Jump to content

Քեֆալոնիա (կղզի)

Քեֆալոնիա․ Յոնիական կղզիներ, Յունաստան

Քեֆալոնիա Κεφαλονιά, Յունաստան․ մայրաքաղաքն է՝ Արղոսթոլի Αργοστόλι։ Յոնիական կղզիներուն մէջ միակ շրջանը որ անջատ վարչական Քաղաքային Տարածքաշրջան է, որուն վարչական կեդրոնը Արղոսթոլին է։   Յոնիական կղզիներուն ամենամեծն է։  Կղզին հանրածանօթ կը դառնայ երբ 2001 թուականին, Քեֆալոնիա կղզիին մէջ կ՛արտադրուի «Հրամանատար Քորելլիին մանտոլինը» Captain Corelli's Mandolin ժապաւէնը․ գլխաւոր դերակատարներն են՝ Նիքոլաս Քէյճ եւ Փինելոփէ Քրուզ։  Այժմ ամառները կղզին կ՛այցելեն արուեստի բնագաւարէն համբաւի արժանացած արուեստագէտներ, օրինակ՝ Մատոնա, Սթիվըն Սփիլպերկ, Թոմ Քրուզ եւ շատ ուրիշներ։

Քեֆալոնիա ծնած ու ստեղծագործած են արուեստի բնագաւառէն բազմաթիւ անձնաւորութիւններ։  Նաեւ ծննդավայրն է Յունաստանի քաղաքական եւ հանրային կեանքին մէջ դեր խաղցած անձնաւորութիւններու։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մելիսանի քարայրը
Փալիքի թերակղզին համանուն լեռներով, որուն կեդրոնական արեւմտեան ափին կը գտնուի Քեֆալոնիային երկրորդ մեծ քաղաքը․ Լիքսուրի, Արղոսթոլիին դիմացը։

Քեֆալոնիա կղզին իր մեծութեամբ Յունաստանի վեցերորդ կղզին է 773 ք․քմ․ տարածութեամբ եւ 35․801 բնակչութեամբ՝ երրորդը։  Ան «Գործք Առաքելոց» գիրքին մէջ կը նշուի Մելիթի անունով։

Քեֆալոնիան կը գտնուի Փաթրայի Ծոցին մուտքին դիմացը, Զաքինթոս կղզիին հիւսիսը, Լեֆքատային հարաւը եւ Իթաքիին արեւմուտքը։

Կղզիին ափերուն կը կազմուին բազմաթիւ ծոցեր եւ հրուանդաններ։ Գլխաւոր ծոցերն են՝ Սամի, Միրթօ, Աթերա, Ֆիսքարտօ, Լիվատի, Արղոսթոլի, իսկ հրուանդանները՝ (հարաւէն արեւելք շարքով) Մունտա, Քափրոս, Սարաքինիօ, Միթիքաս, Քետրի, հիւսիս-արեւմուտք եւ հարաւային ծարքով՝  Տաֆնուտի, Աթերա, Օրօլիթիա, Սքիզա, Ղերողօպոս, Աքրոթիրի, Այիա Փելաղիա, Լիաքաս, Քասթանիաս եւ ուրիշ։

Արեւելեան ափերը մեղմօրէն կ՛իջնեն դէպի ծով, հակասելով արեւմտեան կողմի ափերուն, որոնք ժայռոտ եւ գահավէժ են։

Քեֆալոնիան ունի բազմաթիւ քարայրներ, որոնցմէ ամենածանօթներն են՝ Մելիսանի, Ակալաքի, Այիոն Թէոտօրոն, Տրոկարաթի, Սաքու եւայլն։

Կղզիին հիւսիս արեւմտեան մասին գտնուող Միրթոս ծովափը, քանիցն քուէարկուած է իբրեւ Յունաստանի լաւագոյն ծովափը։

Քեֆալոնիայի արեւմտեան մասին, Փալիքի շրջանը կը գտնուին Փեթանի եւ Փլաթիա Ամոս ծովափները։  Փեթանի ծովափին ստեղծումը 1953-ի ահաւոր երկրաշարժին արդիւնքն է։  Իսկ Փլաթիա Ամոս ծովափին մատչումը վտանգաւոր է, որովհետեւ վերջին տասնամեակին երկրաշարժին շարունակ ցնցումներէն, ծովափ տանող աստիճանները քանդուած են եւ վայրը ենթակայ է հողավէժութեանց։

Քեֆալոնիա կղզին կը գտնուի յաճախակի երկրաշարժներ պատճառող կերտուածական գօտիին վրայ․ հոն ուր կը հանդիպին Եւրոպական եւ Էգէական ընդերկրեայ բաժինները։  երկրաշարժները յաճախակի, զօրաւոր եւ աւերիչ են։ 1953 թուականի կործանիչ երկրաշարժը կղզին գետնի հաւասար կը դարձնէ։

Էնոս լեռնաշղթան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Էնոս լեռը․ նկարուած Լիքսուրիէն

Էնոս լեռնաշղթան Αίνος իր տարածքով կղզիին մեծ մասը կը գրաւէ։  Ան պահպանուած տարածք է, արձանագրուած իբրեւ Ազգային Պուրակ։  Անոր չորս գլխաւոր գագաթներն են՝ Մեղաս Սօրոս 1628 մ․, Այիա Տինաթի 1․131 մ․, Էվմորֆիա 1․043 մ․եւ Քոքինի Ռահի 1․078 մ․։  Քեֆալոնիան աշխարհածանօթ է իր սեւ եղեւին ծառին համար՝ «Քեֆալինեաքի Սեւ Եղեւին» Κεφαλληνιακή Ελάτη - Abies cephalonica եւ այդ պատճառով կը կոչուի նաեւ  Սեւ Լեռ Monte Nero - Μαύρο Βουνό։  Լերան վրայ ազատօրէն կը պտտին մանրակազմ վայրի ձիերը՝ նոյնպէս շրջանի յատկանիշներէն։

Պատմական անդրադարձ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Թիլէվոես կամ Թաֆյի Taphians կղզիները

Թիլէվոես կամ Թաֆյի Taphians կղզիները

Հնագիտական տուեալներ կը ցուցնեն թէ Քեֆալոնիան բնակուած է Ք․ա․ 2-րդ հազարամեակէն։  Առաջին բնակիչները եղած են Լելեղես(ները)՝ Leleges Λέλεγες․ հին յունական ցեղ։ Իսկ Թաֆիի կամ Թիլէվօէ Teleboans Τηλεβόαι Ժողովուրդները նախ կայք հաստատած են Քեֆալոնիայի շրջակայքի ծովերը՝  Թիլէվոես կամ Թաֆյի Taphians կղզիներու ամբողջութիւնը, որ կ՛երկարի Լեֆքատա կղզիին արեւելեան ափերէն մինչեւ Կեդրոնական Յունաստանի Էթոլոաքարնանինայի արեւմտեան ափերուն։   Անոնք առեւտրական կապեր ունեցած են Քեֆալոնիայի բնակիչներուն հետ եւ ապա մասամբ հոն տեղափոխուած են։

Սամի․ պարիսպ-ամրոցէն մնացորդացը (հնադար)

Հնադարի շրջանին կղզիին վրայ կը զարգանան չորս անկախ քաղաք-պետութիւններ՝ Քրանյի Cranii Κράνιοι, Փրոնի  Πρόννοι, Սամի Sami Σάμη եւ Փալի Pale Πάλη։

Ըստ հնագէտ Ռոպեր Պիթլեսթոնին, Հոմերոսի Ոդիսական դիւցազներգութեան մէջ Օտիսէաս թագաւորին «Իթաքին», Քեֆալոնիա կղզիին արեւմուտքին գտնուող Փալիքի թերակղզին այդ կրնայ ըլլալ, քանի հնադարի շրջանին կղզի էր։

Հռոմէական եւ Բիւզանդական իշխանութեան շրջաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հռոմէական խճանկար Ք․ա․ 4-րդ դարու․ Քեֆալոնիա, Սքալա (կղզիին հարաւ արեւելքը, Մուտա հրուանդանին մօտ) - հռոմէական առանձնատունի յատակը

Քեֆալոնիայի պատմութիւնը, վեր ի վարոյ Յոնիական կղզիներուն պատմութիւնն է․ Հռոմէացիներու իշխանութեան ժամանակաշրջան եւ ապա՝ Բիւզանդական Կայսրութեան ժամանակաշրջան։

1185-ին, Քեֆալոնիա եւ Զաքինթոս կղզիները Քեֆալոնիայի եւ Զաքինթոսի Պալատական Կոմսութեան County Palatine of Cephalonia and Zakynthos մաս կը կազմեն եւ 1357-ին միանալով  Լեֆքատա եւ Իթաքի կղզիներուն, կը կազմեն Լեֆքատային Դքսութիւնը, Ֆրանսացի եւ Իտալացի դուքսերու իշխանութեան տակ։

Վենետիկի Հանրապետութեան ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քեֆալոնիայի եւ Զաքինթոսի Պալատական Կոմսութիւն

Խաչակիրներու Դ․ արշաւանքէն ետք, Յոնիական Ծովուն կղզիները յաջորդաբար կը միացուին Վենետիկի Հանրապետութեան․ Քեֆալոնիան՝ 1500 - 1797։ Ազատամիտ վարչակարգը առեւտուրի զարգացման ենթահողը կը հանդիսանայ։   Այս ժամանակաշրանին կղզին կը ծաղկի։  Կը տպուին նոյնիսկ հրէական գիրքեր որոնք կ՛արտածուին արեւելեան Միջերկրականի շրջանները։

Ասոս եւ «Ասոս Բերդը»

Քաղաքներն ու գիւղերը բլուրներու վրայ կը կառուցուին, ծովահէններէն պահպանուելու համար։   Կը կառուցուին նաեւ բերդեր, ամրոցներ դիմադրելու համար օսմանեան արշաւանքները․ գլխաւորներէն՝ Ասոս Բերդը Assos Castle Κάστρο της Άσσου որ կը գտնուի կղզիին հիւսիս արեւմտեան մասին, Փալիքի թերակղզիին հիւսիսը։  Ասոսի Բերդը հիւսիսային Քեֆալոնիային մայրաքաղաքը կը դառնայ, սակայն երբ Օսմանցիներուն յարձակումները կը նուազին, ան կը կորսնցնէ ռազմական կարեւորութիւնը եւ Արղոսթոլին կղզիին մայրաքաղաքը կը դառնայ ։

Այս ժամանակաշրջանին, Քեֆալոնիա եւ Զաքինթոս կղզիները ֆրակոսթաֆիլο` խաղողի տեսակ, (φραγκοστάφυλλο) գլխաւոր արտադրողներն ու արտածողները կ՛ըլլան։

Ֆրանսական եւ Բրիտանական իշխանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1797-ին, երբ Նափոլէոն Պոնափարթը Վենետիկը կը գրաւէ, Յոնիական կղզիները, հետեւաբար Քեֆալոնիան եւ Իթաքին Քամփօ Ֆորմիօ դաշինքով traité de Campo-Formio ֆրանսական գերիշխանութեան տակ կը գտնուին։

Տէ Պոզէ կամուրջը

21-3-1800 մինչեւ 8-6-1807 Յոնիական կղզիները «Եօթը կղզիներու Հանրապետութիւն» անուանումով կը գտնուին Ռուսիոյ եւ Օսմանեան լուծին տակ։   Ապա Թիլսիթի դաշինքով traités de Tilsit  Ֆրանսացիներուն կը վերադարձուին։

1807-1809 կղզիները կրկին կը գտնուին ֆրանսական տիրապետութեան տակ։

Քութավոս ծովալիճը

1809 թուականին, ֆրանսական նաւատորմիղին պարտութեամբ, Անգլիացիները յաջորդաբար կը գրաւեն Յոնիական Ծովուն գլխաւոր կղզիները՝ Զաքինթոս, Քեֆալոնիա։  Կը կատարուին զանազան կառուցումներ․ Զուիցերիացի Շառլ Տէ Պոզէ ճարտարապետին (որ այդ ժամանակ նաեւ կղզիին կառավարիչն է) կը յանձնուի քարաշէն կամուրջի մը շինութիւնը, որպէսզի Արղոսթոլի մայրաքաղաքը կապուի կղզիին հիւսիսային մասին եւ Արղոսթոլի Ծոցէն զատէ Քութավոս Κούταβος ծովալիճը։  Կամուրջը կ՛անուանուի «Տէ Պոզէ կամուրջ» Γέφυρα Ντε Μποσέ - De Bosset Bridge։

Յոնիական կղզիներու միացեալ Պետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1815-1864 Յոնիական կղզիները Փարիզի Դաշինքով՝ 5-11-1815,  Անգլիոյ հովանաւորութեան տակ կը գտնուին՝ «Յոնիական կղզիներու միացեալ Պետութիւն» անունին տակ։  Սակայն, կղզիներուն բնակիչները տեւաբար կը ճնշեն պահանջելով նախ օգնել յոյներուն ապստամբութեան Օսմանեան կայսրութեան դէմ եւ հետագային կղզիին միացումը Յունաստանին։  1848 թուականին, Յունաստանի հետ միութեան պահանջով Արղոսթոլի եւ Լիքսուրի քաղաքներուն մէջ թեթեւ ընդհարումները կը սաստկանան։  Բրիտանացիները կը սահմանափակեն խօսքի ազատութիւնը։ 

Յունաստանի հետ միացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունաստանի Անկախութենէն տասնամեակներ ետք է որ Յոնիական կղզիները մայր Յունաստանին կը միանան 21 Մայիս 1864-ին՝ 17-29 Մարտ 1864 թուականին Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ստորագրուած դաշինքով։

Արղոսթոլի եւ Լիքսուրի (Փալիքի Թերակղզին) Քեֆալոնիայի լեռներէն դիտուած

Նորագոյն շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, կղզին կարճ ժամանակի համար ֆրանսական ուժերը կը գրաւեն։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի սկզբնական շրջանին՝ 1941 թուականին, Քեֆալոնիան Իտալացիները կը գրաւեն։ Վերջիններուն տիրակալութիւնը տկար ըլլալով, 1943 թուականին գերմանացիները կը կռուին իրենց նախկին զինակից իտալացիներուն դէմ եւ կղզին կը գրաւեն։  12.000 իտալացի զինուորներուն (Աքուի Զօրագունդ Μεραρχίας Άκουι - Divisione Acqui) ջախջախիչ մեծամանսութիւնը կը գնդակահարուի․ անոնք պարզապէս կ՛ուզէին տուն վերադառնալ։ 1944 թուականին կղզիները կը գտնուին յոյն ազատամարտիկներուն հսկողութեան տակ։

1953 թուականի երկրաշարժը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1953 թուականին Օգոստոս ամսուան մէջ Քեֆալոնիա եւ Զաքինթոս կղզիներուն միջեւ կ՛արձանագրուին 113 զօրաւոր երկրաշարժներ, որոնցմէ ամենազօրաւորը եւ քանդիչն է՝ 12 Օգոստոս 1953 թուականին 6,8 Ռիխթըրի ուժգնութեամբ երկրաշարժը։  Քեֆալոնիայի մեծ մասը գետնի հաւասար կ՛ըլլայ  եւ կղզին ծովուն մակերեսէն 60 սմ․ կը բարձրանայ։  455 հոգի կը մահանան, 2․412՝ վիրաւոր եւ 21 անյայտ։  Քեֆալոնիայի Արղոսթոլի մայրաքաղաքին մէջ միայն երկու բնակարաններ ոտքի կը մնան։  Կը փրկուի միայն հիւսիսի մասը՝ Էրիսոս թերակղզին եւ յատկապէս Ֆիսքարտօ Fiskardo - Φισκάρδο գիւղաքաղաքը։

Ըստ 1951-ի մարդահամարին Քեֆալոնիան կը հաշուէր 47.369 հոգի։  1961-ի մարդահամարին՝ 39.793։  Երկրաշարժը կը պատճառէ արտագաղթի եւ ներգաղթի ալիք մը դէպի Յունաստանի ուրիշ շրջաններ։ Յաջորդող տասնամեակին կղզին կը վերագտնէ ինզինքը, շէնքերը կը կառուցուին Հակաերկրաշարժման Ծրագրի օրէնքներուն հետեւելով։  Զգօսաշրջիկութիւնը կը զարգանայ եւ տնտեսութեան թափ կու տայ։  


Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն փրկախումբը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սարսափելի երկրաշարժին լուրը առած առաջին իսկ ժամերէն, Քոքինիոյ ՀՄԸՄ Սկաուտական խմբապետ Եղբ. ­­Պերճ Գ­րի­գո­րեանի ­­նախաձեռնութեամբ, արագօրէն կը կազմուի Հայ Սկաուտներու փրկախումբը։  Անոնք երկրաշարժին երկրորդ օրն իսկ Քե­ֆա­լո­նիա կը հասնին։  Փ­լա­տակ­նե­րուն տա­կէն կը յա­ջո­ղին փրկել տեղ­ւոյն հի­ւան­դա­նո­ցի վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծիք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հի­ւան­դա­նո­ցի գան­ձը:

­­Նոյն ժա­մա­նակ, եղբ. ­­Պերճ Գ­րի­գո­րեան, իր կեան­քը վտան­գե­լով, փլա­տակ­նե­րու տա­կէն կ­­՚ա­զա­տէ ծե­րու­նի զոյգ մը եւ փոք­րիկ մը:  Իր այս ա­րիու­թեան հա­մար եղ­բ․ Պերճը կ­­՚ար­ժա­նա­նայ ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Զի­նեալ ու­ժե­րու «­­Պա­տո­ւոյ» շքա­նա­շա­նին:

Ժամանակակից շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լիքսուրի

Կործանիչ երկրաշարժէն տասնամեակ մը ետք կղզին կը վերագտնէ ինզինքը, շէնքերը կը կառուցուին Հակաերկրաշարժման Ծրագրի օրէնքներուն հետեւելով։ 

1990 թուականին ծագած հսկայ հրդեհը մեծ վնաս կը հասնցնէ կղզիին անտառներուն։  2003 թուականին 5,3 ռիխթըրի ուժգնութեամբ մակերեսային երկրաշարժը  բարեբախտաբար կործանիչ վնասներ չի պատճառեր, նոյնպէս 2005 Սեպտեմբեր 20-ի (4,9 ռիխթըր) երկրաշարժը։  Իսկ Յուլիս 18, 2007 կրկին հրդեհ կը ծագի անտառային շրջանին մէջ եւ արագ կը տարածուի շրջանին մէջ փչող զօրաւոր քամիներուն պատճառով, կրակի շիջանիլը քանի մը օր կը տեւէ ։

Յունուար 26, 2014 եւ  Փետրուար 3, 2014 երկրաշարժի երկու յաջորդական զօրաւոր ցնցումներ՝ 5,8 եւ 6,1 ուժգնութեամբ կը ցնցեն կղզին։  Բարեբախտաբար թեթեւօրէն կը վնասուին Փալիքի թերակղզին եւ Լիքսուրի նաւահանգիստը։

Կղզին հանրածանօթ կը դառնայ երբ 2001 թուականին Քեֆալոնիա կղզիին մէջ կ՛արդատրուի «Հրամանատար Քորելլիին մանտոլինը» Captain Corelli's Mandolin ժապաւէնը։  Այժմ ամառները կղզին կ՛այցելեն արուեստի բնագաւարէն համբաւի արժանացած արուեստագէտներ, օրինակ՝ Մատօնա, Սթիվըն Սփիլպերկ, Թոմ Քրուզ եւ շատ ուրիշներ։

Քեֆալոնիային գլխաւոր ճարտարարուեստներէն են՝ անասնաբուծութիւնը, զբօսաշրջիկութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը․ ձիթապտուղի, ձէթի, չամիչի եւ գինիի արտադրում եւ արտածում։ Նաեւ շատ կը զարգանան ձկնորսաբուծութիւնը եւ բնածխատ կրածինի ճարտարարուեստը։

Փոխադրական միջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նաւահանգիստներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արղոսթոլի

Քեֆալոնիա կղզին ունի չորս գլխաւոր նաւահանգիստներ․ Սամի՝ հարաւ-արեւելք, կապուած Փաթրայի եւ Իթաքի կղզիին, Փորոս՝ հարաւ-արերելք, կապուած Պեղոպոնեսի արեւմուտքի հիւսիսային ծայրամասին գտնուող Քիլլինի նաւահանգիստին, Արղոսթոլի մայրաքաղաքին ընթարձակ նաւահանգիստը՝ արեւմուտք, որ կը ծառայէ տեղական փոխադրութիւնները դէպի դիմացի Լիքսուրի քաղաքը եւ Զաքինթոս  կղզին, Ֆիսքարտօ՝ հիւսիս, կապուած Լեֆքատա եւ Իթաքի կղզիներուն։

Արղոսթոլի նաւահանգիստին կից կայ նաւակայքը, ուր կրնան խարիսխ կապել (հանգստանալ) 100 փոքր նաւեր։

Կղզիին առաջին պողոտաները անգլիացիները կը կառուցեն 19-րդ դարուն։  1995 թուականէն, կղզիին քաղաքները, գիւղերը եւ ծովափները իրար կապող գրեթէ բոլոր ճամբաները կուպրով պատուած են։

Հանրային փոխադրամիջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արղոսթոլիէն Լիքսուրի նաւերու երթեւեկութիւնը կը կատարուի ամէն օր, ժամի կամ կիսաժամի հերթականութեամբ։  Հանրակառքերը կը ծառայեն ընդհանրապէս քաղաքային շրջանները։

Քեֆալոնիա կղզիին օդակայանը

Քեֆալոնիան օժտուած է միջազգային օդակայանով՝ Kefalonia Airport «Anna Pollatou» (IATA: EFL, ICAO: LGKF)

Ուժանիւթ արտադրելու աղբիւրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կղզիին բարձր եւ իրարայաջորդ գագաթները եզակի վայր կը հանդիսանան կենսոլորտի անվնաս ուժանիւթի արտադրութեան համար։  Հողմաելեկտրակայաններ կառուցուած են՝  «Մանոլաթի-Քսերոլիպա» Արղոսթոլի, «Իմերովիղլի», «Այիա Տինաթի», «Էվմորֆիա» եւ շատ ուրիշ կը շարունակուին կառուցուիլ։

Կղզիին տարածքին կան բազմաթիւ եկղեցիներ, վանքեր։  Կղզիին պահապան սուրբն է՝ Սուրբ Ղերասիմօ Saint Gerasimos of Kefalonia - Άγιος Γεράσιμος։

Քեֆալոնիա կղզին, Յոնիական Ծովուն կղզիներուն նման, դարերու ընթացքին գտնուելով գլխաւորաբար արեւմտեան եւրոպայի ազդեցութեան տակ,  կը զարգացնէ իւրայատուկ մշակոյթ մը, որ ներկայիս կը բացատրուի իբրեւ Էփթանեզեան Դպրոց Επτανησιακή Σχολή (ճարտարապետութիւն, գեղարուեստ, երաժշտութիւն, եւայլն)։  Կղզին այցելած է աշխարհածանօթ յօրինող՝ Ռիչարտ Սրաուս Richard Georg Strauss։

Լիքսուրիին  Երաժշտասէրներու Նուագախումբը

1836 թուականէն, Լիքսուրին ունի իր Երաժշտասէրներու Նուագախումբը։ Իսկ Արղոսթոլին Rokos Vergottis Երաժշտանոցը Conservatory։

Բարձրագոյն Կրթութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կղզիին վրայ Համալսարաններու ներկայութիւնը՝ Յոնիական կղզիներու Արհետագիտսւթեան Հիմնարկ իր վեց բաժիններով, Նաւային ազգային Կաճառը եւ Քեֆալոնիային Երաժշտութեան Դպրոցը մեծապէս կ՛օգնեն տնտեսութեան։

Քեֆալոնիայի մարզական կեանքը աշխուժ է։ Կան ոտնագնդակի բազմաթիւ խումբեր (Քեֆալոնիա – Իթաքի կղզիներուն Ոտնագնդակի խումբերու Միութիւն), ինչպէս նաեւ Կողովագնդակի խումբ, Հեծելարշաւի եւ Ծովարշաւի ակումբներ։

Կղզին միջազգային արուեստին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2001 թուականին, Քեֆալոնիա կղզիին մէջ կ՛արտադրուի «Հրամանատար Քորելլիին մանտոլինը» Captain Corelli's Mandolin ժապաւէնը։

1930, 1938 եւ 1969 թուականներուն, կը հրատարակուին յաջորդաբար Ալպեր Քօէնի «Solal», «Mangeclous» եւ «Les Valeureux» վէպերը։  Անոնց դաւը կը կատարուի  Քեֆալոնիա կղզիին մէջ։

2015 թուականին լոյս կը տեսնէ Assassin's Creed Odyssey տեսերիզ-խաղը։  Նիւթն է Հին Յունաստանը Պեղոպոնիզեան պատերազմին ընթացքին։

Քեֆալոնիա կղզիին հայերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քեֆալոնիա կղզիին հայերու ներկայութիւնը կարճատեւ եղած է։  25 տարի կը տեւէ անոնց ներկայութիւնը Քեֆալոնիա 1923-1948։ Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Քեֆալոնիայի հայերը

NATURA 2017 արձանագրութեամբ Յունաստանի Բնապահպանման Ծրագրին մէջ Քեֆալոնիա կղզիին ներառնուած շրջանները․-

  • GR2220001 Քալոն լեռ
  • GR2220002 Էնոս լեռնաշղթա – Ազգային Պուրակ
  • GR2220003 Ներքին կղզեխումբը` Մեկանիսի, Արքուտի, Աթոքոս, Վրօմոնաս
  • GR2220004 Արղոսթելիէն միչեւ Վրահաթա ծովեզերիայ շրջանը եւ Մունտա լեռը
  • GR2220005 Քեֆալոնիայի արեւմտեան ափերը, Քեֆալոնիայի ի Իթաքիի միեւ նեղուցը, եւ հիւսիսային Իթաքիին հրուանդանները․ Ղերօ Քոմպոս, Տրաքու փիտիմա, Քենտրի, Այիոս Իոաննիս
  • GR2220006 Էնոս, Այիա Տինաթի եւ Քալոն լեռը
  • GR2220007 Արղոսթոլիէն մինչեւ Մունտա լեռ ծովային շրջանը

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9][10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18][19] [20] [21] [22] [23] [24] [25][26] [27][28][29][30][31][32][33]

Քերքիրա

Փաքսի

Լեֆքատա

Իթաքի

Զաքինթոս

Քիթիրա

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յոնիական Ծովուն ափերը, Քեֆալոնիա(յունարէն)
  2. Մելիթի․ «Գործք Առաքելոց»(յունարէն)
  3. Յունաստանի 2011ի մարդահամար HELLENIC STATISTICAL AUTHORITY - 2011 POPULATION AND HOUSING CENSUS(յունարէն)
  4. Քեֆալոնիայի սեւ եղեւին(անգլերէն)
  5. Το Βήμα օրաթերթ․ Ամենալաւ 12 ծովափները, 5-7-1998, ΚΩΣΤΑΣ ΣΤΕΦ ΤΣΙΠΗΡΑΣ(յունարէն)
  6. Ղուլանտրի բնագիտութեան թանգարան - Ազգային պուրակներ(յունարէն)
  7. Էնոս լեռը, Քեֆալոնիա 26-9-2016(յունարէն)
  8. Քեֆալոնիայի Եղեւին, կենդանացուցակը, Փոկը, Քարեթա-Քարեթա կրիան, թռչունները(յունարէն)
  9. Յունական խոհանոցի շրջապտոյտ – Վայր եւ պատմութիւն․ Քեֆալոնիա, Միրթոս ծովափը(յունարէն)
  10. athensphotonews – Քեֆալոնիա, Յոնիական Ծովուն «աստղ»ը, 4 Յունիս 2019(յունարէն)
  11. ellines.com - Յոնիական ծովուն շնչահատութիւն պատճառող ծովափներ - Քեֆալոնիա{{ref-en}
  12. Քեֆալոնիա, Փեթանի ծովափը(յունարէն)
  13. The United States National Centers for Environmental Information (NCEI) «Յատկանշական երկրաշարժը»(անգլերէն)
  14. Յակոբ (Պերճ) Գրիգորեանի յիշատակին, Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ, 3-2-2020, Ազատ Օր թիւ 4896 (Եղբ. Պերճ Գրիգորեան Քեֆալոնիայի մէջ 1953ին, ահաւոր երկրաշարժէն ետք, փլատակներուն մէջ կը հսկէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու փրկութեան գործին։)
  15. ΟΑΣΠ. Հակաերկրաշարժման Ծրագրի Կազմակերպութիւն, Յունաստանի կառոյցներու եւ փոխադրութեան նախարարութիւն․ Արղոսթոլի՝ Քէֆալոնիա, 1953(յունարէն)
  16. wikiwand- 1953 Յոնիական Ծովուն երկրաշարժները(անգլերէն)
  17. Աթէնքի Համալսարանի Բանասիրութեան Դպրոց, Պատմութեան եւ Հնագիտութեան բաժին – «Յոյն հնագէտներուն աշխատանքը Յոնիական կղզիներուն մէջ 19-րդ դարավերջէն մինչեւ 1970», Παππάς Θωμάς Աթէնք 2015(յունարէն)
  18. wondergreece - Արղոսթոլիին թանգարանը(յունարէն)
  19. Քեֆալոնիային 4 քաղաք-պետութիւնները, ΣΟΦΙΑ ΤΑΡΑΝΤΟΥ 16-10-2011, աղբիւր՝ Ithacanews.gr (յունարէն)
  20. Հնագիտական նիւթեր – Քեֆալոնիա․ Հռոմէական նաւաբեկութեան յայտնաբերումը Քրիստոսի ժամանակէն(յունարէն)
  21. «Քեֆալոնիայի քարտէս(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-27-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-31 
  22. Մեկանիսիի քաղաքապետութիւն - Թիլէվօիտէ կղզիները(յունարէն)
  23. CTVNEWS – Ճարտարապետներ կ՛օգնեն գտնելու համար Հոմերոսին Իթաքին․ աղբիւր՝ Associated Press, 27-3-2007(անգլերէն)
  24. Ասոս Բերդը, Քեֆալոնիա – Փնտռելով Հոմերոսին Իթաքին, Robert Bittlestone, James Diggle, John Underhill(յունարէն)
  25. «David Harrison – Քեֆալոնիային թաքնուած գաղտնիքները, Դեկտ․ 2013(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-11-09-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-31 
  26. Նանթի համալսարան․ Յոնիական կղզիները 1823-1923 (ֆր.)
  27. Նոր Յունաստանի պատմութիւն(յունարէն)
  28. [fr.euronews.com/2014/02/10/l-ile-grecque-de-cephalonie-encore-sous-le-choc /euronews. Յունական Քեֆալոնիա կղզին դեռ կը ցնցուի, 10-2-2014(ֆր.)]
  29. L'Obs, Յունաստան․ Քեֆալոնիա կղզիին զօրաւոր երկրաշարժ, 6,1 ուժգնութեամբ, 3-2-2014 (ֆր.)
  30. Richard Strauss: Man, Musician, Enigma – Ռիչարդ Սրաուսը Լիքսուրի կ՛այցելէ․ Michael Kennedy(յունարէն)
  31. tripbucket - Լիքսուրի․ «․․Ռիչարտ Սրաուս այցելած է քաղաքը․․»(անգլերէն)
  32. armenianportal -Քեֆալոնիային հայկական գաղութը, 5-6-2014. Աղբիւր՝ Արմենիքա պարբերաթերթ[permanent dead link]
  33. «KEFALONIA TODAY. Քեֆալոնային հայերը, 11-1-2014, Δημητρία Φωκά(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-31-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-31 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Քեֆալոնիայի սեւ եղեւին(անգլերէն)
  2. Միրթոս ծովափը․ շրջապտոյտ Archived 2014-07-08 at the Wayback Machine.(յունարէն)
  3. Յունաստանի 1951 թուականի մարդահամարը(յունարէն)
  4. Լելեղես(անգլերէն)
  5. Թաֆիի(անգլերէն)
  6. Մեկանիսի կղզիին Միջնակարգ եւ Երկրորդական վարժարան –Մեկանիսիին պատմութիւնը(յունարէն)
  7. Քեֆալոնիա – Իթաքի կղզիներուն Ոտնագնդակի խումբերու Միութիւն(անգլերէն)
  8. Assassin's Creed Odyssey տեսերիզ-խաղը(ֆր.)
  9. Valeureux» վէպը[permanent dead link](ֆր.)
  10. «Solal» վէպը (ֆր.)
  11. «Mangeclous» վէպը(ֆր.)
  12. «Հրամանատար Քորելլիին մանտոլինը» ժապաւէնը(անգլերէն)
  13. NATURA 2017 արձանագրութեամբ Յուանաստանի Բնապահպանման Ծրագրին մէջ ներառնուած շրջաններ(յունարէն)