Յովհան Մանդակունի
Յովհան Մանդակունի | |
---|---|
| |
Ծնած է | 403 |
Ծննդավայր | Ծախնոտ, Աշմունիք, Տուրուբերան, Մեծ Հայք |
Մահացած է | 490 |
Մահուան վայր | Շիրակ, Այրարատ, Հայկական մարզպանութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
Մեծ Հայք Հայկական մարզպանութիւն |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական |
Վարած պաշտօններ | Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ եպիսկոպոս |
Յովհան Մանդակունի Հայրապետ, (403, Ծախնոտ, Աշմունիք, Տուրուբերան, Մեծ Հայք - 490, Շիրակ, Այրարատ, Հայկական մարզպանութիւն), հայ հոգեւորական գործիչ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս (478-490), վարդապետ եւ հայրապետ[1]։ «Կրտսեր թարգմանիչ»ներէն, արժանաւոր աշակերտը Ս. Սահակ Կաթողիկոսին եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին յաջորդած սերունդին։ Հայ Եկեղեցւոյ ամէնէն լուսաւոր դէմքերէն մին[2]։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Արշամունեաց գաւառի Ծախնոտ գիւղը՝ Մանդակունիներու նախարարական ընտանիքին մէջ։ Աջակցած է պարսկական տիրապետութեան դէմ Վահան Մամիկոնեանի ապստամբութեան՝ իր ներկայութեամբ եւ աղօթքներով մեծապէս ոգեշնչելով զինուորները։ Այնուհետեւ, լծուելով Հայոց եկեղեցւոյ բարեկարգման գործին, ան վերակառուցած է Վաղարշապատի եւ Դուինի տաճարները, հաստատած պատարագի եւ ժամերգութեան կարգերը, ինչպէս նաեւ գրած է բազմաթիւ ճառեր, շարականներ եւ աղօթքներ։
Յովհան Մանդակունի Հայրապետը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ղազար Փարպեցիի բնութագրութեամբ՝ ան բարեխօս, ուխտապահ, քաջ զինուոր ու զինուորներուն հաւատարիմ, հրեշտականման հովուապետ-այր մը եղած է, Վահանեանց կռիւներու ընթացքին թիկունք կանգնած է Մամիկոնեան զօրավարին, իսկ խաղաղ տարիներուն՝ նուիրուած Եկեղեցւոյ ներքին կարգաւորման: Ժամանակակից պատմիչին հաղորդումները կենսագրական մանրամասնութիւններ չեն բովանդակեր, ուստի բազմաթիւ իրողութիւններ անյայտ կը մնան: Եթէ Գիրք թղթոցին մէջ պահպանուած «Ապացոյց յերկուց բնութեանց ասել Փրկիչն եւ կամ մի բնութիւն»ը կը պատկանի Մանդակունիի գրիչին, ապա կարելի է եզրակացնել, թէ ան եղած է երկաբնակութիւնը մերժող առաջին գործիչն ու հեղինակը [3]:
Կաթողիկոսական գահին իրեն յաջորդած է Բաբգէն Ա. Ոթմսեցին։
Ստեղծագործութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Մանդակունի Մաշտոցի աշակերտներէն էր: Իր հայրապետական գործունէութեան տարիներուն, եկեղեցական ժամերգութեան հարցերով զբաղելու կողքին, գրած է նաեւ հոգեւոր երգեր։ Ոսկեդարուն ստեղծուած անոր գրական ժառանգութիւնը աւելի մեծ տարածում գտած է[4]։
Պահքը միայն կերակուր ուտել չուտելը չէ, այլ՝ մեղքերու խափանումն է։ Պահք է սակաւախօսութիւնը, անընչասիրութիւնը… Պահք են աչքերը պարկեշտացնելը՝ անամօթ նայուածքներէ, ականջները՝ անպատկառ խօսքերէ, սիրտը՝ պիղծ խորհուրդներէ։
Ազդեցիկ, օգտակար եւ կարեւոր են խիստ պահեցողութիւնն ու որկրամոլութեան զսպումը, մանաւանդ անոնց համար, որ գիտակցութեամբ կը մօտենան խիստ պահեցողութեան եւ իրօք գիտեն թէ որքան օգտակար է ան։ Իսկ անոնք, որ պահքի նկատմամբ անուշադիր են այս աշխարհի մէջ, այժմէն իսկ երեւելի բաներու միջոցաւ պէտք է ըմբռնեն ժուժկալութեան մաքրութիւնը եւ կուշտ ստամոքսի վնասը։ Անոնք գիտեն թէ այնպէս ինչպէս երաշտ վայրերու մէջ ամէն տեսակի բանջարներ չեն բուսնիր, նոյնպէս ալ դատարկ ստամոքսները պիղծ խորհուրդներ չեն ծնիր…։ Անոնք որ ստամոքսին կը ծառայեն, անհնար է որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ըլլան։ Իսկ անոնք որ պահեցողութեամբ իրենք զիրենք կը զրկեն, ո՛չ միայն անօրէնութիւններու պղծութիւններէն կը սրբուին, այլեւ Սուրբ Աստուածը իրենց մէջ կը բնակեցնեն: Ուրեմն, երբ խիստ պահեցողութիւնը եւ ժուժկալութեան առաքինութիւնը զօրաւոր են, անոնք կը շղթայեն մարմնի բոլոր անդամները՝ զանոնք կը զրկեն բոլոր տեսակի անպատեհ ցանկութիւններէն ու անմաքուր մտածումներէն, մտքերէ հեռու կը վանեն յարձակումը դեւերու, որոնք կ՚ուզեն պղտորել եւ պղծել մաքրուածներուն սրտերը։ Վասնզի, պահեցողութիւնը շղթայի մը նման ամուր կը դարձնէ եւ կը պահէ բարոյական բոլոր առաքինութիւնները եւ հաւատքի զօրութիւնը. ան թշնամիին դէմ հզօր աշտարակ մըն է ու Սատանայի բոլոր նետերուն դէմ՝ ամուր պարիսպ մը։- Յովհաննէս Մանդակունի[5]
|
Շարականներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մանդակունի գրած է նաեւ շարականներ (թիւով՝ 17) Վարդավառի, Թարգմանչաց եւ Հռիփսիմեանց տօներուն առիթով («Որ ի լերինն այլակերպեալ», «Զանճառելի խորհուրդ»,«Զանճառելի լոյս», «Ի թափօր լերինն», «Քրիստոս Աստուած մեր», «Ցնծացէք այսօր»,«Սքանչելագործ Աստուած» եւ այլն)։ Հայ շարականագիր Յովհաննէս Մանդակունիին համար աղբիւր հանդիսացած են Կորիւնի, Եղիշէի եւ Ղեւոնդի գիրքերը[4]։
Գիւտ եւ Յովհան Մանդակունի հայրապետներուն յիշատակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ժամագիրքի կազմութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած են իբր հեղինակ հայրապետներ: Յովհաննէս Մանդակունի (478-490) գովելի աշխատանք կատարած է. իրեն կը վերագրուին ժամագիրքին մէջ՝ Առաւօտեան ժամերգութեան «Զարթուցեալքս» քարոզը, «Զքէն գոհանամք» աղօթքը եւ այլ եկեղեցական արարողութիւններ[6]:
Թարգմանիչներուն նուիրուած շարականներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թարգմանիչներուն նուիրուած հինգ շարականներուն մէջ Մանդակունի կը գովէ անոնց նուիրումն ու գաղափարականութիւնը, որոնք արհամարհելով երկրային կեանքը՝ կ'ապաւինին հոգեւոր փառքին եւ ժողովուրդին հոգեկան պէտքերուն համար կը թարգմանեն հսկայական գրականութիւն մը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչը, որոնց շնորհիւ կ'անմահացնեն իրենց անունները։ Մանդակունիի գրուածքներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն Մաշտոցին նուիրուած շարականները («Անճառելի շնորհօք լցեալ», «Նմանեալ Մովսէսի»), ուր անոր կեանքը մարտիրոսութիւն կը համարուի հայ մշակոյթին համար։ Գրիգոր Լուսաւորիչէն ետք Մանդակունի թարգմանչաց սերունդը կը համարէ ամէնէն կարեւոր երեւոյթը ազգային կեանքին մէջ, որոնք լուսաւորած են հայութիւնը [4]:
Աշխատութիւններ եւ թարգմանութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յովհան Մանդակունի, Ճառք («Մատենագիրք Հայոց»ից)։
- Տեառն Յովհաննու Մանդակունւոյ Հայոց հայրապետի ճառք, Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1832, Բ. հրատ., 1860:
- Ն. Ծովական (Պողարեան Նորայր), Ճառք ի սուրբ վկայսն Քրիստոսի,- «Սիոն», 1963, էջ 48-49
- Տէր-Մկրտչեան Գալուստ, Մատեան Յովհաննու Մանդակունեցւոյ, «Արարատ», 1903, էջ 562-572, 662-672, 774-784։
- Գիրք թղթոց, Թիֆլիս, 1901, էջ 239-240։
- Յովհան Մանդակունի Հայրապետ, Ճառեր, աշխարհաբարի վերածեց Եփրեմ արքեպս. Թապագեան, Անթիլիաս, տպ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, 2001 (գրաբար բնագիր եւ աշխարհաբար զուգադիր թարգմանութիւն)
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան Քրեստոմատիա», հատոր 1, էջ 843.
- ↑ Յովհան Մանդակունի
- ↑ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Հայ ժողովրդի նշանավոր գործիչները
- ↑ Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետ՝ խիստ պահեցողութեան մասին
- ↑ Հայ եկեղեցւոյ ծէսը եւ ծիսակարգը
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ակինեան Հ. Ներսէս, Տէր-Պօղոսեան Հ. Պետրոս, Յովհաննէս Ա. կաթողիկոս (Մանդակունի, 480-502). Մատենագրական հետազօտութիւն, «Հանդէս ամսօրեայ», 1971, էջ 137-162, 289-322, 385-398
- Բիւզանդացի Նորայր, Երեք գիտելիք Յովհաննու Մանդակունւոյ, «Լումայ», թիւ 6, 1901, էջ 369-380
- Դուրեան Եղիշէ, Մանդակունւոյ ճառերուն մէկ նոր ձեռագիրը, «Սիօն», 1927, էջ 308-309, 343-346, 372-373. 1928, էջ 19-21, 84-86, 133-135, 179-180, 211-213, 346-3248, 312-313, 370-371. 1929, էջ 27-28, 65-67, 119-121
- Դուրեան Եղիշէ, Շտկուած տողեր ձեռագրերու մէջ, «Սիոն», 1928, էջ 371-373
- Թորոսեան Յովհաննէս, Համեմատութիւն մը Յովհանու Մանդակունւոյ «Վասն փոխոց եւ վաշխից» եւ Ս. Բարսեղի «ընդդէմ վաշխողաց» ճառերուն, «Բազմաւէպ», 1927, թիւ 48, էջ 65-73
- Ծովական Ն. (Պողարեան Նորայր), Ողբ ի վերայ անապաշխարհ մեղաւորաց, «Սիօն», 1963, էջ 86-87
- Ծովական Ն. (Պողարեան Նորայր), Վերլուծութիւն Կաթողիկէ Եկեղեցւոց եւ որ ի նմա յաւրինեալ կարգաց, «Սիոն», 1967, էջ 70-75
- Յակոբեան Գրիգոր, Յովհան Մանդակունուն վերագրուող շարականները, «Էջմիածին», 1971, թիւ 4, էջ 31-36
- Յովսէփեան Գարեգին, Պատմութիւն Յովհաննու Մայրագոմեցւոյ, «Արարատ», 1917, էջ 735-749
- Սարգիսեան Հ. Բարսեղ, Քննադատութիւն Յովհանն Մանդակունւոյ եւ իւր երկասիրութեանց վրայ, Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1895
- Տէր-Մկրտչեան Կարապետ, Յովհան Մանդակունի եւ Յովհան Մայրագոմեցի, «Շողակաթ», 1913, էջ 84-113
- Քենդերեան Հ., Յովհան Մայրագոմեցի, Երեւան, 1973
- Քէօսէեան Յ., Յովհան Մայրագոմեցու «Վերլուծութիւնք Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ…» աշխատութիւնը. տե՛ս Յակոբ Քէօսէեան, Դրուագներ հայ միջնադարեան արուեստի աստուածաբանութեան, Ս. Էջմիածին, 1995։
- Feydit F., La XXVIe homélie de Jean Mandakouni sur Les charmes des sorciers et les magiciens impies,- "Melanges offerts a Jean Dauvillier", Toulouse, 1979, 293-306.
- Wojtowicz H., Jan Mandakuni ormianski Ojciec Kosciola,- "Studia Sandomirskie" 2, 1981, էջ 440-453.
- Յակոբեան Գ. Շարականների ժանրը հայ միջնադարեան գրականութեան մէջ, Եր.,1980։
- Սրբուհի Պ. Հայրապետեան, Հայոց հին եւ միջնադարյան գրականութեան պատմութիւն», Հրատ. Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին, նաեւ՝ ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն հրատ.», Եր.,1994, էջ 139,175,249,258,261,448,646։
- Գաթըրճեան Յ., Սրբազան պատարագամատոյցք Հայոց, Վիեննա, 1897։
- Ամատունի Վ., Հին եւ նոր պարականոն կամ անվաւեր շարականներ, Վաղարշապատ, 1911։