Վարչականօրէն Իքարիան եւ անոր մերձակայ Ֆուրնի կղզիակները կը կազմեն Իքարիային Շրջանային Միաւորը։ Կղզիին տարածութիւնն է 255 քլ², բնակչութեան թիւը 8 843 է եւ բարձրագոյն կէտն է Փրամնոս (1041մ․)։ Մայրաքաղաքն է Այիոս Քիրիքաս եւ կը գտնուի կղզիին հարաւ-արեւելեան ափին, իսկ երկրորդ կարեւոր նաւահանգիստըն է Էվդիլոս։
Կղզին բնակուած է Նոր Քարէ Դարաշրջանէն (Ք․Ա․7000)։ Ք․Ա․750-ին, Միլիթոսէն յոյներ Իքարիա կը հաստատուին եւ կղզին իրենց գաղթօճախը կը դարձնեն։
Իքարիային պատմութիւնը կը հետեւի Ռոտոսի պատմութեան։ Սակայն երբ 1521-ին Իքարիա կը մնայ Օսմանեան Կայսրութեան գերիշխանութեան տակ, ծովահէնութիւնը անսանձ կը դառնայ։ Բնակիչները լեռները կ՛ապաստանին եւ «կ՛անհետանան»։ 1827-ին, Իքարիա կ՛անջատուի Օսմանեան Կայսրութենէն, ու կը ստիպուի ընդունիլ թրքական վարչակարգը մինչեւ 17 Յուլիս1912՝ երբ կը ծագի Իքարիայի ապստամբութիւնը եւ կղզիէն կը վռնտուի թրքական փոքրաթիւ պահակագունդը։
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, իտալական եւ գերմանական գերիշխանութիւնները կը կործանեն կղզին․ կառոյցները մեծապէս կը վնասուին եւ կղզին կ՛ունենայ բազմաթիւ զոհեր (մի՛այն անօթութենէն 100-է աւելի կը մահանայ)։
1945-1949 կղզին 13 000 համայնավար աքսորեալներ կը պատսպարէ։ Մինչեւ այսօր Իքարիա կը կոչուի նաեւ «Կարմիր Կղզի» կամ «Կարմիր Ժայռ», իր բնակիչներուն ձախակողմեան համոզումներուն համար։
Մինչեւ 1960 տեղի կ՛ունենայ մեծ արտագաղթ մը, մասնաւորաբար դէպի Ա․Մ․Ն․-էն։ Անկէ ետք, կեանքի պայմանները կը բարելաւուին երբ յունական կառավարութիւնը կղզիներուն մէջ ենթակառոյցներ կը հիմնէ, որպէսզի զարկ տրուի զբօսաշրջիկութեան։
Ջերմուկ ջուրերը կապուած են Իքարիային պատմութեան հետ։ Ք․Ա․13-րդ դարէն Ասքլիփիա կոչուած վայրին ջերմուկ ուրերը որպէս բուժման միջոց կ՛գտագործուէին։ Անոնց առաջին դիտարկողը եղած է Իրոտոթոս եւ արձանագրութիւններուն մէջ կղզիին ջերմուկ աղբիւրները նկարագրած է։