Jump to content

Համանուագ

Համանուագ, ծաւալուն բազմամաս նուագախմբային ստեղծագործութիւն է:

16-17-րդ դարերուն Իտալիոյ մէջ «Sinfonia» կը կոչուէին մեծ խմբերգերու եւ պարային Suite-ներու նախանուագները, իսկ 18-րդ դարու սկիզբը՝ Opera-ի նախերգանքը:

Դասական շրջանի սկզբնաւորութեան Symphonie-ն կը դառնայ համերգային ինքնուրոյն սեռ: Symphonie-ն մեծ մասամբ բաղկացած է 4 մասէ՝ արագ-դանդաղ-պարային-արագ (կան նաեւ չորսէն քիչ կամ աւելի մասեր ունեցող Symphonie-ներ): Համանուագի զարգացման համար կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են՝ Հայտըն, Մոցարթ եւ յատկապէս Պեթհովըն: Հայտըն մշակած է դասական համանուագի հիմնական սկզբունքները (գրած է 104 համանուագ), սակայն Պեթհովըն խորացուցած է անոր բովանդակութիւնը եւ ընդլայնած է ծաւալը՝ դարձնելով զայն նուագարանային երաժշտութեան ամէնէն կատարեալ ձեւը:

  • «Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն»,Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, 2017, Պէյրութ։