Օսքար Մրցանակ
Արտաքին տեսք
(Վերայղուած է Օսքար-էն)
Օսքար (անգլ.՝ Oscar), շարժապատկերային արուեստի ամերիկեան ակադեմիայի ամէնամեայ ազգային մրցանակ։ Ներկայիս Օսքար մրցանակը կը տրուի 24 հիմնական անուանակարգերու։
Անուանակարգեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յատուկ մրցանակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բացառիկ նուաճումներու Օսքար
- Ճին Հերոլտի անուան մրցանակ
Դադրած մրցանակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Լաւագոյն բեմադրիչի օգնական
- Լաւագոյն պարուսոյց
- Լաւագոյն բեմադրիչ՝ կատակերգութեան ժանրին մէջ
- Լաւագոյն կարճ ֆիլմ նկարահանուած 2 տուփ ժապաւէնի վրայ
Լաւագոյն նորարական կարճ ֆիլմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Լաւագոյն գեղարուեստական բնօրինակ պատմութիւն
- Լաւագոյն կոչումներ
- Լաւագոյն յատուկ երգ
- Լաւագոյն անչափահաս դերասան
Հետաքրքրական Փաստեր Եւ Մրցանիշներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ամենաշատ Օսքարները ստացած է Ուոլթ Տիզնին 26 անգամ, ներկայացուած է 59 անգամ։ Երաժշտական հեղինակներ Ալֆրետ Նիւմէնը (9 Օսքար) եւ Ճոն Ուիլեըմզը (5 Օսքար) Օսքարի են ներկայացուած 45-ական անգամ, ինչ որ երկրորդ ցուցանիշն է Ուոլթ Տիզնիին յաջորդող։
- Դերասաններէն ամէնաշատ Օսքարի ներկայացուած է Ճեք Նիքոլսընը՝ 12 անգամ, որոնցմէ 8-ը գլխաւոր դերի համար, 4-ը երկրորդական դերի համար, ստացած է 3 Օսքար, իսկ դերասանուհիներէն Մերիլ Սթրիփը՝ 17 անգամ, ստացած է 3 Օսքար։
- Դերասաններէն Ճեք Նիքոլսընն եւ Մայքլ Քեյնը (2 Օսքար) Օսքարի ներկայացուած են 5 տասնամեակ անընդմեջ (1960-2000)։ Փոլ Նիւմանը նոյնպէս 5 տասնամեակի ընթացքին ներկայացուած է Օսքարի (10 անգամ, 1 Օսքարի մրցանակակիր), սակայն 4 անգամ՝ 1950, 1960, 1980, 2000-ական թուակականներուն։ Դերասանուհիներէն նման յաջողութեան հասած է Քեթրին Հեփպըրնը, որ Օսքարի ներկայացուած է 1930-1960-ական թթ. եւ 1980 թթ., ընդհանուր՝ 12 անգամ։ Դերասան Տանիել Տէյ-Լիւիսը միակ դերասանն է, որ արժանացած է Օսքարի երկու տարբեր դարերու մէջ (20-րդ եւ 21-րդ)։
- Դերասան-դերասանուհիներէն ամէնաշատ Օսքարը ստացած է Քեթրին Հեփպըրնը՝ 4 անգամ (4-ն ալ լաւագոյն դերասանուհի անուանակարգով)։ Տանիել Տէյ-Լուիսը (3 լաւագոյն դերասան), Ճեք Նիքոլսընը (2 լաւագոյն դերասան, 1 երկրորդական լաւագոյն դերասան), Ուոլտըր Պրենընը (3-ն ալ երկրորդական լաւագոյն դերասան) եւ Ինկրիտ Պըրկմէնը (2 լաւագոյն դերասանուհի, 1 երկրորդական լաւագոյն դերասանուհի) ստացած են 3 Օսքար։
- 2 դերասան 2 տարի անընդմէջ ստացած են Օսքար, լաւագոյն դերասան անուանակարգին մէջ։ Սփենսըր Թրեյսին՝ 1937 թուականին «Խիզախ քէբդընները» եւ 1938 թուականին «Տղաներու քաղաքը» ֆիլմերու համար, Թոմ Հենքսը՝ 1993 թուականին «Ֆիլատելֆիա» եւ 1994 թուականին «Ֆորեսթ Կրամփ» ֆիլմերու համար։
- Քրիստոֆըր Բլամմըրը ամէնատարեց դերասանն է, որ ստացած է Օսքար մրցանակը։ 2012 թուականին ան ստացած է Օսքար երկրորդական դերասան անուանակարգին մէջ, 82 տարեկանին, իսկ ներկայիս ապրող ամէնատարեց օսքարակիրը Լուիզ Ռէյնըրն է, որ 103 տարեկան է։
Երկրորդական դերերու համար Օսքար ստացած քանի մը դերասաններ յետագային դարձած են առաջին մեծութեան աստղեր՝ Քեվին Սփեյսի «Կասկածելի անձինք», Անճըլինա Ճոլի «Ընդհատուած կեանք», Ճեք Լեմըն «Մըսթըր Ռոպերթս» եւ այլն։
- Օրսոն Ուէյլսը («Քաղաքացի Քեյնը»), Չառլի Չափլինը («Մեծ բռնապետը») եւ Սիլվեսթր Սթալոնը («Ռոքի») այն դերասաններն են, որոնք ներկայացուած են Օսքարի միաժամանակ տղամարդու լաւագոյն դերասան եւ լաւագոյն թատերագրութեան անուանակարգերուն մէջ։
- Բեմադրիչներէն ամէնաշատը 4 Օսքար ստացած է Ճոն Ֆորտը, 3-ական Օսքար ստացած են Ուիլիըմ Ուայլըրը եւ Ֆրենք Քափրան (Ֆրենք Քափրան եւս 1 Օսքար ստացած է որպէս արտադրող (producer):
- «Պեն-Հըր» (1959), «Թայթենիք» (1997) եւ «Մատանիներու տիրակալը. Արքային վերադարձը» (2003) ֆիլմերը ստացած են ամէնաշատ՝ 12 Օսքար։ 10 Օսքար ստացած է«Արեւմտեան Կողմի պատմութիւն» ֆիլմը, «Ճիճի» (1958), «Վերջին կայսրը (ֆիլմ)» (1987) եւ «Անգլիացի յաճախորդը» (1996) ֆիլմերը 9-ական Օսքար։ «Միլիոնատէրը Ետնախորշէն» (2008), «Կանտի» (1982), «Քապարէ» (1972), «Նաւահանգիստին Մէջ» (1954) եւ «Քամիէն Քշուածները» (1939) ֆիլմերը ստացած են 8 Օսքար։
- Ամէնէն շատ Օսքարի ներկայացուած են «Ամէն ինչ Եւայի մասին» (1950 թ.) եւ «Թայթենիք» (ֆիլմ, 1997)» ֆիլմերը՝ 14 Օսքար։ «Ո՞վ Կը Վախնայ Վիրճինիայի Գայլերէն» (1966 թ.) ֆիլմը ներկայացուած է Օսքարի այդ տարուայ բոլոր անպւանակարգերուն մէջ՝ 13 եւ ստացած 5 Օսքար։ 13 անուանակարգերուն մէջ Օսքարի ներկայացուած են նաեւ «Մատանիներու տիրակալը. Մատանիի եղբայրութիւն» (2001 թ., ստացած է 4 Օսքար) եւ «Պենճամին Պաթընի առեղծուածային պատմութիւնը» (2008 թ., ստացած է 3 Օսքար)։
- Օսքարի պատմութեան մեջ 3 ֆիլմ՝ «Այդ տեղի ունեցած է մէկ անգամ գիշերը» (1934 թ.), «Թռիչք կաքաւի բոյնի վրայէն» (1975 թ.) եւ «Գառնուկներուն Լռութիւնը» արժանացած են 5 «Մեծ Օսքարի» (լաւագոյն ֆիլմ, լաւագոյն բեմադրիչ, լաւագոյն թատրերգութիւն, լաւագոյն դերասան, լաւագոյն դերասանուհի անուանակարգերուն մէջ)։
- Դերասան, բեմադրիչ, գրող Ուուտի Ալեն, որ ընդհանրապէս այսպիսի հանդիսութիւններու ներկայ չ'ըլլար, ըսած է. «Ես այդպիսի արարողութեան մը հանդէպ յարգանք չունիմ: Ես պարզապէս չեմ կարծեր, որ անոնք գիտեն, թէ ի՞նչ կ'ընեն: Երբ կը տեսնէք, թէ ով կը շահի այդ բաները, կամ ով չի շահիր, դուք կրնաք գիտնալ, թէ ի՞նչ անիմաստ բան է այս Օսքարը»: 2010 թուականի վերջաւորութեան որոշուեցաւ պատուոյ Օսքար շնորհել ֆրանսական շարժապատկերի Լա Նուվել Վակ շարժումի հսկային՝ Ժան-Լուք Կոտարտին, որ այն օրերուն 80 տարեկան էր եւ բնաւ չէր մասնակցած նման հանդիսութիւններու: Կոտարտի երկար տարիներու ընկերուհին ըսաւ. «Ժան-Լուք Միացեալ Նահանգներ պիտի չերթայ, ան սկսած է ծերանալ այդպիսի բաներու համար: Դուք այդքան հեռու տեղ կ'երթա՞ք մետաղի կտորի մը համար»:
- Դերասան Ճորճ Սի. Սքոթ առաջին աշխարհահռչակ դերասանն էր, որ մերժեց լաւագոյն դերասանի Օսքարը (Patton, 1970): Նախքան հանդիսութիւնը՝ Սքոթ մերժելու իր մտադրութեան մասին հեռագրեց կազմակերպիչներուն: Առանց բառերը ծամծմելու՝ Օսքարի մասին Սքոթ ըսած է. «Հանդիսութիւնը երկու ժամուան միսի տողանցք է, տնտեսական պատճառներով հանրային ցուցադրութիւն մը` շինծու անորոշութեամբ:
- Տը Կատֆատըր շարժապատկերին առիթով ստացած լաւագոյն դերասանի Օսքարը մերժեց Մարլոն Պրանտօ, որ Սաչին Լիթըլֆետհըր անունով ամերիկացի հնդիկ (Ափաշի) մը ղրկեց իր փոխարէն: Հանդիսատեսները Լիթըլֆետհըր դիմաւորեցին «պու»-երով եւ սուլոցներով, երբ յայտարարեց, որ ինք ղրկուած է բողոքելու համար ամերիկացի բնիկներուն՝ հնդիկներուն հանդէպ Հոլիվուտի (շարժապատկերներուն) դէմ: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Սաչին Լիթըլֆետհըր ամերիկացի բնիկ հնդիկ չէ, այլ մեքսիքացի դերասանուհի մը՝ Մարիա Քրուզ անունով: