարիա Ֆարանտուրին կը մեկնաբանէ[24] եւ Պաղեստինի օրհներգը[25]։ Նոյն տարին Թէոտորաքիս կ՛ այցելէ Ալճերիա, Եգիպտոս, Թունուսզ եւ Լիբանան։ 1995-ին եւ 1999-ին յաջորդաբար կը ներկայացնէ երկու օփերաներ՝ «Իլեքթրա» Ηλέκτρα եւ «Անտիղոնի» Αντιγόνη։ Միաժամանակ աշխարհի տարածքին քաղաքական կարեւոր եղելութիւններուն շուրջ իր խօսքը ունի․ յունաթրքական բարեկամութիւն, Եուկոսլաւիոյ ռմբակոծումներ, Օչալանի հարց, Աֆղանիստանի պատերազմ, Իրաքի պատերազմ, եւայլն։ 2002-ին կը ներկայացնէ «Լիսիսթրաթի» Λυσιστράτη օփերան․ խաղաղութեան ձօնուած օրհներգ մը։

Մահը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միքիս Թէոտորաքիս կը մահանայ 2 Սեպտեմբեր 2021-ին, տան մէջ, 96 տարեկան հասակին։

Մակետոնական հարցին վրայ իր դիրքորոշումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մուտրոս, Լիմնոս, 2005․ Դպրոցին ցուցատախտակին վրայ կը նշուի՝ «Միքիս Թէոտորաքիս, Մուտրոսի պատուոյ քաղաքացի»

Հարցը կը վերաբերի Հիւսիսային Մակետոնիոյ Հանրապետութեան անուանակոչումին, նախկան ներկայ անունի համաձայնութեան։

1997-ին Թէոտորաքիս կը յայտարարէ թէ՝ «Անունը այդքան կարեւոր չէ, եթէ երկու ժողովուրդները խաղաղ պիտի ապրին։» 4 Փետրուար 2018, Մակետոնական հարցի հանրահաւաքին ընթացքին (Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակ), ան կը յայտարարէ թէ՝ «Մակետոնիան մէկ է․ էր, է ու պիտի մնայ յունական»։

Պարգեւներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Բրիտանական Ժապաւէնի Ակատեմիոյ Մրցանակներ» BAFTA 1970,
  • «Լենին Խաղաղութեան մրցանակ» 1983,
  • Քեպեքի Համալսարանի Փիլիսոբայութեան Վարդապետի պատուոյ տիտղոս (PHD),
  • Լիմնոս կղզիին Մուտրոս նաւահանգիստին պատուոյ քաղաքացիի տիտղոս,
  • 2013-ին Միքիս Թէոտորաքիս Յունաստանի Կաճառի (Ակատեմիա) պատուոյ անդամ կը յայտարարուի։

Գլխաւոր գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մաղթանուագներ․-[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միքիս Թէոտորաքիս 25 Փետրուար, 1974
  • «Աքսիոն Էսթի» Άξιον Εστί, խօսք՝ Օտիսէաս Էլիթիս․ գործէն բաժին մը՝ [26], գործին ներկայացումը 1977-ին Աթէնքի Լիքավիթօ բացօթեայ թատրոնին մէջ [27]
  • «Էփիֆանիա» ΕΠΙΦΑΝΙΑ, խօսք՝ Եորղոս Սեֆերիս [28].
  • «Էփիֆանիա Ավերոֆ» Επιφάνεια Αβέρωφ[29],
  • «Canto General» [30]։

Երգերու շարք․-[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Էփիթաֆիոս» Επιτάφιος (կղզիներու երգեր), խօսք` Եանիս Րիցոս․ «Էփիթաֆիոս» ամբողջ գործը՝[31], «Մարղարիթա»՝[32], «Սիրտ մը ցանած էի»՝[33], «Սիրոսի եւ Ծիային միջեւ»՝[34], «Երիտասարդը»՝[35], «Քեզ նուռի ջուրովթրջեցի»՝[36], «Մրտենին»՝[37]
  • «Աքսիոն Էսթի» շարքէն՝ «Մէկ հատիկ Ծիծեռնակը» [38]
  • «Փոլիթիա» Πολιτεια, քաղաքի երգեր (խօսք՝ Տիմիթրիս Խրիսթոտուլոս, Թասոս Լիվատիթիս, Նիքոս Կացոս, Քոսթաս Վիրվոս, Քոսթաս Վարնալիս, Փանոս)․ «Ցաւը»՝[39], «Աղքատ թաղին անձրեւ կը տեղայ»՝[40], «Տրափեցոնա»՝ [41], «Սէրս»՝[42], «Փոլիթիա» երգերուն ամբողջ շարքը՝[43]
  • «Պզտիկ Քիքլատես» Μικρές Κυκλάδες, խօսք՝ Օտիսէաս Էլիթիս[44],
  • «Րոմիոսինի» Ρωμιοσύνη, խօսք՝ Եանիս Րիցոս [45]
  • «Ծովային լուսընկաներ» Θαλασσινά φεγγάρια, խօսք՝ Նիքոս Կացոս [46].
  • «Mauthausen»․ խօսք՝ Իաքովոս Քամպանելիս [47]
  • «Ցաւոտ Հայրենիքին փոքրաքանակ երգերը» Δεκαοχτώ λιανοτράγουδα της Πικρής Πατρίδας, խօսք` Եանիս Րիցոս [48].
  • «Արեւելքին» Στην Ανατολή,[49].
  • «Քնարերգները» Τα λυρικά խօսք` Թասոս Լիվատիթիս [50].
  • «Վիպերգներ» Μπαλάντες, խօսք` Մանոլիս Անաղնոսթաքիս [51].
  • «Երբ երազս յիշես» Αν θυμηθείς τ' όνειρό μου, խօսք՝ Նիքոս Կացոս [52]
  • «Տասներկու ժողովրդային երգեր» Δώδεκα λαϊκά, խօսք` Մանոս Էլեֆթերիու [53].
  • «Պայքարի երգերը» Τα τραγούδια του Αγώνα, խօսք՝ Անտրէաս Քալվոս, Մանոս Էլեֆթերիու, Եորղիա Տելիղիանի, Նոթի Փերիալի, Ալեքօ Փանաղուլի եւ Միքիս Թէոտորաքիս [54].
  • «Ծով մը» Μια θάλασσα [55]
  • «Ոդիսական» ΟΔΥΣΣΕΙΑ [56]։
26 Յունուար 1972, Միքիս Թէոտորաքիս, մամլոյ զրուցատրութեան ընթացքին․ Ամսթերտամ, Հոլլանտա

Բեմադրական գործեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Պատանդ մը» Ένας όμηρος,[57]
  • «Մեռած եղբօր վիպերգը» Το τραγούδι του νεκρού αδελφού,[18]
  • «Գեղեցիկ քաղաք» եւ «Կախարդական քաղաք» Όμορφη πόλη / Μαγική πόλη, Երգերուն լրիւ շարքը՝ [58]
  • «Հրէշտակներուն թաղը» Η Γειτονιά των Αγγέλων (Միքիս Թէոտորաքիսին միակ գործակցութիւնը Եորղօ Զապեթային հետ),[59]
  • «Ֆետրա» Φαίδρα,[60]
  • «5 մղոն մինչեւ կէս գիշեր» Five Miles To Midnight,[61]
  • «Z» [62]
  • «Serpico» [63]
  • «Իֆիղենիա» Iphigenia [64]։
Միքիս Թէոտորաքիս, 2 Դեկտեմբեր 1981, Էլսինքի, Ֆինլանտա

Համերգական․-[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Helicon» Symphony No.1 (Proti Simfonia) [65],
  • «Suites n° 1, 2 եւ 3» [66],
  • «Սէրը եւ մահը» L' amour et la mort, Έρως και Θάνατος[67],
  • «Իտիփուս Թիրանոս» Οἰδίπους Τύραννος (Œdipus Tyrannos) [68]
  • «Symphonies no 2, 3, 4, 7» [69]
  • «Guitar Rhapsody» [70]
  • «Cello Rhapsody» [71]։

Օփերա․-[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Իլեքթրա» Ηλέκτρα [72],
  • «Անտիղոնի» Αντιγόνη [73],
  • «Լիսիսթրաթի» Λυσιστράτη [74]
  • «Քարիոթաքիս» Καρυωτάκης [75]։

Հին թատերախաղի նուագագրում․-[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միքիս Թէոտորաքիս, Հոկտմեբեր 2005
  • «Օրեսթիա» Ορέστεια[76]
  • «Միտիա» Μήδεια[77]
  • «Անտիղոնի» Αντιγόνη
  • «Փրոմիթեւս Տեսմոթիս» Προμηθεύς Δεσμώτης
  • «Իտիփուս Թիրանոս» Οιδίπους Τύραννος
  • «Էքաւի »Εκάβη
  • «Իքեթիտես »Ικέτιδες
  • «Էաս» Αίας
  • «Միտիա» Μήδεια
  • «Դրոյան կիներ» Τρωάδες[78]
  • «Ֆինիսես» Φοίνισσες[79]
  • «Իփիս» Ιππής[80]

Սենեակի երաժշտութիւն․-[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Four String Quartets» [81]
  • «Trio four piano, violin, cello» [82]
  • «Little Suite for piano» [83]
  • «Sonatina for piano» [84]
  • «Sonatina For Violin & Piano (1 եւ 2)» [85]։

[86][87][88][89][90][91][92][93][94][95][96][97][98][99][100][101][102][103][104][105][106][107][108][109][110][111][112][113][114]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Միքիս Թէոտորաքիս, յեղափոխութեան մը ժամանակագրութիւն 1960-1967»․ Լատիս Ֆոնտաս
  1. «Երաժշտութիւն հանրութեան համար» Միքիս Թէոտորաքիս (Μουσική Για Τις Μάζες․ Θεοδωράκης Μίκης)

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 Πέθανε ο Μίκης Θεοδωράκης — 2021.
  2. 2,0 2,1 2,2 Πέθανε ο Μίκης Θεοδωράκης — 2021. — ISSN 1790-2983
  3. 3,0 3,1 3,2 Griechischer Komponist Mikis Theodorakis gestorben — 2021.
  4. 4,0 4,1 4,2 Πέθανε ο Μίκης Θεοδωράκης. Ένας μεγάλος Έλληνας.Αθήνα: Στάθης Τσαγκαρουσιάνος, 2021.
  5. Θεοδωράκης, Μίκης - Theodorakis, Mikis (1925 - 2021)Μεγάλη Μουσική Βιβλιοθήκη της Ελλάδος «Λίλιαν Βουδούρη».
  6. 6,0 6,1 (unspecified title)Յունաստանի Խորհրդարան.
  7. https://www.sansimera.gr/biographies/899
  8. Теодоракис Микис // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохоров — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  9. http://www.bbc.co.uk/music/artists/83970769-d8ea-434b-8734-88899213c922
  10. Encyclopædia Britannica
  11. 11,0 11,1 Deutsche Nationalbibliothek Record #118756788 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  12. 12,0 12,1 https://dspace.mmb.org.gr/mmb/handle/123456789/10082
  13. «Երբ Երազս յիշես» The Honeymoon Song
  14. «Ֆետրա» Φαίδρα
  15. Zorba the Greek
  16. «Ζ»
  17. «Սերփիքօ» Serpico
  18. 18,0 18,1 «Մեռած եղբօր վիպերգը» Το τραγούδι του νεκρού αδελφού
  19. «Les Amants de Teruel» կը մեկնաբանէ Էտիթ Փիաֆ
  20. Honeymoon
  21. Αν θυμηθείς τ’ όνειρό μου
  22. «Ալեքսիս Զորպաս» սիրթաքի պարը, համանուն ժապաւէնին մէջ․ կը պարէ Անթոնի Քուին
  23. «Ալեքսիս Զորպաս» երաժշտութիւնը, համանուն ժապաւէնին մէջ
  24. «Mauthausen» կը մեկնաբանէ Մարիա Ֆարանտուրի․ յօրինող՝ Միքիս Թէոտորաքիս
  25. Պաղեստինի օրհներգը․ յօրինող՝ Միքիս Թէոտորաքիս
  26. «Արդարութեան Իմաստուն Արեւ» Της Δικαιοσύνης Ήλιε Νοητέ («Άξιον Εστί » գործէն բաժին մը)
  27. «Άξιον Εστί » ներկայացումը 1977-ին Աթէնքի Լիքավիթօ բացօթեայ թատրոնին մէջ
  28. «Էփիֆանիա» ΕΠΙΦΑΝΙΑ
  29. «Էփիֆանիա Ավերոֆ» Επιφάνεια Αβέρωφ
  30. «Canto General»
  31. «Էփիթաֆիոս» ամբողջ գործը (խօսք Եանիս Րիցոս)՝ «Արխիփելաղոս». կղզիներու երգեր
  32. «Արխիփելաղոս» Αρχιπελαγος երգերու շարքէն՝ «Մարղարիթա»
  33. Արխիփելաղոս» Αρχιπελαγος երգերու շարքէն՝ «Սիրտ մը ցանած էի»
  34. Արխիփելաղոս» Αρχιπελαγος երգերու շարքէն՝ «Սիրոսի եւ Ծիային միջեւ»
  35. Արխիփելաղոս» Αρχιπελαγος երգերու շարքէն՝«Երիտասարդը» Το παλληκάρι
  36. Արխիփելաղոս» Αρχιπελαγος երգերու շարքէն՝ «Քեզ թրջեցի նուռի ջուրով»
  37. Արխիփելաղոս» Αρχιπελαγος երգերու շարքէն՝«Մրտենին»
  38. «Մէկ հատիկ Ծիծեռնակը»  Ένα το Χελιδόνι
  39. «Փոլիթիա» Πολιτεια երգերու շարքէն՝«Ցաւը»
  40. «Փոլիթիա» Πολιτεια երգերու շարքէն՝«Աղքատ թաղին անձրեւ կը տեղայ»
  41. «Փոլիթիա» Πολιτεια երգերու շարքէն՝«Տրափեցոնա»
  42. «Փոլիթիա» Πολιτεια երգերու շարքէն՝«Սէրս»
  43. «Փոլիթիա» Πολιτεια երգերու ամբողջ շարքը
  44. «Պզտիկ Քիքլատես» Μικρές Κυκλάδες, ամբողջ գործը
  45. «Րոմիոսինի» Ρωμιοσύνη
  46. «Ծովային լուսընկաներ» Θαλασσινά φεγγάρια
  47. The Ballad of Mauthausen, կը մեկնաբանէ Ճոան Պաեզ
  48. «Ցաւոտ Հայրենիքին փոքրաքանակ երգերը» Δεκαοχτώ λιανοτράγουδα της Πικρής Πατρίδας
  49. «Արեւելքին» Στην Ανατολή
  50. «Քնարերգները»Τα λυρικά
  51. «Վիպերգներ» Μπαλάντες
  52. «Երբ երազս յիշես» Αν θυμηθείς τ' όνειρό μου առաջին մեկնաբանութիւն՝ Իովանա
  53. «Տասներկու ժողովրդային երգեր» Δώδεκα λαϊκά
  54. «Պայքարի երգերը»Τα τραγούδια του Αγώνα
  55. «Ծով մը» Μια θάλασσα
  56. «Ոդիսական» ΟΔΥΣΣΕΙΑ
  57. «Պատանդը» Ένας όμηρος
  58. «Գեղեցիկ քաղաք» եւ «Կախարդական քաղաք» Όμορφη πόλη / Μαγική πόλη. Երգերուն լրիւ շարքը
  59. «Հրէշտակներուն թաղը» Η Γειτονιά των Αγγέλων
  60. «Ֆետրա» Φαίδρα, կը մեկնաբանէ Մելինա Մերքուրի
  61. «5 մղոն մինչեւ կէս գիշեր» Five Miles To Midnight
  62. «Z»
  63. «Serpico»
  64. «Իֆիղենիա» Iphigenia
  65. «Helicon» Symphony No.1 (Proti Simfonia)
  66. «Suites n° 1, 2 եւ 3»
  67. «Սէրը եւ մահը» L' amour et la mort
  68. «Իտիփուս Թիրանոս» Œdipus Tyrannos․ Լոնտոնի համերգային նուագախումբ
  69. «Symphonies no 2, 3, 4, 7
  70. Guitar Rhapsody
  71. Cello Rhapsody
  72. «Իլեքթրա» Ηλέκτρα
  73. «Անտիղոնի» Αντιγόνη
  74. «Լիսիսթրաթի» Λυσιστράτη
  75. [1]
  76. «Օրեսթիա» Ορέστεια
  77. «Միտիա» Μήδεια
  78. «Դրոյան կիներ» Τρωάδες
  79. «Ֆինիսես» Φοίνισσες
  80. «Իփիս» Ιππής
  81. Four String Quartets
  82. Trio four piano, violin, cello
  83. Little Suite for piano
  84. Sonatina for piano
  85. Sonatina For Violin & Piano (1, 2)
  86. 6 Հոկտեմբեր 1983-ին, Թէոտորաքիս կը պարգեւատրուի «Լենին» մրցանակով, 6-10-2016 (յունարէն)
  87. athensvoice - Միքիս Թէոտորաքիս(յունարէն)
  88. sansimera - Միքիս Թէոտորաքիս(յունարէն)
  89. Աթէնքի Երաժշտանոցին արխիւներ(անգլերէն)
  90. Երբ Թէոտորաքիս հանդիպեցաւ երեք մեծ ռուս յօրինողներու, 3 Մարտ, 2017(յունարէն)
  91. ΤΑ ΝΕΑ «Միշտ մինակս եղած եմ եւ միշտ մինակ պիտի մնամ», 24-7-2010(յունարէն)
  92. Թէոտորաքիս կը հանդիպի երեք մեծ ռուս յօրինողներու, 1 Մարտ, 2010(յունարէն)
  93. Յունաստանի Կաճառի (Ակատեմիա) պատուոյ անդամներ(յունարէն)
  94. Միքիս Թէոտորաքիս, պարգեւատրումներ(յունարէն)
  95. Միքիս Թէոտորաքիս․ BAFTA պարգեւատրում, 1974 (անգլերէն)
  96. Միքիս Թէոտորաքիս․ BAFTA պարգեւատրում, Richard R. Bennett(անգլերէն)
  97. ΚΡΗΤΗ - Թէոտորաքիս Կրետէէն Պիզանիոյ ճակատին, 20-2-2020(յունարէն)
  98. Η ΑΥΓΗ – Ժողովրդային նուագախումբ «Միքիս Թէոտորաքիս»․ Միքիս Իքարիա աքսորի տարիներուն, 13-3-2015(յունարէն)
  99. Ղեանիս Րիցոսի «Էփիթաֆիոս» բանաստեղծութեան նուագագրութիւնը Միքիս Թէոտորաքիսին կողմէ, 26-6-2018(յունարէն)
  100. Միքիս Թէոտորաքիս կը նուագագրէ Օտիսէաս Էլիթիսին «Աքսիոն Էսթի» բանաստեղծութիւնը(յունարէն)
  101. Աթէնքի Բազմարուեստարանի Համալսարանի բախումներու օրերուն․ կ՛արգիլուին Թէոտորաքիսին երգերը, սակայն ոչ անոր գիրքը․ Ֆոնտաս Թրուցաս, 16-11-2018(յունարէն)
  102. Թէոտորաքիսին ապօրինի կոչը իր աքսորի ժամանակ․ Մանոս Օրֆանուտաքիս, 11-10-2011(յունարէն)
  103. Թէոտորաքիսին կոչը, իր աքսորի ժամանակ, 23-4-1969(յունարէն)
  104. Յունաստանի հեռատեսիլի պետական կայան․ ΕΡΤ 2 – Միքիս Թէոտորաքիսին ինքնակենսագրութիւնը, 20-5-2018(յունարէն)
  105. Միքիս Թէոտորաքիսին քաղաքական խօսքը 4-2-2018-ին․ «Մեզ կը կառավարեն ապազգայնականներ․ պէտք չէ ընդունիլ «Մակետանիա» բառը Նախկին Եուկոսլավիոյ Մակետոնիոյ Հանրապետութեան իբրեւ նոր անունը», Δημοσθένης Γκαβέας, 4-2-2018(յունարէն)
  106. tovima - Աւստրիոյ Խորհրդարանը կը գրաքննէ Թէոտորաքիսին գործը, 5-5-2011(յունարէն)
  107. kathimerini - Միքիս Թէոտորաքիսին պատասխանը զինք քննադատողներուն, 12-2-2018(յունարէն)
  108. Էփիթաֆիոս բանաստեղծութիւնը․ Եանիս Րիցոս(յունարէն)
  109. Քաթիմերինի թերթին Բացառիկ՝ 1960, հրապարակուած 1997-ին․ «Յունական երաժշտութիւնը նոր ուղիներու վրայ․ Թէոտորաքիս եւ Խածիտաքիս»․ վերարտադրում 21-6-2020(յունարէն)
  110. Օգոստոս 1967, Միքիս Թէոտորաքիս կը ձերբակալուի(յունարէն)
  111. efsyn․ Միքիս Թէոտորաքիս, ողջ առասպել մը․ Ղիորղոս Փեթրոփուլոս, 29-7-2015(յունարէն)
  112. Մարիա Ֆարանտուրիին հազուագիւտ սկաւարակը(յունարէն)
  113. protothema – Միքին աղարտողներուն կը պատասխանէ՝ «Թշնամիներս ապուշ եւ կամ անգութ են», Թինա Մանտիլարա 12-12-2018(յունարէն)
  114. History Channel Documentary (Modern Greeks)(յունարէն)

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Μίκη Θεοδωράκη – Միքի Թէոտորաքիսին յօդուածը Յունաստանի քաղաքացիական պատերազմին 50-ամեակին առթիւ, 4-5-2017(յունարէն)
  2. Ill Met by Moonlight (1957)(անգլերէն)
  3. Մեղրալուսին Luna de miel 1959(անգլերէն)
  4. Η Εφημερίδα των Συντακτών «Լամպրաքի Երիտասարդական Միութեան» հիմնումը 52 տարի առաջ․ Սփիրոս Քուզինոփուլոս, 15-6-2015(յունարէն)
  5. Յունական Ժողովրդային Ազատագրական Բանակ(ֆր.)
  6. Դեկտեմբերեան բախումներ՝ Դեկտեմբեր 1944 –Յունուար 1945(յունարէն)
  7. Էփիթաֆիոս․ Եանիս Րիցոս(յունարէն)
  8. Եանիս Րիցոս(յունարէն)
  9. Ղիորղոս Սեֆերիս(անգլերէն)
  10. Միխալիս Քաքոյեանիս(ֆր.)
  11. «Հայրենասիրական Հակաբռնատիրական Ճակատ» ΠΑΜ(յունարէն)
  12. Նիքոս Կացոս(ֆր.)
  13. Օտիսէաս Էլիթիս(յունարէն)
  14. Մանոս Էլեֆթերիու(անգլերէն)
  15. Իաքովոս Քամպանելիս(անգլերէն)
  16. Ճիւլ Տասեն(անգլերէն)
  17. Փապլօ Ներուտա(անգլերէն)
  18. Թասոս Լիվատիթիս(անգլերէն)
  19. Մանոլիս Անաղնոսթաքիս(անգլերէն)
  20. Անտրէաս Քալվոս(անգլերէն)
  21. Ղիորղոս Զապեթաս(յունարէն)
  22. Մելինա Մերքուրի(ֆր.)
  23. Նանա Մուսխուրի(ֆր.)